Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԷ.
ՄԵՐՍԻՆ

ԱՅՐԻՆԵՐ. Տարսոնէն եւ Գօզօլուգէն զատ Մերսինի Սանճագին մէջ Թէօմրիւք թրքաբնակ գիւղը (Մերսինէն 6 ժամ դէպի հարաւ-արեւմուտք) բնակող 12 տուն Հայ մշակներ արկածուած են դէպքին։ 13 այր սպաննուած է հոն եւ անոնց 12 այրիները Մերսին հաստատուած են հիմա, որով Թէօմրիւքի մէջ Հայ ընտանիք չէ մնացած։