Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԱՇ
(Քաղաքը)

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. Բնակչութեան ընդհանուր թիւն է 12, 000 տուն, որուն 1 / 3 ը կը կազմեն Հայերը։ 4000 տուն Հայութեան 2000ը Լուսաւորչականները կը ներկայացնեն, 1000ը Բողոքականը եւ նոյնքան ալ Կաթոլիկները։

ՋԱՐԴԻՆ ՎՆԱՍԸ. Վերջին դէպքին Մարաշի շուկային մէջ 40ի չափ Հայեր դաշոյնով վիրաւորուած են, սակայն անոնցմէ միայն 18ը մեռած։ Այսքանով կանգ առած է դէպքը, շնորհիւ կառավարական աչալրջութեան՝ որուն մեծապէս ոյժ տուած են նաեւ, խուժանական գրգռութիւնները զսպելու համար Զէյթունցիներու կողմէ ղրկուած սպառնական հեռագիրները։ Սակայն, տեղւոյն մէջ սպաննուած սոյն 18 հոգիէն զատ, բաւական թուով Մարաշցիներ զոհ գացած են ջարդին, ուրիշ արկածեալ տեղեր գտնուելով։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Վերջին դէպքէն այրիացած 148 կիներ կան Մարաշի մէջ, որոնցմէ 27 Բողոքական են, 24ը Կաթոլիկ եւ մնացածը Լուսաւորչական։ Իսկ 1895ի մեծ ջարդէն դեռ կը մնան 152 այրիներ, որոնց 30ը Բողոքական են եւ 18ը Կաթոլիկ։ Սոյն 300ին մէջէն 90ի չափը աշխատելու անկարող են։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Մարաշցիներու նկարագիրը, ազգային տեսակէտով, անկումի ճամբուն վրայ է։ Երբ ազգային տեսակէտին վրայ կը խօսիմ, բնական է որ հաւասարապէս կ’ակնարկեմ Կաթոլիկին, Բողոքականին ու Լուսաւորչականին։ Գլխաւոր պատճառը, անտարակոյս, իրենց դերին բարձրութեան անգիտակ ու լայնախոհութենէ զուրկ կրօնական պետերու կողմէ ժողովուրդին ցոյց տրուած սխալ ուղղութիւնը եղած է, որով, այս քաղաքին ստուար Հայութիւնը, փոխանակ, առանց դաւանանքի խտրութեան, իր ազգային նկարագրին միութիւնով յատկանշուելու, ընդհակառակը, կրօնական խտրութիւններու արուեստականօրէն լայնցուած խրամատներուն մէջէն նայած են իրարու։ Այս ընդհանուր պատկերին տխուր ամբողջութեան մէջ, մխիթարական փոքրիկ կէտ մը կը կազմէ Լուսաւորչականներու եւ Բողոքականներու միացեալ կեդրոնական վարժարանը որ յաջողապէս սկսած է բոլորել այս տարուան շրջանը։ Սակայն, եթէ Հայութեան երեք հատուածներուն ալ կեդրոնները լուրջ ուշադրութեան առարկայ չընեն այս կէտը ու միջոցներ ձեռք չառնեն իրենց ջանքերը միացնելու համար ազգային նկարագրին վերականգնումի կարեւոր գործին շուրջը՝ կը վախնամ որ հեռու չի պիտի ըլլայ այն օրը երբ բոլորովին այլասեռած զանգուածի մը առջեւ պիտի գտնենք հոն ինքզինքնիս։

Այս անկումին գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ, 1895ի մեծ ջարդէն ետքը Միսիօնարներու եւ Լատիններու կողմէ որդեգրուած նպաստի բաշխման ձեւը եղած է։ Հայութիւնը, տարակոյս չկայ, իր աղէտի ենթարկուած պահերուն Ամերիկացիներուն եւ Եւրոպացիներուն կողմէ մարդասիրաբար իրեն ղրկուած օգնութեան համար երախտագէտ միայն կրնայ ըլլալ, եւ դրամը բաշխող պաշտօնեաներուն վարմունքին դէմ եղած դիտողութիւնը ստուեր չի կրնար ածել մեր երախտագիտական զգացումներուն վրայ՝ հանդէպ նուիրատուներուն, որոնք շատ անգամ անտեղեակ կը մնան իրենց մարդասիրական առատաձեռնութեան ծառայեցուցուած նպատակներուն։ Խիստ շատ անգամներ, ցաւալի է ըսել, այդ դրամները ծառայած են կրօնական նեղմիտ բրօբականտի՝ ինչ որ պարզապէս մեղկացուցած, ծուլացուցած, անբարոյացուցած է ժողովուրդը, քանի որ շատեր՝ արդէն հաւատքին հիմը ըմբռնելու անկարող՝ աւելի դիւրին գտած են անոր արտաքին երեւոյթը փոխելով հաց ճարել, քան թէ ճակտի քրտինքով։ Ազգային տեսակէտէն դուրս ելլելով, եւ աւելի ընդարձակ սահմանի մէջ, մարդկային նկարագրի տեսակէտէն դատելով Մարաշի Հայերը, իրենց անհատական ամէնէն ճղճիմ շահերը՝ հասարակաց մեծագոյն շահուն, նոյնիսկ անձնական քմահաճոյքները՝ ընդհանուրին կենսական պէտքերուն գերադասելու չափ կարծրացած անձնասիրութիւն մը, տափակ եսամոլութեան շրջանակին մէջ կծկուած ու այլամերժ դրականութիւն մը երեւան կուգայ իրենց վրայ, դժբաղդաբար շատ որոշ գիծերով։ Անշուշտ ոչ ոք իրաւունք ունի վիրաւորուելու միայն ընդհանուրին, մեծամասնութեան վերաբերող այս եզրակացութիւններէն, եւ շատ պարզ է որ այս տեսակ տեղեկագիրներու մէջ բացառութիւններով չէ որ կը պատկերացուին՝ ժողովուրդի մը նկարագրին ընդհանուր գիծերը։

ԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏ ԳՈՐԾԵՐ. Արեւելեան գորգի ընկերութիւնը մասնաճիւղ մը բացած է Մարաշի մէջ 1910ին, եւ այս օր 150է աւելի տէզկեահներ ունի, որոնց վրայ կ’աշխատին 600ի մօտ աղջիկներ։ Անձամբ առիթ ունեցայ ստուգելու որ հազիւ 2-3 այրի կայ այդ գործաւորուհիներուն մէջ։ Իրաւ է թէ գորգի գործը չի յարմարիր տարիքոտ կիներու, սակայն այրիներուն մէջ կան բաւական թիւով երիտասարդներ ալ որոնք շատ աղէկ պիտի կրնային օրապահիկ շահիլ այդ կերպով։ Սակայն, ինչպէս վերը ըսի, տարբեր նպատակներով բաշխուած նպաստները կատարեալ ծուլութեան վարժեցուցած են զիրենք եւ այսօր դժուար է աշխատցնել։ Ինծի դիմող երիտասարդ այրիներէն քանի մը հատը, տուած խորհուրդներուս վրայ, խոստացան երթալ աշխատիլ գորգի գործին մէջ, սակայն յետոյ ցաւով ստուգեցի թէ ոչ մէկը գացած է։

Կայ նաեւ նագըշ ըսուած, կերպասի վրայ զարդ բանելու գործը եւ շղարշի վրայ բանուած քրօշէ։ Պէտք է հոս յիշեցնեմ թէ միսիօնարներու գործելու կերպին վրայ ըրած դիտողութիւններս ալ ընդհանուրին համար են, եւ անշուշտ գտնուած են մէջերնին բացառութիւններ՝ որոնք կրցած են ըմբռնել այդ ձեւով նպաստ բաշխելու գործած բարոյական աւերներուն մեծութիւնը։ Այս վերջին կարգէն է Միս Սամընտ՝ որ նագըշէ եւ քրօշէի գործերը մտցուցած է Մարաշ ահագին աշխատութիւն մը յանձ առնելով անձամբ, ինչպէս առիթ ունեցայ տեսնելու քրօշէի գործերը, սպառման դժուարութեան պատճառաւ, տարին քանի մը ամիս կ’ընդհատուի։ Այս յարգելի միսիօնարուհին հաւաստեց ինծի թէ շատ աւելի կարելի է ընդարձակել եւ տեւականացնել այս գործը, եթէ սպառման դիւրութիւններ ցոյց տրուին իրեն։ Այս երկու գործերն ալ, բաւական ճարպիկութիւն կը պահանջեն եւ բաղդատաբար երիտասարդ կիներու միայն կը յարմարին։ Միս Սամընտ ունի նաեւ մանուսայագործարան մը ուր այրեր կ’աշխատին եւ շատ աննշան թիւով կիներու՝ միայն մանելու եւ թել փաթթելու աշխատութիւն կայ։ Աւելի տարիքոտներու համար կայ բուրդ մանելու գործը, որ թէեւ միշտ տրամադրելի է Մարաշի մէջ ապայի բազմաթիւ տեզկեահներու պատճառաւ սակայն չնչին օրապահիկ մը միայն կրնայ հայթայթել։

ՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ. Այս տեղեկութիւններէն դիւրին է հետեւցնել թէ, Մարաշի մէջ, իրապէս աշխատիլ ուզող այրիներուն գործ չի պակսիր։ Սակայն որովհետեւ ներկայ գործերու մեծ մասը աւելի երիտասարդներու յարմար է, աւելի տարէցներուն նպաստի շարունակական պահանջներուն վերջ տալու համար գէթ, օգտակարութենէ զուրկ չըլլար կարծեմ, պզտիկ սահմանի մէջ, միայն տեղւոյն վրայ սպառելու համար, գուլպայագործութիւնը մտցնել հոն։ Ատով իբր թէ գործ չի գտնելու առարկութեան կռթնող նպաստի անվերջ խնդրանքներուն կարելի է գործնական մերժումով մը պատասխանել, եւ ատիկա, եթէ նիւթապէս ալ չըլլայ, բարոյապէս շատ օգտակար կրնայ ըլլալ։

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Մարաշ կ’արտադրէ բաւական մեծաքանակ ցորեն ու գարի՝ որոնք կ’սպառին շրջակայ լեռնային գիւղերուն մէջ։ Նաեւ բրինձ, բամպակ, շուշմայ (Բազարճըգի դաշտին ստորին մասերուն մէջ)։ Մորթերուն մեծ մասը տեղւոյն մէջ կը գործածուին, նախնական միջոցներով, գիւղական կօշիկներու համար որոնք կ’սպառին շրջակաները։ Վաճառականութիւնը եւ արհեստներուն մեծագոյն մասը Հայերու ձեռքն են։