Ե.
ՊԷՅԼԱՆ
ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.
–
Սոյն
Գազան
ճամբէս
դուրս
գտնուելուն
պատճառաւ
անձամբ
տեսնելու
պատեհութիւն
չունեցայ,
հետեւաբար
անոր
մասին
չի
պիտի
կրնամ
մանրամասնութիւններ
տալ
Պատ.
Կեդր.
յանձնաժողովին։
ԱՅՐԻՆԵՐ.
–
Իրենցմէ
ղրկուած
ցանկին
համաձայն
Պէյլան
ունի
48
աշխատելու
կարող
այրիներ։
ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԸ.
–
Հալէպի
մասնաժողովին
հետ
կարծիքի
փոխանակութիւններ
ունեցայ
Պէյլանի
յարմար
գործի
մը
մասին։
Տեղւոյն
աղջկանց
դպրոցին
մէջ
3-4
գորգի
տէզկեահ
հաստատած
են
անցեալ
տարի,
Հալէպի
մէջ
ծանօթ
գորգի
գործատէր
Կարապետ
էֆ.
Քէհեաեանի
աջակցութիւնով։
Կը
կարծեմ
թէ
նոյն
գործը
կարելի
է
տրամադրել
նաեւ
այրիներուն։
Քէհեաեան
էֆ.
ի
հետ
տեսնուեցայ
այդ
մասին,
եւ
եթէ
յանձնաժողովը
պէտք
եղած
ծախքերը
ընէ,
ինք
ամէն
կերպով
յօժար
է
դիւրութիւններ
տալու,
եւ
իր
կողմէ
հայթայթուելիք
նկարներու
համաձայն
շինուելիք
գորգերը
գնելու։
Քէհեաեան
էֆ.
ի
այս
բարեացակամութենէն
օգտուելով
Պէյլանի
մէջ
գորգաշինութիւնը
մտցնել
եւ
տարածել
լաւագոյն
բանը
կը
թուի
ինծի։