Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԳ.
ՔԻՒՆԷՍԼԷՐ

ԱՇԽԱՐՀ. ԴԻՐՔ. Հասան-Պէյլիէն 10 ժամ հիւսիս-արեւելք, լեռնային պզտիկ գիւղ մը, զուտ հայաբնակ։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. 10 տուն միայն։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Տուները չեն այրուած, գիւղին մէջ գտնուող 16 այրերէն միայն երկուքը ողջ մնացած են, մին Այնթապ գտնուելով, եւ միւսն ալ մեռած կարծուելով ու յետոյ առողջանալով։ Անձամբ չայցելեցի հեռաւորութեան պատճառով. այդ երկու այրերը տեսայ Հասան-Պէյլիի մէջ, երբ Ատանա կ’ուզէին երթալ տիրող բացարձակ անապահովութեան դէմ բողոքելու համար։ Մէկ տարիէ ի վեր իրենց տրուած նպաստի դրամներով (Տօքթ. Շէփըրտի ձեռքով բաժնուած պետական նպաստ) գնուած կենդանիներէն 3 կով, 2 եզ, 1 ձի եւ բաւական թուով այծեր գողցուած են իրենցմէ. դեռ վերջերս, շրջակայ գիւղացի Քիւրտեր արգիլած իրենց՝ արտերնին հերկել ու ցանել։ Այս պարագաները անձամբ հաղորդեցի Ատանայի առաջնորդին, կուսակալութեան քով պէտք եղած բողոքը ընելու համար. տեղւոյն վրայ գանգատիլը ոեւէ օգուտ չունի, եւ վերջին անգամ գայմագամը բացէ ի բաց ըսած է թէ՝ իրենց համար խանէտանի մը հետ չի կրնար աւրուիլ (ակնարկութիւն հարստահարիչները պաշտպանող Հաճի Չավուշին)։

ՏՆՏԵՍ. Երկրագործ են. ուրիշ Հայ գիւղերէ բոլորովին հեռու, կղզիացած ըլլալնին անտանելի կը դարձնէ իրենց դրութիւնը։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 8 այրի կայ։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒԸ. Եթէ ապահովութիւնը հաստատելու համար միջոցներ ձեռք չառնուին, որ եւ է օգնութիւն անիմաստ է արդէն։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Անհատներ միայն կան, ժողովուրդ չի կայ որ նկարագիր ունենայ։

 

ՔԻՒՐՏ-ՊԱՂՉԷ ԵՒ ԱՊԷՏԻՆ-ՓԱՇԱ-ՉԻՖԹԼԻԿ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Իսլահիէի սոյն երկու թրքական գիւղերուն մէջ, դէպքէն առաջ, 8-10 Հայ ընտանիքներ կային, Քիւրտ հողատէրերու մշակութիւն (մըրապա) ընելով ապրող։ Առաջինին մէջ Հայ չէ մնացած հիմա։ Երկրորդին մէջ դեռ կան 4-5 ընտանիք, խեղճ պայմաններու մէջ, հազիւ թէ չոր հացի մը համար աշխատող։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 4 այրի կայ։