ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Որպէսզի կարողանանք ի յայտ բերել Սիոնի Ս. Ստեփանոս վանքին ծագումը, հարկ է ամփոփել Ս. Ստեփանոսի նշխարաց գիւտին, ատոր փոխադրութեան եւ նորագիւտ տապանին պատմութիւնները: Նշխարաց գիւտը տեղի ունեցաւ 415ին, եւ բոլոր ճառընտիրները կը պատմեն զայն: Կափարգամաղայի (գիւղ Գամաղիէլի) Ղուկիանոս քահանան, նոյն գիւղի Գաբատաղեայ ագարակի մէջ, կը գտնէ Ս. Ստեփանոսի ննշախները, Նիկոդիմոսի, Գամաղիէլի եւ անոր որդւոյն Աիբայի նշխարաց հետ: Այս գիւտը Ղուկիանոս քահանայ ոչ միայն Երուսաղէմի Յովհաննէս հայրապետին կը զեկուցանէ, այլ նաեւ նամակով կը հաղորդէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի քրիստոնէից, որք ցնծութեամբ կ’ընդունին այս աւետիսը: Յովհաննէս պատրիարք որ, նոյն միջոցին, Դիոսպոլիս (Լիւդ) կը գտնուէր, Պեղագոսի դէմ ժողով մը գումարելու գործով, այս եիւտը ստուգելու համար, երոկւ եպիսկոպոսներով կ’երթայ Կափարգամաղա, եւ հանդիսաւորութեամբ նշխարաց մեծ մասը կը փոխադրէ Սիոն, Վերնատան եկեղեցին, ուր Ս. Ստեփանոս սարկաւագ ձեռնադրուած էր, եւ այս առթիւ նորակերտ կը կառուցէ Սիոնի Մայր եկեղեցին: Կափարգաղաման ագարակն էր օրէնուսոյց Գամաղիէլին: Որոշ վկայութիւն չունինք թէ ո'ւր թաղեցին Ս. Ստեփանոսի մարմինը. միայն Գործք Առաքելոցը կը գրէ թէ «Եւ բարձին զՍտեփանոս արք երկիւղածք, եւ արարին կոծ մեծ ի վերայ նորա» . 2): Քրիստոնէական աւանդութիւնը կու տայ մեզ այդ երկիւղածներուն անուններն, որք են օրէնուսոյցն Գամաղիէլ եւ անոր եղբօրորդին Նիկոդիմոս. վերջինս Քրիստոսի թաղման ալ սպասաւորած է: Այս աւանդութեան արձագանգը կ’ըլլայ մեր Վկայասէր հայրապետը, Գործք Առաքելոցի իր Խմբագիր մեկոնւթեան մէջ (էջ 153): Կափարգաղաման իր շրջանակներով հին եւ նոր տնտեսութեան ռահվիրաներուն ուխտատեղեաց կեդրոնն էր. յարմարագոյն վայրն էր` որ Գամաղիէլ ճշմարիտ իսրայէլացիի մը զգացումներով առլցուած Ս. Ստեփանոսի նշխարները ամփոփէր իր ագարակին մէջ, ուր յետոյ պիտի միանյին իրեն ու զաւակին, ինչպէս նաեւ Նիկոդիմոսի նշխարները: Այս դէպքէն 23 տարի յետոյ 438ին, Թէոդոս Բ. կայսեր թագուհին, ուխտաւորութեամբ կ’այցելէ Ս. Երկիրը, առաջնորդութեամբ Աղեքսանդրիոյ Կիւրեղ հայրապետին: Եւդոկսիա թագուհին փափաքեցաւ Ս. Ստեփանոսի քարկոծման աւանդական տեղւոյն վրայ քաղաքէն դուրս կառուցանել եկեղեցի մը եւ հո'ն զետեղել տալ անոր նշխարները: Կիւրեղ Աղեքսանդրացին, ինչպէս կը վկայէ ժամանակակից Կիւրեղ ՍԿԻւթոպոլսեցին, տօնական հանդիսավորութեամբ նախավկային նշխարաց մէկ մասը Սիոնէն փոխադրեց թագուհիին շինել տուած եկեղեցին, եւ զետեղեց ստորերկրեայ մատրան մը մէջ: Այս եկեղեցին, 614ին, պարսկական յարձակմանց ժամանակ կործանուեցաւ, Խաչակիրք վերաշինեցին զայն իր տեղւոյն վրայ: 1187ին, երբ Սալահէտտին պաշարեց Երուսաղէմը, քաղաքին քրիստոնեայ բնակչութիւնը ռազմական պատճառներով ստիպուեցաւ քանդել նոյն եկեղեցին, որպէս զի թշնամին դիւրութիւն չունենայ նոյն կողմէն քաղաքը մտնելու: Այդ փլուզումէն ի վեր, նոյն մեծածախս եկեղեցին աւերակաց կոյտ մ’էր, եւ միայն կը յիշուէր իբր ուխտատեղի: 1882էն սկսեալ պեղումներ կատարուեցան հոն, եւ երեւան ելան Եւդոկսիայի եկեղեցւոյն գեղակերտ մոզայիքները եւ հիմերը, ինչպէս նաեւ զանազան վիմափոր գերեզմաններ: 8-10 տարիներու ընթացքին, Դոմինիկեանք հին եկեղեցւոյն հիման վրայ կառուցին նոր մը, եւ օժտեցին զայն Ս. Գրոց դպրոցով մը եւ ընդարձակ մատենադարանով:
       Հին օրերէ սկսեալ հնախոյզք կ’ուզէին գիտնալ թէ ո՞ւր կը գտնուի Կափարգաղամա վաղեմի գիւղը, որ, ըստ Ղուկիանոսի նամակին, Երուսաղեմէն 20 մղոն հեռի էր: 1600ին, գիտնականն Քուարէսմիոս Ս. Երկրի ֆրանչիսկեանց մեծաւորը, ի զուր կը փնտռէր Ս. Ստեփանոսի տապանին հետքը, ծանօթ վայրին մէջ. Կափարգամաղան ոեւէ անունի մը հետ չէր կրնար նոյնացնել. մինչեւ որ հռչակաւոր տեղագիրը` Գոնտէր եւ ոչ նուազ անուանի տեղակալ մը, ապա Լորտ Քիչնէր, իրենց Պաղեստինի քարտիսագրութեան մէջ, Կափարգամաղան նոյնացուցին այժմու Պէյթ-Ճէմալ գիւղին, Եաֆայի եւ Երուսաղէմի ճանապարհին վրայ, դէպի հարաւ. նոյնը պնդեցին պաղեստինագէտք Լիէվէն, Հ. Բառնաբաս Մէյսթէրման եւ այլք: 1891-ին սկովտացի ուխտաւոր մը, նոյն գիւղին մէջ հող մը կը գնէ բարեգործութեան նպատակաւ եւ կը նուիրէ Սալէզեանց, որ նոյն հողին վրայ կը կառուցանեն երկրագործական վարժարան եւ տիպար ագարակ մը: Ս. Ստեփանոսի նշխարաց առաջին գիւտէն 1501 տարի յետոյ է որ Պէյթ-Ճէմալի երկրագործական վարժարանի տեսուչը պեղումներ կատարել կու տայ այն տան բակին մէջ, ո'ւր քանիցս երեւան ելած էին մոզայիքի կտորներ, պատի եւ սիւներու բեկորներ, պեղումները շարունակելով` 1913-ին արդարեւ գտնուեցան բիւզանդական ոճով շինուած մատուռ մը, գեղակերտ մոզայիքով զարդարուած, եւ անսովոր երկու պարապ գերեզմաններ: Այս նորագիւտ տապանը կը կարծուի թէ` Նախասարկաւագին այն տապանն է, ուրկէ 415- ին, անոր նշխարները փոխադրուեցան Սիոնի եկեղեցին: Գերմանիա տպագրուած փոքրիկ տետրակ մը, "Le tombeau de St. Etienne protomartyr, étc. " խորագրով, այս կարեւոր գիւտի մասին կու տայ պատմական լիակատար տեղեկութիւններ: