ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Այս երկու եկեղեցեաց շինութենէն յառաջ, Աշակերտաց այրին մէջ եւ Համբարձման տեղւոյն վրայ կը կատարուէին պաշտամունք, նաշապէս Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոս Ս. Յակոբոս Տեառնեղբօր եւ ապա` Ս. Կիւրեղ Երուսաղեմացւոյն յօրինած ընթերցուածոց կանոնին համաձայն: Մենք այս իսկ պատճառաւ, նոյն երկու եկեղեցեաց հիմնարկութեան եւ զանազան փոփոխութեանց պատմութիւնը գրելէ յառաջ, յարմար կը նկատենք նոյն նուիրական վայրերու մէջ տեղի ունեցած պաշտամունքի ժողովներու նկարագրութիւնը ընել: Այդ կանոնական սովորութիւնը, որ նախնական դարերէն կը հասնի մեզ, հնութեան բոյր մը ունի. այդ տեսակէտով է որ նոյն կանոններն աւանդող յիշատակարանները խիստ թանկագին են եւ շահեկան: Թէեւ մեր ձեռագիր Ճաշոցները մեծագոյն մասով անոնց տեղեակ կ’ընեն մեզ, բայց աւելի հնագոյններն, ինչպէս Օքսֆորտի եւ Փարիզի Ազգային Մատենադարանի Է. եւ Թ. դարու ձեռագիր Ճաշոցներն, աւելի յստակ եւ մանրամասն կը նկարագրեն մեզ: Մեր Ս. Աթոռն ալ ունի երկաթագիր Ճաշոց մը, որ Մաշկեւոր Վանքին մէջ ընդօրիանկուած է, 1192ին, Վա րդան գրչի մը ձեռքով, եւ 1318ին ալ ի գործածութեան է մեր Ս. Հրեշտակապետի վանքին մէջ, յԵրուսաղէմ: Յայտնի է թէ ան ընդօրինակուած է հնամենի Ճաշոցէ մը: Պաշտամունքի ժողովներու մասին հաղորդած տեղեկութիւնները կը հասնին Դ. կամ Ե. դարէն: Նոյն երկաթագիր Ճաշոցէն կը քաղենք պաշտամունքի այն ժողովներուն նկարագրութիւնը որ կը կատարուէին Ձիթենեաց լերան վրայ: Զանց կ’ընենք իւրաքանչիւր ժողովի համար նոյն Ճաշոցի մէջ նշանակուած Ս. Գրոց Ընթերցուածոց աղբիւրը:
       Ս. Ծննդեան հինգերորդ օրը. (մաս մը կտրուած է հոս ձեռագիրը( «…Սուրբ լեառն Ձիթենեաց եւ այս կանոն կատարի».
       Ծաղկազարդին. «ի նմին աւուր ի յիններորդ ժամու ելանեն ի լեառն Ձիթենեաց հանդերձ ոստովք արմաւենեաց եւ անդ սաղմոսեն եւ աղաւթեն մինչեւ մերձ ի մետասաներորդ ժամն, եւ այնուհետեւ իջանեն ի Սուրբ Յարութիւն սաղմոսելով…»:
       Աւագ երեքշաբթի օրն. «… նոյն ժամայն ելանեն ի լեառն Ձիթենեաց ի տասներորդ ժամու եւ այս կանոն կատար ի»:
       Աւագ հինգշաբթի օրն. «… նոյն ժամայն ելանել ի լեառն Ձիթենեաց եւ կատարեն զերեկոյեան պաշտաւնն. եւ յարեն ի սոյն եւ զհսկումն եւ ըստ երից սաղմոսաց գոբաղայ, եւ աղօթք հանդերձ ծունր դնելով կատարեն…» «ի սմին ժամու գիշերոյն ելանեն ի բլուրն եւ այս կանոն կատարի…» «ի նմին ժամու գիշերոյն ժողովին յաշակերտարանն եւ ընեթեռնուն աւետարանն… » «ի նմին ժամու գիշերոյն իսկոյն իջանեն ի Սրբոյ լեռնէն Ձիթենեաց ի Գեթսեմանի…»:
       Զատկի օրը. «… ի նմին կիւրակէի Սրբոյ Զատկին ելանեն յիններորդ ժամու ի սուրբ լեառն Ձիթենեաց եւ այնդ վայր մի սաղմոսեալ իջանեն հանդերձ սաղմոսիւք ի Սուրբ Յարութիւնն…»:
       Զատկի հինգշաբթի օրը. «Հինգշաբթի աւր ի Ս. լեառն Ձիթենեաց եւ այս կանոն կատարի…»:
       Զատկի ութօրէքին. «… ի նմին աւուր կիւրակէին ելանել ի լեառն Ձիթենեաց ի տասներորդ ժամու եւ անդ սաղմոսեալ վայր մի` իջանեն սաղմոսիւ ի Սուրբ Յարութիւն…»:
       Հոգեգալուստ «… ի նմին աւուր կիւրակէին ի սատներորդ ժամուն ժողովին ի Սուրբ լեառն Ձիթենեաց ի բլրին եւ այս կանոն կատարի…»:
       Չորրորդ դարուն վերջերը, լատին կոյս մը, Etheria անուն, ուխտաւորութեան համար կ’այցելէ Երուսաղէմ եւ իր տեղեկութիւններն ու Ս. Տեղեաց պաշտամունքին հաւատումներն Օրագրութեան ձեւով կը հաղորդէ Կալիցիոյ մէջ իր վանքին հաւատաւոր քոյրերուն. Etheriaի Օրագրութեան ձեռագիրը 1887ին գտնուած, եւ նոյն տարին հրատարակուելով` թարգմանուած է այրեւայլ լեզուներու. մենք անոր անգլերէն թարգմանութենէն կը քաղենք Հայ Ճաշոցին վերոգրեալ մասերուն համապատասխանները, յանձնարարելով ընթերցողինոր բաղդատութեան համար հետեւի տօներու օրուն կարգին, ինչպէս նշանակած ենք վերեւ. «Չորրորդ օրը, (Հայ Ճաշոցը` հինգերորդ) միեւնոյն հանդիսաւորութեամբ պաշտամունք կը կատարուի Ձիթենեաց լերան խիստ գեղեցիկ եկեղեցւոյն Աշակերտարանին մէջ (Eléona). «Կիրակի օրը, երբ Մատուռէն կ’արձակուի նա, սարկաւագի ազդարարութեան համաձայն, ժամը եօթնին, հաւատացեալք կ’երթան Ձիթենեաց լեռը Աշակերտարանի եկեղեցին, ուր եպիսկոպոսը եւ ժողովուրդը օրուան եւ տեղւոյն յարմար սաղմոսներ կ’երգեն` ընթերցուծքներով: Ժամը իննին ալ, երգելով կ’երթան դէպի վեր Բլրի եկեղեցին (Imbomon) այն տեղը, ուրկէ Փրկիչը համբարձաւ յերկինս. բոլոր ժողովուրդը նստած կ’աղօթէ. երբ եպիսկոպոսը ներկայ է` միայն սարկաւագները ոտքի վրայ կը մնան, տեղւոյն եւ օրուան յարմար երգեր կ’արտասանեն, հանդերձ ընթերցուածովք»: Ժամը տասն եւ մէկին, յետ Աւետարանի ընթերցուածովք»: Ժամը տասն եւ մէկին, յետ Աւետարանի ընթերցման, մանուկները արմաւենիի ոստեր բռնելով` կերգեն «Օրհնեալ որ գալոց է անուամբ Տեառն», եւ յետոյ եպիսկոպոսին առաջնորդութեամբ, ժողովուրդը ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղեր բռնած` լեռնէն կ’իջնէ յամրաքայլ, լերան գագաթէն մինչեւ Ս. Յարութենէն արձակուելէ յետոյ, Ձիթենեաց լերան Աշակերտարանի եկեղեցին կ’երթան. եպիսկոպոսը կը մտնէ այն այրը ուր մեր Տէրը իր աշակերտներուն աղօթք սովորեցուց. Աւետարանէն