Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.
ՀԱՃԸՆ
(ՇՐՋԱԿԱՅ ԳԻՒՂԵՐԸ)

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔ. Հաճըն, իր շրջակայ գիւղերով, քաշուած է Անդր-Տաւրոսեան շղթային խորերը, ծովէն մօտաւորապէս 1300 մէթր բարձրութեան մը վրայ, Ատանայէն 32 ժամ դէպի հիւսիսային արեւելք։ Շրջակայ լեռները ծածկուած են ընդհանրապէս մայրիի անտառներով։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. Հաճընի շրջակայ 5 գիւղերուն մէջ կայ, 525 տունէ բաղկացեալ Հայ բնակչութիւն մը, որուն 180ը Բողոքական են ու մնացածը Լուսաւորչական։

Բնակչութեան բաժանումն է.

Շար-Տէրէ

 

= 180 տուն

 

(90ը Բողոք. ) 45 տուն ալ Թուրք

Ֆէքէ

 

= 150 տուն

 

(60ը Բողոք. ) 30 տուն ալ Թուրք

Եէրէ-Պագան

 

= 105 տուն

 

(30ը Բողոք. ) 15 տուն ալ Թուրք

Ռումլու

 

= 60 տուն

 

 

Գալատէրէ

 

= 30 տուն

 

Գումար

 

525 տուն որուն

 

180ը Բողոք. 90 տուն ալ Թուրք

 

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Բուն իսկ Ֆէքէի (հին անունով Վահկայ), Եէրէ-Պագանի եւ Գալատէրէի Հայերը պաշտպանուած են տեղական իշխանութեան կողմէ։ Միայն երեք հոգի սպաննուած են տեղւոյն վրայ, եւ երեք գիւղերուն մէջ դէպքէն 7 այրիներ կան։ Ռումլուի Հայերը Հաճըն փախած են. ասոնց տուները այրած են ամբողջ. կառավարութիւնը մաս մը դրամ տուած է անոնց վերաշինութեան համար։ Եկեղեցին ու դպրոցը աւերակ կը մնան, ինչպէս ամէն տեղ։ Դէպքէն 3 այրի ալ հոս կայ։

Շար-Տէրէի ինքնապաշտպանութիւնը շատ եզական հանգամանք մը ունի։ Տուներուն մէկ մասը յարձակող խուժանին կողմէ գրաւուած ու այրուած է (կառավարութիւնը յետոյ աննշան հատուցումներ միայն ըրած է ատոնց համար) բայց տեղացիները քաշուած են մնացած մասին մէջ, ու ողորմելի քանի մը կտոր հին զէնքերով կրցած են ինքզինքնին պաշտպանել օրերով։ Պէտք է նաեւ յիշել թէ՝ շրջակայ Չէրքէզներուն երեւելիներէն Ասլան պէյ, իր ցեղակիցներուն արգիլած է Հայերուն դէմ որ եւ է արարքի մէջ գտնուիլ, եւ յետոյ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին բարեխօսութիւնով, կառավարութիւնը Միւտիւրութիւնով մը վարձատրած է սոյն պէյը։

Առիթ ունեցայ անձամբ տեսնելու զինքը Հաճընի մէջ, եւ շնորհաւորելու իր ճշմարիտ ու գիտակից հայրենասիրութիւնը։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Շար-Տէրէի մէջ կան դէպքէն 12 այրիներ, որով Հաճընի գիւղերուն դէպքի այրիներուն գումարը կ’ըլլայ 22։

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ. Ճիշտ ձմրան մէջ Հաճըն հասնելուս պատճառաւ կարելիութիւն չկար այս գիւղերը մի առ մի այցելելու եւ անոնց տնտեսական դրութիւնը ուսումնասիրելու մօտէն։ Քաղած տեղեկութիւններուս համեմատ, ընդհանուր կերպով կարելի է ըսել թէ, երկրագործութիւն գրեթէ չկայ այս կողմերը, լեռնային դիրքին պատճառաւ։ Ատաղձ կտրել, ածուխ շինել, ջորեպանութիւն, ու տեղ տեղ ալ դուարաբուծութիւն իրենց ապրուստի գլխաւոր միջոցները կը կազմեն. ասոնց նիւթական դրութիւնը հեռու է նախանձելի ըլլալէ։

ԱՅՐԻՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒԸ. Իրարմէ 6էն 20 ժամ հեռաւորութեան մէջ ցրուած այս 22 այրիներուն համար անշուշտ աւելորդ է որ եւ է հաւաքական գործի վրայ խորհիլ։ Հասնելէս առաջ անոնց նպաստ տրուած էր արդէն։ Ապագային ալ, Հաճընի մասնաժողովին ձեռքով՝ անոնց բաժինը, տեղւոյն յարմարութեան համեմատ, այծի, ոչխարի ու ստիպողական պարագային ալ հնչուն դրամի բաշխումով իրենց հասցնելէ ուրիշ միջոց չկայ։