Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՊԱՍՏԻ ԲԱՇԽՈՒՄ

ՍԿԶԲՈՒՆՔ. Ազգ. Կեդր. Վարչութեան կողմէ Յանձնաժողովիս կազմութիւնը ծանուցանող պաշտօնագրին ոգին ցոյց կուտայ արդէն թէ դրամական նպաստ բաշխելու դրութիւնը սկզբունքով իսկ անընդունելի եղած է Ժողովիս, որ իր երկու տարուան փորձառութիւնով եւ իր քննիչ պատուիրակին տեղւոյն վրայ կատարած ուսումնասիրութիւններով ալ ամրապնդուած է նոյն համոզման վրայ։

Նպաստի դիմումներ շարունակ տեղացած են սակայն, զանազան ձեւերով եւ նոյն իսկ տեղ տեղ հոգեւոր իշխանութեան կողմէ ջատագովուած։ Յանձնաժողովս եթէ տեղի տուած ըլլար զինքը այդ սխալ ուղղութեան մղել ուզող բուռն հոսանքներուն առջեւ, այս օր այրիներուն օգտին գործող ո՛չ մէկ աշխատանոց գոյութիւն պիտի ունենար եւ ամբողջ դրամագլուխը ամրան արեւին ներքեւ դրուած կտոր մը սառոյցի պէս անօգուտ կերպով հալած պիտի ըլլար արդէն։

ՇԵՂՈՒՄՆԵՐ. Եւ սակայն Յանձնաժողովս, իր այդ սկզբունքին վրայ հաստատ մնալով հանդերձ, նկատի առնելով աշխատելու անկարող այրիներու վիճակը, ստիպողական հարկի տակ շեղումներ հարկադրուած է ընել եւ իր կազմութենէն մինչեւ այսօր 1900 լիրայի մօտ բաշխում կատարած է, որուն մանրամասնութիւնները կը գտնուին հաշիւներուն մէջ (տես թիւ 9) եւ որուն օրինաւոր փաստաթուղթերը պահուած են։ Այս ստիպողական պարագաներու տակ բաշխուած նպաստներուն մէջ ամէն հաւանական անարդարութեան առաջքը առնելու համար, Յանձնաժողովս պահանջած է որ ամէն մէկ բաշխում կատարուի տեղւոյն վրայ կազմուած նպաստաբաշխ մարմինի մը կողմէ, հոգեւոր պետերու ներկայութեան. ցանկը ստորագրուի անոնցմէ, հաստատուի Թաղ. Խորհուրդէն եւ Այրիախնամ մասնաժողովէն (եթէ կայ), ինչպէս նաեւ պատկանեալ Առաջնորդարանի Քաղաք. Ժողովէն ու Առաջնորդէն։