Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է.
ՊԱՂՉԷ

ԱՇԽԱՐՀ. ԴԻՐՔ. Գազայի կեդրոն, մէջտեղէն գետակով բաժնուած լայն ձորի մը վերի ծայրը, Հասան-Պէյլիէն 2 ժամ դէպի հիւսիս։ Պաղտատի երկաթուղիի գծին վրայ, պարտէզներով շրջապատուած գիւղ մը։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. 160 տուն, որուն կէսը Հայ (միայն քանի մը տուն Բողոքական)։ Տեղացի Թուրքերը 30 տունէ աւելի չեն, մնացածը դուրսէն եկած, կամ պաշտօնեայ է։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Ամբողջ տուները այրուած են, եւ կառավարութիւնը միջին հաշուով 15էն 20 ոսկիի չափ վճարած է իբր հատուցում. զոհերուն թիւն է 119։

ՏՆՏԵՍ. ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Խանութպաններուն մեծ մասը եւ արհեստաւորներուն գրեթէ ամբողջութիւնը Հայերէ կը բաղկանայ. Թուրքերը աւելի երկրագործ են։ Կայ նաեւ շերամաբուծութիւն եւ ծխախոտի մշակութիւն, Հասան-Պէյլիի պէս նախնական վիճակի մէջ։ Երկաթուղիի շինուող գիծը բաւական կենդանութիւն բերած է։ Առաջ օրական 10-12 ղրշ. հազիւ շահող ձիապան մը այսօր շատ դիւրութեամբ 20-25 ղրշ. կարող է ձեռք բերել։ Եթէ հաւաբուծութեան ուժ տրուի, կրնայ շատ օգտակար ըլլալ, որովհետեւ երբ քիչ ատենէն երկաթուղին սկսի բանիլ՝ կարելի է հաւկիթ արտածել մեծաքանակ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 65 այրի կայ։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒ. Հասան Պէյլիէն միակ տարբերութիւնը այն է որ Պաղչէի մէջ այծ պահելու յարմարութիւն չի կայ. շերամաբուծութիւնը եւ ծխախոտի մշակութիւնը զարգացնելու համար մտածուելիք ձեռնարկները կարելի է հոս ալ գործադրել։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Ազգային կենսունակութեան ո՛չ մէկ նշան։ Ի վնաս ուրիշին եւ ի վնաս համայնքին շահասիրութիւնը շեշտուած։ Դպրոցի վերաշինութեան յատկացուած դրամներու մատակարարութեան մէջ զեղծում կատարուած է մի քանի ջոջերու կողմէ, ու զեղծանողներուն դիմակները վար առնելու կորովն ու փութկոտութիւնը կը պակսի ժողովուրդին. Ատանայի առաջնորդը ձեռք առած է խնդիրը։

 

ԵԱՆԸԳ-ՏԷՅԻՐՄԷՆ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Պաղչէի հիւսիսային արեւելեան կողմը, մէկ ժամ հեռու, իբր անոր մէկ թաղը, լեռնային դիրքի մէջ 30 տնուոր զուտ հայաբնակ գիւղ մըն է. ատաղձ ու փայտ ծախելով եւ քիչ մըն ալ հողագործութիւնով կ’ապրին։ Դէպքին, տուները ամբողջ այրուած են, եւ կառավարութիւնը, տուն գլուխ միջին հաշուով 10-12 ոսկի հատուցում ըրած է։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 15 այրի կայ։

Այծ պահելու յարմարութիւն ունի գիւղը։

 

ՂԸԶԼԱՃ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Պաղչէէն ժամ դէպի արեւելք, լեռնային դիրքի մէջ 30 տնուոր Թուրք գիւղ մը, ուր 6 տուն Հայ կայ հիմա, երկրագործութեամբ ապրող։ Դէպքին, տուները այրուած են եւ տուն գլուխ 6-7 ոսկի հատուցում եղած է։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 3 այրի կայ։