Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԲ.
ԷՅՆԹԻԼԼԻ

ԱՇԽԱՐՀ. ԴԻՐՔ. – Հասան-Պէյլիէն 3 ժամ դէպի հիւսիս-արեւելք, Քիւրտ-Եազըսը կոչուած դաշտէն քիչ մը վեր, լերան գոգը քաշուած գիւղ մըն է, Պաղտատի երկաթուղիին գծին վրայ։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. – 100 տուն, որուն 30ը Հայ (Լուսաւորչական)։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. – Հայ տուները ամբողջ այրուած են. հատուցում՝ տուն գլուխ 7-8 ոսկի, միջին հաշուով 38 զոհ։

ՏՆՏԵՍ. – Գլխաւոր զբաղումնին երկրագործութիւնն է. այծ ալ կը պահեն։ Երկաթուղիին շինութեան առթիւ շատ գործաւորներ եւ պաշտօնեաներ եկած են, նոյն իսկ հիւանդանոց մը հաստատուած է գիւղին մէջ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. – Դէպքէն 19 այրի կայ։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒ. – Այծ տալ շատ յարմար կ’ըլլայ։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. – Նահապետական բարքերով պարզամիտ գեղջուկներ։