ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Երկու հնագոյն աղբիւրներու, 1192ի Մաշկեւոր վանքին մէջ ընդօրինակուած Ճաշոցի մը եւ Դ. դարու ուղեգիր օտար Ուխտաւորուհիի մը Օրագրութեան վրայ յենլով, ասկից յառաջներկայացուած ենք Երուսաղէմի Համբարձման լերան Աշակերտարանի եւ Բլրի եկեղեցիներուն մէջ կատարուած կրօնական պաշտամունքի ժողովները, եւ յետոյ նկարագրած ենք այդ երկու եկեղեցիներուն պատմական ծագումը եւ զանազան փոփոխութիւնները: Այս անգամ ալ կը փափաքինք մեր ընթերցողներուն ծանօթացնել, դարձեալ նոյն երկու յիշատակարանաց վրայ յենլով, Գողգոթայի մեծ եկեղեցիին մէջ կատարուած տարեկան պաշտամունքի ժողովնրեը եւ յետոյ բացտարել այդ մեծ եկեղեցիին կամ մատուռին հիմնարկութիւնը եւ ժամանակի ընթացքին անոր կրած պատմական փոփոխութիւնները:
       Նոյն եկեղեցիին կամ մատրան մէջ կատարուած երկու աղբիւրներու յիշած պաշտամունքի ժողովներու յիշատակութեան ցուցակը հոս կը դնենք, զանց ընելով օրուան ընթերցումներուն մանրամասնութիւնները.
       (Ըստ Ճաշոցի) . Հինգերորդի աւուրն (Ծննդեան) ժողովին ի սուրբ Գողգոթա եւ այս կանոնն կատարիգ:
       - Երկուշաբթի աւր ի Զատկին պահոցն ժողովին ի սուրբ մատրանն ի քաղաքին ի տասներորդ ժամու եւ այս կանոն կատարիգ:
       - Չորեքշաբթի աւր ի տասներորդ ժամու ժողովին ի սուրբ մատրանն ի քաղաքի եւ այս կանոն կատարիգ:
       - Ի Հինգշաբթի աւր ի հին Զատկին վասն որոյ ասաց Յիսուս ցաշակերտսն իոր ցանկութեամբ ցանկացայ զԶատիկս զայս ուտել ընդ ձեզ եւ ժողովին յեթօներորդ ժամէ ի սուրբ մատրանն ի քաղաքի եւ այս կանոն կատարիգ:
       - Ի թարգմանութիւն նորին. արձակին երախայքն եւ յետ արձակման երախայիցն եւ այս կանոնկատարիգ: - Եւ ապա պատարագ մատչի ի սուրբ մատրանն եւ առաջի Սրբոյ Խաչին եւ նոյն ժամայն երթան ի սուրբն Սիոն եւ այս կանոն կատարիգ:
       - Այգուն Ուրբաթուն դնի պատուական խաչին առաջի սրբոյ Գողգոթային եւ ժողովեալքն երկրպագեն, մինչեւ ի վեց ժամին կատարի երկրպագութիւնն եւ ի վեցերորդ ժամէն ժողովին ի սուրբն Գողգոթա եւ ասեագ:
       - Իսկոյն մատանեն ի սուրբ մատուռն ի տասներորդ ժամու եւ այս կանոն կատարիգ:
       - Եւ մինչդեռ Օրհնութիւնն ասի զմէջ գիշերուան, մտանեն բազմութիւն նորակնքացն եւ այս կանոն կատարիգ: - Եւ անդէն պատարագ մատուցանեն եւ յետ անտի արձակելոյ ի նմին ժամու գիշերոյն ի սուրբ Յարութիւնն, առաջի սրբոյ Գողգոթայի եւ իսկոյն ընթեռնունգ:
       - Առաւօտու ի սուրբ կիւրակէի Զատկին ժողովին ի նորին սրբոյ մատրանն եւ այս կանոն կատարիգ:
       - Երկշաբաթի աւր ժողովին ի նմին ի սուրբ մատրան եւ այս կանոն կատարիգ:
       - Ուրբաթի աւր ժողովին առաջի սրբոյ Գողգոթային եւ այս կանոն կատարիգ:
       - Կիրակի աւր ժողովին ի սուրբ մատրան եւ այս կանոն կատարիգ:
       - Ընթերցուածք խորհրդածութեան ի սբ Զատիկս ի սուրբ Յարութիւն, յետ ժողովրդեանն ի մատրան, յերկրորդ աւուրն ի նմին շաբաթուգ:
       - Մայիս ամսոյ որ աւր Է, ժողովին առաջի սրբոյ Գողգոթային զաւր երեւելոյ սրբոյ խաչին յերկնից եւ այս կանոն կատարիգ:
       - Ի ժողովրդեան ի սուրբ վերանելոյն Քի. յաւորց քառասուն Զատկին եւ այս կանոն կատարիգ:
       Յաւուրս սրբոյ Պենտեկոստէի կիրակի աւր ժողովին ի սուրբ մատրանն եւ այս կանոն կատարիգ:
       - Յերկրորդումն աւուր (Նաւակատիք Ս. Տեղեաց, Սեպտ. 14) ժողովին ի սուրբ մատրան եւ այս կանոն կատարիգ:
      
       Ըստ Օրագրութեան Էթէրիա ուխտաւորուհիին).
       - Ս. Յարութեան տաճարէն կ՚երթան մեծ եկեղեցին որ կը կոչուի Մատուռ. որ եւ կը գտնուի Գողգոթայի մէջ եւ խաչին մէկ կողմը. եւ հոն ըստ սովորութեան ամէն կիւրակի կը կատարուի աղօթք եւ պաշտամունք:
       - Աւագ շաբթուն երբ ըստ սովորութեան պաշտամունք տեղի կ՚ունենայ հաւախօսին մինչեւ առաւօտ, ժողովուրդը կը խռնուի Ս. Յարութեան մէջ եւ Ս. Խաչին առջեւ. այս կիրակի առաւօտեան ըստ կանոնի կ՚երթան մեծ եկեղեցին` որ կը կոչուի մատուռ. այսպէս կը կոչուի այն պատճառաւ որ մատուռը Գողգոթայի մէջ կը գտոնւի եւ Խաչին մէկ կողմը, ուր մեր Տէրը չարչարուեցաւ:
       - Ժամը իննին կը հաւաքուին մեծ եկեղեցին` որ է մատուռը, ուր շարունակաբար կ՚երգեն սաղմոսներ եւ երգեր, մինչեւ գիշերուան ժամը մեկին, կը կարդան օրուան ընթերցուածքները աղօթքներու ընդմիջումներով: Երբ ժամանակը կը մօտենայ կը կարդան Օրհնութիւն ճրագացը. արձակման ժամանակ բոլորովին գիշեր կ՚ըլլար, երբ ժողովուրդը մատուռէն կը մեկներ եւ եպիսկոպոսն ալ ւ՚երթար Ս. Յարութիւն միեւնոյն հանդեսով:
       - Աւագ երկուշաբթի եւ Աւագ երեքշաբթի օրերն ալ կ՚երթան մատուռը ու կ՚աղօթեն:
       - Աւագ հինգշաբթի օրը ժամը ութին ժողովուրդը Ս. Յարութեան ժամերգութենէն յետոյ ըստ սովորութեան կը հաւաքուի մատուռը, սովորոկանէն աւելի կանուխ. վասն զի արձակումը աւելի կանուք տեղի կ՚ունենար. այդ օրը պատարագ կը մատուցանեն մատրան մէջ, ժամը տասնին ժողովուրդը կ՚արձակուի: Մատուռէն արձակուելէն յետոյ կուգան խաչին առջեւ եւ ուր եպիսկոպոսը կը պատարագէ եւ ամէնքն ալ կը հաղորդուին: Տարուն մէջ Խաչաին առժեւ երբեք չեն պատարագեր, բայց միայն այս օրը: Արձակումէն յետոյ Ս. Յարութեան կ՚երթան եւ կ՚աղօթեն, ըստ սուվորութեան արախաները եւ հաւատացեալները կ՚օրհնուին եւ յետոյ կ՚արձակուին:
       - Աւագ ուրբաթ երեկոյին` Խաչին երկրպագութենէն յետոյ ամէնքն ալ կ՚երթան մեծ եկեղեցին որ է մատո ւռը. ուր, ըստ կանոնի, այս շաբթու իննէն մինչեւ վերջը կը մնան ու կ՚աղօթեն: Արձակումէն յետոյ Ս. Յարութիւն կ՚երթան ու կը կարդան ա'յն աւետարանը որուն մէջ Յովսէփ Պիղատոսէն կը խնդրէ Տիրոջը մարմինը` թաղելու համար: Այս ընթերցումէն յետոյ երախաները կ՚օրհնուին եւ կ՚արձակուին:
       - Ինչպէս Աստուածայատնութեան տօնի ութօրէքին, նոյնպէս Զատկին ութօրէքին կը հաւաքուին մեծ եկեղեցին որ է մատուռը, Ս. Յարուեաթն, Խաչին առջեւ. Համբարձում, Բեթղեհէմ եւ Ղազարիոն, վասնզի ութօրէքը զատկական օրեր են. առաջին կիրակին կը հաւաքուին մեծ եւեղեցին` որ է մատուռը:
       - Զատկին Պենտեկոստէի կիրակի օրերը Ս. Յարութիւն երթալէ առաջ ժամը վեցին ըստ կանոնի թափօրները կը կատարուէին մեթ եկեղեցիին, այինքն մատրան մէջ, եւ յետոյ է որ երգելով կ՚երթան Ս. Յարութեան եկեղեցին:
       - Հոգեգալուստի առաւօտուն ըստ կանոնի կը հակաքուին մատուռը. կը քարոզեն քահանաները, եկ յետոյ եպսը. երբ ամէն ինչ պատրաստ է, պատարագ կը մատուցանէ. եւ երրորդ ժամէն առաջ արձակումը տեղի կ՚ունենայ:
       - Պենտեկոստէին գիշերը ժողովուրդը եպիսկոպոսին եւ կղեցին հետ Ձիթենեաց լեռը կ՚ելլեն ջահերով եւ կանթեղներով եւ հոն կ՚աղօթեն. յետոյ կէս գիշերին թափօրով կուգան Երուսաղէմ, քաղաքին դուռները կը բացուին եւ ուղղակի կ՚երթան մատուռը եպիսկոպոսին հետ. հոն կ՚երգեն ու կ՚աղօթեն, երախաները եւ հաւատացեալները կ՚օրհնուին եւ կ՚երթան Ս. Յարութիւն միեւնոյն թափօրով:
       - Երբ Քառասնորդական պահքը կ՚սկսի, քահանաները մկրտութեան պատրաստուողներուն անունները կ՚րաձանագրեն հետեւեալ կերպով. Քառասնորդաց մերձաւոր կիրակի օրուան մօտ, երբ ութը շաբաթները կ՚սկսին մեծ եկեղեցիին` մատուռին` ճիշդ մէջտեղը աթոռ կը դրուի եպիսկոպոսին համար եւ քահանաներն աք անոր երկու կողմերը կը նստին աթոռի վրայ. եւ կղերիկոսները կարգաւ կը ներկայանան ու եպիսկոպոսը մկրտութեան պատրաստուողները իր ձեռքով կ՚արձանգրէ:
       - Քառասնորդաց օրերուն` երեախայից մկրտութեան կանոնը հետեւեալն է. կղերականները երախայից վրայ կը կատարեն երդմնեցուցչութեան արարողութիւնը. Ս. Յարութեան տաճարէն արձակումէն յետոյ, անմիջապէս եպիսկոպոսին աթոռը կը դրուի մեծ եկեղեցիին` մատուռին` մէջտեղը. եւ ամէնքն եպիսկոպոսին չորս կողմը կը նստին մկրտութենէն վերջ. եւ եպս. ը կ՚սկսի քարոզը. ժողովուրդն ալ կուգայ մտիկ ընելու: Սոյն մատրան մէջ, Մեծ պահոց օրերուն, եպս. ը Ծննդոց Գիրքէն սկսելով բոլոր Ս. Գիրքը կը բացատրէ ու կը մեկնէ:
       - Զատկի շաբթուն միեւնոյն եկեղեցիին կամ մատրան մէջ, սեղանին մէկ կողմը կը դրուի եպիսկոպոսին աթոռը, երախայք կուգան մի առ մի եւ եպիսկոպոսին ներկայութեան կ՚արտասանեն Հաւատամքը:
       - Եկեղեցեաց նաւակատիքի տօնը ութ օր հանդիսաւորութեամբ կը կատարուի այս մատրան մէջ:
      
       Մեր Ճաշոցին վերովրեալ տողերէն, ինչպէս նաեւ Դ դարու Էթէրիա կոյսի ուղեգրական այս մանրամասն ծանօթութիւններէն որոշ կը հասկցուի թէ Գողգոթայէն տարբեր եւ զատ հիմնարոկւթիւն մըն էր այս մեծ եկեղեցին կամ մատուռը, ուր տեղի կ՚ունենային տարւոյն որոշ օրերուն մէջ վերոյիշեալ պաշտամունքներն ու արարողութիւններ:
       Մեր Ձեռագիր Ճաշոցներուն մէջ յիշատակուած մատուռ բառը Ուխտաւորուհին յատկապէս կ՚անուանէ մեծ եկեղեցի: Տեղագարկան այս նիւթերով հետաքրքրուողները շատ անգամ չեն կրնար ըմբռնել թէ ո'ւր կը գտնուին այս մատուռ ըսուածը եւ ի'նչ յիշատակներու յատկացուած է: Պիտի ջանանք մեր այս տողերով բացատրել այս պարագան եւ յետոյ նկարագրել նոյն եկեղեցիին պատմականը: Մեր բացատրութիւնները տալէ յառաջ կարեւոր կը մահմարինք տեղագրական ճշդում մը ընել:
       Մեր Ճաշոցի վերի տողերուն մէջ ժողովին ի սուրբ մատրան ի քաղաքին բառերթ, թէեւ քիչ մը տարտամօրէն պարզուած, կը նշանակեն թէ տարւայն որոշ օերորւն մէջ հաւատացեալք կը հակաքուին Երուսաղէմացի ժողովրդեան յատուկ մեծ եկեղեցիին, այսինքն մատրան մէջ. այդ եկեղեցին էր քաղաքացւոց մատուռը, ուր կը խօսուէր եւ Ս. Պատարագ կը մատուցուէր. ի մի բան, կը կատարուէին այն ամէն արարողութիւնները, զորս Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացին իր ԻԱ. երախայական դասերուն մէջ կը պարզէ: Աւագ շաբաթի գիշերային բոլոր հսկումները հո'ն կը կատարութին: Այս իրողութիւնները ըստ բաւականի ցոյց կու տան թէ մատուռ ըսուածը սաղիմական ժողովրդապետութեան կրօնական կեանքին կեդրոնն էր: Ահա այս է պատճառը որ Ձեռագիր Ճաշոցը կ՚ըսէ ի սուրբ մատրան ի քաղաքին:
       Այս մեծ եկեղեցին կամ մատուռը Գողգոթային ճիշդ ետեւի կողմը (post crucem) կը գտնուէր. եւ Էթէրիայի համաձայն, մեծ կը կոչուէր այն պատճառաւ որ մերձակայ շէնքերէն աւելի մեծ էր: Բուն Գողգոթան ժառյի կտոր մըն էր, որուն վրայ Յիսուս խաչուեցաւ. այդ ժայռին վրայ հաստատուած էր պատուական քարերով զարդարուած արգադիր խոշոր խաչ մը, որ միշտ կը մնար հոն. հաւատացեալները եւ ուխտաւորները հոն կը կատարէին իրենց ուխտը. եկ երբեմն Խաչին առջեւ (ante crucem) տեղի կ՚ունենային խաչի տօնական հանդիսութիւնները, որոշ օրերու մէջ, ինչպէս որ տեսանք վերեւ: Գողգոթան տանիք չունէր. բացօթեայ էր. երկու կողմը միայն կային կամարակապ սրահներ, եւ ժողովուրդը պաշտամունքի ժամանակ կը կենար այն տեղը եւ վերջնոյս անբաւականութեան պարագային` քովի հրապարակը կը տեղաւրուէր: Ինչպէս մեր Ճաշոցը, նոյնպէս Ուխտաւորուհին` մատուռ անունը կու տան Գողգոթայի ետեւը շինուած եկեղեցիին: Այս մատուռը ունէր երկու դուռներ որ թոյլ կու տային ժողովուրդին տարարողութեան ժամանակ անարգել կատարելու իր երթեւեկը. տեղի անձկութեան պատճառաւ հաւատացեալները կը խռնուէին հարաւի կողմէն մատրան կից կողմնակի սրահներուն մէջ. մինչ կղերը կրնար մնալ մատրան մէջ: Մատրան մասնակի երկու արարողութիւններն էին Աւագ հինգշաբթի երեկոյեան պատարագը եւ Աւագ հակատացեալներու յարգանքին համար տ տես կը դորւէին խաչի արձանագրութեան տախտակը, Իսրայէլի թագաւորաց օծման եղջիւրը եւ Սողոմոնի կնիքը, ինչպէս կը կարդանք Էթէրիայի Օրագրութեան մէջ:
       Սակայն Եւսեբիոս մատուռ անունը կը գործածէ Քրիստոսի Գերեզմանին վրայ կառուցուած բուն իսկ Ս. Յարութեան տաճարին համար, յենլով ա'յն պատճառին թէ գերեզմանի մը վրայ հիմնուած նուիրական շէնքը պէտք է կոչել մատուռ կամ վկայարան: Բայց այս մասին Եւսեբիոսի հատուածը շատ վճիտ չէ. միեւնոյնը կը հասկցնեն Աթանաս եւ Յերոնիմոս, ինչպէս նաեւ Կիւրեղ Երուսաղէմացին` յենլով Սոփոնիայի մարգարէութեան վրայ . 8): Բայց Էթէրիայի հետ կը միանայ Սողոմենոս եւ կը յարէ թէ «մեծ մատուռն է այն տաճարը, որ շինուած է Երուսաղէմի մէջ, Գողգոթայի վրայ»:
       Չորրորդ դարու վախճանին սակայն, ամէն ինչ յստակ է: Կ՚որոշուին երկու տաճարները, «Ս. Եկեղեցին, որ Գողգոթայի վրայ շինուած է եւ զոր կը կոչեն մատուռ», եւ «այն Ս. Եկեղեցին` որ է Անաստասիս», այսինքն «ա'յն տեղը ուր մեր Տէրը իր չարչարանքներէն յետոյ յարեաւ ի մեռելոց». ասոնք այն երկու եկեղեցիներն են որ միեւնոյն օրը սրբագործուած են, ըստ ուղեգիր Ուխտաւորուհիին:
       Գողգոթայի բլուրը իբր եկեղեցի չէր նկատուած. վասն զի ան գրաւած էր մեծ անդաստակին մէկ անկիւնը, գուցէ Ներբող Կոսատնդիանոսի անուն գրուածքին մէջ երեւնայ յիշատակարաններու երկուութիւն մը, անո'ր համար որ Եւսեբիոս կը խօսի Փրկչին մատրան նուիրուած աղօթքի «աղօթքի տան», այսինքն «անկորնչելի յիշատակարանով մը զեղուն գերեզմանին», եւ Փրկչին Նշանին նուիրուած տաճարաին, նոյն իսկ մահուան վրայ Փր կչին տարած յաղթանշանի (trophee) մասին: Ընդհանուր գրուածքին մէջ Նշան եւ Քրիստոստ յղթանշան բառերը կը նշանակեն խաչը եկ հաւանաբար չարչարանաց ուրիշ գործիքներն, ինչպէս բեւերռները, որ կը յիշատակուին Ամբրոսիոսի օրերէն: Ուրեմն մերելի է եզրակացնել թէ սկիզբէն խիստ բնական բաժանում մը կատարուած էր կոստանդիանոսեան շինուածքներուն մղջ, այնպէս որ կարելի կ՚ըլլար զատ զատ հաստատութիւններ նկատել Քրիստոսի Յարութեան եւ Անոր Չարչարանաց սրբավայրերը: Չորրորդ դարու վախճանին` Մատուռ ըսելով կը հասկցուէր չարչարանաց եւ մարտիրոսութեան նշանակութիւնը. վասն զի այս անունը կը տրուէր Գողգոթայի եկեղեցիին. մինչ Ս. Գերեզմանին բոլորաշէնը (rotonde) կը պահէր միայն Anastasisի տիտղոսը: Ուխտաւորուհին իր Օրագրութեան մէջ մատրան յիշատակութեան առթիւ ըստ կամս, կ՚եւալցնէ հետեւեալ բացատրութիւնը, որ շինուեցաւ Կոստանդիանոս կայսրէն: Զ դարէն վերջ հիմնադրին այս յիշատաը այնպէս մը կ՚ամրանայ որ մատուռին տիտղոսը կ՚անյայտանայ Մայր եկեղեցի Կոստանդիանոսի, Ս. Կոստանդիանոս եկեղեցի անուններուն պատճառաւ: Ան կը կոչուի միեւնոյն ժամանակ Գիւտ Խայի եկեղեցի: Ժամանակակից ուղեգիր ուխտաւոր մը կը գրէ. «Դուք կը մտնէք ա'յն եկեղեցին, ուր գտնուեցան երեք խաչերը որ հոն թաղուած էին»:
       Հեղինակներ եւ ուղեգիրներ կ՚ըսեն թէ մատրան մէջ զետեղուած էին խաչը, ինչպէս նաեւ Չարչարանաց միւս գործիքները` որ Ե. եւ Զ. դարերուն աւելցան միակ նուիրական մասունքին քով: ՀԱւանական յի թուիր որ ճշմարիտ խաչին մասունքը խաչին ետեւի դահլիճին (exedre) մէջ սովորական եղանակաւ մը պահուած ըլլայ: Այս եկեղեցիին մէջ Աւագ ուրբաթ օրը կատարուած խաչի երկրպագութեան առթիւ կը բերուէր մասնատուփը (reliquaire), ուր կը գտնուէր կենաց փայտը: Ուրեմն ան ուրիշ տեղ մը կը պահուէր, ինչպէս նաեւ խաչին արձանագրութեան տախտակը: Իսկապէս ան կը պահուէր կոստանդինեան մայր եկեղեցիին, այսինքն մատրան անդաստակին աւանդատան մէջ: Հին յուշագրութիւն մը (Տե'ս Brevarius) կ՚ըսէ թէ «այս եկեղեցիին դրան ձախ կոմղը կը գտնուէր ա'յն աւանդատունը, ուր պահուած էր մեր Փրկչին խաչը»: կ'երեւի թէ աւանդատունը մօտ էր մատրան գաւիթին: Սողոմոնին կնիքը, Դաւթի օծման եղջիւրը, սկուտեղը, որուն վրայ դրուեցաւ Յովհաննէս Մկրտչի գլուխը` կը տեսնուէին Գողգոթայի մէջ, հաւանաբար խաչին ետեւը (post crucem): Բայց մատրան մի ուրիշ աւանդատան մէջ էր որ ուխտաւորները կը յարգէին եղեգը, սպունգը, եղնգնաքար բաճակը, զոր Յիսուս գործածեց վերջին ընթրեաց ժամանակ, եւ շատ մի ուրիշ մասունքներ: Ի մխիթարութիւն ուխտաւորաց կը խմցնեէին պահուած սպունգէն քմաուած ջուրը: Ս. Գերեզմանին երկրորդ ժամանակաշրջանին ճշգրիտ տեղեկութիւնները կը թոյլատրեն մեզ այս աւանդատունը դնել նոյն Բասիլիքայի վերնայարկը: Մատրան մինչեւ հարաւային արեւելեան անկիւնը նուիրուած էր Յիսուս Քրիստոսի մասունքներուն. հիւսիսային արեւելքը ընծայուած էր Ս. Կուսին: Հոն կը պահուէին իրեն վերաբերեալ գօտին եւ վարսակալը: Վերնայարկին մէջ Չարչարանաց գործիքները աւանդատան մէջ կախուած ժամանակ Ս. Աստուածածնի մեծ նկարը կը ցուցադրուէր հոն ա'յնպիսի կերպով մը որ արեւելեան անդաստակը մտնող հաւատացեալները կարենային վարէն տեսնելու զայն: Մարիամ Եգիպտացիին պատմութեան մէջ այս նկարը ստացած է տիեզերական համբաւ մը: Յայտնի է այն դերը, զոր ան կատարեց մեղաւորութիին զղջումին մէջ: Այս պատկերը ըստ մեզ կը կոչուի Երաշխաւոր Ս. Աստուածածին:
       Ս. Գերեզմանի շէնքերուն բուն կոստանդիանոսեան շրջանը կը փակուի 4 Մայիս 614ին, այն օրը երբ Պարսիկները Ս. Քաղաքը արշաւեցին, սրբավայրերը հրդեհեցին եւ սրէ անցուցին այն անձերը որոնք հոն ապաստանած էին: Երբ պարսիկ բանակին զօրապետը հրամայեց կոտորածը եւ հրեհը դադրեցնել, Ս. Յարութեան եկեղեցիին մէջ գտնուեցան 212 դիակներ, 83 բոլորաշէնի կանանց կողմը, 80 Գողգոթայի անդաստակի մէջ: Տարուեցան շատ գրիներ, որոնց գլուխը կը գտնուէր Զաքարիա պատրիարքը: Միեւնոյն ժամանակ արշաւողները իբր յաղթանշան հետերնին տարին աւանդատան մէջ պահուած Խաչը եւ եկեղեցիներու հարսուտ կարասիները: Այս բոլորը կատարուեցան քանի մը օրուան մէջ: Պարսկական այս ահռելի քանդումները եւ աւերածները երեւակայել կու տան թէ Ս. Յարութեան տաճարը, Գողգոթան եւ Մատուռը որչափ խղճալի վիճակ մը կը ներկայացնէինկիրի վերածուած իրենց պատերով, փլփլած տանիքներով եւ քանդուած զարդարանքներով: Ո՞վ պիտի տար այս աւերակոյտին իր երբեմնի պայծառութիւնը: Այլ եւս հեռի էր Կոստանդիանոսի ճոխութեան թուականը: Կայսերական վանձը հազիւ կը բաւէր հողային պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւններուն: Բայց չէի՞ն կրնար արդեօք փորձ մը ընել` վերականգնելու համար քրիստոնէութեան այս ամենապատուական սրբավայրերը: Առանց յաւակնութիւն ունենալու նախկին շինուածքին մեծվայելչութեան, կրնային ընդ փոյթ յարդարել կամ կանոնաւորել զանոնք: Շէնքերուն մեծագոյն մասերը, այսինքն պատերը, սիւնաշարքը, դրանց դրանց բարաւորները եւ փեղկերը, առանց խօսելու ժայռուտ մասերուն վրայ, ինչպէս Քրիստոսի Գերեզմանը եւ Գողգոթան, հրդեհէն վերջը կը պահէին իրենց գոյութիւնը. անգամ մը փլածներուն աւերակոյտը մաքրելէ յետոյ, կը մնար շատ տեղեր վերանորոգել, ինչպէս պատերուն շիրիշակը (revetement(, վնասուած սալայատակները, վերաշինել տանքները եւ բոցերէն զափուած շէնքերը: Ս. Թէոդոսի վանքի մեծաւոր Մոտեստոսը ձեռք զարկաւ մը սկսաւ վերաշինել որ կարելի եղաւ պահել կոստանդիանոսեան շինուածքին էական մեծ գիծերը:
       Մոտեստոսի վերանորոգած էական սրբավայրերուն մէջ կը գտնուէր նաեւ կոստանդիանոսեան մեծ եկեղեցին կամ Մատուռը: Մատուռ անունը վերանորոգութնէն վերջ ընդ փոյթ անհետացաւ. բայց Է. դապրու ուխտաւորներոը կը յիշեն նոյն անունը: Այնպիսի համոզում մը կար թէ բոլոր այս յիշատակարանները կը պահէին համոզում մը կար թէ բոլոր այս յիշատակարանները կը պահէին իրենց նախնական յատակագիծը եւ իրենց նախնի ժամանկներուն վիճակը, թէ անոնք կը պահէին ոչ միայն իրենց անունը` այլ նաեւ վերանորոգչին գործը բոլորովին մնացած է լռութեան մէջ: Տարուեցան շատ գերիներ, որոնց գլուխը կը գտնուէր Զաքարիա պատրիարքը: Միեւնոյն ժամանակ արշաւանքները իբր յաղթանշան հետերնին տարին աւանդատան մէջ պահուած Խաչը եւ եկեղեցիներու հարուստ կարասիները: Այս բոլորը կատարուեցան քանի մը օրուան մէջ: Պարսկական այս ահռելի քանդումները եւ աւերածները երեւակաել կու տան թէ Ս. Յարութեան տաճարը, Գողգոթան եւ Մատուռը որչափ խղճալի վիճակ մը կը ներկայացնէին կիրի վերածուած իրենց պատերով, փլփլած տանիքներով եւ քանդուած զարդարանքներով: Ո՞վ պիտի տար այս աւերակոյտին իր երբեմնի պայծառութիւնը: այլ եւս հեռի էր Կոստանդիանոսի ճոխութեան թուականը: Կայսերական գանձը հազիւ կը բաւէր հողային պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւններուն: Բայց չէի՞ն կրնար արդեօք փորձ մը ընել` վերականգնելու համար քրիստոնէութեան այս ամենապատուական սրբավայրերը: Առանց յաւակնութիւն ունենալու նախկին շինուածքին մեծվայելուչութեան, կրնային ընդ փոյթ յարդարել կամ կանոնաւորել զանոնք: Շէնքերուն մեծագոյն մասերը, այսինքն պատերը, սիւնաշարքը, դրանց բարաւորները եւ փեղկերը, առանց խօսելու ժայռուտ մաեսրուն վրայ, ինչպէս Քրիստոսի Գերեզմանը եւ Գողգոթան, հրդեհէն վերջը կը պահէին իրենց գոյութիւնը. անգամ մը փլածներուն աւերակոյտը մաքրելէ յետոյ, կը մնար շատ տեղեր վերանորոգել, ինչպէս պատերուն շիրիշակը (revetement), վնասուած սալայատակները, վերաշինել տանիքները եւ բոցերէն լափուած շէնքերը: Ս. Թէոդոսի վանքի մեծաւոր Մոտեստոսը ձեռք զարկաւ այս գործին: Նոր Զորաբաբելը նոր սրբավայրը այն կերպով մը սկսաւ վերաշինել որ կարելի եղաւ պահել կոստանդիանոսեան շինուածքին էական մեծ գիծերը:
       Մոտեստոսի վերանորոգած սրբավայրեուն մէջ կը գտնուէր նաեւ կոստանդիանոեան մեծ եկեղեցին կամ Մատուռը: Մատուռ անունը վերանորոգութենէն վերջ ընդ փոյթ անհետացաւ. բայց Է. դարու ուխտաւորները կը յիշեն նոյն անունը: Այնպիսի համոզում մը կար թէ բոլոր այս յիշատակարանները կը պահէին իրենց նախնական յատակագիծը եւ իրենց նախնի ժամանակներուն վիակը, թէ անոնք կը պահէին ոչ միայն իերնց անունը` այլ նաեւ վերանորոգչին գործը բոլորովին մնացած է լռութեան մէջ:
       Մինչ Արգուլֆ եպս. յիշէ Մատուր իբր կոստանդիանոսէ մէկ աշխատութիւնը. Փոտոս մը Գերեզմանի իր նկարագրութեան մէջ միտքը սեւեռած է միայն Ս. Հեղինէի: Արդէն յիշեցինք թէ Գողգոթայի մեծ եկեղեցիին նշանակութեան մասին Զ. դարէն մրցում մը կար Կոստանդիանոսի անուան եւ Մատուռ յորջորջումին մէջ: Թ դարէն սկսեալ հիմնադիրին անուանակոչութիւնը կը զօրանայ: Երբ կը կարդացուի Ս. Կոստանդիանոս, պէտք է հասկնալ Մատուռը: Երկու տիտղոսներն ալ` որ անցելոյն կը նկատուին իբր միութեան գնծ մը, կը անշանակեն կաթողիկէ, որ համազօր է Էթէրիայի մեծ եկեղեցիին, եւ կը յիշեցնէ Կոստանդիանոսէ առ Մակար գրուած նամակին բառագիտութիւնը: Ինչ անունով ալ մկրտենք, Մատուռը ամէնուն համար Գի ւտ Խաչի սրբայրն է: Գեղեցիկ սանդուխէ մը կ՚իջնէր Սոփրոնիոս պատրիարք այն տեղը «ուր պատկառելի Հեղինէ թագուհին գտաւ կենաց փայտը», ինչպէս կը գրէր ան իր Անակրէոնեան տաղերուն մէջ: Եպիփան վանականը Յովսէվ Արիմաթացիի տան տեղւոյն տակը ցոյց կու տայ քառասիւն յիշատակարան մը, ուր Թագուհին աղջկան մը վրայ կատարեց երեք խաչերուն փորձը: Նոյն վանականին այս հատուածը պէտք է նկատել Ս. Հեղինէի ստորերկրեայ մատրան (crypte) ճարտարապետական ձեւին հնագոյն յիշատակութիւնը: ձեւ մը որ հետագայ վերանորոգութիւններու ժամանակ խղճմտօրէն յարգուած է: Մեծ եկեղեցիին կամ Մատրան մէկ գետնափոր տեղւոյն մէջ է ուր կը թաղուէին Երուսաղէմի պատրիարքները: Խաչի գիւտին ժողովրդային պատմութիւնները Գողգոթայի տեղւոյն նախնական իմաստը ընադարձակած` այս անունը կու տային նաեւ Գիւտի տեղւոյն համար: Այս պատճառաւ է որ երբեմն Մատուռը տեղականացած է Գողգաթայի մէջ, ինչպէս Դ. դարուն:
       Ս. Կաստոնդիանոսի եկեղեցին միշտ ա'յն ընդարձակ պազիլիքան է որուն մեծավաելոչութիւնը նախնի հեղինակները կը փառաբանէին 614էն յետոյ: Մոտեստոսի նշխատութիւններուն աւարտումէն քիչ յետոյ, 630ին, Սոփրոնիոս զոր յիշեցինք վերեւ, շատ կը հիանայ անոր նոր պայծառութեանը համար: Ան ունէր 65 կամ 75 սիւնր` վարի եւ վերի շարքերուն բաժնուած: Բնակելի սենեակները կը բացուէին վերի սրահներուն վրայ, որ Մոտեստոսի ժամանակ կը կոչուէին վերի դասատեաններ: Շէնքին բաժանումը կատարուած էր տեղական ծէսերու համաձայն, ինչպէս նոյն ժամանակի միւս եկեղեցիները. կոզակը կը պարունակէր եպիսկոպոսին աթոռը եւ քահանայից նստարանը, կիսաշրջանակային պատին դէմ յարմարցուած. սեղանը յարդարուած էր այն մեծ կամարին տակ որ կը բանար կոզակի կոնքը (conque), արեւելեան կողմը բարձրը շինուած էր ամպիոնը, դասին մէջ կային երգեցիկներու նստարանները, վերջապէս ատեանը (naos) ուր կը հաւաքուէին պարզ հաւատացեալները: Ինչպէս ամէն տեղ, հոս ալ գլխաւոր դուռը կը կոչուէր Թագաւորկան Դուռն. այս դրան երկու կողմը, դահլիճին մէջ կը պահուէին մասունքները: Հարաւային տաղաւարը, ինչպէս նախընթաց շրջանին, յատկացուած էր Փրկչին յիշատակներուն եւ հիւսիսայինը` Ս. Կուսին:
       21 Մարտ 628ին Հերակլ յաղթականօրէն Երուսաղէմ կը բերէր Խաչին նշանաւոր մասունքը զոր Պասիկները 614ին յափշտակած էին: փղշտացւոց մօտ պաշտպանուած տապանակին նման մասունքը կը վերադարձնեն տակաւին կնքուած մնացած սնտուկովն. եւ բանսատիեղծն Սոփոնիոս որ իր քերթուածներուն մէջ անոր փառաշուք վերադարձը ներբողած էր, խանդավառութեամբ կը փութայ երթալու Մատուռը, մեծարելու համար զայն: Ս. Քաղաքը իսկոյն կը զրկուի այս գանձէն, եթէ պէտք է հաւատալ ժամանակագիր Թէոփանէսի, 633ին, կը գրէ ան. Հերակլ արաբական արշաւանքներու ենթարկուելով` կենայց փայտը Պոլիս փոխադրեց, վերանականպէս լքելով Սիւրիան: Այս տեղեկութիւնը կը թուի հաստատել Երուսաղէմի մէջ Խաչին ներկայութեան վրայ Արգուլֆ եպս. ին լռութիւնը եւ Բիւզանդիոնի մէջ ճշմարիտ Խաչին երեք մասւոնքներուն յիշատակութիւնը: Մին հոն կը գտնուէր Կոստանդիանոսի օրերէն, երկրորդը 374ին Աբամիայէն ստացուած, երրորդն էր Երուսաղէմինը: Այս թուականէն յետոյ Ս. Քաղաքը կ՚օժտուի դարձեալ նշանաւոր մասունքով մը. եւ այս ըստ բաւականի կ՚ապացուցուի Վերացման խաչին արարողութեամբ, իններորդ դարուն Խաչի պահպանի մը գոյութեամբ, Աւագ ուրբաթ օրը, թանկագին Խաչին պաշտամունքովը: Հերակլի մեկնումէն յետոյ, կը թուի թէ Խաչին մասունքը չէր ցուցադրուէր հաւատացելոց մասնաւոր երկրպագութեան: Մատուռին վերի յարկին մէջ կը պահուէին եղէգը, Ս. Գեղարդը, յետոյ աւելի ուշ, քացախին եւ լեղւոյն բաժակը, ոտնլուայի կոնքը, սպունգը, փշեայ պսակը եւ վարշամակը որ ցոյց կը տրուէին ուխտաւորներուն: . Հեղինէին գիւտը յաւերժացնելու համար երեք խաչեր հաստատած էին Մատուռին ճակատին դիմաց, անդաստակին դռնաքիւին (auvent) տակ: Է. դարուն այս խաչերէն միոյն վրայ հաստատուեցաւ Ս. Գեղարդը:
       Ժ. Դարուն, արաբական յաճախակի արշաւանքներուն հետեւանքով, Մատուռին արեւելեան անդաստակը ծանր փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ: 935ին կոստանդիանոսեան պազիլիքայի դահլիճին կէսբը մզկիթի փոխարկուած էր, այն պատրուակով որ 638ին Երուսաղէմը գրաւուած ժամանակ, Օմար Խալիֆան աղօթած էր «այն սանդուխին վրայ որ կը գտնուէր Ս. Կոստանդիանոսի եկեղեցիին դրան մօտ, արեւելեան կողմէն»: Անդաստակին մնացեալ կէսը որ իսլամներէն ազատ ձգուած էր, 966ին եղաւ տխուր եւ ահաբեկիչ սետարանի մը թատրը` որ գուշակել կու տար 1009ին պատահելիք մեծ աղէտը: Եկեղեցիին թշնամիները հաւաքուեցան Ս. Կոստանդիանոսի դռներուն առջեւ եւ հրդեհեցին զանոնք եւ պազիլիքայի տանիքը եւ Բոլորոշէնի գմբէթը այրեցան: Յովհաննէս պատրիարքը, որ Ս. Յարութեան տաճարին իւղի նկուղին մէջ ապաստանած էր, բռնեցին եւ այրեցին Ս. Կոստանդիանոսի գաւիթին մէջ: Այս յարադէպերը Մատուռի շէնքի մասին ա'յնքան շահագրգռութիւն կ՚ընծայեն որքան պատմական տեղեկութիւնները: Անոնք թոյլ կու տան մեզ հաստատել թէ մեծ եկեղեցիին մէջ ոչինչ փոխուած է, ինչպէս Մատուռին անդաստակը, արեւելեան մեծ դռները, փողոցը առաջնորդող սանդուխները, եւ առաջին շինութեան բոլոր տարրերը վերստին կ՚երեւին հոն:
       Թ. դարու երկրաշարժը, Ժ. դարու հրդեհներն եւ աւարառութիւնները Մոտեստոսի կողմէն վերանորոգուած կոստանդիանոսեան հնագոյն վերաշինութեանց ոեւէ դժբախտութիւն մը չէին խնայած: Ցաւալին այն է որ դարուն տիրող հալածանքներուն պատճառով վնասուած շնքերուն կատարեալ նորոգութեան համար դրամ կը պակասէր: 966ի յարձակումներու ընթացքին քանդուած տեղերու վերաշինութեան համար Երուսաղէմի եկեղեցին երկար սպասեց: Ս. Յարութեան տաճարը եթէ տասը տարի վերջը կարողացաւ իր նոր գմբէթը կառուցանել, Մատուռին կամ Ս. Կոստանդիանոսի եկեղեցին քսան տարիէն աւելի սպասեց նոր տանիք մը ունենալու համար, «վասն զի, կ՚ըսէ Եահեա ժամանակագիրը, շատ ընդարձակ էր»: Բայց եւ այնպէս, այս դժուարին կացութիւնը ո'եւէ խոչընդոտ չըբերաւ ա'յն ուխտաւորութիւններուն որ ընդհակառակը շատացած էին այն հուրի եւ սուրի դարերու մէջ: Քրիստոնէութեան թշնամիները, պատմիչներուն ըսածին նայելով` շահագործեցին ուխտաւորական այս շարժումները եկ գրգռեցին Հաքէմ խալիֆային երեւակայական կասկածոտութիւնը, եւ սուլթանին միտքը նախապաշարեցին ըսելով թէ «եթէ ինքը չփութար կործանելու քրիստոնէից վեհագոյն տաճարը, անոնք չպիտի յապաղէին յարձակելու իր իշխանութեան վրայ եւ կոպտելու զայն իր բոլոր պատիւներէն»: Կետրենոս աւելի ճշմարտանման է սնոտի պաատճառներու վերագրելով քրիստոնէից դէմ ուղղուած հալածանքը իշխանի մը` որուն անգութ արարքները առասպելի ձեւ ստացած են արաբ հեղինակներու մօտ: Հաքէմ սկսաւ իր հալածանքներու շարքը 1008ին հրատարակած այն հրամանովը որ կ՚արգիլէր Ծաղկազարդի թափօրը Երուսաղէմի եւ իր բոլոր խալիֆայութեան մէջ: Անոր բռնապետական գործերուն լրումը եղաւ երբ հրամայեց քանդել Ս. Գերեզմանը: Այս յանդգնութեան պատրուակը եղաւ, ըստ իսլամ պատմագիր Մուճիր էտ - տինի որ կը ջանայ արդարացնել, «Սուլթանին տրուած տեղեկագիր մը ի մասին այն սովորութեան զոր ունէին քրիստոնեայք Զատկի օրը խաբեութեամբ լոյս հանելով, այնպէս որ պարզամտիները կ՚երեւակայեն թէ երկինքէն լոյս կ՚իջնէր», բայց խալիֆան այնքան նախանձաւոր մէկը չէր որ վիրաւորուէր այդպիսի արարողութենէ մը: Ինչ որ ալ ըլլայ, Հաքէմը` Եգիպտոսի Ֆաթիմեան երրորդ խալիֆան` Փրկչին Գերեզմանը քանդելու խորհուրդը յղացաւ, գրեց իր փոխանորդին Պարուքի որ Ռեմլէ կը գտնուէր նոյն օրերը, քանդել Ս. Յարութեան տաճարը, մինչեւ անգամ անհետացնել հետխերը, հիմնայատակ կործանելով զայն: Պարուք ղրկեց իր մարդերը որ եկան յարձակեցան եկեղեցիին եւ յարակից շէնքերուն վրայ եւ ամբողջութեամբ կործանեցին, բացի անոնցմէ` որոնց քանդումը դժուար էր: Կորանեցին Գողգոթան եւ Ս: Կոստանդիանոսը իրենց բովանդակութիւններով եւ նոյն իսկ նուիրական հիմերը անհետացուցին: Իպն Ապի Տահէրը` յարձակողներէն մին` կործանեց Ս. Գերեզմանը (Մովապէրէ էլ- Մագգատտասահ) եւ ջնջեց հետքը: Քանդումը սկսաւ երեքշաբթի, 400ին Սէֆէր ամսուն վախճանէն հինգ օր յառաջ. գրաւեցին բոլոր միւլքերը եւ վագֆնեը, վերցուցին տարին կարասիները ոսկեղէն եւ արծաթեղէն անօթներով:
       Այս քաին մը տողերով է որ Եահեա Իպն Սայիտ կը պատմէ անհետացումը կոստանդիանոսեան կառուցուածքներուն` որ հակառակ բազմաթիւ փոփոխութիւններուն, տակաւին հպրատօրէն կանգուն կը մնային ԺԱ. դարու արշալոյսին: Պատմիչին այս կարեւոր հատուածին տարերքը արժանի են որ մի առ մի կշռադատուին: Եթէ այս վանտալական արարքը համեմատութեան դնենք 614ին Պարսից կողմէն ի գործ դրուած հրդեհումին, պէտք կ՚ըլլայ խոստովանեիլ թէ վերջին քանդումը աւելի արմատական էր: Այս վերջինը չէր նմաներ կրակի մը` որ այրեց ինչ որ փայտ է եւ կերպաս, առանց խորտակելու շինուածքները. այլ քանդումի ձեռնարկ մըն էր ան պաղարիւնութեամբ հաշուուած եւ կանոնաւորութեամբ գործադրուած: Սակայն պէտք է մտածել թէ քանդիչներուն գործը դիւրառիկ բերդի մը հետ չէր, այլ հռովմէական հզօր շինուածքի մը` որ ընծայեց դիմադրութիւնը մը, որու մասին գուցէ չէին անդրդադարձած: Տանիքները փլցուցին, պատերը թագատեցին իրենց վերի վիմաշարքերէն: Բայց երբ պատերուն աւելի վարը իջան, գործը այնքան դժուարացաւ, որ լքեցին զայն: Հրաժարեցան քակելէ Բոլորաշէնիժայռին յեցած խոշոր քարերը, ինչպէս նաեւ ուրիշ շէնքերու վարի մասերը: Ժամանակագիրին ըսածին նայելով ամէն ինչ քանդեցին մինչեւ հիմերը, բացի այն մասէն` որուն քանդումը դժուարին էր: Մուճիր էտ- տին յետոյ միեւնոյնը պիտի ըսէ սրբավարյին հետագայ վերաշինութեան առթիւ. «Կ՚երեւի թէ, կ՚եզրակացնէ, քանդումը ամբողջական չէր, սակայն մեծագոյն մասը կործանուած էր. Աստուած գիտէ ճշմարտութիւնը»:
       Գիտնալով որ Քրիստոսի Գերեզմաննը էր որ պատճառ կ՚ըլլար այս գեղեցիկ շէնքերուն կառուցման եւ թէ քրիստոնէից բարեպաշտութիւնը արուետին բոլոր գեղեցկութիւններէն վեր կը դասէր զայն. քանդողները մասնաւոր սաստկութեամբ յարձակեցան: Անոնք երկաթէ գործիքներով խորտակեցին անոր ժայռուտ պատկերը: Արաբ ժամանակագիրը այս գործողութիւնը կը բացատրէ նաքար բայով, որ կը համապատասխանէ քարահատի աշխատանքին: Իսկ Եահեա պատմագիրը ապահովաբար աւելի ճշմարիտ կ՚երեւնայ երբ կ՚ըսէ թէ Գերեզմանին քարերուն մեծագոյն մասը խորտակեցին եւ կտորներն ալ վերցուցին: Այս խօսքը կը նշանակէ թէ Գերեզմանէն ուրիշ բան չմանց, բայց միայն անոր պատերուն ստորին մասը եւ Գերեզմանին տեղը, ինչպէս կը տեղեկացուի յետնոց վկայութիւններէն:
       Հաքէմի այս ընդհանուր քանդումներուն մէջ կործանեցան Ս. Յարութեան տաճարը, Գողգոթան եւ Մատուռը. վերջինը այլեւս չվերաշինուեցաւ, եւ բոլոր ուղեգիրները կը հաստատեն այս պարագան: Ս. Յարութեան վերանորոգութենէն վերջ Երուսաղէմի ժողովրդապետական եկեղեցին նկատուեցաւ ան. արաբ իշխանութեան օրով Երուսաղէմի մէջ նուազած էր քրիստոնէից թիւը եւ պէտք ալ չէր մնաց կառուցանելու նոյն ժողովրդապետական եկեղեցին որ հազիւ կը բաւէր բիւզանդական դարերու հաւատացեալներու բազմութեան, եւ եթէ կառուցանելու պէտք ալ զգացուէր, դարձեալ կարելի չէր, քանի որ Ս. Կոստանդիանոսի անդաստակին մէջ Ժ. դարուն կառուցուած էր մզկիթ մը, որուն ճակատին վրայ քանդակուած էր նշանակալից ազդարարութիւն մը:
       Գրուածքիս խմբագրութեան առթիւ առաւելապէս օգտուած ենք հետեւեալներէն. 1. JERUSALEM NOUVELE, par les P. P. Hugues Vincent et F. M. Abel. T. Second. 2 . THE PILGRIMAGE OF ETHERIA.
      
       Գողգոթայի եկեղեցիին հայկական յիշատակները.
      
       Հաքէմի քանդած սրբավարյրերը երկար ատեն մնացին նոյն վիճակի մէջ, մինչեւ որ Կոստանդին Մոնամախօս գահ բարձրացաւ եւ ան 1042ին պատեհութիւն գտաւ վերականգնելու զանոնք: Որքան որ Երուսաղէմի քրիստոնեաները մեծ ուրախութիւն ունեցան այս վերանորոգութեաց համար, բայց դարձեալ տիրող կացութեան հետեւանքով կը մնային երկիւղի եւ սարսափի մէջ: Քիչ սնաց որ 1070ին վերստին քանդուէր Քրիստոսի Գերեզմանը. բարեբախտաբար Արեւմուտք զգաց վտանգը եւ Մոնամախօսի կառուցած շէնքերը 15 Յուլիս 1099ին յաղթապարնծ Խաչակիրներու ուրախութեան արցուքները եւ յաղթանակի երգերը ընդունեցին:
       Քրիստոսի Չարչարանց եւ Յարութեան սրբավայրերը տրամաբանօրէն երկու դասակարգ շէնքերու կը բաժնուէին. Ս. Գերեզմանը եւ անոր յարամասերը, Գողգոթան եւ յարակից մասերը:
       Մենք` ըստ մեր նիւթին, նախ պիտի բացատրենք այս թւականին վերանորոգուած Գողգոթայի եկեղեցին եւ յետոյ պիտի նկարագրենք հայկական յիշատակները նոյն եկեղեցիի վերաբերութեամբ: Գողգոթան միշտ ցոյց կը տրուի Ս. Յարութեան եկեղեցիին արեւելքը, համաձայն միեւնոյն մերձաւոր հաստատմուին` որ սարբավայրերու պատմութեան նախընթաց շրջաններուն մէջ յիշատակուած է: Ան Ս. Գերեզմանի մեծ եկեղեցիէն դուրս առանձին փոքրիկ շէնք մըն էր: Վերնայարկ աղօթարանը, որ կը ծածկէր Խաչելութեան ժայռը, զարդարուած էր գեղեցիկ մոզայիքներով որ կը ներկայացնեէին Խաչեալ Քրիստոսը իր ձախը ունենալով իր մայրը եւ աջէ` Ս. Յովհաննէսը: Մէկ կողմէն հարիւրապետը իր գեղադրովը կը ծակէ Յիսուսի կողը, մին ուրիշ կողմէն զինուոր մը եղէգի մը ծայրը անցուցած եւ քացախով լեցուցած սպունգը կը ներկայացնէ: Ժայռին գագաթը բաց թողուած էր, որպէս զի հրաշալի պատռուածքները երեւնային: Ստորնայարկ մատուռը մասամբ մը փորուած էր լերան ժայռին մէջ եւ Արեւմուտքցիները կը կոչէին զայն Գողգոթա, իսկ Արեւելքցիները նախամեծարութեամբ Տեղի Կառափելոյ (Cranion) կ՚անուանէին զայն, որպէս զի վերնայարկ եկեղեցիին վերապահեն Գողգոթա անունը:
       Խաչակրաց պատմիչ Տիւրոսի արքեպս., Կիյեօմ Տիւրացի, հետեւեալ կերպով կը նակարագրէ Գողգոթայի մասին Խաչակիրներու կատարած փոփոխութիւնները. «Լատիններու գրաւումէն առաջ Գողգոթան, կենդանարար Խաչափայտին գիւտին տեղը, Պատանատեղին, Հրէից սովորութեան համաձայն, Ս: Յարութեան եկեղեցիին շրջաբակէն դուրս կը մնային, բայց երբ մերինները (ԽԱչակիրք), ողորմութեամբ Աստուծոյ քաղաքը գրաւեցին զօրաւոր բազկաւ (in manu forti), նոյն շէնքը իրենց խիստ իեղ երեւեցաւ: Նախկին եկեղեցիին վրայ աւելցուցին հաստատուն եւ խիստ բարձր շինուածք մը, որ հին մասերը ամփոփելով միեւնոյն շէնքին մէջ կը բովանդակէր խնդրոյ նիւթ եղող տեղերը»: Պատմիչին այս խօսքերէն կը հասկցուի թէ ԺԱ. դարուն Լատինները Բոլորաշէնը գեղեցկաւոցին, առանց էական փոփոխութեան. արեւելքէն անոր կցեցին ճոխապէս զարդարուն հռոմէական եկեղեցի մը, Գողգոթան, Պատանատեղին, Գիւտխաչի մուտքը եւ Ս. Պարտէզին արեւելքը գտնուող նոյն իսկ փոքր արդադիր աղօթարանները մէկ յարկի տակ առին, կանգնեցին զանգակատուն մը. Խաչակրաց գործը մեծագոյն մասամբ այս կերպով կատարուեցաւ, այնպէս որ մինչեւ հիմակ նոյնը մնացած է, թէեւ քիչ մը կերպարանափոխուած: Խաչակրաց ժամանակ այլեւս Գողգոթան ուրոյն շէնք մը չէր, այլ միացած էր իր յարակից մասերով Ս. Յարութեան տաճարին. ուղեգիրներու նկարագրութենէն կը հասկցուի թէ Գողգոթայի մատուռը ունէր չորս կամարներ լայնշի սիւներու վրայ հաստատուած. կեդրոնի սիւնը` առանցքը բոլոր կառուցուածքին, շէնքը կը բաժնէր երկու որշ մասերու: Գողգոթայի սիւներուն, պատերուն եւ կամարներուն զարդարաքները միշտ աչքի կը զարնէին, ինչպէս ոռոստաղին, նոյնպէս յատակին վրայ գեղեցիկ նկարներ ուխտաւորաց ուշադրութեան առարկայ եղած են:
       1187ին երբ Խաչակիրները ստիպուեցան թողուլ Երուսաղէմը եւ Սալահէտտինի յաղթական բանակները գրաւեցին Ս. Երկիրը, Գողգոթայի եկեղեցին էր այն ինչ որ մենք կը տեսնենք այսօր, քիչ փոփոխութեամբ: Որպէս զի կարենանք մէջ բերել Գողգոթայի եկեղեցիին հայկական յիշատակները, հարկ կ՚ըլլայ ճշդել նոյն եկեղեցիին սեպհականութիւնը: Յայտնի կ՚երեւի թէ աւելի կանուխէն, ինչպէս արաբական սրբավայրերը ընդհանուր քրիստոնէութեան պատկանող վայրեր էին. պաշտամունք եւ արարողութիւնք ամէն քրիստոնեայ ազգեր ընկերակցաբար կամ առանձնաբար կը կատարէին որոշ ժամանակներու մէջ, ինչպէս յայտնի կ՚ըլլայ հին դարերէ ժառանգուած սաղիմական տօնացոյցներէ եւ ծիսարաններէ: Բայց պատմական ապացոյցներ մեզ կը փաստեն Դըւնեցի իսլամ յաղթականին տիրապետութեան օրերէն Տնօրինական ինչ ինչ սրբավայրեր մասնաւոր ազգերու սեպհականութիւն կը դառնան, որպիսին է Գողգոթան` որ հայ ազգին օրինական եւ դարաւոր մէկ հաստատութիւնն էր, ինչպէս ստորեւ պիտի կարողանանք պարզել: Նախկին դարերու մեր մատենագիրներէն Անաստաս վրդ., Մովսէս Կաղանկայտուացի, Սոկրատ պատմագրին թարգմանիչը, ինչպէս նաեւ Դաշանց Թուղթի հեղինակը Գողգոթայի մասին ակնարկութիւններ ունին, բայց ոնոնց տողերը չեն կրնար բացարձակօրէն պատմական արժէք ներկայացնել, յատյնի ըլլալով անոնց կարգ մը տեղեկութիւններուն տարտամ եւ ժամանակավրէպ բնութիւնը, սակայն եւ այնպէս յիշեալ պատմիչներուն նոյն տողերը կարելի է նկատել վաղնժական աւանդութեան մը նուաղկոտ արձագանգները:
       Ինչ որ ալ ըլլան նուաղկոտ ԺԴ. եւ ԺԵ. դարրու Գողգոթայի սեպհականութեան մասին տիրող պետութեան ապօրէն եւ անիրաւ որոշումները, հիմնաւոր է. ուստի մենք նախ այս հիմնաւորութիւնը պիտի հաստատենք եւ յետոյ պիտի ներկայացնենք նոյն դէպքերն ու անցքերը որ հայ ազգը զրկեցին իր նոյն դարաւոր եկեղեցիէն. եւ ի վերջոյ պիտի նկարագրենք Երկրորդ Գողգոթայի հաստատութիւնը, իսկական Գողգոթայի դիմացը:
       Առաջին ապացոյցը զոր մեզ կը հայթայթէ 1867ին, օտարական մըն է, Ս. Երկրին ֆրանսական նամակատան մէկ պաշտօնեան` Գարլօ Կիւրմանի, որ իր Question sur la propriete du couvent de St. Jasques a Jerusalem տետրակին վերջին տողերուն մէջ կը յիշէ թէ Հայերը Սալահէտտինէն գնեցին Քրիստոսի Ս. Գերեզմանը, համաձայն այն անկողմնակալ վկայութեան, զոր կը հայթաթյթէ մեզ Անշէնի աբբայարանի տարեգիրքը: Անշէնի բենեդիկտեան աբբայարանը հիմնուած է ԺԱ. դարուն Սքարբի (Ֆրանսա) կղզիներէն միոյն մէջ. նոյն լատիներէն յիշատակարանթ կը դնենք հոս նոյնութեամբ. "Armeni christieni, magno dato censi pretio. Sepulchrum dominicum sua ecclesia et templum a Salahadino redemerunt": Այս թանկագին յիշատակարանը կը յիշեն նաեւ մեր Երուսաէմի պատմիչներէն Սաւալան եւ Աստուածատուր եպս. առանց յիշատակելու աղբիւրը: Նոյն յիշատակարանին ճշդութիւնը մեր խնդրանաց վրայ կատարած է Դոմինիկեան գիտնական հայերէն մին եւ յատարարած է թէ այդ թանկագին յիշատակարանը իսկապէս մինչեւ այսօր գոյութիւն ունի Աշէնի աբբայարանի մէջ: Մենք վերեւ գրեցինք թէ Խաչակիրները Ս. Յարութեան բոլոր սրբավայրերը մէկ յարկի տակ ամփոփեցին, այնպէս որ Տնօրինական տեղերու յարկից մասերը ամբողջութիւն մը կը կամզէին, կեդրոնը ըլլալով Քրիստոսի Ս. Գերեզմանը: Կասկած չկայ թէ Հայք Սալահէտտինի ստանալով Քրիստոսի Ս. Գերեզմանը, սեպհականատէր կ՚ըլլային տեղւոյն կառուցուածքներուն. բայց կ՚երեւի որ Հայերը քրիստոնէական եղբայրասիրութեամբ առլցուն` Ս. Յարութեան տաճարին ամբողջութեան չուզեցին տիրանալ, այլ միայն նախընտրեցին Գողգոթան իրենց պահլ, թոյլ տալով միեւնոյն ժամանակ միւս քրիստոնէից իրենց ուխտը եւ արարողութիւննրը կատարելու: Հայեր որոշապէս սեպհականատէր դարձած են Գողգոթայի եկեղեցին. եւ երեք հարիւր տարիներ յետոյ նոյն սրբավայրը անիրաւաբար կը յափշտակուի Վրացիներէն: Երկար կ'ըլլայ հոս մէջ բերել յիշատակարանները այն գրչագրողներուն որ Գողգոթայի հայ եկեղեցիին մէջ ընդօրինակութիւննր կատարած են. միայն հետաքրքրութեան համար ձեռագրաց յիշատակարաններէ քաղելով կը դնենք ցանկը անոնց որ այդ կերպ աշխատանք ունեցած են հոն.
       1 . Վարդան վրդ. Բաբերդցի. 12 տարի կը մնայ Երուսաղէմ եւ Գողգոթայի համար կ՚ընդօրինակէ Ճաշու գիրք մը. 1365ին յիշեալը յետոյ կը դառնայ Կիլիկիայ եւ եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Կոստանդին կաթողիկոսէն:
       2 . Յովհաննէս Կրօնաւոր` 1416ին Ս. Գողգոթայի եկեղեցիին մէջ Աւետարան մը կ՚ընդօրինակէ Քաջբերունեաց Խառաբաստի վանահայրը Կարապետ վրդ. ի համար, որ ուխտի եկած էր նոյն միջոցին:
       3 . Մկրտիչ աբեղայ` լուսարար Ս: Յարութեան եւ Գողգոթայի, 1427ին ստացողը կ՚ըլլայ Կաթողիկեայց թղթոց մեկնութեան մէկ ձեռագրին:
       4 . Ներսէս Երէց` Երուսաղէի Մեսրոպ եւ Աբրահամ պատրիարքներու օրով (1445-1461) Երուսաղէմի մէջ կ՚ընդօրինակէ Գանձարան մը (անթուական) եւ իր յիշատակարանին մէջ կը յիշատակէ Գողգոթայի եկեղեցին:
       Այս եւ ուրիշ յիշատակարաններէն, ինչպէս նաեւ հրովարտակնրեէն կը հասկցուի թէ Գողգոթայի եկեղեցին մինչեւ ԺԵ. դարու կիսուն, թերեւս քիչ մըն ալ աւելի, կը մնար Հայոց Միաբանութեան սեպհականութիւնը:
       Վրացիք քրիստոնեայ ըլլալէ գրեթէ յիսուն տարի վերջ բազմութեամբ կու գային հաստատուիլ Ս. Երկրին մէջ. անոնցմէ մին` Պետրոս վրացին, եպիսկոպոսանալէ յառաջ, Երուսաղէմի մէջ եւ միւսները Յորդանանու աբերուն վրայ կը գտնուէին: Պրոկոպոսի համաձայն, Յուստինիանոս ալ վրացիները շահելու համար Երուսաղէմի մէջ կառուցած է Խաչավանքը, որ բերդանման հաստատութիւն մըն է: Ժամանակի ընթացքին Ս: Քաղաքին մէջ ունեցան նաեւ ուրիշ վանքեր ալ եւ տեղական քրիստոնէից մէջ գրաւեցին ազդեցիկ դիրք մը: Արաբական իշխանութեան եւ Խաչակրաց ժամանակ ծէեւ նուազեցաւ անոնց թիւը, բայց Մէմլուքներու իշխանութեան օրով Երուսաղէմի Վրացիները սկսած էին վարուի տիրաբար. յայտնի ըլլալով նոյն կովկասցի իշխանաւորներուն դրացնական սերտ կապակցութիւնը վրացի ժողովրդեան հետ ու անոնց շահու եւ այլ նիւթական յարաբերութեանց վիճակը, ինչպէս նաեւ վրացական թագաւորութեան դաշնակցութիւնը Եգիպտոսի Մէմլուք սուլթանութեան հետ: Վրացիք ԺԳ. եւ ԺԴ. դարերուն Ս. Երկրին մէջ ստացան առանձնաշնորհեալ կացութիւն մը եւ անոնք չափազանցօրէն բազմացան, վանական հաստատութիւննրը աւելի ճոխացան, անոնց ուխտաւորները Երուսաղէմ կը մտնէին մեծահանդէս եւ դրօշակ պարզած, որք եւ կանայք զինեալ վիճակով, եւ չէին վճարեր այն հողատուրքը զոր կը վճարէին ուրիշ ազգաց ուխտաւորները: 1240ին Ժագ տը Վիթրիի գրած տողերը խիստ նշանակալից են. Վրացիք տակաւ առ տակաւ Յունաց դիրքը կը գրաւեն Ս. Քաղաքին մէջ, վասն զի Մէմլուքները` ինչպէս Յոյները, նմանապէս միւս քրիստոնեաները հանգիստ չէին թողուր: Իշխանութեամբ եւ դիրքով զօրացած Վրացիք` նախանձու ոգւով լցուած` կ՚ուզէին յափշտակել Գողգոթայի հայկական եկեղեցին պարզապէս շահագործելով մէմլուք իշխանութեան իրենց նկատմամբ ունեցած եւ վերեւ պարզուած կապակցութիւնները: Մեր պատրիարքարանի արաբերէն վաւերագիրներու պարունակութենէն յայտնի կ՚ըլլայ որ Վրացիք 1316ին խլրտեցան յափշտակելու Գողգոթան. նոյնը կրկնեցին 1395ին. երկիցս կատարուած այս ապօրէն ձեռնարկներն անհետեանք մնացին Հայոց Միաբանութեան` Մէմլուք իշխանութեան մօտ կատարած ազդու դիմումներուն հետեւանքով. բայց Մէմլուքներու այդ շփացած դաշնակիցները առիթ կը փնտռէին իւրացնելու թէ' Ս. Յակոբի վանքը եւ թէ' Գողգոթայի Հայոց եկեղեցին. առաջին մասին բոլորովին մերժուեցան: իսկ արկրորդի համար թէեւ անիրաւ, բայց ամէն ապօրէն միջոցները գործադրեցին: Երուսաղէմացի Յովհաննէս եպս., այլ անուամբ Հաննէ, իր Երուսաղէմի ՊԱտմութեան մէջ ամփոփ կերպով կը պատմէ այս դէպքը առնելով ձեռագիր Յայսմաւուրքի մը յիշատակարանէն եւ Ս. Յարութեան Վերնատան եկեղեցիին պատին վրայ ագուցուած արձանագրութենէն, որ իր ժամանակ գոյութիւն ունէր, բայց այժմ ոչ: Հաննէի պատմութեան համաձայն` հետեւեալ կերպով տեղի ունեցած է այս դէպքը. 1439ին Եգպտացի Մարտիրոս պատրիարքին օրով, Եգիպտացի մեծ վաճառական մը Ղայիպի անուն` վաճառականութեան համար Վրաստան կ՚երթայ. ան շատ բարեկամ էր Եգիպտոսի սուլթանին. այս պարագան իմանալով Վրաց թագաւորը, ամէն ապօրէն միջոցներով կը սիրաշահի զանիկա եւ միջնորդ կը բռնէ սուլթանին մօտ, որպէս զի Գողգոթան Հայերէն առնու եւ տայ Վրացիներուն. Ղայիպի վրացի ծառաներ եւ աղախիններ իբր ընծայ կը բերէ սուլթանին, հանդերձ բազմագանձ հարստութեամբ, որ մեծապէս կը դիւրացնեն յափշտակութեան գործը. ու այս կերպով միայն Վրացիք կը տիրանան Գողգոթայի: Մարտիրոս Եգիպտացի պատրիարքը կը դիմէ սուլթանին որպէս զի ան ետ առնու այդ հրամանը ու Գողգոթան վերադարձնէ Հայ Միաբանութեան իր ջանքերը կը յաջողին եւ կրկին հրովարտակ կ՚ստանայ, բայց դարձեալ վրացի ոսկիներով կուրացած Ղայիպին կը թեքէ սուլթանին միտքը եւ կրկին Վրացիք Գողգոթան կը յափշտակեն. ըստ պատմութեան, ծերունի պատրիարքը հինգ Եգիպտոս կը ճամբորդէ արդարութիւն գտնելու համար, բայց ոսկիներուն փայլը եւ ընչաղցութիւնը պաշտօնական անձերը կը հեռացնէին արդարութենէ: Եւ Գողգոթան կը յափշտակուի: Այս խնդրոյն նկատմամբ գոյութիւն ունեցող սուլթանական հրովարտակները ստուգապատում վկաներ են եւ ճշդագոյն պատկերացումը կու տան նոյն ժամանակի վարդական եւ հանրդաին կեանքին:
       Անուղիղ ճանապարհով ստացուած յաղթանակները տեւական չեն կրնար ըլլալ: Վրացիներուն կողմէն Գողգոթայի յափշտակութեան համար ձեռք բերուած վճռագիրը Ս. Երկրին մէջ անոց համար կը բանայ անկումի եւ բարոյական խեղճութեան թուական մը: 1516ին Սէլիմի բանակնրեը շուտով յաղթահարեցին Մէմլուքները եւ Վրացիք ալ Երուսաղէմի մէջ յաղաքականապէս կորուսին իրենց ազդեցութիւնը: Վրացի կղերին եւ ժողովրդեան անկեալ վիճակը ազդեց անոնց պատկանեալ հարստութիւններուն վրայ: Վրաստան դադրեցուց իր նպաստները, ուխտաւորները պակսեցան եւ վանքերը մնացին մեծամեծ պարտքերու տակ, եւ չկրցին մատակարարել իրենց եկեղեցիները. 1642ին վրացի վանականները Գողգոթայէն քաշուեցան ու յանձնելով զայն կրօնակից Յոյներուն, ժամանակ մը մնացին Խաչավանքին մէջ. հոն ալ չկրցին տեղաւորուիլ եւ 1685ին բոլորովին լքեցին Երուաղէմը, իրենց բերդանման հաստատութիւնները կամ ծախելով եւ կամ Յոյներուն յանձնելով. եւ ահա անոնք Սերպերու եւ Թրակացիներու նման չկարողացան պաշտպանել իրենց կրօնական հաստատութիւնները. ազգային յոխորտանքին վախճանն էր այս: Մարտիրոս պատրիարք երբ հակառակ իր ջանքերուն եւ տաժանակիր ճամբորդութեանց` չկրցաւ տիրանալ Գողգոթային, Եգիպտոսի սուլթանն ծախու կ՚առնու Ս. Յարութեան տաճարին մէջ գտնուած Թագաւորաց Աղօթատեղի ըսուած Վերնատունը որ սանդուխով մը կապուած էր վարի յարկերուն հետ. եւ եւեղեցիի վերածելով զայն կ՚անուանէ Երկրորդ Գողգոթա: Նոյն Վերնատունը ունէր երեք կամար եւ երկու մեծ լուսամուտներ, որ կը նային Ս. Յարութեան դրան դրայ. Գողգոթայի փոխարէն Վերնատան եկեղեցին արքունի հրամանաւ եւ պետական որոշումով եւ վաւերաթուղթերով սեպհականութիւն եղաւ Հայոց Միաբանութեան, որ մինչեւ այսօր իր յատուկ առօրեայ պաշտամուքներուն եւ հանդիսական արաողութեանց համար կը գործածէ զայն: Նոյն Վերնատան եկեղեցիին մէջ նորոգութիւն ըարծ է նախ Գրիգոր Պարոնտէր պատրիարքը, որ Լատիններէն երեք կամար եւս առած եւ փոխարէն տուած է Պարտէզ ըսուած տեղւոյն վրայի կանթեղն ու այն խուցը որ կը գտոնւէր Լատիններուն երգեհոնի մօտ. եւ Պարոնտէր այս կերպով կ՚ընդարձակէ նոյն եկեղեցին: Ապա Յովհաննէս վրդ. Երուսաղէմացին (յետոյ եպս. ) օգնութեամբ Կոլոտին եւ Շղթայակիրին, որ տակաւին Պոլիս կը գտինուէր, նոյն տեղւոյն մէջ աւագ սեղանին դիմացը գտոնւած եւ առաստաղէն մինչեւ յատակը խարսխած քարէ քառակուսի ահագին սիւնը` որ կը գոցէր սեղաանը, մեծ աշխատութիւններով մէջտեղէն վերցնել կու տայ, կամարներով կ՚ամրացնէ պատերը եւ աւելի եւս կ՚ընդարձակէ եկեղեցին, միաբաններու եւ ժամարարներու համար ալ յատուկ սենեակներ աւելցնելով (Տե'ս Հաննէ, Պատմ. Երուսաղէմի, էջ 170-171):