ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ինչպէս որ տեսանք, եւրոպացի քննիչներ Էլ-Պիրէհի եկեղեցւոյն շինութիւնը կը վերագրեն Խաչակրաց. բայց մենք պիտի կարողանանք հաստատել թէ այդ եկեղեցին հայկական է, որ Ս. Երկրին մէջ շինուած էին հայ բարեպաշտներէն: Թէեւ հնագոյն վաւերագիր մը երեւան չէ եկած դեռ այդ մասին, բայց յետնագոյն դարու ձեռագիր յիշատակարան մը, զոր յառաջ պիտի բերենք, պիտի հաստատէ թէ Էլ- Պիրէհի եկեղեցին հայկական էր եւ մինչեւ ԺԷ. դար կանգուն մնալէ յետոյ կործանուած է:
       Այդ յիշատակարանէն առաջ հոս կ’ամփոփեմ այն տեղեկագրութիւնը, զոր 1875ին հրատարակած է Մուրատեան Մելքիսեդեկ վրդ. (ապա Եպս. ) Սիօնի մէջ, որու խմբագրապետն էր: Մուրատեան լսելով որ Էլ-Պիրէհ գիւղին մէջ հայկական եկեղեցի մը կը գտնուի, քանի մը միաբաններով կ’այցելէ հո'ն եւ հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ իր տեսածները. «… եկեղեցւոյ երեք խորանները մինչեւ ցկամարն եւ հիւսիսային ու հարաւային պատերն տակաւին կանգուն են, իսկ արեւմտեան կողմն, ուր գտնուած է նախագաւիթն, բոլորովին քակուած է եւ նոր ժամանակներս բանջարեղինաց պարտիզի հասարակ պատով պատուած: Եկեղեցին գրեթէ քառակուսի ձեւ ունի, 34 մետր երկայնութեամբ եւ 20 մետր լայնութեամբ: Սեղ աններու եւ հարաւային ու հիւսիսային կանգուն մնացած պատերու քարերէն կ’երեւի յայտնապէս, որ եկեղեցին շինուած է խիստ ընտիր ճաշակաւ, ընտիր տեւական եւ սրբատաշ քարերով, սիւներով եւ խոյակներով, ունեցած է երկու ոած գմբէթ երկու փոքր խորաններու վերայ: Թէեւ թուական չը կայ, բայց հնագիական հետազօտութիւնն ցոյց կը տայ, որ աւելի քան ութ կամ եօթն հարիւր տարուան շէնք է, եւ եթէ ո'չ յառաջ, անշուշտ մեր Ռուբենեան թագաւորական հարստութեան ժամանակ շինուած է: Հարաւային պատին վերայ, ուր նռնենի մը յեցած է, կայ արձանագիր, մեծաւ մասամբ անվերծանելի երկու հարիւր տարի յառաջ փորագրուած: Պետրոս անուն վարդապետի ձեռամբ…: Աւագ խորանին կամարակապ կիսագօտւոյն վերայ եւս հայկական գրերու հետքեր կը նշմարուին, բայց եղծուած լինելով չեն կարդացուիր: Ով որ Հայաստանի մէջ շրջագայած է եւ կիսաւեր վանքերն ու եկեղեցիները տեսած, առաջին նայուածքով կարող է վկայել որ Էլ-Բիրէհ գիւղի եկեղեցին հայկական եկեղեցի է եւ Պաղեստինի մէջ նշանաւոր հայկական հնութիւն…: Զարմանալի է որ Պ. Վոկէ, իւր «Եկեղեցիք Ս. Երկրի» անուն տեղեկագրական գործոյն մէջ, առանց որեւիցէ հաւանական փաստի, յիշեալ եկեղեցւոյ շինութիւնն Խաչակրաց կ’ընծայէ, գոնէ չը նկատելով, որ եկեղեցին բնաւ լատինական ձեւ չունի» (Սիօն, 1875, Յունիս, էջ 136-37): Մենք իրաւունք կուտանք Մուրատեան վարդապետի շիտակ դիտողութեան, նկատի առնելով Գոնտէրի եւ Քիչնէրի գծագրած յատակագիծը, անոր սիւներուն եւ խոյակներուն գծագրութիւններն, ընդհանուր շէնքին ճարտրապետական կառուցուածքը եւ հայեցի արձանագրութեանց հետքերը, որք բարցարձակ կերպով կը հերքեն Տը Վոկիւէի եւ այլոց կարծիքները: Ինչպէս տեսանք վերեւ, Տը Վոկիւէ ինքն է որ կը գրէ թէ` Էլ-Պիրէհի եկեղեցին շինուած է Պրոպատիկէի Ս. Յովակիմ-Աննա եկեղեցիին նմանութեամբ եւ ճարտարապետութեամբ. վկայութիւն մըն է այս իրեն աննպաստ, վասնզի Պրոպատիկէի եկեղեցին ի սկզբանէ հայկական եղած է, ըստ ցուցակի Անաստաս վրդ. ի «եւ ի ներս քաղաքն Արշակունեաց վանքն, ի Սուրբ Պրոպատիկէ կողմանն». եւ մենք այս պարագան հաստատած ենք այլ ապացոյցներով եւս (տե'ս «Տարեցոյց» Ս. Գափամաճեան, 1926): Փաստ մը չէ որ Ֆռանկները, առաջին Խաչակրաց ժամանակ, տիրացած են անոր. եւ Երուսաղէմի լատին առաջին ինքնակալը` նոյն եկեղեցին Էլ-Պիրէհ գիւղովը, Ս. Գերեզմանին կալուած արձանագրած է. նմանօրինակ դէպք մըն ալ, նոյն միջոցներուն, պատահած է Երուսաղէմի Ասորիներուն, որոնց մէկ եկեղեցին, պարտէզներով կը գրաւէ Կոտըֆրօայի զէնքի ընկերներէն Ժէօֆրօա, որուն պատճառաւ, շատ տարիներ, բանտարկուած կը մնայ Գահիրէի մէջ, եւ Երուսաղէմի հայ եպիսկոպոսին միջնորդութեամբն է որ ան կ’ազատի հայազգի Վահրամին շնորհիւ (Abbé Martin, Les premiers princes croisés et les Syriens Jacobites de rusalem):
       Վերեւի բացատրութեանց հաստատութեան համար կը թարգմանենք Camille Enlartի "Les Monuments des Croisés, dans le Royaume de Jérusalem" հոյակապ գործին մէջ զետեղած . Հատ., էջ 276) Էլ-Պիրէհի Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէկ նկարագրութիւնը, կրօնական հնախօսութեան մանագէտ եւ ԺԹ. դարու կիսուն Էլ-Պիրէհի եկեղեցին այցելող Պարոն T ylorի (Անգլիացի ընտանիքէ ծնած, ի Պրուքսէլ, 1789-1879) կարեւոր մէջբերումներով.
       «Եկեղեցին 43 մ. երկարութիւն եւ 22 լայնութիւն ունէր. իր ոճը լաւ կը համապատասխանէ 1146ին` որ անոր աւարտումի թուականը կը նկատուի»: Սակայն, Պարոն Taylorի մէկ դիտողութիւնը կը հաստատէ այն աւանդութիւնը` որուն համաձայն եկեղեցին կը հաստատէ այն աւանդութիւնը` որուն համաձայն եկեղեցին կառուցուած էր նաշնական սրբավայրի մը տեղւոյն վրայ. «հիւսիսային կողմը, կ’ըսէ, մեծ մասամբ առաջին մայր եկեղեցիին խոշոր քարերովը շինուած է»: Ամբողջ մեծ եկեղեցիներու նման, լեցուած քարերու միջուկի մը վրայ` խիտ կապերով բռնուած` տաշուած քարեր կը զարդարեն:
       Յատկագիծը` բացի երեք կոզակներէ, որուն կեդրոնինը նեղ դաս մը ունի, կը պարունակէ նաեւ նաւ (nef) մը եւ կողմնաթեւեր` որոնց չորս գերանամէջերը (travé es) առաւել կամ նուազ պահուած են հիւսիսային կողմը. եկեղեցին խաչաձեւ չէ: Կողմնաթեւերը ունին գեղեցիկ ցցուած կամարներ` որ կը բարձրանան մինչեւ մոյթերը մայր կամարին:
       Այս վերջինը ամբողջութեամբ անհետացած է. չի գիտցուիր թէ` ան որրանաձե՞ւ էր թէ ցցուն կամար. բայց Պարոն Taylor տակաւին կրնայ հաստատել թէ «նաւին ստորին սիւները կ’սկսին կրկնակամարները կրող խոյակին տակ գտնուած վիմաշարի մը դարեւանդով (encorbellement)»: Նաւին հիւսիսային պատը կը կենար այն ատեն հիւսիսային կողմնաթեւին հետ, որուն արտաքին պատին քարերը փրցուած էին եւ երեք կոզակները, հարաւային կողմնաթեւի կիսակործան մնաց որդները միայն կը մնային աւերակներու վերջին վիճակին մէջ:
       Աղեղները եւ կրկնակամարները կրկնակոր եւ խիստ ցցուն էին կոզակներու պատուհանները` առանց ոեւէ զարդի, պորտի քարին (clef) հետ հետ ունէին խիստ բարակ բեկուածի մը աղեղը կողմնաթեւերն ու աղեղները ունէին կրկին շրջանակում, մին` ներքին եւ չեղ, միւսն` առանց շեղութեան, եւ զարդարուած կրունկի ձեւով ցցուակի մը (moulure) նման: Գլխաւոր կոզակը ունէր երկու որմածակ իրարու վրայ:
       Մոյթերը ուղղանկիւն էին եւ հաստատուած չորս սիւներով միեւնոյն յատակագծով կիսամոյթեր կողմնաթեւերուն պատերուն կը յենուին: Չեմ կրնար գիտնալ թէ այս խիստ թանձր պատերը որմայեցեր (contreforts) ունէի՞ն: Ռեմլէի եւ Թորթոզի նման, մոյթերը ունէին խոյակներ, բայց ասոնք իրե նց զարդերովը աւելի կարճ էին նմանօրինակ յիշատակարանաց մէջ գտնուածներէն:
       Այս խոյակները ունէին խոյօղեր (volutes) եւ երկկարգ կարճ պարզ տերեւներ, կորածայր ձեւով: Անոնք չունին ոչ կոճղիզաւոր զամբղաձեւ զարդ եւ ոչ ալ փորածոյ թակաղաղ: Հիւսիսային կողմնաթեւը զետեղուած սիւն մը կէս բարձրութեամբը կտրուած էր, ինչպէս Թորթոզի եկեղեցիին մէջ: Կողմնաթեւերու պատուհա ններուն եւ մեծ կոզակին բարձր պատուհանին յենարանին տակէն անցնող եւ սիւնաշարքերուն ու կողակներուն մոյթը կազմող շարունակական լարով մը բոլոր թակաղաղները կապուած էին: Ինչպեէս Ռեմէլի եւ Գազայի եկեղեցիներուն մէջ, յենարաններու երկրորդ կարգ մը կար նաւին եւ գլխաւոր կոզակին մէջ եւ կը պսակուէր շարունակական երկրորդ լարով մը: Այս հորիզոնական ցցուածներու կտրածը (profil), ինչպէս Թորթոզի եկեղեցիին մէջ, միակերպօրէն բաղկացած է տեսակ մը հակադարձ ատտիկայարկէ (attique), բայց հոս կտրածը, ինչպէս խոյակները, աւելի ծանր են քան Թորթոզի եկեղեցիին մէջ, ինչ որ կը հաստատէ այս վերջին եկեղեցիին աւելի յառաջացեալ թուականը:
       Պարոն Taylor տեսած է նաեւ վանական շէնքերու մնացորդներ, զոր կը նկարագրէ այսպէս.
       «Խաչակիրներու թուականին ուրիշ շէնք մը` որ կը կապէ եկեղեցին հարաւի կողմէն, կը թուի ըլլալ հին վանք մը: Հո'ն կը տեսնուի պատին մէջ ագուցուած տապանաքար մը եւ որուն զարդարանքը կը ներկայացնէ խիստ գեղեցիկ փոքր կամարներու յօրինաուած մը»:
       Այս հեղինակաւոր տողերը բաւական են հաստատելու թէ այս եկեղեցին Խաչակրաց յատուկ հիմնարկութիւն մը չէր, այլ հինէն մնացած Մայր Տաճար մը, գեղեցիկ ճարտարապետութեամբ շինուած: Խաչակիրք պատրաստ կը գտնեն զայն եւ կը կատարեն նորոգութիւններ համաձայն իրենց ճաշակին:
       Տարակոյս չկայ որ 1187ին, Խաչակարց վերջնական մեկնումէն յետոյ, մերայինք դարձեալ տիրացան Էլ- Պիրէհի եկեղեցւոյն, եւ ըստ մեր յիշատակարանին, մինչեւ 1696 թուականն սեպհականութիւնն էր Հայոց:
       Այն յիշատակարանը` զոր վերեւ յիշեցինք, գրուած է Ճառընտրի մը մէջ, . 985, Մայր Ցուցակ հայ. ձեռագրաց Մխիթ. մատ. Վենետիկի, Բ. հտ. էջ 132-33). նոյն Ճառընտիրը հաւանաբար ընդօրինակուած է Ս. Յակոբայ վանքին մէջ, ԺԳ. դարուն. գրիչն է Կիւրեղ կրօնաւոր. ստացող եղած են Պօղոս երէց, անոր մեռնելէն յետոյ, իր կինը Մելիքա, եւ ապա Աննա խաթուն: Նոյն ձեռագիրը, 1696ին, անտարակոյս կը գտնուէր Էլ-Պիրէհի Ս. Կուսի եկեղեցւոյսն մէջ, Երուսաղէմի ճանապարհին վրայ, ուր կը հանդիպի Ծայրեցի (Արձախ) Աթանաս, եւ յիշատակարան մը կը գրէ նոյն ձեռագիր Ճառընտրին մէջ. կը հասկցուի թէ Աթանաս իր եղբօր Բասելի հետ Պոլսոյ ճամբով կ’այցելէ Երուսաղէմի եւ իր ուխտը կատարելէ վերջ, կ’ուզէ մեկնիլ ցամաքի ճամբով, կու գայ Էլ- Պիրէհ, որ Միջագետքի հայ ուխտաւորաց կայանն էր, Նապլուսի ճամբուն վրայ: Ահա այդ եկեղեցւոյն մէջ կը գրէ սոյն յիշատակարանը:
       «ի թուահաշւաց հայկականի,
       հազարերորդ հարիւրեկի
       քառ տասն եւ թէ հնգեակ է աւելի.
       զոր Աթանաս իմ Ծայրեցի`
       հանդերձ եղբաւրն իմ Բասիլի,
       եկաք ի քաղաքս Կոստանդնի`
       Որ է մայրաց մայր քաղաքի.
       նախ եւ յառաջ է Բիւզանդի.
       կայսերական նախագահի …»
       «Յաւուրս մեծի Սրբոյ Էջմիածնի ի կաթողիկոսութեան տէր Նահապետին, եւ Սուրբ Երուսաղիմայ Յովհաննու եւ Մինասայ մեծագահ պատրիարքաց. նա եւ Կոստանդնուպօլսի Սրբազան Պատրիարքի Եփրեմին, եւ նորին աթոռակալին տէր Թօրոսին եւ տէր Աստուածատուր աւագ քահանային : հոգտեմբերի մուտն ծրի, ի դրան տիրամօր Սուրբ Աստուածածնի` ի Սուրբ Երուսաղէմայ ճանապարհի որ եւ զաղօթս յիշողաց մեզ պաշար լիցի` երկնաձիգ ռահի. ամէն»:
       Յիշատակարանիս մէջ յիշուած Ծայրեցի երկու եղբայրներու ինքնութեան մասին Ս. Յակոբայ մատենադարանին . 390) ձեռագիրը ունի հետեւեալ յուշագրութիւնը. «Նուաստ պարտաւոր բանասիրի Աթանասի Ծայրեցւոյ սկսեալ մատենիս սրբոյն Գր իգորի Նիւսացւոյ ընթերցեալ յանկ ածի ՌՃԽԶ (=1697) ի թուին, յորժամ ես եւ իմ եղբայր Բարսեղ վարդապետ Ս. Երուսաղէմ եկաք»:
       Էլ Պիրէհի հայկական եկեղեցին հոյակապ յիշատակարան մըն է քրիստոնէական ջերմեռանդ բարեպաշտութեան մեր պատուական նախնեաց` որ գիտցած են արժէքը Երուսաղէմին եւ կարողացած են ըսել Ոսկեբերանի հետ. «մտածենք մեր Երուսաղէմ քաղաքին վրայ. մշտապէս յիշենք պայծառութիւնը անոր` որ յաւիտենական թագաւորին մայրաքաղաքն է» (ԽԷ. Սաղմոսի մեկնութենէն):