հատուած մը կը կարգայ (Մատթ. ԻԴ. 3), յետոյ կ’օրհնէ երախաներն ու հաւատացեալները. ապա, կէս գիշերին, իւրաքանչիւր ոք կը մեկնի իր տունը»: «…ըստ ազդարարութեան, երեկոյին, ժողովուրդը կ’երթայ Աշակերտարանի եկեղեցին, այն այրը ուր Փրկիչը իր աշակերտներուն հետ աղօթած էր. մինչեւ ժամը հինգ, ըստ յարմարութեան տեղւոյն եւ օրուան, երգեր եւ սաղմոսներ կ’արտասանեն, եւ կը կարդան Աւետարան. ժամը վեցին, կ’երթան Բլրի եկեղեցին, ուրկէ Փրկիչը համբարձաւ յերկինս. յարմար երգերէ յետոյ, եպիսկոպոսին հետ կը մեկնին ի Գեթսեմանի»: «Զատկի ութ օրերուն, եպիսկոպոսը, ամէն օր, կղերին, մկրտեալ տղոց եւ ծոմապահ արանց եւ կանանց հետ կ’երթայ Աշակերտարանի եկեղեցին այն այրը ուր Յիսուս իր աշակերտաց աղօթք սորվեցուց. յետոյ կ’երթան Բլրի եկեղեցին ուրկէ Յիսուս համբարձաւ յերկինս. երգերէ եւ ընթերցուածքներէ յետոյ կը մեկնին ի Ս. Յարութիւն, «Լուսաւորեա»ի ժամուն»: «…Սարկաւագին ազդարարութեան համաձայն, ամէն ոք ժամը վեցին կ’երթայ Ձիթենեաց լեռը, բայց առաջին անգամ կը մտնեն Բլրի եկեղեցին, հո'ն եպիսկոպոսը, քահանայք եւ ժողովուրդը կը նստին, տեղւոյն եւ օրուան յարմար երգեր եւ աղօթքներ կ’ըլլան, կը կարդացուի Համբարձման Աւետարանը: Յետոյ կ’օրհնեն երախաները եւ հաւատացեալները, եւ երգելով կ’իջնեն, ժամը իննին, Աշակերտարանի եկեղեցիին այրը, աղօթելէ յետոյ մը մեկնին, ժամը տասնին: 40-50 եպիսկոպոսներ ներկայ կ’ըլլային Ս. Խաչի նաւակատիքին յԵրուսաղէմ. բազմաթիւ վանականք եւ ուխտաւորք կը հաւաքուէին Գ. օրը, Աշակերտարանի եկեղեցին» (Տե'ս "The Pilgrimage of Etheria"): Etheriaի տեղեկութիւններն աւելի պարզ են եւ յստակ, եւ անտարակըուսելիօրէն կը հաստատեն Հայ Ճաշոցին տեղեկութիւնները: Խաչի նաւակատիքի մասին ծանօթութիւն չի տար Հայ Ճաշոցը:
       Յայտնի է թէ` Հայ Ճաշոցին պաշտամունքի ժողովոց մասին տուած նկարագրութիւններն օտարէն թարգմանուած են. բայց ինչ որ ալ ըլլան, անոնց գոյութիւնը կ’ապացուցանէ թէ նախապէս անհրաժեշտ պէտքի մը վրայ իւրացուած են եւ յետոյ, իբր անցելոյն յիշատակներ, կրկնուած են եկեղեցական գրեանց մէջ: Ըստ իմ կարծեաց, Երուսաղէմի մէջ, եկեղեցական բաժանումէն յառաջ, ՀԱյք եւս միասնաբար կը մասնակցէին Ս. Տեղեաց պաշտամունքի ժողովներուն, մինչեւ վեցերորդ դարու կէսը. յայտնի է թէ նոյն ժամանակի դաւանական խնդիրները պահ մը պէտք է ընդհատած ըլլան Հայոց մասնակցութիւնը. ինչպէս նոյն գարուն յիշատակարան մը` Երուսաղէմի Յովհաննէս Պատրիարքի` առ Աբաս Կաթողիկոսն Աղուանից` գրած թուղթը լիովին կը հասկըցնէ. բայց նկատի առնելով Զաքարիա Պատրիարքին Պարսից ժողովին մէջ (614-15) ըրած արտայայտութիւնը, ի նպաստ Հայոց (Ասողիկ), եւ Մոտեստոի` Երուսաղէմէն, Հայոց Կոմիտաս կաթողիկոսին գրած շատ փաղաքշական նամակն եւ «ողորմութեան խնդրանքը», հայ ուխտաւորներու ձեռքով (Սեբէոս), Երուսաղէմի Հայ Միաբանութեան դէմ կատարուած հալածանքը, կը կարծենք թէ տեւական չեն կրցած ըլլալ, եւ Հայք անխափան շարունակած` պաշտամունքի իրենց ժողովները, մինչեւ Է. դար. իսկ արաբական տիրապետութեան տակ, Հայք կարողացան պահպանել իրենց դարաւոր իրաւունքը, րորուն կը վկայեն սուլթաններու Ֆէրմաններն արձանագրութիւնք: Արաբական քաղաքականութիւնը ոչինչ ունէր արգելիչ Հայոց կրօնական սովորութեանց կիրարկութեան համար: Իսկ Խաչակիրք, գիտենք պատմութենէն, Երուսաղէմի մէջ աւելի նպաստաւոր դիրք բռնեցին Հայոց հանդէպ եւ ընդարձակեցին վերջինք իրենց իրակասութիւնները Ս. Տեղեաց պաշտամունքներու նկատմամբ: Զանց կ’ընենք հոս Խաչակրաց հետ Հայոց բարեկամանակն յարաբերութեանց մանրամասն յիշատակութիւնները, միայն մէջ կը բերենք Հայոց Փոքր Վկայասէր Գրիգոր Պահլաւունի կաթողիկոսին այցելութիւնը Երուաղէմ 1146ին, եւ այդ առթիւ նոյն կաթողիկոսին Սիոնի եկեղեցւոյն մէջ խօսած ատենաբանութիւնը, որ մեծ տպաւորութիւն գործեց լատին բարձրաստիճան կղերին եւ իշխանաւորաց վրայ, եւ Ս. Տեղեաց հայկական իրաւունքներուն վրայ իր կնիքը դրաւ, ու այլեւս անոնք բիւրեղացած նկատուեցան: Հայրապետին լւոսաւոր բացատրութիւնները` Հայոց դաւանանքի մասին, Խաչակիրներն աւելի մօտեցուցին Հայ Միաբանութեան` որ անագել շարունակեց իր գործը: Այս մասին, ժամանակակից պատմիչներ, որոնց մէջ, Տիւրացի Գուլիէլմոս (Չամչ. Հտր. Գ. էջ 53-54) եւ մերս Կիրակոս պարծանօք կը յիշատակեն Պահլաւունիին ձեռք բերած արդիւնքը. իսկ Սամուէլ Անեցիին խանդավառութիւնը չափ չունի. գեղեցիկ ներբողներ կը հիւսէ Հայրապետին իմաստուն ատենաբանութեան նկատմամբ. եւ հարկ կ'ըլլա աւելցնել թէ Փոքր Վկայասէրին 1143ի այցելութիւնը նոր դարագլուխ մը բացաւ Երուսաղէմի Հայ Միա բանութեան համար, Խաչակիրներէն վերջ, Հայոց իրաւունքները Սալահէտտինի եւ յաջորդներուն օրով աւելի հաստատուեցան, ինդպէս կը վկայեն հրովարտակները` զոր ապա վաւերացուցին Օմանեան Սուլթանները:
       Ուրեմն, զանազան տիրապետութեանց տակ, Ս. Տեղեաց պաշտամունքի ժողովներն անփոփոխ պահուած են, բացի այն մի քանի ուխտավայրերու ժողովներէն, որ կամ բոլորովին զանց առնուած են քանդումներու հատեւանքով, ինչպէս Աշակերտարանի եկեղեցւոյնը` դադրած ԺԳ. դարուն, եւ կամ կրճատեալ վիճակով մինչեւ ցայժմ շարունակուած, ինչպէս Բլրի եկեղեցւոյնը: