ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«Երկու տարիէ ի վեր Պ. Շիթթի Խան էլ-Ահմարի Եւթիմիոսի վանքին աւերակները երեկան հանելու ձեռնարկած է. նոյն վանքը, ինչպէս յայտնի է, կը գտնուի Հրէաստանի անապատին մէջ, Երուսաղէմի եւ Նէպի Մուսայի միջեւ, կէս ճանապարհին: Այժմ հոն ինքնաշարժով կարելի է երթալ առանց մեծ դժուարութեան, բռնելով հին ճանապարհը Նէպի Մուսայի որ կը բաժնուի Երիքովի մեծ պողոտոյէն 13 քիլիոմէդրէի քիչ յետոյ: Պ. Շիթթի` աւերակաց հարաւը գտնուող երեք նաւով եկեղեցին իր գեղազարդ մոզայիք յատակներով եւ յարակից ստորերկրեայ սեղանովն երեւան հանելէ յետոյ սկսած է զբաղիլ աւերակներուն գլխաւոր մասովն, որ կը տարածուի հարաւի մեծ եկեղեցիէն մինչեւ այն հոյակապ պարիսպը որ հիւսիսէն կը փակէ վանքը եւ կւո տայ անոր բերդի մը տեսքը: Գրեթէ աւերակաց դաշտին կեդրոնը ետած է ստորերկրեայ փոքրիկ մսատուռ մը խոշոր որմաքարերով շինուած եւ ծածկուած է կամարով մը` որ ստուգապէս վանքին գլխաւորներուն իբր մեռելամատուռի դեր կատարած է: Պեղումներուն տեսչին հաճելի հրաւիրանաց վրայ երկու օր հոն մնալով առիթ ունեցայ գծելու երեւան հանուած տեղերուն յատակագիծը: Մատուռը . 75 (արեւելք-արեւմուտք) x . 90 (հիւսիս - հարաւ) եռանկիւնի մը ձեւ ունի: Մատուռը կ՚եծրթուի 12 աստիճան սանդուխով մը որ մատրան հիւսիսային պատին կցուած է: Սանդուխին քառակուսի նախամուտքէն մինչեւ սանդուխին ստորոտը դուռ մը կը բացուի մատրան հիւսիս-արեւելեան անկիւնը: Հիւսիս - արեւմտեան անկեան մօտ, հիւսիսային պատը ունի ուղղանկիւն բացուած մը որ կը նայի սանդուխին եւ լեցուած է որմաքաերորւ կտորուանքներով: Մատուռը իր լոյսը կ՚առնու բարձր լուսամուտէ մը` հարաւային պատին մէջ տեղէն ծակուած ու բացուած վանքին ներքին մէկ բակին վրայ: Խիստ խոշոր քարերու կոյտեր կ՚իշխեն հիւսիսսային պատին երկայնքին, երկու բացուածքներու միջեւ, եւ գրեթէ հարաւային պատին ամբողջութեան վրայ: Արեւելքի եւ երկմուտքի պատերը, հատատուն` բայց մաշածոյ կառուցուածքով մը, ուղղահայեացօրէն կը բարձրանան մինչեւ ., 58: . 372 շառաւիղով կիսաբոլոր կամար մը, հիւսիսէն - հարաւ երկարաձիգ առանցքով կը ծակէ ծածկելու համար մատուռին մակերեւոյթը, եւ կեդրոնէ մինչեւ վեր կ՚ունենայ 3, 95 բարձրութիւն: Կամարին մէջ շինուած կարգ մը ուղղանկիւն բացուածքներ կ՚ապահովեն ստորեկրեայ սեղանին օդաւորումը: Այժմ անոնք փակուած են եւ պեղումները տակաւին թոյլ չեն տար մեզ ստուգապէս գիտնալ թէ ինչ տեսակ շէնքեր երբեմն կը բարձրանային մեռելամատրան վրայ, որոնցմէ այսօր միայն կոշտ փլատակներ գոյութիւն ունին: Արեւելեան պատին կեդրոնը եւ անոր յենած կը տեսնուի որմախարիսխը փոքր սեղանի մը: Սեղանին երկու կողմերը պատին մէջ շինուած եի երկու որմախորշեր որրանաձեւ կամարին սկսուածքին վրայ, անոնց սահմանումը տարակուսական չէ. ասոնք մեռելամատրան խորհրդանոցն եւ սարկաւագատունն են: Այս վերջնոյն ետեւը անյաջող կերպով շարուած ըոշտ քարերոը ցոյց կու տային խոռոչ մը` որուն հետազօտութեամբը գտնուեցաւ պատով հիւսուած մասնաւորի մը գերեզմանը: Նման բան մը կարելի էր ենթադրել նաեւ խորհրդանոցին ետեւը, եւ իրաւ ալ գուշակութիւնը իրականացաւ, կրկնակ գերեզմանի դիմաց կը տսենուէր նեղ նրբանցք մը: Ուրիշ գերեզմաններ դասաւորուած էին նոյն իսկ ստորերկրեայ հողին մէջ. նեղ եւ երկային փոս մ՚էր ան, համաձայն մատրան առանցքին: Նոյն գերեզմանը թափուր էր` երբ գտնուեցաւ: Հողերը մեծ սալաքարերով պաշտպանուած էին, բացի արեւելքէն, ուր ցեխի շաղախով շինուած քարէ միջնորմ մը այս փոսը կը բաժնէր աւելի լայն եւ աւելի խոր ուղղանկիւն խոռոչէ մը որ կը տարածուէր սեղանին առջեւ մինչեւ դէպի հարաւ: Այս խոռոչը կը պարունակէր ամեն տեսակ նիւթեր, չորցած ոսկորներ եւ թրծուն փոքր կանթեղներ: Հիւսիսային պատին անսովոր հնչականութիւնը կասկածիլ կու տար մերաձակայ քանի մը գերեզմաններու գոյութեան. դէպքը հաստատեց այս ենթադրութինը, եւ բարակ միջնորմը փլցնելէ յետոյ երեւան ելաւ երկայն եւ նեղ երրորդ փոս մը, միւսներէն սա տարբերութեամբ որ բռնաբարուած չէր: Հինգ չափահասներուն մարմինները հոն կուտակուած էին: Գերեզմաններու այս ամբողջութիւնը ծածկուած էր սալաքարերով որ ասոնք իկս ծածկուած էին կէս մէթր միջակ թանձրութեամբփ փլածքներով:
       Այս գիւտին նշանակութիւնը ոչ ոքի մտքէն պիտի վրիպի, վանքին ննջեցելոց գերեզմանին վերապահուած մեռելամատրան ներկայութեան առջեւ կը գտնուինք նատարակոյս. եկ Պ. Շիթթի այս մատուռը կը նկատէ 473ին Փիտոս սարկաւագին կողմէ շինուածը որ պիտի ըիդունէր վանքին հիմնադիրին ոսկերոտիքը: Իրապէս Կիւրեղ Սկիւթուպոլսեցիին նկարագրութեան քանի մը մանրամասնութիւնները ըստ բաւականի կը համապատասխանեն պեղումներու արդիւնքին, մասնաւորապէս մատուռին մէջտեղի փոսին, ինչպէս նաեւ սեղանին առջեւ առանջձնաշնորհեալ դիրքերուն: Երկայնաձեւ մեծ գերեզմանը կրնայ ըլլալ վանքին վանահայրերուն եւ քահանաներուն վերապահուաթ մին այն գերեզմաններէն որոնց համար պատմագիրը մեզ կ՚ըսէ թէ բաժնուած են սուրբին (Եւթիմիմոսի) շիրմին երկու կողմերը: Սակայն հարակի կողմը գերեզմանի բացակայութինը քիչ մը մել կը շփոթեցնէ, ինչպէս նաեւ սեղանին առջեւ մեծ խոռոչին ներկայութիւնը ու մատրան արեւելեան պատով ծածկուած երկու շիրիմները: Միւս կոմղէն կատարելապէս չենք բաժներ մատենագիրին խանդավառութիւնը շինուածքի մը համար զոր ան կ՚որակէ խիստ գեղեցիկ եւ խիստ մեծ: Նոյնպէս ո'եւէ հետք մնացած չէ այն տապանաքարէն` որ կը ծածկէր գերեզմանը, ոչ ալ արծաթեայ սափորէն եւ այն վանդակապատէն զոր Երուսաղէմի պատրիարքը նուէր տուած էր սուրբին մարմնոյն յուղարկաւորութեան առիթով: Բայց այն ծայրայեղ աւերեալ վիճակը` որուն մէջ գտնուած է մատուռը Ը. դարու երկրորվ կիսուն, հետեւանքովը վանքին կործանումին եւ հետագայ աւարառութեանց` որ ըստ բաւականի լաւ կը բացատրեն աւերակներու կողոպտիչներէն յափշտակուած թանկագին առարկաներու աներեութացումը: Գուցէ ի նախատեսութիւն տագնապներու, վանականները բացած են գերեզմանը եւ ապահով տեղ մհ պահած են իրենց հօր նշխարները: Վերջապէս, անտարկոյս պէտք է նկատել Կիւրեղ Սկիւթուպոլսեցիին Պատմութեան մէջ չափազանցութեան բաժինը. անոր ճոռոմ նկարագրութիւնը մասամբ մը մեզի համարձակութիւն կու տայ: Ասկէց զատ, ինչ որ ալ ըլլան մեր դժուարութիւնները, լաւ պիտի չհասկցուի թէ ի'նչ կրնայ ըլլալ Պ. Շիթթիի կողմէն փութաջան խնամքներով քիչ յառաջ յարդարուաթ մատուռը, եթէ ան Եւթիմիոսն վանքին մեռելամատուրը չէ: Մաղթենք որ աւելի կատարեալ հետազօտութիւն մը` հասկնալի դարնելով մեզի ընդհանուր կարգը վանքին` որ տակաւին քաոսական է` ասկէ յետոյ լոյս սփռէ դեռ մութ մնացած կէտերու վրայ»: