Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ.
ՔԻՇՆԷԶ

ԱՇԽԱՐՀ. ԴԻՐՔ. Հասան-Պէյլիէն 1 ժամ դէպի հարաւ. արեւելք, լայն ու բարեբեր ձորակով մը բաժնուած երկու բլրակներու կողերուն վրայ շինուած է գիւղը։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. 60 տուն, կէսը Հայ կէսը Թուրք. Հայերը մէկ բլուրին կողը, Թուրքերը՝ միւսին, դէմ առ դէմ։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Հոս միայն 7 տուն այրած են թուրքերը, հաշիւ ընելով որ միւսները իրենց պիտի մնան։ Տուն գլուխ 7-8 ոսկի հատուցում եղած է կառավարութեան կողմէ։ Զոհ գացած են 35 հոգի, որոնք միամտօրէն անձնատուր եղած են իրենց դրացի Թուրքերուն, հաւատալով՝ զիրենք սանճագին կեդրոնը, Օսմանիէ տանիլ յանձնելու մասին անոնց տուած խոստումին։ Եւ այդ պատուական! դրացիները, ճամբան հերոսաբար!! խողխողած են իրենց անձնատուր եղած այդ անզէն մարդիկը։

ՏՆՏԵՍ. ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Այս գիւղին բնակիչները ամբողջովին երկրագործութեամբ կ’զբաղին, գիւղէն դէպի վեր ու դէպի վար տարածուած լայն ու գեղեցիկ ձորակին մէջ հողեր ունին։ Այծ ու կով ալ կը պահեն։ Շերամաբուծութիւնը նոր կը փորձուի։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 18 այրի կայ։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒ. Կրնայ այծ բաշխուիլ եւ միանգամայն ոյժ տրուիլ նոր սկսուած շերամաբուծութեան։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Իրենց նահապետական բարքերուն մէջ, Հասան-Պէյլիի շրջանակին ուրիշ տեղերէն աւելի աղէկ թուեցաւ ինծի այս պզտիկ գիւղին բնակիչներուն նկարագիրը։