ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Այս վանքը շինուած էր մեր Ս. Հրեշտակապետ վանքին հանդիպակաց կողմը, համաձայն աւանդութեան եւ ա'յն կցկտուր տեղեկութեանց զոր կը յիշեն սաղիմական վերջին դարու հայ պատմիչները: Նոյն վանքին բուն տեղը ճշդօրէն որոշելու համար, մեր այս տողերը պէտք է հիմնուին պատմական յիշատակարանաց վրայ: 808ին, Մեծն Կարոլոսի վաիճակագիր պաշտօնական, ինչպէս յիշած ենք յլուր, Սիոնի թամղամասին վանօրէից եւ վանականց վիճակագրութիւնը պատրաստելու համար, Գեթսեմանիէն սկսելով` գրի կ'առնուի վանականներն ու վանքերը, եւ յառաջանալով կը հասնի Սիոնի Հայոց Ս. Ստեփանոսի վանքը, եւ կ’արձանագրէ հետեւեալը. «ի Ս. Ստեփանոս, ուր կար անոր գերեզմանը, կը գտնուին երկու քահանայ եւ 15 բորոտներ» (Տե'ս "Commemoratorium Casis Dei"): Չենք անդրադարնար Հայոց Ս. Ստեփանոսի վանքի պատմական մասին` չկրկնելու համար մեր նախապէս գրածը: Բայց ինչո՞ւ վիճակագիրը Ս. Ստեփանոսի վանքին քահանայից թուարկման կը միացնէ բորոտներուն թուարկումը, մինչ ի պատմութենէ գիտենք թէ ուրկանոցը Ս. Ստ եփանոսի վանքին մէջ չէր: բայց անտարակոյս մօտն էր անոր, եւ կրնանք մտածել թէ Հայոց վանօրէից ուրկանոցի վանքը պարսկական կամ արաբական յարձակմանց օրերուն քանդուած ու տակաւին չէր վերաշինուած այն թուականին, բայց ուրկանոցի սենեակները գոյութիւն ունէին եւ կամ նորոգուած էին ստիպողաբար, ուստի պաշտօնեան վանք ու վանական հոն չգտնելով` նշանակած է միայն բորոտներուն թիւը եւ միացուած մերձակայ Ս. Ստեփանոսի վանքին քահանայից թուոյն: Յետնագոյն դարու ուղեգիր ուխտաւորի մը գրածէն կը հասկացուի թէ յիշատակեալ վանքը Դաւթի դրան մօտ էր եւ վերանորոգուած, ու դարձեալ հոն կը մնային ուրուկները:
       Տեղագրական պարագաներէ դատելով` կը նկատուի ու ուրուկներու ապաստանարանը ու վանքը շրջապատուած էր մօտակայ քանի մը վանքերէ. իր դիմացն էր Ս. Հրեշտակապետը, որուն Ս. Միքայէլ անունը կը տրուէր, Ս. Ստեփանոսը` Սիոնի արեւելքը գտնուող Ս. Սիմէոնի եկեղեցւոյն եւ մերձակայ Ս. Պետրոսի վանքին մէջտեղը: Նոյն տեղւոյն մօտ էր նաեւ Անաստա վրդ. ի Ցուցակին մէջ յիշուած Երիցավանքը, Դաւթի դրան մօտ, որու մասին վրացերէն սաղիմական ծիսարանը (Տե'ս Գերմ. թրգմ. Goussenի) հետեւեալ ծանօթութիւնը կուտայ «Հոկտ. 5ին, Ժուրտէն քահանային վանքին, Լաշէրնայի մէջ (փոխ. Պլաշերնայի), Ս. Միքայէլի մօտ, նաւակատիք Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյն»: Այս խօսքերը յայտնի կ’ընեն թէ` Երիցվանքն ալ, յանուն Ս. Աստուածածնի, մօտ էր Հայոց Ս. Աստուածածնի, մօտ էր Հայոց Ս. Հրեշտակապետին, ինչպէս նաեւ Դաւթի դրան, ուր էր Հայոց Ս. Հրեշտակապետին, ինչպէս նաեւ Դաւթի դրան, ուր կար Ռշտունեաց վանքը իր ուրկանոցով, եւ ուրկէ Ս. Յակոբայ մայրավանքն ալ շատ հեռու չէր: Վանքերու այս խմբաւորումէն դատ ելով կարելի է եզրակացնել թէ ցուցակագիր վրդ. ին` ուրկանոցին նկատմամբ, «հայ վանօրէից» բացատրական խօսքը ճշգրտօրէն կ’արդարանայ, թէեւ սխալ մը չ’ըլլար, եթէ Ռշտունեաց վանքին ուրկանոցը նկատենք Ս. Քաղաքին բոլոր հայ վանօրէից մէկ հաստատութիւնը:
       Ուրկանոցի վանքին տեղը ճշդելու համար, ունինք նաեւ Վըրզպուրկի եպիսկոպոս` Թէոտորիքի 1172ի Ուղեգրութիւնը, ինչպէս վերեւ ալ ակնարկեցինք. յիշեալը հետեւեալ տողերով գրած է նոյն վանքի մասին. « Դաւթի աշտարակէն սկսելով` հասայ քաղաքին արեւմտեան անկիւնը` ուր կային ետեղեցի մը եւ ուրուկներու բնակարաններ, շատ մաքուր եւ վայելուչ վիճակի մէջ» (Տե'ս "Theodorich, Description of the Holy Places", էջ 43): Ուրեմն, մինչեւ ԺԲ. դարու վերջերը, Դաւթի դրան մօտի եկեղեցին եւ ուրկանոցը գոյութիւն ունէին. անկէ յետոյ պատմական տեղեկութիւն կը պակսի. հաւանաբար քանդուած են Սալահէտտինի գրաւման ժամանակ, թէեւ աւերակաց վրայ շինուած խարխուլ սենեակներուն մէջ, ուրուկները բնակած են մինչեւ իրենց այլուր փոխադրութիւնն, ինչպէս կը վկայեն Աստուածատուր եպս. (Տե'ս «Ժամանակագր. Պատմ. Երուսաղէմի» Ա. հտր. էջ 50, եւ Մկր տիչ վրդ. Արծրունեան, «Ստորագր. Երսղմի. էջ, 184), երկունքն ալ Ս. Յակոբայ միաբան: