ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Կայիափայի տունը կը յիշատակուի իբր աւերակ տեղ մը` ուր 333ին այցելած է Պորտոյի անանուն ուխտաւորը որ կ’ըսէ. «Սելովամէն Սիոն ելանք, այսինքն արեւմտեան բլուրը որ ընդհանրապէս այս անուամբ կը կոչուի, եւ կը թուի ըլլալ այն տեղը ուր էր Կայիափայի տունը»: Կիւրեղ Երուսաղէմացին Կայիափայի ապարանքը իր օրով աւերակ ցոյց կու տայ. «կշտամբեն զքեզ եւ ապարանքն Կայիափայ, որ եւ այժմիկ կործանումն ցուցանեն քեզ զդատապարտելոյն զօրութիւն» (Կոչումն Ընծայութեան, Գիրք ԺԳ. ). միեւնոյն աւերակ վիճակը տեւած է մինչեւ 400 թուականը:
       325-360 թուականներուն` սրբավայրերու շինութեանց առթիւ միայն նկատի առնուեցաւ պահպանել Ձաղանաց սիւնը Ս. Սիոնի մէջ. մէկ դար վերջն է որ կառուցած է Կայիափայի տան աւերակին վրայ սրբավայր մը, յանուն Ս. Պետրոսի, 530ին միայն կը յիշատակեն զայն Թէոտոսիոս ուխտաւորը եւ Անանունի մը Breviarus de rusalem անուամբ պատմութիւնը:
       Ուղեգիրներու վկայութիւնները եւ նորագիւտ յիշատակարանները կը հաստատեն թէ շատ կանուխէն Կայիափայի տան տեղւոյն վրայ շինուած սրբավայրէն զատ ուրիշ եկեղեցի մը կառուցուած է նաեւ Ս. Պետրոսի հառաչանաց կամ զղջման տեղւոյն, այսինքն ուղղակի Սիոնէն Սելովամ իջնող փողոցը գտնուող բլուրին արեւելեան զառիվայրին վրայ: Այս երկրորդ սրբավայրին առանձինն կ’անդրադառնանք:
       Որքան որ վերեւի յիշատակարանները նոյն սրբավայրը Ս. Պետրոսի անուամբ կը կոչեն, բայց Հայք Ս. Փրկիչ կը կոչեն զայն, ի յիշատակ Փրկչին չարչարանաց, զոր Ան կրեց այս տեղւոյն մէջ: Դարձեալ նոյն նպատակաւ ուխտաւորները ի վաղուց հետէ յարգած են Ձաղանաց սիւնը եւ Քրիստոսի Բ. Բանտը` որ փոքր մատուռի մը վերածուած է: Նոյն տեղւոյն վրայ գոյութիւն ունի նաեւ խոշոր վէսքար մը` որ հոն բերուած է ըստ աւանդութեան, իբր Կափաիչը Ս. Գերեզմանին: Երբ Խորազմեանք 1244ին խորտակել կ’ուզէին զայն, հոն կը գտնուէր նաեւ սիւնի այն կտորը որուն վրայ թառած աքաղաղը խօսեցաւ Պետրոսի ուրացման ժամանակ: 1479ին Ֆիլիքս Ֆապրի կը պատմէ թէ Հայերը ծայրայեղ աղքատութենէ մղուած կը մտածէին այս քայքայուած վանքը վաճառել ուրիշի, բայց Հայաստանցի հարուստ ուխտաւոր մը նոյն պահուն Երուսաղէմ գտնուելով` վանքը եւ եկեղեցին նորոգեց եւ առատ նուէրներով ազատեց Միաբանութիւնը տագնապէս մը (Evagatorium, I. էջ 265): P. Nauի այս վանքին նկատմամբ 1674ին գրի առած նկարագրութիւնը ստոյգ կը մնայ իր լայն գիծերուն մէջ. «Քաղաքէն դուրս ելնելով` Դաւթի Դուռնէն` որ կը կոչուի նաեւ Սիոնի Դուռ, Կայիափայի տան` որ մօտիկն է, այցելութիւն կը տրուի: Ան այժմ փոխուած է եւ հոն շինուած է եկեղեցի մը` որ Հայոց ձեռքը կը գտնուի: Չորս կամ հինգ աստիճաններէ հոն կաերլի է իջնել. ցոյց կը տրուի նարնջենի մը` որ, կ’ըսուի թէ տաքնար սպասաւորներու հետ եւ որոնց առջեւ ան ամչցաւ իր բարի Վարդապետին աշակերտը ըլլալու: Աքաղաղին պատկերը քանդակուած է հարթ քարի մը վրայ եւ ագուցուած է եկեղեցիին դիմացի պատին:
       Եկեղեցին կը նայի արեւելք, ինչպէս միւս եկեղեցիները զոր ունին բոլոր արեւելցիք: Ան շինուած է աւերակին վրայ այն եկեղեցիին` զոր երբեմն կառուցած էր Ս. Հեղինէ, ի յիշատակ այն տնօրրինական գործոց որ տեղի ունեցան հոնգ: Շատ մը նեղութիւններէ վերջ մեր Տէրը հոն նեղ ու մթին բանտի մը մէջ դրուեցաւ: Հո'ն է յիշատակարանը, տեղը եւ պատկերը` սեղանին մէկ կողմը:
       Բանտը քառակուսի փոքրիկ սենեակ մ’է, ուր շինուած է սեղան մը: Խիստ ցած ու նեղ դուռնէ մը կը մտցուի, եւ երկու կամ երեք անձեր միայն հոն կրնան կենալ» (Տե'ս Voyage Nouveau. էջ 100):
       Ս. Փրկչի վանուց եկեղեցին փոքր սիրուն շէնք մ’է, առանց սիւնի. մէկ սեղան միայն ունի, որուն վէմն է, ինչպէս յիշուեցաւ Ս. Գերեզմանին Կափարիչ Վէմը, զոր հրեշտակը շրջեց ու վրան նստաւ (Մատթ. ԻԸ. 2): Այս կափարիչին վավերականութիւնը ուրիշ քրիստոնեայ ազգերն ալ կը հաստատեն եւ միշտ ուխտի կու գան: Աւագ սեղանը նուիրուած է յանուն Ս. Փրկչայ: Երկրորդ Բանտի սեղանէն զատ, եկեղեցւոյն գաւթին մէջ կը գտնուի պատարագամատոյց սեղան մը յանուն Ս. Չարչարանաց:
       Աւագ սեղանի ետեւի կողմը կար պահարան մը որ ունէր սեղան մը յանուն Ս. Երրորդութեան: Այս պահարանին դուռը հին ժամանակներէն հիւսուած էր պատով եւ ներսն ալ աւերակ: 1886ին դուռը բացուած եւ ներքին կողմը նորոգուած է, եւ թէեւ սեղանն ալ վերահաստատուած էր, սակայն վերջին նորոգութեանց առթիւ հարկ տեսնուած էր վերցնել զայն:
       Այս եկեղեցիին գաւիթը Գրիգոր Պարոնտէր պատրիարքէն սկսեալ իբր գերեզմանատեղի յատկացուած է Ս. Աթոռոյ գահակալներուն եւ այլ բազմաշխատ բարձրաստիճան եկեղեցականաց: