ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Հոս մէջ կը բերենք արաբ մէկ քանի պատմագիրներու նկարագրութիւնները Ռեմլէի հիմնարկութեան ու նկարագրութեան մասին:
       874ին Եագուպի կը գրէ թէ «Պաղեստին գաւառին մայրաքաղաքն է Ռեմլէ. ան հիմնարկուած է Սիւլէյման խալիֆայէն: Լիւդը առաջին մայրաքաղաքն էր, որուն բնակիչները գաղթեցին անկէ. եւ Լիւդը ամայացաւ: Ան ունէր փոքր գետակ մը, ուրկէ կը խմէր ժողովուրդը. Ապու Ֆուդրուս գետակը 12 մղոն հեռի էր: Ռեմլեի ժողովուրդը իր խմելիք ջուրը կը հայթայթէր թէ' ջրհորներէն եւ թէ' ջրամբարներէն, ուր կը հակաքուէին անձրեւի ջրերը: Ռեմլէի ժողովուրդթ ըթ բաղկանար արաբներէ, յոյներէ եւ սարամացիներէ»:
       869ին Պիլատուրի կը գրէ. «Էլ - Վալիա խալիֆան իր Սիւլէայման եղբայրը կառավարիչ կը կարգէ Պաղեստինի գաւառին, որ իր բնակարանը կ՚ընտրէ Լիւդի մէջ: Յետոյ Սիւլէյման հիմնեց Ռէմլէ քաղաքը եւ հոն փոխադրեց իր մայրաքաղաքը: Ան շինեց առաջին անգամ իր պալատը որ կոդուեցաւ Տար էս Սապպազ (նկարչաց տուն): Ասկէ վերջ Սիւլէյման շինեց խորունկ ջրհոր մը ջուր հաւաքելու համար: Սիւլէյման մզկիթի մկ յատակագիծը պատրաստեց եկ սկսաւ շինել զայն, անոր ամբողջանալէն առաջ` բարձրացաւ խալիֆայութեան:
       Ուրիշ խալիֆաներ անկէ վերջ շարունակեցին շինութիւնը: Խալիֆ Օմար Իպն Ապտ էլ Ազիզ աւարեց զայն, բայց միայն սկզբնական յատակագիծը փոփոխելէ յետոյ, եւ ըսաւ. «Ռեմլէի ժողովուրդը գոհ պիտի մնայ այս փոքրացած տարածութեամբ: Երբ Սիւլէայման` իր սեպհական պալատները շինեց լմնցուց` թոյլ տուաւ ժողովուրդին շինելու իրենց բնակարանները: Ռէմլէի ժողովրդեան համար փորել տուաւ Պարատահ կոչուած ջրանցքները. փորել տուաւ նաեւ անուշ ջուրի հորեր:
       Սիւլէյման իր քարտուղարին պաշտօն տուաւ Ռեմլէի իր շինութեանց վրայ հսկելու, ինչպէս նաեւ Պատրիք Իպն էն Նաքահ (Կամ էլ Պաքահ) կոչուած Լիւդացի քրիստոնեայի մը մզկիթին շինութեան հսկողի պաշտօնը յանձնեց: Սիւլէյմանէն առաջ Ռեմլէն գոյութիւն չունէր. եւ տեղը բոլորվին աւազ էր (ինչպէս որ Էր - Ռեմլէ անունը ցոյց կու տայ): Տար էս Սապպաղը յետոյ ժառանգութեամբ կը վիճակուէր Ապպասեան Սալիհ Իպն Ալի Ապտուլլահ Իպն էլ Ապպասի, այդ պատճառաւ ուրիշ ստացուածքներու հետ Պէնի Օմիահէն ստացաւ զայն: Պէնի Օմիահ` Սիւլէյմանէն յետոյ շատ դրամ ծախսեց Ռեմլէի ջրհորներուն եւ ջրանցքներուն համար. եւ գրբ Ապպասեանները տիրեցին, անոնք ալ հոն շատ գումարներ ծախսեցին, եւ այսպէս մէկ խալիֆայէն միւսը: Գործերը այսպէս կը շարունակուէին մինչեւ Սիւթասսէմ - Պիլլահ խալիֆային ժամանակ. վերոյիշեալ ծախքերուն համար ան շնորհեց մշտնջենական հրովարտակ մը, որով կը շնորհէր տարեկան նուիրատուութիւն մը, բոլոր երկրագործները տարեկան տուրքի մը ենթարկելով` որպէս զի հաւաքուած գումարով նոյն ծախքերը վճարուին»:
       985ին Մուգատտէսի կ՚ըսէ. «Ռեմլէն Պաղեստինի մայրաքաղաքն է: Ան շատ գեղեցիկ քաղաք մ՚է, եւ լաւ շինուած. անոր ջուրը լաւ եւ առատ է, նմանապէս պտուղները: Շատ մը առաւելութիւններ ունի: շինուած է ան գեղեցիկ գիւղերու եւ մեծ քաղաքներու մէջտեղը. մօտ է սուրբ տեղերուն եւ հաճելի աւաններուն: Վաճառականութիւնը հոն ծաղկած է, եւ շուկաները առաջնակարգ են: Գեղակեր տ մզկիթներ չկան հոն, բացի մէկէն: Հացը լաւ է եւ ճերմակ. ուրիշ տեղերու նայելով` տեղւոյն հողը շատ արգականդ է, եկ պտուղներն ալ հիւթեղ: Այս մայրաքաղաքը կը գտնուի պտղաւէտ դաշտերու, պարսպապատ քաղաքներու մէջտեղը: Ան ունի հոյակապ հիւրանոցներ եւ հաճելի բաղնիքներ, ընտիր սննդեղէններ եւ զանազան շաքարեղէններ, ընդարձակ տունր, գեղեցիկ մզկիթներ եւ լայնարձակ պողոտաներ: Իբր մայրաքաղաք` ան ունի շատ մը առաւելութիւններ: Շինուած է դաշտի մը վրայ եւ մօտ է թէ' լեռներուն եւ թէ' ծովուն: Հոն կ՚աճին թէ' թզենիներ եւ թէ' արմաւենիներ. իր դաշտերը ոռոգումի պէտք չունին, եւ իր բնէ պտղաւէտ են եւ հարուստ: Այս առաւելութիւններուն հակառակ Ռեմլէն ձմեռը ցեխոտ է եւ ամառն ալ աւազի փոշիով լեցուն. հոն վազուն ջուր չկայ, ոչ ալ կանադութիւն. հողը խոնաւութիւն չունի, եւ ոյ ալ ձիւն կու գայ: Ջրհորները խոր եւ աղի. անձրեւի ջուրը կը հաւաքուի փակ ջրամբարներուն մէջ, - այնպէս որ աղքատը ծարաւ կը մնայ եւ օտարականնրը ի զուր ջուր կը փնտռեն: Քաղաքը մէկ քառակուսի մղոն տեղ գրաւած է: Տուները շինուած են յղկուած գեղեցիկ քարերով: Իր դուռներն են Զինուորաց Ջրհորին դուռը (Տարպը Պիր էլ Ասքար): Աննապահ մզկիթին դուռը, Երուսաղէմի դուռը, Պիլահի դուռը, Լիւդի դուռը (Տարպը Լիւդ), Եաֆայի դուռը (Տարպը Եաֆա), Եգիպտոսի դուռը (Տարպը Մըսըր) եւ Տաճունի դուռը. Ռեմլէի մօտ է Տաճուն քաղաքը իր մզկիթով: Հոն կը բնակին առաւելապէս Սամարացիները
       Ռեմլէի գլխաւոր մզկիթը շուկային մէջ է. եւ աւելի գեղեցիկ է եւ սիրուն քան Դամասկոսինը: Ան կը կոչուի Էլ Ապիյատ (Սպիտակ Մզկիթ), եւ հոն կը գտնուի գեղեցիկ միհրապ մը եւ անոր բեմը գեղատեսիլ է Երուսաղէմինէն յետոյ. մինարէն շինած է Խալիֆա Հիւշամ Իպն Ապտ էլ Մէլէք: Հօրեղբօրմէս լսած եմ թէ երբ այս Խալիֆան միանրէն կը շինէր, տեղեկութիւն առաւ թէ քրիստոնեաները այս ժամանակ մարմարէ սիւներ ունենալով` թաղած էին զանոնք աւազի տակ եւ պատրատած էին Պիլահի եկեղեցիին համար: Նոյն ատեն Հիւշամ խալիֆան կ՚ազդարարէ քրիստոնէից թէ` եթէ ցոյց չտան պահուած սիւները, պիտի կործանէ Լիւդի եկեղեցին եւ սիւները պիտի գործածէ մզկիթի շինութեան: Քրիստոնեաները դուրս կը հանեն պահուած սիւները: Անոնք շատ նուրբ, բարձրադիր եւ գեղեցիկ են:
       Մզկիթին յատակը սալարկուած է մարմարով եւ բակը` ուրիշ քարով: Դուռները շինուած են կիպարիս բայտէ եւ մայրիէ. քանդակազարդ էին եւ ըստ երեութին` շատ գեղեցիկ (Տե'ս Palestine under the Moslems, էջ 303-305)»:
       Այս անուանի երեք պատմիչներուն Ռեմլէի նկարագրութիւնները, զոր կը հաւաստեն Տիւրացի Կիյեօմ եւ Մարինոս Սանուդոս` կը հաստատեն թէ Ռեմլէի հիմնարոկւթիւնը արաբական է, եւ թէ հինէն ո'եւէ քաղաքի հետք չկար: Ուստի Ռեմլէն ոդ Արիմաթիան կրնար ըլլալ, եւ ոչ ալ Յովսէփ Արիմաթիացիին հայրենիքը. եւ այսպէս Արիմաթիաց իին անուամբ, Ռեմլէի մէջ ո'եւէ սրբավայրի կառուցումը պատմականօրէն ճշդութենէ զուրկ կ՚ըլլար. այս պատճառով կրնանք ըսել թէ Լատինք վաւերական աւանգութեան մը վրայ յենլով չէ որ Ս. Յովսէփ Արիմաթիացիի անունով եկեղեցի կառուցած են Ռեմլէի մէջ եւ աւանդավէպ յօրինած Արիմաթիացիին եւ Նիկոդիմոսի շուրջ: