Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.
ՏԷՕՐԹ-ԵՕԼ

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔ. Իսկէնտէրունի ծովախորշին հիւսիսային արեւելեան կողմը, Իսկէնտէրունէն 4 ժամ դէպ ի հիւսիս, Ամանոս լեռնաշղթային ստորոտը, դէպ ի ծովեզերք հակած դաշտի մը վրայ, եւ ծովէն 20 վայրկեան հեռու տարածուած է Տէօրթ-Եօլ, հայկական անունով Չոք-Մարզուան (կամ Չորք-Մարզպան) եւ պաշտօնական անունով Իւմրանիէ։ Գիւղը հեռուէն տեսնող մը կը կարծէ թէ ծառաստան մըն է, որուն մէջ քանի մը տուներ ցանցնուած են։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. Հազար տուն զուտ Հայ, որուն 20ը միայն Բողոքական։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Ծանօթ է Տէօրթ-Եօլի գեղեցիկ ինքնապաշտպանութիւնը. հոս ապաստանած են նաեւ շրջակայ Էօզէրլի եւ Օճագլը գիւղերուն Հայերը, ինչպէս նաեւ 6-7 ժամ հեռու գտնուող Նաճառլըցիները։ Ասոնցմէ զատ, ցանցառ թիւով, Հասան-Պէյլիի կողմերէն ալ իրենց փախստական թափառումին մէջ հոս հասնողներ գտնուած են։ Հետեւաբար տեղւոյն մէջ սպաննուողներու թիւը աննշան է։ Իբր նիւթական վնաս, պաշտպանութեան գիծէն դուրս մնացող 40ի չափ տուներ այրուած են՝ որոնց փոխարէն կառավարութիւնը տուն գլուխ միջին հաշւով 7-8 ոսկի վճարած է։ Այրուած ու թալանուած են նաեւ շրջակաները գտնուող ագարակի տուներ, որոնց առ նուազն 100 հատը Տէօրթ-Եօլցիներուն կը պատկանէր ու ատոնց համար ո եւ է հատուցում չէ եղած։

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Տէօրթ-Եօլի ամէնէն գլխաւոր գործն է նարնջենիի մշակութիւնը։ Տարեկան 30-40, 000 ոսկիի մօտ նարինջ (քովի երկու գիւղերով միասին) կ’արտածուի։ Բնակչութեան հարիւրին 75ը ատով կ’ապրի, եւ բաւական բարեկեցիկ վիճակ մը ունի. երկրագործութիւնը աննշան է, 10-12, 000 ղրշ. ի կը ծախուի արմտիքի տասանորդը։ 250ի չափ խանութ կայ գիւղին մէջ, որոնց մէկ մասը կը կազմեն կօշկակար, դերձակ եւ այլ արհեստաւորներ։

Շերամաբուծութիւնը, որ նախապէս բաւական տարածուած էր, հիմա փճանալու վրայ է, որովհետեւ, աւելի շահաւէտ ըլլալուն համար, թթաստանները քակելով նարնջենի տնկելու ձեռնարկած են։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Հիմա Տէօրթ-Եօլի մէջ կան 70 այրիներ, մեծ մասը դէպքէն յետոյ դուրսէն եկած հոս հաստատուած։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒ. Տէօրթ-Եօլի մէջ ալ գործ բանալու հարկ չկայ. տարւոյն մէջ 4-5 ամիս նարնջի գործը աշխատութիւն կը հայթայթէ բոլորին, եւ բաւական լաւ վարձք կ’ստանան։ Ուրիշ ատեն ալ դաշտային աշխատութիւններ կրնան գտնել. նոյն իսկ այրիները ըսին ինծի որ անօթի չեն մնար, եթէ բնակելու տեղ մը ունենան։ Բնակելի տեղը խնդիր է դուրսէն, գլխաւորաբար Միսիսէն եկած այրիներուն համար։ Նոյն իսկ բնակելի հիւղակները մէյ մէկ կերպով իրենք շինելու կարող պիտի ըլլան, որովհետեւ, կլիման մեղմ է, եւ կը բաւէ միայն պատսպարուած ըլլալ անձրեւէն։ Սակայն ափ մը հող չունին, եւ հողը յարգի է այս կողմերը. այս պայմաններուն մէջ, կը վախնամ թէ օր մը հարկադրուին դարձեալ հեռանալու Տէօրթ-Եօլէն, ինչ որ փափաքելի չի պիտի ըլլար բնաւ, քանի որ անպաշտպան այրիներու համար բարոյական առաւելութիւններ կան ասանկ զուտ հայաբնակ տեղ մը հաստատուելու մէջ։

ԱՌԱՋԱՐԿ. Ճիշտ ատոր համար, շատ օգտակար պիտի ըլլար 20-22 արտավար հող մը ձեռք բերելով գոնէ կէս կէս արտավար բաժնել 45ի չափ գաղթական այրիներուն։ Ասիկա 200 ոսկիի կը կարօտի. սակայն, եթէ Այրիախնամը 100-120 ոսկի տրամադրէ այդ նպատակին, կը յուսամ թէ տեղւոյն ազգայինները պիտի կրնան այդքանով ձեռք բերել պէտք եղած գետինը։ Լաւ կ’ըլլայ անմիջապէս բանակցիլ այս մասին ու գրել նաեւ Ատանայի առաջնորդին, որ թեմական այցելութեանը միջոցին կրնայ տեղւոյն վրայ թելադրանքներ ընել ու դիւրացնել յաջողութիւնը։

 

ԷՕԶԷՐԼԻ

ԴԻՐՔ. Տէօրթ Եօլէն 20 վայրկեան դէպ ի հարաւ, գրեթէ անոր մէկ թաղը. ծառաստանները իրարմէ գետակով մը կը զատուին։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. 400 տուն որուն 300ը Հայ եւ 100ը թուրք. Հայերէն 20 տունը Բողոքական են, 3-4 տուն ալ Յոյն կայ։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Բնակիչները Տէօրթ-Եօլ ապաստանած են, բայց տուները այրուած են ամբողջովին. կառավարութիւնը, իբր հատուցում, տուն գլուխ վճարած է 6-9-14 ոսկի, երեք աստիճանի վրայ, տունին համեմատ։

ՏՆՏԵՍ. Հոս ալ նարինջ է մեծագոյն բերքը, որուն արժէքը հաշւուած է Տէօրթ-Եօլի ընդհ. արտածումին մէջ. երկրագործութիւնը բաղդատաբար Տէօրթ-Եօլէն աւելի է հոս, արմտիքի տասանորդը կը հասնի մինչեւ 40, 000 ղրշ. ի, բայց համեմատաբար Թուրքերը աւելի հետամուտ են երկրագործութեան։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 6 այրի կայ։

 

ՕՃԱԳԼԸ

ԴԻՐՔ. Տէօրթ-Եօլէն մէկ քառորդ ժամ դէպ ի հիւսիս, Էօզէրլիի պէս անոր մէկ թաղը գրեթէ։ Ծառաստանները իրարու միացած են բոլորովին։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. 550 տուն, որուն 350ը Հայ (միայն Լուսաւորչական) եւ մնացածը Թուրք. մէկ քանի տուն ալ Յոյն։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Էօզէրլիի պէս ասոնք ալ Տէօրթ-Եօլ ապաստանած են եւ բոլոր տուները այրուած։ Կառավարութեան հատուցումը, նոյնպէս երեք աստիճանի վրայ է, տունին համեմատ, 6-9-14 ոսկի։ Անձի կորուստը Էօզէրլիէն աւելի եղած է հոս, որովհետեւ երկրագործութիւնը աւելի ըլլալուն, հեռաւոր ագարակներու մէջ գտնուողները սպաննուած են։

ՏՆՏԵՍ. Մեծագոյն բերքը միշտ նարինջն է, Տէօրթ-Եօլի ընդհ. արտածումին մէջ հաշւուած, բայց երկրագործութիւնը Էօզէրլիէն ալ աւելի է հոս։ Արմտիքի տասանորդը կը հասնի մինչեւ 120, 000 ղրշ. ի։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 46 այրիներ կան։

 

ՆԱՃԱՌԼԸ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Տէօրթ-Եօլէն 7 ժամ դէպ ի հիւսիսային արեւմուտք, 100 տունի մօտ երկրագործ բնակիչներով, զուտ հայաբնակ գիւղ մըն էր դէպքէն առաջ։ Դէպքին, մէկ օր ընդդիմութիւն ընելէ յետոյ, այր, կին, մանուկ, պառաւ գիշերով փախուստ տուած են, եւ աներեւակայելի դժուարութիւններով, ճամբան յարձակումներու ալ ենթարկուելով ու դիմադրելով Տէօրթ-Եօլ հասած են։ Հոն հաստատուած են դէպքէն յետոյ, որովհետեւ իրենց գիւղն աւերակ է հիմա։ Հազիւ 10-12 ընտանիք վերադարձած է։ Միւսները իրենց հողերը հերկելու եւ հունձքը վերցնելու համար կ’երթան ու կը դառնան Տէօրթ-Եօլ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն մէկ այրի միայն կայ, որ Տէօրթ-Եօլի մէջ է, հոնտեղի այրիներուն թիւին մէջ հաշուուած։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Տէօրթ-Եօլի եւ անոր գրեթէ կից երկու գիւղերու Հայութեան մէջ, հակառակ իրենց թրքախօսութեան, ազգային զգացումը բաւական կենդանի է։ Տէօրթ-Եօլցիները թէեւ ազատ չեն ներքին վէճերը վառ պահելու, նոյն իսկ ի հարկին ստեղծելու, հայկական ցեղային ընդունակութենէն, սակայն պէտք եղած ատենն ալ գիտեն բոլորուիլ մեծամասնութեան օգտակար գաղափարի մը շուրջը եւ զայն առաջ մղել։ Որոշ չափով solidarité կայ իրենց մէջ։ Շահը դիւրաւ ձեռք բերուող բոլոր երկիրներու մէջ եղածին պէս, հոս ալ, դժբախտաբար, հակում մը կը նշմարուի դէպ ի գինեմոլութիւն եւ թղթախաղ։ Ատիկա սպառնական սեւ ամպ մըն է ապագային համար, եթէ միջոցներ չի մտածուին՝ երիտասարդութիւնը դէպ ի լաւագոյն ու ազնուագոյն հաճոյքներ մղելու։