Այս
վանքը
հիմնած
է
Աբբայ
Թէոդոս
Կապադովկիացին,
Մար-Սաբային
հայրենակիցը.
ա'ն
ծնած
է
423ին:
Բեթրայի
եպիսկոպոսի
Թէոդոր,
անոր
աշակերտը,
իր
ուսուցչին
Ներբողին
մէջ,
կը
յիշատակէ
թէ
Թէոդոս
ծնած
է
Կապադովկիոյ
Մոգարիոս
գիւղին
մէջ,
որ
անծանօթ
գիւղ
մը
ըլլալով`
Թէոդոսի
շնորհիւ
հանրածանօթ
եղած
է:
Ան
451ին
եկած
է
Երուսաղէմ.
ժամանակ
մը
վերջ
ընդհանուր
վարիչ
կարգուած
է
Գաթիզմայի
վանքին,
(Տե'ս
«Հայոց
Ս.
Աստուածածնի
վանքը
Բեթղեհէմի
ճանապարհին
վրայ»,
էջ
6-12).
460ին
եկած
հաստատուած
է
Մոգերու
Այր
կոչուած
տեղը,
եւ
հո'ն
476ին
հիմնած
է
վանք
մը
ընդարձակ
հաստատութիւններով.
այնպէս
որ
մինչեւ
400
վանականներ
ապաստան
գտած
են
հո'ն.
նոյն
իսկ
Թէոդոսի
ժամանակ,
վանքը
աւելի
ընդարձակ
շէնքերով
եւ
ճոխութիւններով
պայծառացած
էր.
հիմնադիրը
աւելցուցած
էր
զանազան
արհեստանոցներ`
ուր
վանականք
կ՚զբաղէին
իրենց
արհեստներով,
եւ
աղքատանոցներ
ուր
կը
կերակրուէինչքաւորք
եւ
պանդուխտք:
Թէոդոսի
օրով,
վանքը
քաղաքի
մը
երեւոյթն
առած
էր.
ան
բոլոր
հաստատութեանց
հոգին
դարձած
էր,
եւ
որ
նշանաւոր
հանդիսացաւ
նաեւ
իր
առաքինական
առատաձեռնութեամբն:
513-518ի
պաղեստինեան
սովին,
Թէոդոս
«հասարակաց
գանձանակն»
եղած
էր,
ինչպէս
կը
գրէ
Մետափրաստ,
իր
կենսագիրը.
ան
ժողովրդական
դէմք
մը
եղած
էր
իր
դարուն,
լաւագոյն
յարաբերութիւններ
կը
մշակէր
Մար
-
Սնբայի,
եւ
այլոց
հետ.
529
Յունուար
11ին
վախճանեցաւ,
գրեթէ
հարիւր
տարեկան,
ժողովրդական
բացառիկ
յուղարկաւորութեամբ
իր
մարմինը
ամփոփուեցաւ
Մոգերու
Քարայրին
մէջ:
Իր
հիմնարոկւթեան
տարեդարձի
յիշատակը
սովորութիւն
դարձաւ
տօնել
Մայիս
6ին
եւ
Դեկտ.
2ին,
համաձայն
Երուսաղէմի
ծիսարանին:
Արեւելցի
դէմք
մըն
էր
Թէոդոս,
եւ
ան
իր
վանքին
մէջ
մասնաւոր
սէր
ցոյց
կու
տար
Արեւելքէն
եկող
բոլոր
իր
հայրենակիցներուն:
Իր
ժամանակակից
կենսագիրը`
Սկիւթուպոլսեցին
կը
յիշէ
թէ
Թէոդոս
իր
վանքին
մէջ
հիմնած
էր
արեւելեան
վանականց
համար
ուրոյն
եկեղեցիներ`
ուր
իրենց
լեզուաւ
կը
կատարէին
սաղմոսերգութիւն
եւ
պատարագ:
Այս
վանականաց
մէջ
մեծ
թիւ
մը
կը
կազմէին
Հայերը,
որ
ունէին
իերնց
յատուկ
եկեղեցին:
ԲԱյց
այս
առթիւ
պէտք
է
յիշել
թէ
Ս.
Տեղեաց
մէջ
արեւելեան
վանականց
յատուկ
այդ
կանոնական
սովորութիւնը
կը
յիշատակուի
նոյն
իսկ
Յերոնիմոսի
(331-420)
օրով.
վերջինոյս
ԾԷ.
նամակին
մէջ,
կըկարդանք
հետեւեալը.
«Ի՞նչ
պիտի
ըսենք
Հայաստանի,
Պարսկաստանի,
Հնդկաստանի,
Եթովպիոյ,
Պոնտոսի
եւ
Կապադովկիոյ
վանականներով
ճոխացեալ
երկիրներու
մասին.
ասոնք
կը
հաւաստարին
Եգիպտոսի,
Խորին
Ասորւոց,
Միջագեիտքի
բոլոր
այն
միայնկեաց
խումբերուն
որ
Արեւելքէն
ղրկուած
են,
եւ
անոնք
են
որ
մեզ
կ՚ընծայեն
ամէն
առաքինութեանց
տեսակները.
լեզուն
տարբեր
է,
բայց
բարեպաշտութիւնը
նոյնն
է.
որքան
ազգեր
կան
աշխարհի
մէջ,
գրեթէ
նոյնքան
խումբեր`
որ
կը
սաղմոսեն
յԵրուսաղէմ:
Այս
քաղաքին
մէջ
այնքան
աղօթքի
տեղեր
կան
որ
մէկ
օր
չի
վաւեր
անոնց
այցելութիւն
տալու
համար.
(Տե'ս
F.
Lagrange,
Letters
choisies
de
S.
Jerome,
էջ
160):
Յերոնիմոսի
այս
չքնաղ
տողերը
կարելի
է
կարեւոր
յիշատակարան
մը
նկատել
հայկական
ծիսարանի
կազմութեան
եւ
Ս.
Գրոց,
գոնէ
Սաղմոսաց,
հայ
թարգմանութեան
նախնականութեան,
Ե.
դարէն
յառաջ.
մի
եւ
նոյն
ժամանակ
անհերքելի
ապացոյց
մը
թէ
Թէոդոսի
վանքին
եւ
Ս.
Տեղեաց
մէջ
հայ
լեզուաւ
սաղմոսերգութեան
եւ
պաշտամունքի
թոյլտուութիւնը
շարունակութիւնն
էր
նախընթաց
տարիներուն
կանոնական
սովորութեանց:
Միջանկեալ
այս
կէտը
փակելով`
շարունակենք
Թէոդոսի
վանքին
պատմական
մասը:
Նոյն
վանքը
614ին,
Պարից
արշաւանաց
ժամանակ,
չանք
կարծեր
որ
զերծ
մնացած
էր
Մոտեստոս,
որ
Երուսաղէմի
աթոռին
տեղապահ
կարգուեցաւ
եւ
անոր
վիճակուեցաւ
կործանուած
եկեղեցիները
վերաշինել:
Բնական
էր
որ
Մոտեստոս
ամենէն
աւելի
պիտի
անդրադառնար
իր
վանքին
վերանորոգութեան:
808ին
Commemoratorium
de
Casis
Dei
խորագրով
գրուած
յիշատակարան
մը
կը
վկայէ
թէ
այս
թուականին,
Թէոդոսի
վանքին
մէջ
կ՚ապրէին
70
վանականներ.
կը
նկարագրէ
Սարակինոսաց
գործած
աւերները.
իսկ
809
եւ
813ին,
Թէոփանէս
պատմիչին
համաձայն,
նոյն
վանքը
ամբողջական
աւերակ
դարձած
էր,
կրօնաւորներէն
մոանք
փախած
են
Կիպրոս,
այլք
Կ.
Պոլիս,
ուր
Միքայէլ
կայսրը
լաւ
ընդունելութիւն
ըրած
է
անոնց:
Այս
թուականէն
յետոյ
մասամբ
մը
կը
նորոգուի
վանքը
եւ
կը
սկսի
կրօնաւորական
կեանքը.
այնպէս
որ
մինչեւ
ԺԲ
-
ԺԳ
դապ
այցելող
յոյն
եւ
լատին
ուղեգիրներ
կանգուն
կը
գտնեն
վանքը.
եւ
ԺԵ.
ին
ան
դարձեալ
աւերեալ
վիճակ
մկ
ունեցած
է
(Տե'ս
Revue
de
l'Orient
Chretien.
1900,
էջ
286-289):
Այս
կործանումներու
մէջ
անվնաս
կը
մնայ
միայն
Մոգերու
Քարայրը,
որ
եկեղեցիի
վերածուած
է,
յատակը
մոզայիք,
պատերուն
մէջ
ագուոցւած
են
Աբբայ
Թէոդոսի
եւ
ուրիշներուն
տապանաքարերը,
առանց
արձանագրութեան,
ինչպէս
մենք
ալ
տեսանք.
հոն
թաղուած
են
նաեւ
ուրիշ
բարեպաշտ
կանանց
հետ
Թէոդոսի
մայրը
եւ
Մար
-
Սաբայի
մայրը:
Թէոդոսի
վանքին
մէջ
ապրող
նշանաւոր
վանականները
կը
ներկայացնենք
հոս,
Յովհաննէս
Մոսքոսի
Մարգ
հոգւոր
գիրքէն
քաղելով
եւ
իւրաքանչիւրին
քով
նշանակելով
գիրքին
ա'յն
գլուխները`
ուր
կը
կարդացուին
անոնց
անունները.
Ղեւոնդիոս
Աբբա
(C)
Կոնովն
Կիլիկեցի
(IV)
Թէոտուղոս,
ծերր
ղօրական
մը`
որ
մենակեաց
կ՚ըլլայ
(XXIII)
Գէորգ
Վանական,
առաջնորդ
Թէոդոսի
վանքին
(XCII)
Գէորգ
Կապադովկացի
(XCII)
Յուլիանոս
Աբբայ
եպս.
Բոստրայի
(XCIV)
ց
Ստեբանոս
Մովաբացի
(XCVII)
Յովհաննէս
Անապատական
(XCVII)
Հովիւ
Եղիա
(XIX)
Պետրոս
Մենակեաց
Պոնտացի
(C)
Պօղոս
Աբբայ
Հռովմայեցի
(CI)
Սոփրոնիոս
Աբբա
Սոփեստէս
(CII)
Աբբայ
Սքոլաստիկոս
(CII)
Կիւրիւկոս
կամ
Կիրակոս
Աբբայ
(CII)
Ստրատիքիոս
Աբբայ,
առաջ.
Թէոդոսի
վանքին
(CIII)
Թէոտոսիոս
Եպս.
Կաբիտուղիատոսի
(CIV)
Նոնոս
Աբբայ
(CIV)
Գրիգորիոս
Աբբայ,
առաջ.
Թէոդոսի
վանքին
(CIX)