ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մելիտինէ (Մալաթիա) մեր այս գրուածքին բովանդակութեան սերտօրէն կապակցութիւն ունենալուն համար, պէտք է պատմական համառօտ ծանօթութիւն մը տալ անոր մասին, Ս. Պողիկտոս վկայէն առաջ եւ անոր ժամանակը:
       Մելիտինէ կը գտնուի Սեբաստիոյ հարաւը եւ Եփրատի արեւմտեան կողմը. ան հիմնարկուած է Քրիստոսէ 800 տարի յառաջ, ինչպէս կը հաստատեն խալդիական նորագիւտ բեւեռագիր յիշատակարաններ` որ կը գտնուին Հայաստանի զանազան կողմերը եւ գիտնոց մանրազնին քննութեանց առարկայ եղած են: Այս գիտական խուզարկութիւնք կը յայտնեն թէ Մելիտինէ կանուխէն բնակավայրը եղած է «Հատեանց», որոնք շատ պատերազմներ մղած են Ասորեստանցւոց դէմ, եւ Խալդեան թագաւորք երբեմն յարձակելով Մելիտինէի վրայ, գերիներ տարած են իրենց երկիրը, գրաւած են զայն եւ երկար դարեր պահած են իրենց տիրապետութեան տակ: Մելիտինէ դրացի երկիր մըն է Ծոփաց աշխարհին, ինչպէս վերջնոյս, նոյնպէս նախահայերու հետ ան ունեցած է սերտ յարաբերութիւններ եւ որոնք չեն դադրած քրիստոնէական թուականներուն: Թէ' Մելիտինէ քաղաքին նախնական յարաբերութեանց եւ թէ' Մեծ Ծոփք եւ թէ' Շահունի Ծոփք անուանց ծագման մասին Խալդի արձանագրութեանց լուսաբանութեան համաձայն, Գերմանացի գիտնական մը, Տր. Վ. Բէլք, շատ լուրջ եւ շատ հիմնաւոր գրուածք մը ունի, (ընդարձակ տեղեկութեանց համար, ընթերցողը կրնայ դիմել Հանդէս Ամսօրեայ, 1903. թ. 11. Նոյ. էջ, 321-325): Առանց նկատի առնելու Խալդի արձանագրութիւնները, ոմանք այնպէս կը կարծեն թէ Մելիտինէ հռոմէական հիմնարկութիւն մըն է. բացարձակ սխալ մըն է այս. միայն պէտք է գիտնալ թէ` նոյն քաղաքը աւելի մեծ զարգացում ստացաւ շնորհիւ հռոմէական այն լէգէոնին, որ Քրիստոսի 70 թուականին, Երուսաղէմը պաշարող ուրիշ լէգէոններու մէջ գտնուելով` քաղաքին առումէն յետոյ, Տիտոսի ձեռքով հաստատուեցաւ ի Մելիտինէ, Եփրատի արեւմտեան կողմը: ԺԲ. լէգէոնն էր ան, Շանթաձիգ գունդը, որ իբր խորհրդանշան կը կրէր շանթազարդ վահան եւ դրօշակ, որ եփրատական ամրութեան մէջ դարանակալ կը հսկէր հայկական եւ պարթեւական արշավանքներուն դիմադրելու համար: Ռազմական կայան մըն էր Մելիտինէ, եւ Հռովմայեցիք գիտցան օգտագործել «Հատեանց» մեծամեծ ամրութիւնները: ԺԲ. լեգէոնին ի Մելիտինէ բնակութեան եւ տեղական դիւրութեանց պատճառաւ քաղաքը քիչ ատենէն մեծապէս զարգացաւ, ամէն կողմէն խուժեցին հոն եւ Հայոց բազմութիւն մը, Հռովմայեցւոց օրերէն մինչեւ Յուստինիանոս, հոն կարեւոր տեղ մը գրաւած ըլլալով` քաղաքը լեգէոնական բանակավայրէն դուրս տարածուեցաւ, եւ մինչեւ 518, հռոմէական կայսերք կարեւրութիւն ընծայեցին Մելիտինէին եւ զարդարեցին զայն հանրային մեծամեծ շէնքերով: Զ. դարուն սկիզբը հարկ եղած էր քաղաքը պարսպել, Անաստաս կայսրը ձեռնարկեց գործի բայց շուտ մեռաւ. Յուստինիանոսի վերապահուած էր այդ գործը յանձնել տեղացի Հայոց, որ կատարեցին զայն, ինչպէս կ’իմանանք Պրոկոպիոսէն:
       Քրիստոնէական կրօնը սկսած էր հետզհետէ տարածուիլ հռոմէական կայսրութեան մէջ: ԺԲ. լեգէոնը կը մնար միշտ ի Մելիտինէ. ան` ինչպէս որ քաղաքին ընդարձակման կորիզը եղած էր, նոյնպէս արմատը եղաւ Մելիտինէ քրիստոնէացման. կանուխէն քարոզուեցաւ Աւետարանը Շանթաձիգ գնդին շարքերուն մէջ. բազմաթիւ զինուորներ ընդունեցին Աւետարանը. ոմանք կ’ըսեն թէ ամբողջ լեգէոնը քրիստոնեայ դարձաւ: Անոնց մասին Գրիգոր Նիւսացի եպիսկոպս մեծ գովեստներ շռայլած է, յարելով թէ անոնք ո'րքան զինուորական կարգուսարքին խստապահ, նո'յնքան զօրաւոր էին իրենց նոր ընդգրկած հաւատքին մէջ ալ: Քրիստոնեայ Մելիտինէն, Զ. դարուն, ըստ Պրոսոպիոսի, զուտ հայկական քաղաք մը կը նկատուէր: