ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Նոյն վանքի ծագման պարագան դժուար է հաստատել ազգային յիշատակարաններով, բայց կատարեալ իրականութիւն մ’է թէ Սիոնի Ս. Ստեփանոսի վանքը, հին դարերէ սկսեալ, հայկական սեպհականութիւն մը եղած է: Նոյն վանքի ընդարձակ աւերակը, որ գոյութիւն ունի այսօր եւ կը գտնուի մեր Ս. Հրեշտակապետ վանքին դիմաց, ճանապարհով մը զատուած, եւ Դաւթի դրան մօտիկ, Հայոց անհերքելի սեպհականութիւնը, եւ Դաւթի դրան մօտիկ, Հայոց անհերքելի սեպհականութիւնը, եւ թէ ԺԴ. դարու ձեռագիր Ճաշոցի մը յիշատակարանը, զոր ստորեւ պիտի պարզենք, բացահայտ կ’ապացուցանեն նոյն վանքին ազգային սրբավայր մը ըլալը: Ո'րքան որ Ս. Ստեփանոս վանքին հայկական հաստա տութիւն մը ըլլալուն ծագումը մութ է, բայց մենք պիտի ջանանք, ստուգութեան մօտ հաւանականութեամբ մը, մէջ բերել մեր ապացոյցները եւ յետոյ աւելցնել ա'յն բացորոշ յիշատակարանը, զոր ունինք: ինչպես որ վերեւ յառաջ բերուած օտար ուղեգիրներու վկայութիւններէն յայտնի եղաւ, Ս. Ստեփանոսի մատուռը Մայր Սիոնի Վերնատան Եկեղեցիէն անջատուած էր Ը. դարու վերջերը, կամ Ը. ի սկիզբը: Ի նչպես ծանօթ է, Հայոց Անաստաս վարդապետը, Ը. դարուն, կազմած էր Երուսաղէմի Ազգ. Վանօրէից Ցուցակը, որուն մէջ յիշուած վանքերը կ’անուանակոչուին ո'չ թէ վանքերուն բուն իսկ անուններով, այլ նոյն վանքերը շինող կամ մատակարարող նախարարութեանց կամ Հայ արքունիքի անուններով: Նոյն Ցուցակին մէջ կը կարդանք հետեւյալը.
       «Ամատունեաց վանքն Ս. Սիոնի կողմն է».
       «Այլ վանք Ամատունեաց, որ հաւատաւորքն բնակէին ի կողմն Սիոնի»:
       Ամատունի նախարարութիւնն է որ Սիոնի մէջ կը շինէ կամ շինել կու տայ երկու վանք, որոց երկրորդը հաւատաւոր կանանց բնակութեան յատկացուցած է: Ծանօթ ըլլալով որ հին ժամանակներէ սկսեալ, հաւատաւոր հայ կանայք կը բնակէին Սիոնի մեր Ս. Հրեշտակապետ վանքին մէջ, որ բնաւ տարակոյս չի վերցներ, եւ միւս կողմէն, նոյն վանքին շատ մօտ, հանդիպակաց կողմը, կը գտնուէր Ս. Ստեփանոսի վանքը, ինչպէս կը յիշուի ստորեւ մէջ բերուելիք յիշատակարանին մէջ, եւ արդէն նոյն դիրքը ունի Ս. Ստեփանոսի վանքի այժմու աւերակը. կ’եզրակացնենք թէ Ամատունեաց անուամբ յիշուած երկու վանքերէն մին Ս. Հրեշտակապետն է, իսկ միւսն Ս. Ստեփանոս: Վերջնոյս վերաշինութեան իբր թուական կարելի է դնել Է-Ը դար, վասն զի ճիշդ այս միջոցին էր որ Ս. Երկրին պարսկական գրաւոմէն յետոյ, Երուսաղէմի պատրիարքութեան եւ Հայոց կաթողիկոսութեան յարաբերութիւնները բարւոքուած էին. այս պարագան կը հաստատեն Պարսկաստան գերի տարուած Զաքարիա պատրիարքին` Պարսից Ժողովին մէջ ի նպաստ Հայ Եկեղեցւոյ ըրած յայտարարութիւնները, եւ անոր յաջորդին` Մոտեստոսի` առ Կոմիտաս կաթողիկոսն ուղղած թուղթը եւ վերջինին պատասխանը (տե'ս Սեբէոս, էջ 131-139): Մոտեստոսը իր նամակին մէջ կը յիշէ ա'յն առատաձեռն օժանդակութիւնը, զոր Հայ ուխտաւորներ չէին խնայեր Երուսաղէմի Ս. Տեղեաց վերաշինութեան համար, եւ դարձեալ կը խնդրէ կաթողիկոսէն. «Մի' պակասիլ ամենեւին ի յիշել եւ նայիլ ի մեզ եւ յաղքատս Երուսաղէմի, եւ որ ինչ պիտոյ է լնուլ»: Այս բարւոք յարաբերութեանց մէջ, Պարսիկ տէրութեան սահմանին մէջ գտնուող նախարարութիւնները եւ մասնաւորապէս նոյն պետութեան համակիր Ամատունիք պատեհութիւններ կրնային ստեղծել բարեպաշտական յիշատակներով յաւերժանալու համար Ս. Երկրին մէջ. այս տուիքներուն վրայ, կրնանք հաստատել թէ Սիոնի վրայ Հայոց Ս. Հրեշտակապետ եւ Ս. Ստեփանոս վանքերը շինած են Ամատունիք, Է-Ը դար. վասն զի արդէն Ը. դարու վերջերը, Ամատունեաց աստղը մարելու վրայ էր, անոնք արաբական արշաւանքներու հետեւանքով, Շապուհ Ամատունիի եւ անոր որդւոյն Համամի առաջնորդութեամբ, 12, 000 մարդերով, ստիպուեցան հեռանալ իրենց բնագաւառ Արտազէն եւ ապաստանիլ Յունաստան, Ճորոխի անդիի կողմը, ինչպէս կը հաղորդէ մեզ Ղեւոնդ Պատմագիր (էջ 168). հետեւաբար, Ամատունիներուն Ս. Տեղեաց եկեղեցաշէն գործը կրնայ կատարուած ըլլալ միայն մինչեւ Ը. դարու սկիզբը: Ս. Աթոռոյ մատենադարանին . 1130) ձեռագրին մէջ գտնուած Մարկոս գրչին ուխտատեղեաց ցուցակի մը ընդօրինակութեան մէջ եւս կը յիշատակուի Ս. Ստեփանոսի վանքը, «յարեւելս հարաւոյ Երուսաղէմի» խօսքերով: Բայց նոյն վանքին հայկակկան սեպհականութեան կարկառուն եւ անհերքելի ապացոյցը կու տայ ա'յն յիշատակարանը` որ կը գտնուի մեր մատենա դարանին . 1863) ձեռագիր Ճաշացին մէջ: Նոյն ձեռագիրը ընդօրինակողն է Ներսէս աբեղա Կրակցի, որոյ մասին կարեւոր տեղեկութիւններ տրուած է («Սիոն» Թիւ 2. էջ 52-53, 1927). ինքը եղած է առաջին ստացողը եւ երկրորդը` Երուսաղէմի Աբրահամ եպիսկոպոսը, որւոն համար, այլ գրով յիշուած է հետեւեալը. «… եւս առաւել Տեր Աբրահամ Երուսաղէմա եպս. ին որ զգիրքն ստացայ յիշատակ ինձ եւ ծնօղաց իմոց եւ ամենայն արեան մերձաւորաց, եւ մեծ Խաթուն ու զդրմ. երետ». ձեռագիրը ընդօրինակուած է հայոց Ս. ՍՏեփանոս վանքին մէջ, Երուսաղէմի Յովհաննէս Ճօսլին պատրիարքի օրով, ՉՁԳ (=1334) թուականին, ինչպէս կը հաստատէ յիշատակարանին հետեւեալ հատուածը.
       « - Գրեցաւ ձեռամբ անարժանի
       Որ Ներսէս Կրակցի կոչի.
       Ստունգանող պատուիրանի.
       Եւ յանցաւոր Տեառն աւրինի
       Սու տ քահանայի
       Եւ մեղաւոր յամենայնի
       Ի Հա յկազանս թուականի
       ՉՁԳ (=1334) համարի:
       Ի վանս Ստեփանի,
       Մերձ առ դրունս Հրեշտակապետացն Միքայէլի եւ Գաբրիէլի
       յԵրուսաղէմ սուրբ քաղաքի:
       Եւ յառաջնորդութեան Եղմի. տէր Յոհանիսի
       Որ աւելի անուն Ճաւշլին կոչի»…
       Ուրեմն, ըստ այս յիշատակարնի, Սիոնի վրայ Հայոց Ս. Ստեփանոսի վանքը կանգուն էր մինչեւ 1334 թուականն, եւ վերագոյն յիշուած անանուն սլաւ ուղեգրին համաձայն, նոյն վանքը անվնաս մնացած էր 137 թուականին: ԺԵ. դարուն Ս. Աթոռս ըն դօրինակուած Տաղարանի մը յիշատակարանին մէջ, ի շ արս ազգային ուխտատեղեաց, ընդօրինակող Ներսէս երէց չի յիշատակեր Ս. Ստեփանոսի վանքը (Նօտարք Հայոց, 18-19), հետեւաբար ան քանդուած կ’ըլլայ 1370-1447 թուականը, մեզ անյայտ պատճառներով, 1483ին միայն Ակիւրմանցի Նիկողայոս եպիսկոպոսը` իր կազմած Ս. Տեղեաց Ցուցակին մէջ, կը յիշէ Սիոնի կողմը, իբր ուխտատեղի «Ս. Ստեփանոսի գերեզմանը», եւ յիշեալը զանց չ’ըներ յիշատակել նաեւ Ս. Քաղաքի պարիսպէն դուրս Նախավկային միւս ուխտատեղին հետեւեալ բառերով. «եւ յԵրուսաղէմայ եզերն` Գամաղիէլի եւ Ս. Ստեփանոսի Գերեզմանն»:
       Օտար եւ ազգային այս յի շատակարանց ամփոփումը անհերքելի կը դարձնէ Սիոնի վրայ Հայոց Ս. Ստեփանոսի վանքին գոյութիւնը, եւ որ քրիստոնէական բարեպաշտութեան մը յիշատակարանը եղած է դարերով: Այս պահուս, որ այս տողերը կը գրեմ, աչքերս Նախավկային աւերակին կողմը կը նային եւ միտքս կը հասկանայ անոր անխօս լեզուն. եւ կը ստիպուիմ աչքերս յառել երկինք գոչելով. ո՜ վ Տէր, պարգեւէ' մեզի նոր Ամատունիներ, որ վերաշինեն այս աւերեալ վանքը քարկոծեալ Նահատակին, որուն դարերով բախտակից եղած է հալածական Հայ ժողովուրդը: