ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Այս եկեղեցին օտար եկեղեցական մատենագրութեան մէջ կը կոչուի Օրհասի եկեղեցի, Աղօթքի եկեղեցի, Փրկչի եկեղեցի. իսկ մենք ընտրեցինք Ըմբռնման եկեղեցի անունը, նկատելով որ մեր բած են դատաւորին, եւ սա պատճառաւ ալ որ մեր Հաննէ եպիսկոպոսը Քրիստոսի ըմբռնման տեղւոյն մօտ գտնուած այր մը իր Պատմութեան մէջ կը կոչէ Այր Ըմբռնման:
       Մենք մեր առաջին վկայութիւնը կը բերենք Կիւրեղ Երուսաղէմացիէն, որ 347 թուականին իր Կոչումն ընծայութեան գիրքին մէջ (Ճառ Ժ) աւետարանական ճշմարոտւթեան վկայ կը բերէ Կեդրոնի հովտին մէջ գտնուած ա'յն արմաւենին, որսէ տղաքները ճիւղեր քաղած էին Յիսուսի յաղթանակաւ Երուսաղէմ մտած ժամանակ. յետոյ Երուսաղէմացին կը յիշէ Գեթսեմանին` ուր ցոյց կու տյ Յուդան ամէն անոնց որ կրնան հասկնալ. նոյն հեղինակը դարձեալ իր գրքէն նոր վկայութիւն մը կը բերէ «Գեթսեմանին` ուր կատարուած է մատնութիւնը»: Այս վերջնոյն վրայ կ՚աւելցնէ Աղօթքի տեղւոյն յիշատակութիւնը հետեւեալ կերպով. «առանց խօսելու Ձիթենեաց լերան մասին ուր ներկայ աշակերտները գիշերթ կ՚աղօթէին, կը յիշե՞ս Գեթսեմանիի մէջ Յիսուսի դէմ ուղղուած սուրերը»: Այս բացատրութեանց անորոշութիւնը եւ ճշդութեան փոքր թերութիւն մը Երուսաղէմացիին յանկարածական պերճախօսութեան կը վերագրուի, եւ չ՚ապգիլեր այս վերջին հատուածին Գեթսեմանիի մէջ պատմուած յիշատակներու երկուութիւնը:
       Եթէ Եւսեբիոս իր Եսայի մեկնութեան մէջ կը յիշէ մատնութիւնը Գեթսեմանիի վրայ խօսած ժամանակ, իր 330ին խմբագրած Onomasticonին մէջ, անոր կը յարէ Քրիստոսի աղօթքին յիշատակը: Իր ծանօթագրութիւնը շատ հետաքրքրական է, վասն զի ան կը հաստատէ աւանդութիւն մը որ իրմէ շատ յառաջ գոյութիւն ունէր. «Գեթսեմանին, կը գրէ, այնպիսի տեղ մ՚էր, ուր Քրիստոս իր չարչարանքէն առաջ աղօթեց, ան դէպի Ձիթենեաց լեռը ելնելիք ճամբուն վրայ կը գտնուի: Հոս այժմ հաւատացեալք կուգան աղօթելու»: Կիւրեղի եւ Եւսեբիոսի բացատրութիւններէն կ՚երեւի որ տակաւին եկեղեցի շինուած չէր Քրիստոսի աղօթած տեղւոյն վրայ:
       Բայց երբ Յերոնիմոս թարգմանեց (386-391) Եւսեբիոսի տաղեգրական ճառը, կը փոխուի խնդիրը: Իր ճշգրիտ եւ ամբողջական ծանօթագրութիւնը իր նախորդինն է «գեթսեմանին, կ՚ըսէ, այն տեղն է որ Փրկիչը իր չարչարանքէն առաջ աղօթեց, Ձիթենեաց լերան ստորոտը կը գտնուի, այժմ հոն եկեղեցի մը կայ շինուած»: Լերանը ստորոտը բառերը կ՚արգիլեն մեզ լերան զառ ի վայրին վրայ փնտռելու նոյն սրբավայրը: Գալով այժմ բառին, շատ յատկանշական է ան: Թարգմանիչը Եւսեբիոսի բնագիրին դիմացը գտնուելով` կը տեսնէ որ կացութիւնը միեւնոյնը չէ, հաւատացեալք այլեւս չեն աղօթեր բացօթեայ դաշտի մը մէջ. բայց այն պահուն որ կը գրէր, քրիստոնէից կողմէն պատուուած այս դաշտը եկեղեցիով մը ծածկուած է. ուստի լանց չըներ կատարուած փոփոխութիւնը արձանագրելու: Ուրեմն առ նուազն, այս սրբավայրին կառուցումը կրնանք դնել 330ին եւ 390ին եւ նոյն իսկ Կիւրեղ լռութեան պատճառաւ 347ին եւ 390ին:
       Էթերիային Օրագրութիւնը մեծ առաւելութիւն ունի Գեթսեմանիի Ս. Տեղեաց գդերը եւ իւրաքանչիւրին դիրքը հաստատելու սաղիմական արարողութեանց մէջ. ըստ նոյն Օրագրութեան, եւեղեցական թափօրը Ձիթենեաց լեռնէն իջնելով` կու գայ այն տեղը ուր Փրկիչը աղօթեց եւ տագնապեցաւ: Այս տեղ, կը ծանօթագրէ ուխտաւորուհին, թէ գեղեցիկ եկեղեցի մը կար, հոն կը ւարդացուէին տեղւոյն յարմար աւետարանը` Փրկչին մատնութեան եւ կալանաւորութեան վերաբերութեամբ: Այս ընթերցուածներու պահուն արտասուողներու հեկեկանքը մինչեւ անգամ քաղաղէն կը լսուէր:
       Իր մեծ գիծերուն մէջ այս է սկզբնական աւանդութիւնը ու Ըմբռնման եկեղեցիին հիմնարկութեան մերձաւոր թուականը ու պատմութիւնը մինչեւ 614, որ ժամանակ պարսիկ հրոսակները Երուսաղէմ արշաւելով առաջին անգամ աւերեցին քաղաքէն դուրս գտնուող Քրիստոսի Ըմբռնման գեղեցիկ եկեղեցին: