ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մենք այս աշխատութեան մէջ յիշած ենք թէ Հայք Դ. դարէն սկսեալ ուխտաւորութեան պատճառներով կը յաճախէին Երուսաղէմ. այդ պարագան փաստելու պէտք դկայ: Հայք շատ ակնուխէն քրիստոնէութիւնը ընդունած ըլլալով` յաջողած էին Երուսաղէմի Տնօրինական Ս. Տեղեաց մէջ տիրանալ որոշ իրավունքներու, եւ իբր համայնք կը վայելէին շատ մը Տնօրինական Ս. Տեղեր` որոնց պահպանումին ու պայծառութեան կը հսկէին: Բիւզանդական շրջանին Հայոց յատուկ էր Սիոնի ճանապարհին վրայ գտնուած փողոցը` որուն Ruga Armeniorum անունը կու տային միջին դարու մէջ, եւ ան կը տանէր մինչեւ Սիոնի եկեղեցին, զոր կը յիշատակէ Raade իր Պետրոս վրացիին գերմաներէն կենսագրութեան մէջ (Տե'ս էջ 45-46): Այս պատմական տեղեկութիւնը կը քաղենք նոյն Մատապայի այն մոզայք քարտէս- յիշատակարանէն որ Զ. դարուն շինուած էր եւ ան հրաշալիօրէն կը համադրէ ինչ որ պատմութիւն եւ ուղեգիրները կը սորվեցնեն մեզ Երուսաղէմի ներքին դիրքին եւ գլխաւոր սրբավայրերու մասին, որ հոն կը գտնուէին` երբ Երուսաղէմ իր փառքին զենիթին վրայ էր: Մատապայի այս մոզայիք քարտէսը ի մէջ այլոց ցոյց կու տայ նաեւ Հայոց Կայիափայի տ ան տեղւոյն վրայ շինած եկեղեցին` որ Ս. Պետրոս եկեղեցի անուամբ ալ կը ճանչցուի. ցոյց կու տայ նաեւ Ս. Պետրոսի Հ առաչանաց վանքը` որու մասին արդէն գրած ենք. առաջինը տեղն է Ս. Պետրոսի ուրացման, իսկ երկրորդը` զղջման: Իսկ յիշատակարանը` որ այսպէս շատ պարզօրէն երկու եկեղեցիներու տեղը կը ճշդէ` լախտի հարուած մը կու տայ անոնց` որ կը հակաճառեն յայտարարել թէ` Հայոց Ս. Փրկիչ եկեղեցին Կայիափայի տան տեղւոյն վրայ չէ շինուած, վերջին դարերու գործ է ըսելով, եւ Կայիափայի տան տեղը ցոյց կու տան Պետրոսի հառաչանաց տեղւոյն վրայ. մինչ երկուքն ալ Զ. դարէն առաջ գոյութիւն ունէին արդէն ինչպէս յայտնի է յիշատակարանէն, եւ երկուքն աք կը վերաբերէին Հայոց. ահա ուրեմն այլ եւս ի նպաստ Հայոց վճռուած կը նկատուի այդ շատերէ կնճռոտուած խնդիրը (Տե'ս Cabrol-Leclercqի Dict. d’Archeonogie chretienne et de Liturgie , էջ 2344-2346, բառն Jérusalem .
