ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Քէրէկ Ս. Գրոց Քիր-Մովաբն է (Եսայի ԺԵ. 1), կ’ըսուի նաեւ Քիր-Հերէս (Երեմիա ԽԸ. 31). Քիր-Հարէս (Եսայի ԲԵ. 11). Քիր-Հարէսէդ (Եսայի ԺԶ. 7, Դ. Թագ. Գ. 25) եբրայական բնագրին այս անուններն Եօթանասնից թարգմանութեան մէջ կը նշանակեն քաղաք մը որ ունի ամրութիւններ. իսկ մեր նախնիքը կը գոհանան Քիր-Մովաբը թարգմանել «պարիսպ Մովաբացւոյն» եւ միւս համարներն ալ` միայն Մովաբ անունով, մինչ էականին մէջ վերոյգրեալ անուններ կը նշանակեն Մովաբացւոց մայրաքաղաքը. իսկ Բ. Մակ. ԺԲ. 16 համարի մէջ գործածուած Քարայի բառը կը նկատուի Քէրէկ քաղաքը: Ոմանք Մովսայի արձանագրութեան մէջ յիշատակուած Qarka կամ Qarha անունը կը կարծեն արդի Քէրէկը. ընթերցողին կը յանձնարարուի կարդալ Դ. Թագ. Գ. 127 համարներն, ուր կը պատմուին Յուդայի եւ Իսրայէլի թագաւորներուն Մովաբացւոց հետ ըրած պատերազմներուն հետեւանքները եւ Մովայի սրտառուչ արարքը ողջակիզելով իր անդրանիկ որդին Քիր-Մովաբի պարսպաց վրայ: Քէրէկը` Բիւզանդացւոց ժամանակ, կոչուած է Քարաք-Մովաբ, ինչպէս ցոյց կու տայ Մատապայի նորագիւտ մոզայիքէ քարտէսը, նաեւ Մովաբ-Քարաք, ըստ Ստեփանոս Բիւզանդացւոյն. իսկ Թէոդորոէ Կիւրացի մեկնիչը . դար), երբ Եսայիի վերոյգրեալ ԺԵ. 1 համարին մէջ, կը խօսի Մովաբացւոց վրայ, կ’ըսէ թէ «անոնց մայրաքաղաքն էր այն քաղաքը` որ հիմայ կը կոչուի Քարաք-Մոպա», Խաչակիրք կ’ըսէին «Գրագ», իսկ Արաբացիք` Քէրտաք: Արաբացի պատմիչներէն Եագուտի, Ապուլֆէտայի եւ Տիմիքսի տուած տեղեկութիւնները ճշդիւ կը յարմարին արդի Քէրէկին: Նոյն քաղաքը Մեռեալ Ծովուն արեւելեալ կողմը, Լիսան ըսուած հրուանդանին քիչ մը արեւելեան հարաւ կը գտոնւի ուղղակի գծով ծովէն չորս քիլոմէթր հեռու. սեպաձեւ սարահարթի մը վրայ շինուած է ան, Մեռեալ Ծովէն 1400 մէթր բարձր, տեսակ մը հսկայական արծուեբոյն` որ դարերու ընթացքին արհամարհած է արեւելքէն եկող ամէն կարգի թշնամի յարձակումները: Քաղաքին ամրակուռ պարիսպները մեծ մասամբ կը մնան մինչեւ ցայսօր, զարդարուած քառակուսի աշտարակներով, առաջին անգամ անոնց հիմը դրած է Մովաբացւոց թագաւորը` Մովսան ստորերկրեայ եւ բարձրադիր զանազան բաժանումներով: Խաչակիրներէն յետոյ, սուլթան Պիպարս էր որ նորոգեց նոյն ամրութիւնները, տեղ տեղ դնելով արաբական արձանարգութիւնները, տեղ իեղ դնելով արաբական արձանագրութիւններ: Եգիպտական իշխանութեան ժամանկ, Քէրէկի բերդը ծառայած էր իբր բանտ. սուլթաններէն Մէլիք-Էն- Նասըր 1294ին հոս աքսորուած եւ բանտարկուած էր, 14 տարեկանին` ան սուլթան հռչակուեցաւ Քէրէկի մէջ: 1390ին, եգիպտական ապստամբները` դարձեալ հոս բանտարկեցին սուլթան Պարքուրը` որ յետոյ բանտէն ազատուելով դարձաւ իր իշխանութեան գլուխը, ինչպէս կը յիշէ մեր յիշատակարաններէն մին: Ի հնումն Քէրէկ մտնելու ճանբան ժայռի մը փորուած սանդխաձեւ նեղ եւ դժուարանցանելի փապուղիներ էին: Քէրէկ գտնուած հրէական, պարսկական, հռովմէական եւ արաբական դրամները ցոյց կու տան թէ Քէրէկի պարիսպները բացի Հրեաներէն, նշաւակ եղած են պարսիկ, հռովմայեցի եւ արաբական բանակներուն յարձակման: Նոյն քաղաքը, Հռովմայեցւոց կայսրութեան օրերէն, Գ. դարուն ալ, յայտնի քաղաք մըն էր, մինչեւ անգամ Էլակապալ կայսրը Քէրէկի մէջ դրամ կոխած է. գտնուած է նմոյշ մը յիշեալ դրամէն, որուն մէկ կողմը` կայսեր դափնեպսակ կիսանդրին եւ դրոշմուած է Մարկոս Աւրելիոս Անտոնիոս անունով. միւս կողմը` երիտասարդի մը կերպարանքին տակ, բախտը ներկայացուած է, մէկ ձեռքով ամաղթեղջիւր մը բռնած, իսկ միւսով ղեկ մը, Քարաք- Մովաբ արձանագրութեամբ: