ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ
ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԱՂԷՏԸ.
–
1909
Ապրիլի
Կիլիկիոյ
ահաւոր
աղէտը,
իր
տուած
զոհերուն
զարհուրելի
թիւերով
եւ
իր
պատճառած
նիւթական
ու
բարոյական
վնասներուն
աղէտալի
հանգամանքներով,
այնքան
մեծ
հետք
մը
թողուցած
է
Հայութեան
սիրտին
մէջ,
եւ
այնքան
ծանօթ՝
որ
աւելորդ
է
նոր
մանրամասնութիւններով
անդրադառնալ
անոր
վրայ։
ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐԸ.
–
Վերապրողները
պարզապէս
շուարած
մնացած
էին.
իրենց
մեռելնե՞րը
պիտի
ողբային՝
թէ
իրենց
թշուառ
վիճակին
վրայ
պիտի
խորհէին։
Այս
պայմաններուն
մէջ,
ընդհանուր
աղէտեալներով,
եւ
մասնաւոր
կերպով
որբերով
եւ
այրիներով
զբաղուելու
հոգը,
առաւելապէս
կը
ծանրանար
Ազգ.
Կեդր.
Վարչութեան
վրայ։
ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՆԵՐ.
–
Կեդրոնի
ազգային
իշխանութիւնը,
իր
այդ
ցաւագին
պարտականութիւնը
կատարելու,
եւ
ստեղծուած
սարսափելի
կացութեան
գիտակ
ըլլալու
համար,
նախ
պատուիրակութիւններ
փութացուց
Կիլիկիա,
տեղւոյն
վրայ
ուսումնասիրելու
համար
անդարմանելի
աղէտին
տարածութիւնը,
եւ
ձեռք
առնուելիք
միջոցները։
Եւ
աղէտէն
հալածական
հազարաւոր
ժողովուրդին,
որբերուն
ու
այրիներուն
անմիջական
հսկողութիւնն
ու
մխիթարութիւնը,
եւ
անոնց
վիշտը
գէթ
մասամբ
դարմանելու
հոգը
յանձնեց՝
աղէտավայրը
ղրկուած
այդ
պատուիրակութեան։
ԱՌԱՋԻՆ
ՆՊԱՍՏՆԵՐ.
–
Պատուիրակութիւնը
դեռ
իր
շրջանը
չաւարտած,
Ազգ.
Վարչութիւնը,
1908ի
սահմանադրութենէն
անմիջապէս
յետոյ
կազմուած
Նպաստից
Յանձնաժողովին
պաշտօն
տուաւ՝
ամբողջ
աշխարհի
Հայութեան
կողմէ
փութացուած
նպաստները
հաւաքել,
աղէտին
եղերական
հանգամանքը
եւ
պատճառած
ահաւոր
վնասները
բացատրելով
սրտառուչ
կոչեր
ուղղել,
եւ
անմիջական
կարօտութիւնը,
անօթութիւնը
գէթ,
մասամբ
մեղմացնելու
աշխատիլ։
Նպաստից
Յանձնաժողովէն
անկախաբար,
կազմուեցաւ
նաեւ,
Վեհափառ
Սուլթանին
վերին
հովանաւորութեան
տակ,
Միջազգային
Նպաստից
Յանձնաժողով
մը,
որուն
մէջ,
ինչպէս
Ազգային
Պատրիարքարանը,
նոյնպէս
միւս
Հայ
յարանուանութիւնները
ունէին
իրենց
ներկայացուցիչները։
Կիլիկիոյ
ահաւոր
եղեռնին
հետեւանքով
ստեղծուած
անմիջական
ու
անյետաձգելի
կարօտութիւններուն
առջեւը,
քիչ
ժամանակի
մէջ
երկու
մարմիններն
ալ
սպառեցին
իրենց
նիւթական
բոլոր
միջոցները,
եւ
սակայն
այդ
արգաւանդ
երկիրը,
երբեմնի
այդ
շէն
ու
բարգաւաճ
Հայութեան
հոծ
կեդրոնը
կը
մնար
աւերակ,
ժողովուրդը
հալածական
ու
տարապայման
չքաւոր
վիճակի
մը
մատնուած։
ՈՐԲԱԽՆԱՄ.
–
Նպաստից
Յանձնաժողովին
հետ
գրեթէ
զուգընթացաբար,
կազմուած
էր
նաեւ
Որբախնամ
Յանձնաժողով
մը,
որ
պաշտօն
ունէր
Հայաստանի
բոլոր
գաւառներու
որբերը
–
Համիտեան
րէժիմի
աւանդ
–
պաշտպանել,
եւ
իր
ոյժերուն
ներած
սահմանին
մէջ
զանոնք
դաստիարակել։
Կիլիկիոյ
դէպքէն
վերջը,
աղէտէն
ազատուած
չափահասները
այլեւս
ստիպուած
էին,
իրենց
ապրած
ահաւոր
օրերուն
սարսափները
սրտերնուն
խորը
թաղելով,
իրենք
զիրենք
հոգալու
սկսիլ.
բայց
կը
մնային
հազարաւոր
որբեր
ու
այրիներ։
Ազգ.
Կեդր.
Վարչութիւնը,
վերադարձող
պատուիրակներու
տեղեկագրերուն
վրայ
հիմնուելով՝
ամենէն
անմիջական
ստիպողականութիւնը
տուաւ
տարաբաղդ
որբերը
խնամարկելու
գործին,
–
միջոցներու
ներած
սահմանին
մէջ
անշուշտ,
–
եւ
վերակազմեց
Որբախնամ
Յանձնաժողովը։
ՊԵՏԱԿԱՆ
ԱՌԱՋԻՆ
ՆՊԱՍՏԸ.
–
Կառավարութիւնն
իսկ
զգալով
աղէտին
ահաւորութիւնը,
եւ
անոր
նիւթապէս
եւ
բարոյապէս
դարման
տանելուանհրաժեշտութիւնը,
նախ
պաշտօնական
յայտարարութեամբ
մը
խոստովանեցաւ
կատարուած
եղեռնին
մէջ
Հայերուն,
նոյնիսկ
ամենաթեթեւ
կերպով
ու
պարզ
անխոհեմութիւնով,
որեւէ
պատասխանատուութիւն
չունենալը։
Եւ,
Պատրիարքարանի
անդուլ
դիմումներուն
ու
Դուրեան
Ս.
Պատրիարքի
հրաժարման
վրայ,
խոստացաւ
5
տարի
անընդհատաբար
20,
000ական
օսմ.
ոսկի
յանձնել
Ազգ.
Պատրիարքարանի,
որպէս
զի
անոր
հսկողութեան
տակ,
ու
անոր
յարմար
դատած
միջոցներով
խնամարկուին
որբերն
ու
այրիները։
Եւ
սակայն,
խոստացուած
այդ
տարեկան
20,
000
ոսկիի
գումարը
զեղչուեցաւ
1,
000,
000
ղրշ.
ի։
Երբ
պետական
նպաստի
առաջին
1,
000,
000
ղրշ.
ը
գանձուեցաւ,
Վարչութիւնը
նկատի
առաւ
որ
այրի
կիներուն
ողորմութեան
ձեւով
տրուած
նպաստները
ո
եւ
է
դրական
ու
տեւական
օգտակարութիւն
չէին
կրնար
ունենալ,
եւ
դրամը,
բաշխուած
պարագային,
ամէն
մէկ
այրիի
խիստ
աննշան
բաժին
մը
պիտի
իյնար,
ու
ձիւնի
պէս
պիտի
հալէր,
ինչպէս
Նպաստից,
Ազգային
եւ
Միջազգային
Յանձնաժողովներու
տրամադրած
գումարները
սպառած
էին,
առանց
ո
եւ
է
հետք
ձգելու։
ԱՅՐԻԱԽՆԱՄԻ
ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ.
–
Ազգ.
Կեդր.
Վարչութիւնը,
աշխատութիւնները
բաժնելու,
եւ
պիւտճէները
չի
շփոթելու
համար,
որոշեց
այրիներու
հոգածութեան
խնդիրը
անջատել
որբերու
խնամարկութեան
գործէն,
եւ
Այրիախնամ
Յանձնաժողովը
կազմեց,
անոր
անդամակցութեան
հրաւիրելով
նաեւ
Հայ-Հռովմէական
եւ
Հայ-Բողոքական
հասարակութիւններէն
անհատներ։
Վարչութիւնը
թելադրեց
որ
պետութենէն
գանձուած
նպաստը,
Այրիախնամ
եւ
Որբախնամ
համաձայնութեամբ
կէս
առ
կէս
բաժնեն
իրենց
մէջ,
եւ
այս
առաջինին
հետեւելիք
ուղղութիւնը
գծեց՝
զայն
պաշտօնի
հրաւիրող
պաշտօնագիրով
մը
որ
ահաւասիկ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
ՀԱՅՈՑ
Կ.
Պոլիս,
11
Սեպտ.
1910
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ
ԺՈՂՈՎ
ԱԶԳ.
ԿԵԴՐ.
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՄԱՐ
528
Ազգային
վարչութեան
ուշադրութեան
նիւթ
եղած
էր
արդէն
Կիլիկիոյ
աղէտին
զոհերու
այրի
կանանց
վիճակն,
եւ
զայն
ըստ
կարի
դարմանելու
համար՝
կը
խորհուէր
աշխատութեան
գործ
հայթայթել
անոնց
եւ
միջոց
ընձեռել
ապրուստի,
որով
կարող
լինին
նոյն
իսկ
օր
մ’իրենց
որբերը
խնամել
իրենց
մայրական
թեւոց
ներքեւ։
Այս
անգամ
Տէրութեան
կողմէ
տասն
հազար
ոսկիի
գումար
մը
յանձնուած
լինելով
Պատրիարքարանին՝
այրիներու
եւ
որբերու
ի
նպաստ,
ԱզգայինՎարչութիւնը
հարկ
դատեց
այրիներու
պաշտպանութեան
գործը՝
անջատել
գլխովին
որբերու
խնամարկութենէն,
եւ
զայն
յանձնեց
յատուկ
Յանձնաժողովոյ
մը
խնամոց,
որու
պաշտօնը
պիտի
լինի
ճշդել
ու
սահմանել
այրիներու
նիւթական
վիճակին
բարւոքման
եղանակն,
ուսումնասիրելով
այս
նպատակաւ
պատուիրակներու
եւ
ուրիշներու
կողմէ
մատուցուած
ծրագրերը
եւ
խորհրդակցելով
նոյն
իսկ
Որբախնամ
Յանձնաժողովոյ
հետ,
որ
գիտակ
է
անոնց
վիճակին
հանգամանաց
եւ
կարօտութեանց,
եւ
ինչ
գումար
որ
կարելի
պիտի
լինի
տրամադրել
եւ
հայթայթել
նոյն
այդ
պէտքին
համար,
զայն
գործածել
նպատակին,
անթերի
հսկողութեան
եւ
հակակշռի
մը
ներքեւ,
եւ
փոխանակ
վաղանցուկ
նպաստներ
բաշխելու,
մշտատեւ
աշխատութեան
գործ
հայթայթելու
դրութեամբ։
Այս
Յանձնաժողովոյ
անդամ
ընտրուեցան՝
Գառնիկ
էֆէնտի
Յովակիմեան
Գրիգոր
էֆէնտի
Մալխաս
Դաւիթ
էֆէնտի
Տէր-Մովսէսեան
Եդուարդ
էֆէնտի
Շիրինեան
Խաչիկ
էֆէնտի
Խօրասանճեան
Յակոբ
էֆէնտի
Պօյաճեան
Ոթոն
էֆէնտի
Ճիլաճեան
Տիգրան
էֆէնտի
Իսպէչէրեան
Տիգրան
էֆէնտի
Մանուկեան
Վստահ
ենք
որ
սիրայոժար
յանձն
պիտի
առնուք
այս
բարեգործական
պաշտօնը
եւ
կը
հրաւիրենք
զՁեզ
որ
բարեհաճիք
յառաջիկայ
չորեքշաբթի
օր,
Սեպտ.
15,
ժամ
8ին
(Ը.
Թ.
)
հրամայել
Ղալաթիոյ
խորհրդարանը
ուր
Յանձնաժողովը
պիտի
գումարուի
’ի
նիստ,
եւ
ամբողջ
Ձեր
անդամակցաց
հետ
ձեռնարկել
ի
գործ։
Մնամք
Աղօթարար
Պատրիարք
Կ.
Պոլսոյ
Եղիշէ
Արքեպ.
Դուրեան
Այս
որոշ
ծրագրով
ու
այս
կերպով
յանձնաժողովս
իր
առաջին
նիստը
գումարեց
1910
Սեպտ.
15ին։
ԴԻՒԱՆԻ
ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ.
–
Եւ
այդ
նիստին
մէջ
իսկ
դիւանի
կազմութեան
ձեռնարկեց,
որ
հետեւեալ
արդիւնքը
ունեցաւ.
Յակոբ
էֆէնտի
Պօյաճեան՝
Ատենապետ
Գրիգոր
էֆէնտի
Մալխաս՝
Ատենադպիր
Երուանդ
էֆէնտի
Շիրինեան՝
Գանձապետ
ՓՈՓՈԽՈՒՄՆԵՐ.
–
Առաջին
նիստէն
վերջն
իսկ
փութացած
էին
իրենց
հրաժարականները
ղրկել՝
Գառնիկ
էֆ.
Յովակիմեան
Խաչիկ
էֆ.
Խօրասանճեան
Տիգրան
էֆ.
Մանուկեան
Իսկ
ժամանակ
մը
վերջ
հրաժարեցաւ՝
Տիգրան
էֆ.
Իսպէչէրեան։
Այս
հրաժարականները
ընդունելով,
Քաղաք.
Ժողովին
կողմէ՝
յանձնաժողովիս
առաջարկով՝
անդամ
կարգուեցան՝
Գէորգ
էֆէնտի
Թորգոմեան
Հայկ
էֆէնտի
Թայքէսէնեան
Տքթ.
Ստեփան
էֆէնտի
Թէրզեան
որոնցմէ՝
Գէորգ
էֆ.
Թորգոմեանի
Հայկ
էֆ.
Թայքէսէնեանի
հրաժարելովը՝
Տիրան
էֆէնտի
Կիւմիւշճեան
անդամ
ընտրուեցաւ
յանձնաժողովիս։
1911
Մարտ
21ին,
Քաղ.
Ժողովը
յանձնաժողովիս
անդամներուն
թիւը
10ի
բարձրացնել
ուզելով,
իր
կողմէ
անդամ
կարգեց՝
Գարեգին
էֆ.
Ադամեան
Դանիէլ
էֆ.
Հանէսեան
Ժագ
էֆ.
Սայապալեան
Սակայն՝
առաջին
երկուքին
եւ
հիներէն
Յակոբ
էֆէնտի
Պօյաճեանի
Գրիգոր
էֆէնտի
Մալխասի
հրաժարումովը՝
յանձնաժողովիս
առաջարկով
ընտրուեցան՝
Գարեգին
էֆ.
Փաստրմաճեան
Համբարձում
էֆ.
Պօյաճեան
Վարդ-Պատրիկ
էֆ.
Կիւլպէնկեան
Տքթ.
Ա.
էֆ.
Միմիտեան
Քերովբէ
էֆ.
Թէքէեան
Ասոնցմէ՝
Քերովբէ
էֆ.
Թէքէեանի
եւ
Տօքթ.
Ա.
էֆ.
Միմիտեանի
անմիջական,
եւ
Գարեգին
էֆ.
Փաստրմաճեանի՝
առանց
նիստերուն
մասնակցելու
ժամանակ
մը
վերջ
հրաժարումով
անդամ
ընտրուեցան՝
Լեւոն
էֆ.
Տնտեսեան
Յարթ.
էֆ.
Պօշկէզէնեան
Գրիգոր
էֆ.
Ոսկեան
որով
յանձնաժողովս
իր
ամբողջական
կազմը
ստացաւ
հետեւեալ
կերպով.
Գրիգոր
էֆ.
Ոսկեան
Դաւիթ
էֆ.
Տէր-Մովսէսեան
Եդուարդ
էֆ.
Շիրինեան
Ժագ
էֆ.
Սայապալեան
Լեւոն
էֆ.
Տնտեսեան
Հմբրձ.
էֆ.
Պօյաճեան
Յարութ.
էֆ.
Պօշկէզէնեան
Ոթոն
էֆ.
Ճիլաճեան
Ստեփան
էֆ.
Թէրզեան
Վարդ-Պ.
էֆ.
Կիւլպէնկեան
Տիրան
էֆ.
Կիւմիւշճեան
Յանձնաժողովս,
իր
ամբողջական
կազմը
լրացնելէ
յետոյ,
1911
Հոկտ.
21ին
վերստին
դիւանի
ընտրութիւն
կատարեց
հետեւեալ
կերպով՝
Եդուարդ
էֆ.
Շիրինեան՝
Ատենապետ
Վարդ-Պտրկ.
էֆ.
Կիւլպէնկեան՝
Ատենադպիր
Լեւոն
էֆ.
Տնտեսեան՝
Գանձապետ
Սակայն՝
այլ
եւ
այլ
ժամանակներու
մէջ,
Գր.
Ոսկեան,
Դաւիթ
Տէր
Մովսէսեան
եւ
Սարգիս
Սուին
էֆէնտիները
անդամութենէ,
իսկ
Վարդ-Պատրիկ
էֆ.
Կիւլպէնկեան
ատենադպիրի
պաշտօնէն
հրաժարելով՝
Ատենադպիր
ընտրուեցաւ
Ժագ
էֆ.
Սայապալեան։