Պողիկտոսի
անունը
նշանաւոր
եղաւ
Արեւելքի
եւ
Արեւմուտքի
մէջ:
Արեւելեան
վկայաբանութիւնը
կը
յիշատակէ
7
Յնվր.
14
Փետ.
ի
Մելիտինէ.
22
Յնվր.
ի
Նիկոմիդիա.
21
կամ
22
Մայիս`
ի
Կեսարիայ
Կապադովկիոյ:
Ասորական
վկայաբանութիւնը`
19
Ապր.
եւ
3
Մայիս,
իսկ
Հերոնիմեանը`
միեւնոյն
թուականներուն,
ինչպէս
նաեւ
13
եւ
27
Ապր.:
Հայ
եկեղեցւոյ
տօնելի
սուրբերէն
մին
է
Պողիկտոս:
Ի
պատիւ
անոր
եկեղեցիներ
կառուցուած
են
Դ.
դարու
կիսուն,
ի
Մեիլտինէ,
սուրբին
տապանին
վրայ,
որուն
պարգեւը
կը
նկատուի
Եւդիմէոս`
Պաղեստինի
հռչականուն
անապատականը
ի
Կ
Պոլիս,
Վաղենտիանոս
կայսեր
(364-375)
աղջկան
կողմէն
հիմնուած
եկեղեցին,
որուն
այցելած
է
Տուրացի
Գրիգոր
Եպս.,
բարեպաշտ
տիկին
մը,
Յուստինիանոսի
օրով,
այդ
եկեղեցւոյն
ներքին
կողմը
ոսկւով
զարդարած
է,
իր
ստացուածքը
նոյն
կայսրիէն
ազատելու
համար.
մարդիկ
նոյն
եկեղեցւոյն
մէջ
կը
կատարէին
իրենց
ամենէն
հանդիսաւոր
ուխտը:
Ռավեննայի
մէջ
ալ
Ս.
Պողիկտոս
ունեցած
է
եկեղեցի
մը,
որուն
նաւակատիքը
կը
կատարուէր
Ապր.
9ին.
(Տե'ս
H.
Delehaye,
Les
origines
du
Culte
des
Martyr,
էջ
210):
Եգիպտոսի
մը
կառուցուած
պէտք
է
ըլլայ,
այն
պատճառով
որ
նոյն
տեղը
գտնուած
հողէ
կանթեղներէն
ոմանք
նուիրաուած
են
ի
յիշատակ
նոյն
սուրբին,
ինչպէս
յայտնի
կ’ըլլայ
Լուվրի
թանգարանը
պահուած
նոյն
կանթեղներուն
արձանագրութիւններէն.
(Տե'ս
Martigny,
Dict.
des
Antiquités
chré
tiennes.
Art.
Lamps.
էջ
408):
Գրիգոր
Եպս.
Տուրացին,
իր
Հրաշից
եւ
Պատմութիւն
Փռանկաց
գիրքերուն
մէջ
Պողիկտոսի
պաշտամունքի
նկատմամբ
փռանկ
թագաւորաց
եւ
Կ.
Պոլսոյ
ժողովրդեան
հին
սովորութիւնները
կը
յիշատակէ
եւ
կը
նկարագրէ
այն
ուխտազանցութիւնները,
որ
պատժուած
կը
համարուին
Պողիկտոսի
կողմէն:
Ֆրանսացի
հին
թագաւորներն
ալ
յանուն
Ս.
Պողիկտոսի
կը
հաստատէին
իրենց
դաշնադրութիւնները
(Տե'ս
Les
Petits
Bollandistes,
Vies
des
Saints,
էջ
484-85.
նաեւ
Յուշիկք,
Բ.
էջ
239):