       Երուսաղէմի մէջ եթէ կային հայկական թաղեր, կային ուրեմն բազմաթիւ հայ վանքեր` որ շինուած էին բիւզանդ եան շրջանին, Դ-Թ. դարերուն. անոնք կառուցուած էին Հայոց սեպհական Ս. Տեղերու եւ նահատակաց գերեզմաններուն եւ կամ անոնց նշխարներուն ամփոփուած տեղերուն վրայ, պահելով հանդերձ հայ խցաւոր մենակեացներու խրճիթները, որոնք` ըստ Պաղեստինի սովորութեան` հաստատ կը մնային վանքերու կառուցումէն վերջ, ինչպէս յիշեցինք: Հայկական վանքերու գոյութեան կը վկայեն 1. նորագիւտ Հայկական մոզայիք արձանարգութիւններ, 2. Մովսէս Կաղանկայտուացին եւ 3. Անաստաս հայ վանական: Ա. - Բիւզանդական Երուսաղէմը ունեցած է մէկէ աւելի հայ թաղեր, մին` Սիոնի մէջ, ուր երբե մն կը բանակէր Հռովմայեցւոց լեգէոն մը, ճիշդ մեր Ս. Յակոբ վանքին դիմացը, եւ միւսը` Պրոպատիկէի Հայոց վանքին մօտ, ուր կը բնակէին նաեւ Ասորիները: Բիւզանդական շրջանին Հայոց կողմէն հիմնարկուած հայկական Պողիկտոսի վանքին աւերակներէն վերջերս երեւան ելած գեղակերտ հայերէն մոզայիքէ արձանագրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ձիթենեաց Լերան հայկական մոզայիք յիշատակականները, որոնց արձանագրութիւնները մէջ բերած ենք մեր այս աշխատութեան մէջ, պերճախօս ապացոյցներ են թէ բիւզանդական Երուսաղէմին, փառաց զենիթին վրայ գտնուած շրշանին` Հայերը եւս բերած են իրենք բարեպաշտական թանկագին մասնակցութիւնը Ս. Քաղաքը գեղազարդելու հայկական վանքերով, եկեղեցիներով ու մատուռներով: Այս յիշատակարանները պատահաբար երեւան ելած արձանագրութիւններ են, եթէ պրպտումներ ըլլան մեզ սեպհական յայտնի աւերակներուն մէջ եւ այլուր, տարակոյս չկայ թէ ուրիշ յիշատակարաններ եւս պիտի վկայեն Հայոց հին վանքերու գոյութեան:
       Երկրորդ վկայութիւնը կու տայ մեզ Է. դարու մատենագիրներէն Մովսէս Կաղանկայտուացի, որ կը ծանօթացնէ իր ժամանակի Աղուանից ազգի անց ու դարձերը: Անոր պատմութեան անանուն շարունակող մը` Աղուանից պատմութիւնը կը բերէ մինչեւ Ժ. դար:
       Կաղանկայտուացին Երուսաղէմի Ս. Տեղեաց եւ վանքերու մասին ունի յիշատակարան մը` որուն մէջ կը նկարագրէ Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին, Ս. Յարութեան տաճարին, ԳԻւտ Խաչի, Գողգոթայի, Ս. Սիոնի, Պիղատոսի պալատին, Համբարձման, Բեթղեհէմի, Հովուանոցի եւ Յորդանանու, ինչպէս նաեւ Գեթսեմանիի Ս. Կուսի դամբարանին վերաբերութեամբ, յետոյ կ’աւելցնէ Երուսաղէմի Աղուանից վանքերու նկարագրութիւնը: Յիշատակարանիս բովանդակութիւնը ականատեսի տեղեկութիւններ են, վասն զի սրբավայրերու տարածութեան մասին անոնք մանրամասնութիւններ ունին: Այս յիշատակարանը անոր համար աւելի թանկագին է, վասն զի Դ. դարու հայ ուխտաւորի գրչէն ելած է եւ ճշգրիտ նկարա գրութիւնն է Ս. Երկրին մէջ կոստանդինեան արքայավայել գլխաւոր շինութեանց. միայն թէ յիշատակարանիս ինչ ինչ տողերուն մէջ ձեռնմխութիւններ կը դիտուին, կա'մ ընդօրինակողներուն կողմէն եւ կամ անո'նց կողմէն` որոնք վերջին տարիներու մէջ կառուցուած սրբավայրերու անունները չգտնելով անոր մէջ` իրենց ժամանակի արդեն կառուցուածները աւելցուած են յիշատակարանիս վրայ, ինչ որ յիշատակարանին մէջ խանգարումներ յառաջ բերած են:
       Երրորդ վկայութիւնը կու տ այ Անաստաս հայ վանականին վանքերու Ցուցակը: Այս ցուցակը Գաղատիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէկ գիրքին մէջ գտնուած է եւ հրատարակուած են զայն 1896ին Ղ. Ալիշան «Վասն վանօրէից որ ի Ս. Քաղաքն Երուսաղէմ» խորագրով եւ գաղղիերէնի թարգմանութեամբ, ըստ խնդրանաց Société de l'Orient Latinի խմբագրին. 1835ին Հ. Ղուկաս Ինճիճեան իր Հնախօսութիւն գիրքին . հտր. էջ 199-201 շինուածք նախարարաց որ յԵրուսաղէմ անուամբ, 1931ին Տիգրան Հ. Թ. Սաւալանեանցի Պատմութիւն Երուսաղէմի գործին մէջ . Հտր. էջ 243-246) ուր նոյն ցուցակը բաղդատուած է ուրիշ օրինակի մը եւ Ին ճիճեանի տպագրեալ օրինակին հետ եւ տարբերութիւնները նշանակուած են լուսանցքին վրայ:
       Ո՞վ էր այս ցուցակագիր Անաստաս վանականը կամ վարդապետը. մեր պատմութիւնը կը լռէ այս մասին: Այս ցուցակին ներածական մէկ հատուածին համաձայն Անաստաս` Համազասպ Կամսարական Պահլաւունիի խնդրանքով Երուսաղէմ կու գայ, ժամանակ մը կը մնայ հոն եւ իբր ականատես վկայ կը ցուցակագրէ Հայոց եօթանասուն վանքերը: Ի՞նչպէս պիտի գիտնանք Անաստասի ինքնութիւնը. մեր մատենագրութիւնը դիւրութիւն չի տար մեզի այդ մասին, ուստի ստիպեալ կը դիմենք օտար պատմիչներուն:
       Յունաց Հերակլ կայսր որ բազմիցս պատերազմեցաւ Պարսից հետ իր երկրին պաշտպանութեան համար եւ ի վերջոյ յաղթութիւնը շահելով Պոլիս կը դառնար, Է. դարու առաջին քառորդին դէմ յանդիման գտնուեցաւ Արաբիոյ խորերէն խուժող բազմաթիւ քանակներու որ եկած խռնուած էին Սիւրիոյ սահմանագլուխին վրայ: Հերակլ յոգնած էր պատերազմներէն եւ իր գանձը դատարկ էր, բայց ամփոփեց իր բոլոր ոյժերը եւ քրիստոնեայ ու արաբ քրիստոնեայ ստուարաթիւ բանակով մը փորձեց ճակատիլ Արաբներուն դէմ. զօրաց ընդհանուր հրամանատար կարգեց Վահան անուն հայազգի մը հայոց նախարարական սերունդէն. Վահան քանիցս քաջութեամբ կռուած է Արաբներուն դէմ. եւ զինուորները այնքան վստահացած էին անոր նոյն ժամանակ կայսր հռչակեցին զանիկա: Աղեքսանդրիոյ պատրիարք Եւստիքիոս . դար) իր արաբերէն գրած Տարեգիրքին մէջ Վահանի զինուորներուն Դամասկոսի մօտերը Ռամատի հեղեղատին քով տեղի ունեցած մեծ դժբաղդութիւնը մանրամասն կը նկարագրէ եւ տեղեկութիւն կուտայ Վահանի կացութեան մասին: 634ին Դամասկոսի մէջ կար Մանսուր անունով պաշտօնեայ մը որ քաղաքապետն էր եւ Հերակլի գանձապահը, եւ ան էր որ կը վճարէր զինուորներու թոշակը ու կը հայթայթէր պարէնը: Վահան դրամ կը պահանջէ Մանսուրէն, վերջինս կ’առարկէ դրամի չգոյութիւնը եւ դրամ չի վճարեր Վահանի բանակին, հակառակ ստիպողութեան: Արաբական զինուորները մօտեցած էին երկու օրուան ճանապարհ, իր եւ արաբներուն մէջ կը գտնուէր անդունդի նմանող հեղեղատ մը. մինչ երկու կողմերը այսպէս պատրաստակամ էին յարձակման, Մանասուր թողուց Դամասկոսը եւ գտաւ Վահանի բանակը, իբր այն դրամ բերած էր զինուորներուն բաշխելու համար: Մանսուր երբ կը մօտենար բանակին գիշեր էր. Դամասկացի բազմաթիւ մարդեր կ’ընկերանային անոր եւկը կրէին լապտերներ, եւ երբ բանակին մօտեցան` սկսան թմբուկներ եւ ծնծղաներ զարնել եւ բարձրաղաղակ պոռալ. Մանսուր այսպէս կը վարուէր չարամտութեամբ եւ խաբէութեամբ: Վահանի զինուորնե րը լսելով ծնծղաներու եւ թմբուկներու աղմուկը կասկածեցան թէ Արաբները կ’ուզէին ետեւի կողմէն յարձակիլ եւ պաշարել, ամէնքն ալ սկսան փախչիլ. ինկան Ռամատի մեծ հեղեղատին մէջ եւ կորան: Փոքրիկ մաս մը միայն ազատեցաւ, որոնցմէ ոմանք փոխան զանազան տեղեր, ուրիշներ վերադարձան Դամասկոս դիմողները պաշարումէ վախնալով պաշար հաւաքեցին եւ յարձակման պատրաստուեցան, եւ միւս կողմէն ալ գրեցին Հերակլի ա'յն ամէն չարամտութիւնները, որոնցմով Մանսուր պատճառ եղած էր զինուորներուն պարտութեան, ու անկէ օգնութիւն խնդրեցին: Իսկ Վահան կայսեր քով վերադառնալէ եւ սպանուելէ վախնալով` փախոխւստ տուաւ եւ քաշուեցաւ Սինա լեռը, ուր ընդունեց վանական կեանքը եւ ստացաւ Անաստաս անունը. ան է հեղինակը քարոզի մը, որուն մէջ կը մեկնաբանէ Դաւթի վեցերորդ Սաղմոսը (Տե'ս Patro. Grec. t. CXI, col. 1096-1097):
       Վահանի մասին Եւդիքիոսի խօսքերը համառօտեցինք. ան` Վահան ին տեղ Մահան կը գրէ, ինչպէս նոյնը կը գրեն բոլոր արաբ պատմագիրները. միայն Թէոփանէս կը գրէ Պաան. ըստ Saint-Martinի բացատրութեան, որովհետեւ արաբերէն քուֆի վավ գիրը շատ կը նմանի միմ գիրին. Վահան հայերէն անունը կարդացուած է Մահան արաբ հեղինա կներէն, նոյնպէս Թէոփանէս` որ Վահանի մէկ ուրիշ կռիւը կը նկարագրէ, Պաան կ’անուանէ զանիկա: Caussin մատենագիրը (III. IX. էջ 435) բացէ ի բաց կը գրէ Մահանին Վահանին հետ նոյնութիւնը:
       Saint-Martin Վահանին ազգատոհմը կը ճշդէ (Տե'ս Lebeau, Hist. du Bas-Empire, ԺԱ. գիրք, էջ 208) եւ կ’ընդունի զայն Մամիկոնեանց նախարարութեան սերունդ, վասն զի Վահան անունով բազմաթիւ անձեր կը գտնուին նոյն տոհմին մէջ. եւ արդարեւ ան բիւզանդական բանակին մէջ իր քաջութիւններովը հաստատեց թէ քաջակորով սերունդի մը զաւակն էր: Ուրեմն որոշ է թէ Վահան` Մամիկոնեան էր եւ ո'չ թէ Խոռխոռունի, ինչպէս կը կարծէ Հ. Ն. Ակինեան (Տե'ս Յառաջ, 1931, թ. 1481): Եւտիքոսի վերջին տողերը թանկագին են, վասն զի ան կը ճշդէ պատերազմիկ հայ Վահանի Սիան Լերան վանքը քաշուիլը այն պատճառներով` որ վերեւ պարզուեցաւ եւ հոն վանական դառնալով կրօնական գրականութեամբ զբաղիլը. եւ անոր անունին Անաստասի փոխուիլը ունի անտարակոյս իր քաղաքական պատճառները: Ուրեմն Անաստաս անուան տակ պէտք է ճանչնալ Է. դարու առաջին քառորդին ապր ող Վահան Մամիկոնեանը` բիւզանդական արեւելեան բանակին մեծ հրամանատարը: Վանք քաշուելէ յետոյ ան սուրի ու ասպարի տեղ կը կրէ խաչն ու գրիչը: Մեր Ձեռագրաց Մատենադարանին մէջ նոյն Անաստաս վանականին անուամբ կը գտնուի Աղօթագիրք մը . 1130), որ մեկնութիւնն է վեցերորդ Սաղմոսին, ինչպէս Եւտիքիոսն ալ յիշեց, եւ անտարակոյս ունեցած է նաեւ ուրիշ կրօնական աշխատութիւններ:
       Անաստաս վանական Երուսաղէմի Հայոց վանքերուն ցուցակագրութիւնը հաւանական է որ կատարած է 634ին, այսինքն Երուսաղէմի ճանապարհով Սինայի վանքը քաշուած միջոցին, թերեւս մէկ երկու տարի ալ մնալով Երուսաղէմ: Անոր ցուցակագրած վանքերն էին անոնք` որ Պասրից արշաւանքէն յետոյ Մոտեստոսի վերաշինութեան ժամանակ նորոգուեցան, առատաձեռնութեամբն ա'յն ուխտաւորաց եւ իշխանաց` որոնք կը յիշուին Հայոց Կոմիտաս կաթողիկոսին կողմէն Մոտեստոսին գրուած նամակին մէջ: Անաստասի այս ցուցակագրութենէն առաջ, Զ. դարու կիսուն արդէն տեղի ունեցած էին Երուսաղէմի մէջ կրօնական խլրտումներ, քաղկեդոնական դէպքեր, որ վրդովեցին հայ վանականութեան հանդարտիկ կեանքը եւ քանի մը վանքեր ալ գրուեցան կամ հրդեհուեցան: Վանօրէից Ցուցակին եւ Երուսաղէմի Յովհաննէս պատրիարքին` Աղուանից Աբաս կաթողիկոսին ուղղեալ նամակին մէջ կը կարդանք թէ «Հայոց իշխանները գրաււոած վանքերը` թէ արանց եւ թէ կանանց, ազատելու համար Յուստինիանոս կայսեր եօթը կենտինար, այսինքն 70, 000 ոսկի դահեկան տուին եւ տիրացան անոնց. Հայոց իշխանները այդ դեպքերուն ժամանակ կը պաշտպանէին վանքերը ու կը բողոքէին հոռոմ պատրիարքին ոտնձգութիւններուն դէմ, այդ պատճառաւ պատրիարքը Աբասի կը գրէ թէ Հայոց իշխանները «զԿեսարիա կալան բարուրս». այդ պատճառաւ իբր պատասխան կ’ըսէ անոնց թէ` «Կեսարիան հաճոյ է ձեզ, երթայք ի Կեսարիան կարէք եւ այլն». նամակին մէջ յայտնապէս գրուած է թէ Հայոց վանքերէն մին հրդեհուած է. հոռոմ պատրիարքն էր հրդեհել տուողը: Հետեւեալ դէպքն ալ ցուցակագրութենէն յառաջ պէտք է նկատենք. Հոռոմները` մասնաւորապէս Յուստինիանոսի երկդիմի քաղաքականութենէն քաջալերուած, կը բռնադատէին որ Երուսաղէմի հայ վանականները ընդունէին Քաղկեդոնի Ժողովը եւ յունական դաւանութիւնը. հայ վանականները կ’ընդդիմանային եւ յունական դաւանութիւնը. հայ վանականները կ’ընդդիմանային եւ ստիպուեցան դիմել Յովհաննէս Գաբեղեան կաթո ղիկոսին (557-574). «Եւ միաբան ժողովեալ ամենայն հարքն եւ առաջնորդք մենաստանացն եւ խըրճըթաւոր միայնակեացքն, անձինք իբրեւ հինգ հարիւր, գրեցին առ երանելի կաթողիկոսն Յոհան եւ առ այլ աթոռակալսն. եթէ զի՞նչ պարտ իցէ առնել, հաւանի՞լ նոցա եւ ունիլ զտեղի բնակութեան իւրեանց, եւ թէ` թողուլ եւ ելանել անտի, զի հրաման թագաւորին խստանայր ի վերայ սրբոյ քաղաքին եւ հայրապետացն զի մի բնակեսցին անդր ի Հայոց կրօնաւորաց եւ Յակոբիկ ասորի կամ յեգիպտացւոցն, այլ միայն որք ողջ ունին զհաւատս թագաւորին եւ զՅոբնաղի սահմանադրութիւնն»: Կաթողիկոսը կը պատասխանէ եւ դուրս մասին մի՜ հնազանդիք անոնց, թողուցէք վանքերը եւ դուրս ելէք այդ վանքերէն: Այս հրամանին վրայ շատերը դւորս ելէք այդ վանքերը եւ գոյքերը թողլով, իսկ շատերն ալ դուրս չելան քաղաքէն ու համբերեցին հոռոմ պատրիարքներուն տուած նեղութիւններուն եւ աւարառութեանց, մինչեւ որ իսլամները տիրեցին Երուսաղէմի եւ Պաղեստինի: Այս տողերը գրուած են Յովհաննէս Գաբեղեան կաթողիկոսի մահուանէն վերջ, եւ այս յայտնի է կաթողիկոսին համար երանելի բառին գործածութենէն: Ցուցակագիր Անաստաս վանական կը դնէ այս պատմական ծանօթութիւնները` որոնք իրմէ առաջ պատահած էին, եւ կը ծանօթագրէ նաեւ ցուցակագրութենէն քիչ վերջ տեղի ունեացծ դէպքերը, որոնք մեծապէս վնասեցին հայկակակն վանքերու գոյութեան եւ շատ քիչեր մնացին անվնաս: Կը դասաւորենք հոս նոյն պատճառները.
       Ա. Քաղկեդոնական խնդրոյն պատճառաւ Երուսաղէմի պատրիարքներուն գրաւումներն, ինչպէս վերեւ յիշեցինք :
       Բ. Հայոց կաթողիկոսներուն եւ իշխաններուն անհոգութեան եւ վանականաց ծուլութեան պատճառաւ տեղի ունեցած քանդումները :
       Գ. Մեր շատ մը վանքերուն մէջ երբ առաջնորդները կը վախճանէին եւ չկար հոգաբարձու մը որ առաջնորդ նշանակէր վախճանողին տեղ, այդ պատճառաւ Երուսաղէմի պատրիարքները անմիջապէս կը գրաւէին զայն :
       Դ. Իսլամներուն պահանջած հարկերուն ծանրութենէն ազատելու համար հայ վանականները իրենց վանքերէն դուրս ելան. քաղաքին պարիսպին մօտ իրենց ունեցած վանքերը կանանց վանքերու վերածեցին եւ սարկաւագուհիներ կարգեցին, որպէս զի հարկ չվճարեն եւ ազատ ըլլան, ինչպէս միւս կանանց վանքերը :
       Ե. Հայ վանականները իրենք քաղաքէն դուրս ելան ուրիշ տեղեր գնացին, եւ վանքերու անունները փոխեցին ու անուանեցին նախարարներու եւ ազատներու անունով, թերեւս անոնցմէ կարենան օգնութիւն եւ ողորմութիւն գտնել :
       Զ. Իսլամ տիրապետութեան սկզբնաւորութեան թէեւ հայ վանականները հանգստացան, վասն զի պատրիարքները այլեւս մէկը չէին կրնար բռնադատել, բայց դժբախտաբար Հայոց երկրին աւերմանց պատճառներով շատ նեղուեցան, վասն զի հայ թագաւորներուն եւ իշխաններուն վանքերուն պարգեւած գիւղերը եւ ագարակները այլեւս եկամուտ չէին բերեր, եւ վանականները չկրնալով համբերել` թողուցին իրենց վանքերը, եւ «ԺԵ. վանք միայն մնացին », ու ցրուեցան մերձակայ տեղերը:
       Վանօրէից Ցուցակին մէջ բովանդակուած վանքերու անուններէն յայտնի է թէ Հայոց նախարարական տուներէն շինուած եւ հոգացուած են Երուսաղէմի այս վանքերը, բայց Ցուցակին սկիզբը եւ ներածականի առաջին մասին մէջ իբր հիմնադիր կը յիշուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Մեծն Ներսէսի եւ Տրդատ թագաւորի անունները. անհաւանական չէ Դ. դարուն ասոնց ալ վանքերու շինութեան մասնակցութիւը Երուսաղէմի մէջ, բայց Ցուցակին բովանդակութիւնը Երուսաղէմի մեջ, բայց Ցուցակին բովանդակութիւնը յայտնապէս ցոյց կու տայ թէ նոյն վանքերը առաւելապէս հայ նախարարութեանց կողմէն շինուած են բիւզանդական շրջանին: Վանօրէից Ցուցակը ու յարակից ներածական մասը ձեռնմխութենէ զերծ մնացած չէ, անոր մէջ կրկնութիւններ կան եւ անորոշութիւններ: Ցուցակին հեղինակութիւնը Անաստաս վանականին տալով մէկտեղ` ոմանք ներածական մասը ուրիշի կողմէն յաւելուած կը նկատեն, բայց հաւանական է որ այդ մասին ալ նոյն հեղինակը գրած է իբր պատմական նախընթաց դէպքեր, եւ ուրիշ մ’ալ յաւելումներ մտցուցած է. կան ցուցակներ, ինչպէս Վենետիկի 1624ի ձեռագիրը, որ չունին ներածական մասը, այլ միայն Վանօրէից պարզ Ցուցակը. այդ պատճառաւ ներածականը կը նկատուի անվաւեր:
       Բայց ինչ որ ալ ըլլան այս դիտողութիւնները, հայ Անաստաս վանականին կազմած Ցուցակը իր մեծ արժէքէն բան մը չի կորսնցներ. այդ փոքրիկ եւ հնամենի գրուածքը կը ցոլացնէ Հայ—Երուսաղէմի անցեալ փառքը ու հայ իշխանաւորներու հաւատքը զոր ցոյց տուին բիւզանդական տիրապետութեան ժամանակ, երբ Ս. Քաղաքը կը պանծար հոյակապ եկեղեցիներով ու վանքերով ու խաչին նշոյլները կը ճառագայթէին սրբավայրերու կաթողիկենէրուն վրայ: Անաստաս վանական միակն է որ կը հաղորդէ Հայ— Երուսաղէմի փառքը թէ' մեզի եւ թէ' գալիք սերունդներուն, որոնք պիտի կարենան պահել իրենց մէջ այդ փառքը զգալու ոյժը ու պիտի սիրեն համակուիլ անով որ ոյժը եւ զօրութիւնն է Հայաստանեայց Եկեղեցիին եւ Հայ Ազգին:
       Երուսաղէմի մէջ Նախնեացս տիրացած մեծ փառքէն ճաշակ մը տալու համար ձեռնարկեցի այս աշխատութեան. այն օրէն ի վեր որ Երուսաղէմ հաստատուեցայ բուռն սէր մը գոյացաւ իմ մէջս կարելիութեան սահանին մէջ գրելու համար Ս. Քաղաքին եօթանասուն հայկական վանքերու պատմութիւնը: Երուսաղէմի արդի հայ պատմիչները պարզ ցուցակէ մը զատ ոեւէ պատմութիւն չուէին հայկակակն հին վանքերու եւ եկեղեցիներու վրայ, լուռ կը մնային ի մասին արանց եւ կանանց ա'յն հայ մենաստաններու` որոնք զարդը կը կակազմէին բիւզանդական Երուսաղէմի զանազան թաղերուն ու կը պահէին մեր հայրենի երկրին «Հայ իշխաններու» փառքը ու հաւատքը: Ակնարկ մը հայ Անաստասին Ցուցակին վրայ կը համոզէր մեզի թէ նոյն եօթանասուն վանքերէն շատերը այսօր անյայտ էին ու թաղուած կամ անճանաչելի դարձած աւերակներու, եւ կամ արշավանքներու յառաջ բերած փլուզումներէն եւ քանդումներէն վերջ կառուցուած օտար շէնքերուն գետիններու տակ: Բայց չէի յուսահատած այս տխուր վիճակէն ու կ’ուզէի գոնէ պատմութիւնը այն հայ վանքերուն որոնք կը յիշուէին մեզի ծանօթ աւերակներով, մզկիթի փոխուած կամ բռնագրաւուած վանքերով ու եկեղեցիներով, մոզայիքներու եւ արձանագրութեանց ու ձեռագրաց յիշատակարաններուն մէջ եւ կը յուսայի թէ անոնցով ծանօթ վանքերու պատմութիւնը գրելով մը կամ ճաշակ մը պիտիկրնայի տալ իմ սիրելի մերազնէից. 5-6 տարիներ այս գործին լծուեցանք եւ Սիոնի հրտարակութիւնն ալ մեզի խթան մը եղաւ աւելի խորացնելու մեր պրպտումները, ընթերցումները եւ ի հարկին ճամբորդելով ձեռք բերելու պատմական ատաղձներ մեր ձեռնարկած այս Վանօրէից պատմութեան: Մեր վերեւ յիշած աղբիւրներէն զատ այս աշխատութեանս համար իբր աղբիւր օգտուած եմ վաղեմի օտար ուխտաւորներու Ուղեգրութիւններէն, թէեւ անոնք կամաւորապէս ժլատ մեր վանքերու վերաբերեալ պատմական տեղեկութիւններու մասին, բայց երբեմն անգիտակցաբար տեղեկութիւններ սպրդեցուած են իրենց գրուածներուն մէջ եւ այդպիսով կարելի եղած է օգտուիլ անոնցմէ ալ:
       Օգտուած եմ ընդհանրապէս Ս. Տեղեաց վրայ այլ եւ լեզուներով հրատարկուած կարեւոր գործերէն` որոնք կը խօսին Ս. Երկրի վանքերու ու եկեղեցիներու եւ անոնց տեղագրութեան եւ հնախօսութեան վրայ. մասնաւորապէս զանց ըրած չենք, բացի տեղագրականէն, պատմական եւ նկարագրական տեղեկութիւններ տալու ի մասին Խաչակրաց այն եկեղեցիներուն որոնք կը գտնուին մեր նկարագրած իւրաքանչիւր հայկական վանքի կամ եկեղեցիի գտնուած տեղւոյն մէջ, գաղափար մը տալու համար նոյն միջավայրի տարբեր եկեղեցիներու շինութեանց ու պատմութեան նկատմամբ: Վերեւ յիշուած գրուածներուն մէջ պրպտելով է որ կը գտնէինք այն մասերը որ կը վերաբերէին հայ վանօրէից պատմութեան: Եթէ Երուսաղէմ չգտնուի` դժուար թէ կարենայի այս տեսակ պատմութիւն մը գրել, քանի որ մեծապէս դժուարին էին հայթայթել պատմական աղբիւրները: Այն քառասուն վանքերը ու եկեղեցիները` որոնց պատմութիւնը ու նկարագրութիւնը արդի մեթոտներով իմովսանն կու տամ այս աշխատութեանս մէջ, իւրաքանչիւրը զատ զատ ուսումնասիրութիւններ ըլլալով` հարկ չը տեսայ պահել անոնց տեղագրութեան ու ժամանակագրութեան դասաւորումը. տրուած ըլլալով մանաւանդ այս հաստատութեանց դասաւորումը. տրուած ըլլալով մանաւանդ այս հաստատութեանց մէկ քանիներուն հիմնարկութեան թուականներուն անորոշութիւնը, եւ իւրաքանչիւր վանքի եւ եկեղեցիի իրարու հետ ո'եւէ կապակցութիւն չունենալը: Աշխատաց ենք ո'եւէ պատմական տեղեկութեան կցել անոր յիշատակարանը կամ տեղեկութեան աղբիւրը: 1927-1931 կը հրատարակէին Սիոնի մէջ Հայ— Երուսաղէմի վանքերու պատմութիւնը եւ գիրքի վերածեցինք շատերու փափաքանց վրայ` պարբերաթերթին նոյն յօդուածները կոկելով եւ յարդարելով զանոնք, միեւնոյն ժամանակ աւելի ճոխացուցինք սոյն աշխատութիւնը նկարագրութեամբ նոր եւ աւելի կարեւոր վանքերու եւ եկեղեցիներու որ կը պակսին Սիոնի մեր յօդուածաշարքերուն մէջ:
       Շարունակելի գործ մ’է մեր այս աշխատութիւնը, վասն զի յայտնի է թէ Ս. Երկրի հողը տակաւին կը պահէ իր մէջ յիշատակարաններ, ինչպէս նաեւ օտար պատմագիրներու տարբեր տեղեկութիւններու էջերը հաւանաբար ի յայտ պիտի բերեն աշխատութենէս դուրս մնացած վանքերու եւ եկեղեցիներու պատմութիւնը. յուսով եմ թէ մեր ներկայ եւ ապագայ միաբանակից եղբայրները պիտի աշխատին իրենք ալ տալու ցոլք մը Հայ— Երուսաղէմի անցեալ լուսաշող փառքերէն:
       Այս ներածութիւնը վերջացնելէ յառաջ պարտք կ’զգամ յայտնել իմ անմոռաց երախտագիտութիւնը մեր բազմերախտ մեծ ուսուցչին եւ Ս. Աթոռոյս երջանկայիշատակ Գահակալ Տ. Եղիշէ Ս. արքեպս. Դուրեանի` որ աշխատութեանս պատրաստութեան սկիզբի տարիներուն շնորհ ըրած է յունարէն մի քանի հատուածներուն սկիզբի տարիներուն շնորհ ըրած է յունարէն մի քանի հատուածներուն հայերէն թագրմանութիւնը կատարել, ինչպէս յիշած ենք իր տեղը, եւ դիւրութիւններ տալ ինձ. կը խոնարհիմ իր յիշատակին առջեւ եւ հանգիստ կը մաղթեմ իր անմահ հոգւոյն համար: Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
       Շնորհակալութեան պարտք մը ունիմ հատուցանել նաեւ մեր պատուական Պատրիարքական Տեղապահ եւ տպարանի տեսուչ Գեր. Տ. Մեսրոպ Ս. Եպիսկոպոս Նշանեանի, որ հաճեցաւ եղբայրական սիրով աշխատասիրութեանս մաքուր տպագրութեան համար հսկել հարկ եղած խնամքը ու հոգածութիւնը չխնայելով:
       Չեմ մոռնար փութաջանութիւնը եւ աջակցութիւնը մեր միաբանակից եղբայրներէն եւ կամ մեր ծանօթներէն անոնց, որոնք սատարեցին այս գիրքին պատրաստութեան եւ տպագրութեան համար դիւրութիւններ ընծայելով:
       Տէրը օրհնէ այն ամէն աշխատանքները, որ Իր անունովը կը կատարուին:
       1931 Օգոստոս 12 ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ Ի ՎԱՆՍ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ
       Աղօթարար Ազգիս եւ Ս. Աթոռոյս ՄԿՐՏԻՉ ԵՊՍ . ԱՂԱՒՆՈՒՆԻ