ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Էլ-Պիրէհ Նապլուսի ճամբուն վրայ, Երուսաղէմէն դէպի հիւսիս, 16 քիլոմեդր հեռի գիւղ մըն է. Հին Կտակարանի Պէրօթն է ան, Բենիամինի ցեղին քաղաքներէն մին (Յեսու Թ. 17): Այս գիւղին մօտ, Ռամայի եւ Բեթելի մէջ, Դեբովրա մարգարէուհին կը դատէր Իսրայէլի ժողովուրդը (Դատ. Դ. 4): Մարինոս կը կարծէ թէ («Պատմ. Ս. Երկրի» հայ. թարգմ. Ա. Հտր. էջ 395) Էլ-Պիրէհ գիւղը Մաքմասն է, որ տարբեր գիւղ մըն է, դէպի արեւելք: Ըստ իր ասութեան, Յերոնիմոս կը յիշատակէ զայն իր «Տեղիք Եբրայեցւոց» անուամբ գրքին մէջ, իբր մեծ գիւաղքաղաք մը: Այժմ Էլ-Պիրէհ հազար բնակչօք գիւղ մըն է, եւ շինուած ժայռոտ բլուրի մը գագաթ, որուն ստորոտը կը գտնուի, ճանապարհին մօ տիկ, առատահոս աղբիւր մը` որուն վրայ կառուցուած է մզկիթ մը:
       Բայց Էլ-Պիրէհ պատմական աւելի մեծ հռչակ մը ստացած է ա'յն աւանդութեան համաձայն, թէ ան եղած է այն տեղը, ուր Ս. Կոյսը կը կարծէր թէ Յիսուս Մանուկը, Զատկի տօնը Երուսաղէմի մէջ կատարելէ յետոյ, ուրիշ ուղեկիցներուն հետ մեկնած էր. հո'ն ծանօթներուն եւ դրացիներուն մէջ փնտռուեցաւ ան, բայց չգտնուելով` իր ծնողք դարձան Երուսաղէմ (Ղկս. Բ. 42-51): Էլ- Պիրէհ առաջին կայանն էր Երուսաղէմի մօտիկ. Զատիկ առթիւ ուխտի եկող Հրէայք հո'ն կը հաւաքուէին եւ կը միանային խմբովին ճամբորդելու համար. հո'ն կար նաեւ իջեւան մը, Սամարիա եւ Գալիլիա մեկնողներուն համար: Դ. դարուն քրիստոնեայ ջերմեռանդութիւնը հաւանաբար եկեղեցի մը հիմնած էր հոն, յանուն Տիրամօր Ս. Կուսին, մշտնջենաւորելու համար աւետարանական այդ դրուագը: Ըստ Յերոնիմոսի, Հեղինէ թագուհին է նոյն եկեղեցւոյ առաջին հիմնադիրը: