Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՏԻՈՔԻ ԿԱԼՈՒԱԾԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

Քննիչ-պատուիրակ Սայապալեան էֆ. ի յանձնաժողովիս ուղղած 27 սեպտ. 1911 թւակիր (համար 7) նամակէն, Անտիոքի սոյն շատ կենսական խնդրոյն վերաբերեալ հատուածը նոյնութեամբ մէջ կը բերենք։

«ԱՆՏԻՈՔԻ ԿԱԼՈՒԱԾԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐԸ. Անտիոքի այրիներուն համար շատ կենսական են իրենց կալուածներուն, տուներուն կամ պարտէզներուն, փոխանցման ժառանգական խնդիրները։ Անոնցմէ շատերը կամ տուն մը ունին, կամ կէս տուն մը ու պարտէզ, որոնք իրենց այրերուն սպանուելէն ետքը այդպէս մնացած են առանց որ եւ է գործողութեան եւ այրիներն ու որբերը տէր չեն այս օր իրենց իրաւունքին օրինաւորապէս։ Ծանօթ է ձեզի որ Անտիոքի ջարդը ամէնէն սոսկալին եղած է, այր գրեթէ չեն ձգած հոն եւ հիմակուան եղածներն ալ դուրսը գտնուելով ազատած են եւ դժբաղդաբար շատ քիչ կայ մէջերնին վստահելի մարդ, գրեթէ չիկայ։ Հետեւաբար Անտիոք ամենէն գէշ միջավայրն է այսօր Հայերուն համար եւ փափաքելի պիտի ըլլար որ այրիները ելլէին հոնկէ, բայց ատոր կարելի չէ ստիպել։ Եթէ այս փոխանցման գործողութիւնները կատարուին, այն ատեն շատերը իրենց ունեցածը ծախելով կամ վարձու տալով թերեւս ինքնայօժար հեռանան Անտիոքէն։ Եթէ անանկ ալ չըլլայ պէտք է որ այդ այրիներն ու որբերը տէր դառնան իրենց մնացածին։ Կը խնդրեմ որ Պատ. Յանձնաժողովը լրջօրէն նկատի առնէ այս կենսական խնդիրը։ Եթէ կարելի է որ Պատրիարքարանէն թագրիրով մը դիմում ըլլայ Տէֆթէրխանէին, այդ մասին դիւրութիւն տրուելու համար, եւ եթէ կարելի է վստահելի եւ փորձառու կէս-փաստաբան մը գործակատարութիւն ըրած ու այդ գործողութիւններուն գիտակ մէկը օրինակի համար, ղրկել հոն, տեղւոյն Առաջ. փոխանորդին հետ ժառանգական տգեղ վէճերը հարթելու եւ գործողութիւնները կատարել տալու համար 2-3 ամսուան մէջ, շատ օգտակար ու հիմնական գործ մը տեսնուած կ’ըլլայ։ Այս մասին կարելի է Որբախնամը գործակցութեան հրաւիրել եւ ըլլալիք ծախքը կիսել, քանի որ որբերուն իրաւունքն ալ պիտի ճըշդուի։ Այս խնդրոյն վրայ երկարօրէն խօսեցանք Քերովբէ էֆ. Ասլանեանի հետ [1], որ 14 տարիէ այս կողմերն է ու ամառը Սիւէտիա եւ ձմեռը Անտիոք կ’անցնէ. ինքն ալ խոստացաւ այդ պարագային հարկ եղած ամէն աջակցութիւն նուիրել գալիք անձին՝ տեղացիի մը չափ ծանօթ ըլլալով պարագաներուն։ Քերովբէ էֆ. ի ըսածին համեմատ, մինչեւ յառաջիկայ Մարտ այս գործողութիւնները առանց յետնեալ տուրքի պահանջման ու առանց ծախքի պիտի կատարուին, այդ պարագային հարկ կըլլայ փութացնել ըլլալիք տնօրինութիւնը, Մարտէն ետքը ահագին դժուարութիւններու չի բախուելու համար։ Պատ. Ժողովին խորին ուշադրութեան կը յանձնեմ այս խնդիրը։

Ներկայիս պատասխանը հաճեցէք ուղղել Հալէպ. եթէ մեկնած ըլլամ Մարաշ կը ղրկուի»։

Ինչպէս կը տեսնուի, խնդիրը շատ կարեւոր էր եւ Յանձնաժողովս պէտք եղած լրջութիւնով նկատի առաւ զայն անմիջապէս։ Մեր յարգելի ընկեր Յարութիւն էֆ. Պօշկէզէնեան թելադրեց Այնթապի քահանաներէն Տ. Վահան Կիւլտալեանը ղրկել սոյն խնդրոյն կարգադրութեան համար, ապահովցնելով մեզ թէ սոյն քահանան պէտք եղած օրէնագիտական ծանօթութիւնները ունէր այդ մասին։ Անմիջապէս բանակցեցանք Կիլիկիոյ Վեհ. Կաթողիկոսին, Հալէպի Մասնաժողովին, եւ սոյն միջոցին Մարաշ գտնուող մեր քննիչ-պատուիրակին միջոցաւ նաեւ Տ. Վահան հօր հետ։ Հոս եւս Ազգ. Պատ. Վարչութեան դիմեցինք եւ պէտք եղած դիւրութիւնը խնդրելու համար թագրիր ուղղուեցաւ Շէյխ-իւլ-իսլամութեան։ Տ. Վահան հայրը գնաց Անտիոք 4 ամիսի չափ հոն մնաց. հարկ եղած բոլոր ծախքերը ամբողջովին վճարուեցան Յանձնաժողովիս կողմէ (թէեւ կէսը Որբախնամէն վճարուելու մասին մասին Սայապալեան էֆ. ի ըրած թելադրանքը շատ իրաւացի էր) եւ վերջապէս առկախ մնացած կալուածական խնդիրները կարգադրուեցան եւ փոխանցումները եղան։ Յանձնաժողովս այս կերպով, որբերու եւ այրիներու սեփականութիւնը ապագայ կորուստէ փրկելով, խիստ օգտակար գործ մը կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը ունի, եւ հրապարակաւ կը գնահատէ՝ թէ Այնթապի Տ. Վահան հօր եւ թէ Հալէպի մասնաժողովին կողմէ այս գործին գլուխ ելլելուն համար եղած ջանքերը։

Յանձնաժողովս վերջերս շրջաբերական մը ուղղած է Կիլիկեան բոլոր Առաջնորդարաններուն, որպէսզի, եթէ տակաւին ուրիշ կողմեր ալ որբերու եւ այրիներու վերաբերեալ առկախ խնդիրներ մնացած են պատահաբար, իրեն իմաց տրուին անյապաղ, որպէսզի անոնց մասին ալ սոյնօրինակ կարգադրութիւններ ընէ։



[1] Ներկայ Քաղաքական Ժողովի ատենապետին եղբայրը որ մետաքսի վաճառական է այս կողմերը։