ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Նապլուս քաղաքը կը գտնուի Կեդրոնական Պաղեստինի մէջ. անոր հարաւն է Քարիզիմ եւ հիւսիսը` Գեբաղ լեռը: Հին Սիւքէմէն` դէպ ի արեւելք մէկ քիլոմէթր է. կ՚ոռոգեն զայն բազմաթիւ ընտիր աղբերակներ` որոնց գլխաւորը Քարիզմի պարիսպով մը շրջապատուած է եւ ոնի բազմաթիւ դռներ, որոնց գլխաւորներէն մին` կը բացուի արեւելք եւ միւսը` արեւմուտք: Նապուլսի բնակչութիւնը կը բաղկանայ Իսլամներէ, Յոյներէ, Հրեաներէ, Սամարացիներէ եւ Լատիններէ:
       Նապլուսի վրայ տեղեկութիւններ կու տան արաբ աշխարհագիրներն ալ, ի մէջ այլոց, Եագութ (1225) եւ Տիմասքի (1300). Եագութ հետեւեալ կերպով կը գրէ. «Նապլուս նշանաւոր քաղաք մ՚է Պաղեստինի մէջ. ան շինուած է երկու լեռներու մէջ, լայնութիւն չունի, նեղուածք է, բայց երկայնութիւն ունի. Նապլուս ջրառատ է, վասն զի կռթնած է լերան. որուն հողը քարուտ է: Նապլուսէն Երուսաղէմ 10 մղոն: Քաղաքը ընդարձակ հողեր ունի եւ գեղեցիկ շրջակայք մը, ամէնքն ալ շինուած Ս. Լեռան մօտ: Նապլուսի ետեւի կողմը կը գտնուի լեռ մը, ուր Ադամ, ինչպէս կը պատմեն, երկիրպագելով աղօթեց, եւ հոն կար լեռ մը` ուր ըստ հրէական հաւատալեաց, Աբրահամ զոհ ըրաւ հոն եւ զոհն էր Իսահակը: Հրէայք մեծ յարգանք ունին հանդէպ այս լեռան, եւ զայն Քարիզմ կը կոչեն: Նապլուսի մէջ կը բնակին Սամարացիներ եւ որոնք միշտ հոն կը մնան, եւ դուրս կ՚ելնեն միայն վաճառականութեան եւ շահու նպատակաւ: Սամարացիները Հրէից մէկ աղանդը կը կազմեն: Անոնք Նապլուսի մէջ ունին ընդարձակ մզկիթ մը (1225), անոր համար քաղաքը կը կոչուի Էլ - Գուտ. անոնք Երուսաղէմը կը նզովեն եւ երբ անոնցմէ մին ստիպուի հոն երթալ, քար մը կ՚առնէ եւ զայն կը նետէ Երուսաղէմի դէմ: Քարիմզի կը յիշատակուի Հընգամտեանին մէջ. Սամարացիները դէպ ի անոր կեցած կ՚աղօթեն: Հոն կայ աղբիւր մը` որուն այրը կը պատուեն եւ կ՚այցելեն անոր ներսը, եւ այդ պատճառաւ է որ Նապլուսի մէջ շատ Սամարացիներ կը գտնուին»:
       Տիմասքիին խօսքերն են. «Նապլուսը Սամարիոյ գաւառին մէջ կը գտոնւի: Շատ բարեբեր եւ հաճելի քաղաք մ՚է երկու լեռներու միջեւ ընդարձակօրէն շինուած: Ան ունի առատ վազուն ջուր եւ ընտիր բաղնիքներ. նաեւ գեղեցիկ մզկիթ մը` ուր շարունակ գիշեր եւ ցերեկ Գուրան կը կարդացուի յատուկ մարդերու միջոցաւ: Քաղաքը կը նմանի պարտէզներով պալատի մը: Անոր ձիթենիներէն հանուած իւղը կը տարուի Եգիպտոս, ՍԻւրիա, Հիճաղ եւ Արաբիոյ անապատը: Նոյն իւղէն տարին հազար գանթարի չափ կը տարուի նաեւ Դամասկոս` Օմիտեան մզկիթին գործածութեան համար: Նոյն իւղէն կը շինեն նաեւ առաջնակարգ օշարակ, որ կ՚արտածուի ուրիշ տեղեր եւ Միջերկրական կղզիները: Նապլուսի մէջ կ՚աճի դեղնորակ սեխ մը` քաղցր քան ուրիշ տեղերունը: Հոն կան շատ Սամարացիներ ուրիշ տեղերէ աւելի: Կ՚ըսուի թէ` երբ Իսլաս մը, Հրեայ մը, Սամարացի մը եւ Քրիստոնեայ մը ճանապարհի վրայ կը հանդիպին, Սամարացին նախամեծար կը համարի ընկերանալ իսլամին հետ»: Իպն Պաթծութահ արաբ աշխարհագիրը այցելած է հոն 1355ին (Տե'ս "Palestine under the Moslems". էջ 512-14): Միւճիր էտ - տին կը գրէ թէ Նապլուսի գիտուններէն մին էր Ապո'ւլ Ֆէդհ Նասր իպն Իպրահիմ իպն Նասր էլ Մուգատտէսի էն Նապլուսի, Շաֆիիդ, եւ հեղինակ բազմաթիւ գործերու. ան երկար ատեն Երուսաղէմ բնակած է. իր երկասիրութիւններն ասոնք են. Թահտիպ, Քիթապ էլ թագրիպ, Քիթապ էլ Ֆօզուլ, Քիթապ էլ Քաֆի: Ան ունի նաեւ մեկնաբանական գրուածքներ: 1097ին մեռած է Դամասկոսի մէջ եւ թաղուած է Պապ - էս - Սաղիր (Տե'ս թրգմ. Sauvaireի, էջ 64-5):