ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ինչպէս վերի տողերէն յայտնի եղաւ, Գազան կը գտնուէր Եգիպտոսի սահմանին վրայ. անկէ Երուսաղէմ եկղո ուխտաւորները պիտի գային Գազայի ճանապարհով. ինչպէս ուրիշ տեղեր, հոս ել ուխտաւորաց համար հին օրերէն սկսեալ հատսատուած էր Հայոց Հոգետան ու եկեղեցիին հիմնարոկւթինը բնականաբար շատ հին է, վասն զի Եգիպտոսի հայ ուխտաւորներուն երթեւեկը` իբր սահմանակից երկիր ա'լ աւելի յաճախադէպ եւ բազմութեամբ տեղի կ՚ունենար, մանաւանդ Եգիպտոսի թեմը հոգեւորապէս կապուած էր Երուսաղէմի պատրիարքութեան` ուրկէ կը ղրոկւէին անոնց հոգեւոր հովիւները: Ա. եպս. Տ. Յովհաննէսեան իր Պատմութեան մէջ . Հր. էջ 364) կը գրէ. «… շինեաց (Եղիազար Պատրիարք) եւ զեկեղեցի ի Գազա յանուն Հրեշտակապետաց, այլ յետոյ յանհոգութենէ աւերեալ խանգարեցաւ յԱրաբացւոց, եւ մի մասն աւերակաց տեղւոյն կա մնայ անդ»: Այս տողերէն կը հասկցուի թէ Եղիազար պատրիարքն է որ Գազայի մէջ կը կառուցանէ Հայոց Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին. բայց այս պարագան սխալ կը թուի, վասն զի ինչպէս վերեւ ալ գրեցինք, նկատի առնելով Եգիպտոսի հայ ուխտաւորներու յաճախութիւնը, բնական էր ո րշատ կանուխէն Գազայի մէջ իբր սահմանագլուխ հաստատուած պէտք էր ըլլար եկեղեցիի մը եւ հոգետան մը հիմնարկութիւնը: Եղիազար պատրիարք 1657ին Տարոնեցի Աստուածատուր պատրիարքի կողմէն փոխանորդ ւկ ւապգուի Երուսաղէմի Ս. Աթոռին, ինչպէս կը հասկցուի իր կանդակէն (տե'ս Սաւալանեանց, Բ. Հտր. էջ 1020-1207), սակայն նոյն թուականէն յառաջ հիճ. 1025 սէֆէր 16 (=1647) թուականին Հէօճէթը Շէրիով նոյն եկեղեցին կը նորոգուի. նոյն հէօճէթին իմաստը հետեւեալն է. Գազայի Սուգ էլ Խտր փողոցի հայոց եկեղեցիին տանիքը ու պատուհանները նորոգութեան կարօտ ըլլալով` անոնց խնդարնաց համաձայն քաղաքին դատաւորը Գազայի իսլամ մէկ քանի երեւելիներու եւ իսլամ ժողովրդեան բազմութեան մը ներկայութեան քննութիւն մը կը կատրաէ եւ իրօք նորոգութեան կարօտ կը նկատուին եկեղեցիին առատսաղը եւ պատուհանները, որուն համար դատաւորը կ՚արտօնէ որ հայերը կատարեն վերոյիշեալ մասերուն նորոգութիւնը առանց ուրիշ տեղեր նորոգելու: Այս նորոգութիւնը կը կատարուի Եղիազար պատրիարքին Երուսաղէմ գալէն տասն տարի առաջ, որով ան չի կրնար նոյն եկեղեցիին շինողը նկատուիլ, քանի որ արդէն հինէն իր վեր գոյութիւն ունէր: Եղիազար պատրիարք, ինչպէս յայտնի կ՚ըլլար ուրիշ հէօճէթներէ, վանքին սահմանակից քանի մը տուներ եւ պարտէզներ ծախու առնելով կցած է վանքին ու եկեղեցիին. նոյն հէօճէթներուն մէկ քանիին մէջ որոշապէս կը յիշուի Եղիազարի անունը իբր գնող. նոյն կալուածներուն թերեւբս այս պարագան է որ կարծեցնել տուած է թէ ան էր Գազայի եկեղեցին շինել տուողը:
       Իսկապէս Եղիազարը պատրիարք կարեւոր ծառայութիւն մը մատուցած է թէ' Գազայի եւ թէ' Ռէմլէի հայ վանօրէից ու ժողովրդեան թէ' իր շինարար ձեռնարկներով թէ այն պետական արգելիչ միջոցներու գործադրութեամբ որոնց կը հսկէին արքունի պաշտօնեայք. նոյն արգելիչ միջոցներէն մին էր այն կայսերական հրովարտակը զոր ձեռք բերած էր Եղիազար եւ ներկայացուցած էր Երուսաղէմի գատըին` որը արձանագրելով նոյն հրովարտակը, իմաստը Գազայի գատըին եւ Ռէմլէին նայիպին եւ Խասէքի սուլթանի վագֆի միւթէվէլլիին իմացնելով կը յայտարարէ` թէ Հայոց ժողովուրդը կայսերական գահուն խնդրագիր մը մատուցանելով յայտնած է որ կարգ մը աւազակներ ճանապարհին կենալով` Հայերը իրենց մեռելները թաղելու տարած ատեննին` կը քարկոծեն եւ մեռելի վրայ դրուած լաըերն եւ եայլն կը դողան: Հայոց այս խնդրանքին վրայ, կայսերական հրովարտակ մը կը տրուի իրենց որու համաձայն Երուսաղէմի դատաւորը կը հրամայէ արգիլել հակատարիմ պհատակներու դէմ եղած այդ արարքը: Դատաւորը խստիւ կը պատուիրէ որ այսուհետեւ զիւմմիներուն (քրիստոնեայ) իրենց մեռելները գերեզման տարած ատեննին` բռնութիւն ի գործ չդնեն, չքարկոծեն, եւ մեռելի վրայ դրուածները չառնեն: Եւ եթէ մէկը համարձակի կայս. սոյն հրամանին հակառակ կենալ, կը պատուիրէ անունը եւ կեպարանքը նշանակելով իրենց ղրկել: Երուսաղէմի դատաւորին այս հրամանագիրին թուականն է հիճ. 1084 (=1706):
       ԺԸ. դարու առաջին քառորդին, Գազայի հայ քրիստոնէից ենթարկուած այս բռնութեանց վրայ աւելցած էին նաեւ տեղական քրիստոնէից ապօրէն արարքները. Գազայի հին թղթածրարին մէջ կը գտնուի անթուական արաբերէն նամակ մը որով 3-4 հայ քրիստոնեաներ կը գրն թէ «կարգ մը շահամոլ զիւմմիներ (քրիստոնեայ) մեր եկեղեցին կոխելով, մէկուն մօրուքը փետտեր ուրիշ մը անկողնոյ ծառայելու աստիճան ծեծեր են:
       Կը խնդրենք ձեր վսեմութենէն որ յիշեալ սրիկայ զիւմմիները պաշտօնեաներու միջոցաւ բռնել տալով ձեզ բերուին»:
       Որո՞նք կրնան ըլլալ այս զիւմմիները որ կը համարձակին Հայոց եկեղեցին կոխել, եկեղեցականաց մէկուն մօրուքը փետտել եւ միւսն ալ մեռցնելու աստիճան գանակոծել. նոյն ատենները Հայոց Եկեղեցիին դրացի էին օրթօտոքս արաբ յոյներու եւ խպտիներու եկեղեցիները. արաբ յոյներ հիմակ ալ տէրն են իրենց Ս. Պորփիւրոս եկեղեցիին, իսկ Գազայի մէջ խպտիները հիմակ գոյութիւն չունին. հաւանաբար այս քրիստոնեաներն էին անոնք` որ Հայոց Եկեղեցին կոխելով կատարած էին այդ խոշտանգումները:
       Նոյն թղթածրարին մէջ կը գտնենք նաեւ ուրիշ անթուական նամաւ մը ուղղեալ Եղիա վարդապետին. որուն ընծայուած յարգանքէն վերջ, նամաւագիրը կը գրէ. «սոյն գրութեամբ կը յայտնեմ թէ մենք` ձեր տեսութեան կարօտ ենք եւ երկրորդ հոս գտնուող բոլոր անօթները ձեզ ղրկած ենք, զայս ի գիտութիւն կը հաղորդենք. մուալլիմ Սալիմ»: Ըստ վերոգրելոյն ղրոկւած անօթներն են. «7 գիրք, մէկ սինի, զոյգ մը քշոց, երեք բռնիչ, մէկ սկիհ, չորս սաղաւարտ, հին վեղարներ, պղնձէ բուրվառ մը, որոք սնտուկի մը մէջ դրուած են, վարագոյր, վարագոյր պատկերով, վարագոյր մանիշակագոյն, ծաղկենկարուած ժամարաի զգեստ. ամերիքանէ ժամարարի ռապիկ մը, խասայէ ժամարարի շապիկ մը, երկու զգեստ տէնտէքի, տուփի մը մէջ երկու շուրջառ, մէկ փիլոն կանանչ, մէկ թեւնոց, ծրարի մը մէջ ծրարուած թաւշեայ զգեստ, գօտիներ եւ այլն: Ասոնք գրինք տեղ մը եւ բանալին առինք: Միտխ ունինք հայ աղքատին մէկը հոն պառկեցնել: Սոյն իրեղէնները ստանալնիդ իմացուցէք»:
       Սլիմը կ՚երեւի թէ տեղւոյն ուսուցիչն էր. եկեղեցին անտէր ու անտիրական մնացած է ու յիշեալը ծանր կացութեան մը առջեւ գտնուելով` կը փակէ եկեղեցին ու անոր անօթները ցուցակով մը կը ղրկէ Ս. Յակոբի վանքը, ինչպէս վերեւ տեսանք. հաւանական է որ եկեղեցին մինչեւ 1730 թուականը բաց էր եւ կանգուն, վասն զի Հաննէ կը վրէ իր Պատմութեան մէջ (էջ 293). «Սա ասի Ղազէ որ է Գազա: Աստ է տունն Սամփսոնի հզօրին եւ տուն Մագդաղինացւոյն: Աստ գոյ վանք մի ազգիս Հայոց. եւ եկեղեցի յանուն Սրբոց Հրեշտակապետացն Գաբրիէլի եւ Միքայէլի: Եւ ունի պարտէզս եւ ծառս եւ խցերս: Զսա ասեն լեալ տուն Իլարիոնի սրբոյ հօրն»: Հաննէի այս խօսքերուն մէջ բակումի եւ քանդումի խօսք չկայ: Իսկ Մկրտիչ Վրդ. Երծրունեան (էջ 248) Հաննէի վերեւի տեղեկութիւնները տալէ վերջ կ՚աւելցնեէ «Բայց այժմ աւերակ է եւ անտերունչ: Յամի Տեառն 1854 առաքեցաւ աստի քննիչ ի Գազա, որոյ բնակիչք պարտաւորեցան տալ մեզ ամ յամէ իճարէ քառասուն դահեկան սակս մեր վանուց տեղւոյն»:
       Ահա այս է վիճակը Գազայի երբեմնի այն շէն եւ ընդարձակ Ս. Հրեշտակապետաց վանքին ու եկեղեցիին, որմէ միայն մնացած է չորս արտավար գետին մը քաղաքին արեւմտեան հարաւային կողմը Հարէթ էլ - Զէյթուն կոչուած թաղին մէջ որ ասկէ յառաջ կոչուած էր Սուգ էլ - Խտր. եկեղեցիին տեղը 70-80 տարի առաջ բռնագրաւուած էր տեղացիի մը կողմէն եւ հազիւ կարելի եղած է մեծ ճիգերով գրաւումէ ազատել:
       Վանքին տեղը կը կոչուի Հագորէդ էլ Մէլիք (Հրեշտակաց արտ) եւ տեղացի բարեպաշտ կիներ իրենց հիւանդ փոքրիկ մանուկները հոն կը տանին, ջրով կը լուանան, եւ կը պատմեն թէ փոքրիկները կը բժշկուին: Յայտնի է թէ Հագուրէդ էլ Մէլէք գետինը ա'լ աւելի ընդարձակ էր, վասն զի, ինչպէս տեսնուեցաւ, վանքը բացի եկեղեցիէն եւ Հոգետունէն` իր շուրջը ունէր նաեւ պարտէզ եւ խուցեր. կ՚ըսեն թէ այժմու գետնին կից ասկէ յառաջ հան մը կար, ուրիշներ կը սեպհականեն զայն եւ կը ծախեն սահմանակից մէկու մը որ երբ խանը փլցնելով տուն շինելու կը ձեռնարկէ` հիմերը փորուած ատեն մոզայիքները երեւան կ՚ելնեն: Ծախուած խանը հաւանաբար վանքին մասը կը կազմէր, թերեւս վանքին երբեմնի Հոգետունը, որ եկեղեցիին հետ ունէր իր պատշաճ զարդարանքը, յատակին, որմերուն ու այլ տեղերուն վրայ մոզայիքներ եւ թերեւս հայերէն յիշատակարաններ ալ. բայց քանդող ձեռքերը սրբութիւններէն չեն հասկնար, վասն զի անոնց վրայ կ՚իշխէ կիրքը եւ ատելութիւնը: