Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՎՃԱՐՈՒՄ

ԹՕՇԱԿԱՒՈՐ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ. Դէպքերէն յետոյ, Կիլիկիոյ Վեհաշնորհ Կաթողիկոսը նկատի առնելով որ արկածեալ վայրերէն ոմանք առանց հոգեւոր պետի մնացած են եւ մանաւանդ մնացած ժողովուրդն ալ ի վիճակի չէ ղրկուելիք քահանաներու ապրուստը հոգալու, թօշակաւոր քահանաներ յատկացուցած էր ութը տեղ։ Սակայն կ’երեւայ թէ Ն. Ս. Օծութեան ձեռք գտնուող նիւթական միջոցները կարելիութիւն չի ձգեցին անոնց յետնեալ թօշակներուն մէկ մասին վճարումը, որով Վեհաշնորհ կաթողիկոսը հարկադրուեցաւ՝ Այրիախնամին կողմէ զանազան տեղեր գործ բացուելու համար իրեն ղրկուած գումարէն 86 Օսմ. ոսկի վճարել հետեւեալ կերպով։

Անտիոքի քահանային 22

Հասան-Պէյլիի քահանային 12 ½

Խառնրի քահանային 12

Լափաճլըի քահանային 13 ½

Պաղչէի քահանային 9

Ճիհանի քահանային 8

Օսմանիէի քահանային 8

Ապտօղլուի քահանային 1


գումար 86 Օ. Ոսկի։

 

Յանձնաժողովս, առանց կարօտ վայրերու մէջ քահանաներու ներկայութեան պէտքը ուրանալու երբէք, սկզբունքով բողոքեց այս վճարումին Այրիախնամի դրամէն կատարուելուն դէմ։ Սակայն երբ մեր քննիչ պատուիրակը Ատանայի մէջ Ն. Ս. Օծութեան հետ տեսնուելով մեզ հաղորդեց թէ՝

Ա. Ն. Ս. Օծութիւնը հարկեցուցիչ պարագաներու տակ ըրած էր այս կարգադրութիւնը եւ,

Բ. Սոյն հոգեւորականներու ներկայութիւնը առաւելապէս այրիներու մխիթարութեան համար ստիպողական եղած էր դէպքի յաջորդող օրերուն՝

Յանձնաժողովս ընդունեց մէկ անգամուան համար եղած այս կարգադրութիւնը եւ սոյն հաշիւը փակուած համարեց։

Միեւնոյն ատեն Յանձնաժողովիս կողմէ Սայապալեան էֆ. ի Վեհաշնորհ Կաթողիկոսին բացատրեց թէ, եղած բողոքը պարզապէս սկզբունքի խնդիր էր մեր կողմէ, եւ ոչ թէ որ եւ է կերպով յարգանքի պակասութիւն Ն. Ս. Օծութեան դէմ, ինչ որ բնական է թէ Յանձնաժողովս իր միտքէն իսկ չէր կրնար անցնել երբեք։

ԱՆՏԻՈՔԻ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ ԹՕՇԱԿԸ. Հալէպի Մասնաժողովը հիմա թօշակ մը կը շարունակէ վճարել Անտիոքի քահանային, սակայն ոչ իբր հոգեւորական, այլ անոր համար որ անիկա հսկողի պաշտօն մը յանձն առած է Անտիոքի աշխատանոցին մէջ։

 

ԱՆՏԻՈՔԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Քննիչ-պատուիրակի եւ Տ. Ներսէս եպս. տեղեկագրութեան վրայ, Յանձնաժողովս Միացեալ ընկերութեան մօտ դիմումներ կատարեց Անտիոքի մէջ վարժարանի մը բացումին համար։ Սակայն որովհետեւ ընկերութեան միջոցները թոյլատու չէին, թէ սոյն ընկերութեան, թէ Յանձնաժողովիս կողմէ պաշտօնապէս եւ թէ անդամներու կողմէ անհատապէս դիմումներ կատարուեցան Հ. Բ. Միութեան մօտ, որպէսզի Անտիոքի վարժարանին ծախքը ստանձնէ։ Ուրախ ենք որ Հ. Բ. Միութիւնը բարեհաճ գտնուեցաւ այս դիմումին հանդէպ եւ սոյն վարժարանը՝ որ ամենազգալի պակաս մըն էր Անտիոքի համար՝ հիմա կանոնաւորապէս իր բարերար դերը կը կատարէ։

ՄԻԱՑԵԱԼԻ ԵՒ ԱԶԳԱՆՈՒԷՐԻ ԳՈՐԾԵՐԸ. Արդէն ծանօթ է սոյն երկու կրթական ընկերութիւններուն հայութեան մէջ կատարելու կոչուած դերերուն մեծութիւնը։ Քննիչ-պատուիրակին, իբր ականատես, այս մասին ժողովիս գրաւոր թէ բերանացի հաղորդած տեղեկութիւնները անգամ մը եւս շեշտեցին մեր այն համոզումը թէ, Միացեալը եւ Ազգանուէրը, մասնաւոր կերպով Կիլիկիոյ աղէտեալ վայրերուն համար, ամենամեծ բարիքները եղած են, եւ եթէ հասարակութեան օժանդակութիւնը քիչ մը աւելի լայն միջոցներ տրամադրէ իրենց, անոնք ամենամեծ դերը պիտի խաղան Կիլիկիոյ դժբաղդ Հայութեան վերածնունդի կենսական գործին մէջ։