ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Յայտնի է որ Ս. Ծննդեան այրը կը գտնուի Բեթղեհէմի արեւելքը, քաղաքէն դուրս: Յուստինոսի եւ Որոգինէսի բացատրութեանց նայելով Բեթղեհէմը կ՚երեւի թէ բաւական հեռի էր այրէն, եւ ան հետզհետէ ընդարձակուելով կը մօտենար այրին: Եկեղեցւոյ այս երկու հայրերու կողմէն այրին նկատմամբ տրուած վկայութիւնները պէտք է ընդունի թէ պատմական մեծ արժէք մը կը ներկայացնեն, եւ համոզում կը գոյացնենք թէ նոյնիսկ առաջին դարերէ սկսեալ տեղացի եւ եկուոր քրիստոնեայք կը պատուէին Փրկչին ծնած այրը ու ան առարկայ էրարդէն բարեպաշտական սովորութեանց:
       Հոս մէջ կը բերենք նոյն երկու հայրերու վկայութիւնները: Յուստինոս 155ին իր Տրամախօսութեան մէջ (78. 5) կը գրէ Մատթէոսի Բ. 1, յիշելէ յետոյ, «եւ տղան ծնաւ այն ատեն Բեթղեհէմի մէջ, որովհետեւ Յովսէփ չէր գիտեր թէ ո'ւր պիտի բնակէր, Բեթղեհէմի մօտ այրի մը մէջ հաստատուեցաւ. եւ մինչ հոն կը գտնուէր` Մարիամ ծնաւ զՔրիստոս եւ դրաւ զԱնիկա մսուրի մը մէջ. երբ Արաբիոյ մոգերը հասան` հոն գտան մանուկը»: Որոգինէս 215ին արդէն ճամբորդած էր Պաղեստին եւ անտարակոյ տեսած էր Քրիստոսի Ս. Ծննդեան այրը: Իսկ 248ին իրեն հակառակող Կելսոսի կը գրէ հետեւեալը. «Քրիստոսի Բեթղեհէմի մէջ ծնած ըլլալու մասին, Միքիայի մարգարէութենէն, Յիսուսի աշակերտներուն կողմէն պատմուած Աւետարանէն յետոյ, եթէ մէկը ուրիշ ապացոյցներ ալ ուզէ, թող գիտնայ թէ անոր ծննդեան նկատմամբ Աւետարանի մէջ պատմուածին նման, Բեթղեհէմի մէջ ցոյց պիտի տրուի ա'յն այրը, որուն մէջ ան ծնած է, եւ այս այրին մէջ այն մսուրը, ուր խանձարրապատեցաւ: Եւ ինչ որ ցոյց կը տրուի ծանօթ է ամէնուն, նոյն իսկ հեթանոսներուն, այսինքն քրըիստոնէից կողմէն երկրպագեալ եւ հիացեալ Յիսուսը ծնած է այս այրին մէջ»: Զանց կ՚ընենք Ս. Եպիփանի վկայութիւնը, որ համիմաստ կը խօսի Որոգինէսի. ինչպէս նաեւ Յիսուսի մանկութեան անվաւեր Աւետարանին յիշատակութիւնը, որոնցմով կը հասկցուի թէ այրին գոյութիւնը ո'չ միայն աւանդութեամբ այլ նաեւ Աւետարանով եւ Ս. Հարց միաձայն վկայութեամբ կը հաստատուի Բ. դապրէն մինչեւ Դ. դար:
       Քրիստոսի ծննդեան այրը սակայն, Բ. դարու առաջին քառորդին, յայտնի վկայութեամբ մը, փափախութիւն մը կրած է առանց ջնջելու Քրիստոսի ծննդեան աւետարանական պատմութեան եւ անոր հիասքանչ դէպքերու յիշատակները: 132ին Պարքոզիպայի ապստամբութենէն վերջ Ադրիանոս կայսրը իր Յուլիոս Սեւերոս մեծ զօրապետին հրամանատարութեամբ միանգամ ընդ միշտ Երուսաղէմի մէջ հրէական ոյժերը ջախջախելով` քաղաքին հին դիմագիծը կը փոխէր, վերածելով զայն հռոմէական քաղաքի մը, իր բոլոր հաստատութիւններով: Ան քարուքանդ ըրաւ Երուսաղէմը, եւ նոյն իսկ անոր անունը փոխելով կոչեց, Էլիա Գաբիդօլինա. եւ վերահաստատեց հո'ն հեթանոսութիւնը, ինչպէս Սողոմոնեան Տաճարինմէջ, նոյնպէս Գողգոթայի մէջ եւ այլուր զետեղեց հռովմէական կուռքեր, եւ Տնօրինական Ս. Տեղիք վերածուեցան հեթանոսական մեհեաններու: Բեթղհէմի Ս. Ծննդեան այրին մէջ ալ Ադրիանոս հաստատեց Ադոնիսի կամ Թամմուզի կուռքը, այրին չորս կողմը վերածելով մարյաստանի մը: Այս մասին Կիւրեղ Երուսաղէմացին իր Կոչումն Ընծայութեան գիրքին մէջ (Ճառ ԺԲ. ) Բեթղեհէմի այրին վրայ խօսած ժամանակ, յայտնապէս կը գրէ 347ին, ըսելով թէ «Զի յառաջ քան զսակաւ մի ամաց, մայրի ունէր զտեղին»: Նուիրական այրին շուրջը հաստատուած էր այս անտառը եւ նուիրուած էր Ադոնիսի, որպէս զի Եգիպտոսէն եւ սիւրիական ափունքներէն Երուսաղէմ եւ Բեթղեհէմ հաստատուող նորեկները գային նշանաւոր օրերու մէջ վայելելու Ադոնիսի նկատմամբ իրենց բուռն յուզումները, զոր ճաշակած էին Աղեքսանդրիոյ, Պիպլոսի եւ այլ տեղեաց հեթանոսական սրբավայրերու մէջ:
       Բայց վերի պարագան աւելի լաւ կը բացատրէ Բեթղեհէմի մեծ մենակեացը Յերոնիմոս Դ. դարուն գրուած իր մէկ նամակին մէջ. «Ադրիանոսէն մինչեւ Կոստանդիանոս, գրեթէ 180 տարինաեր, Յարութեան տեղւոյն վրայ պաշտուեցաւ Արմազդի կուռքը, Գիւտ Խաչի ժայռին վրայ Աստղիկի մարմարէ արձանը, զոր հեթանոսները հոն զետեղած էին, կարծելով որ յարութեան եւ խաչի նկատմամբ մեր ունեցած հաւատքը պիտի կարենային յափշտակել` եթէ Ս. տեղերը կուռքերով աղարտէին: Բեթղեհէմը որ այժմ մեզ կը վերաբերի, եւ աշխարհի ամէնէն օգոստափառ տեղն է, եւ որուն համար սաղմոսերգուն կ՚երգէ ըսելով` Ճշմարտութիւն յերկրէ բուսաւ, Թամմուզի, այսինքն Ադոնիոսի նուիրական անտառովը հովանաւորուած էր, եւ այրին մէջ, ուր երբեմն մանուկ Քրիստոսն բազմած էր, կ՚ողբային Աստղիկի տարփուհին»:
       Բայց պէտք է դիտել որ եթէ պատմութեան լուսով պիտի առաջնորդուինք, հարկ կ՚ըլլայ աւելցնել թէ Թամմուզի կամ Ադոնիսի հեթանոսական պաշտամունքը քրիստոնէութենէ Ը. դար առաջ մտած էր Պաղեստինի մէջ, ինչպէս յայտնի է Եզեկիէլի . 14) եւ Եսայիի (ԺԷ. 10) գիրքերէն: Ա դրիանոս կայսրը որքան հրէութեան նոյնքան եւ քրիստոնէութեան թշնամի էր, այդ պատճառաւ ուզեց Ս. Տեղերը խափանել կռապաշտութիւն հաստատելով: Ադոնիսի հեթանոսական պաշտամունքը չկարողացաւ խափանել Ս. Ծննդեան այրին մէջ մեր Փրկչին համար կատարուած քրիստոնէից երկրպագութիւնը, Խաչը յաղթեց եւ Ադոնիսի արձանը վտարուեցաւ Ս. Ծննդեան այրէն: