Խաչակիրները
Յոպպէն
գրաւեցին
առանց
կռուելու.
բայց
քաղաքը
քանդուած
էր.
1100էն
սկսեալ
Կոտընֆրայ
Տը
Պույեան`
Բիզայի
ծովային
զինուորներուն
օգնութեամբ
վերաշինեց
Յոպպէի
պարիսպները:
Յոպպէն
դարձաւ
եպիսկոպոսական
քաղաք
մը
եկ
կոմսութեան
մը
մայրաքաղաքը.
եւ
անոր
նախ
մէկ
քառորդը,
եւ
յետոյ
ամբողջութեամբ
յատկացուեցաւ
Ս.
Գերեզմանի:
Կոտըֆրայ
յարշաւանքի
մը
ժամանակ
հիւանդանալով`
փոխադրուեցաւ
Յոպպէ
եւ
բնակեցաւ
ուխտաւորներու
հիւրանոցին
մէջ,
բայց
այս
բնակարանին
մէջ
հանգիստ
չէր,
նաւահանգիստի
ծովային
զինուորները
այնքան
աղմուկ
կը
հանէին
որ`
Կոտըֆրայ
անհանգիստ
մնալով`
ստիպուեցաւ
փոխադրուիլ
Երուսաղէմ,
ուր
իսկոյն
մեռաւ:
1102ին
Պաղտին
Ա.
ի
կինը
պաշարուեցաւ
Յոպպէի
մէջ,
1103ին,
1106ին,
1108ին
նոր
պաշարումներ
տեղի
ունեցան,
բայց
անոնք
վերցան
ծովէն
եկած
օգնութիւններուն
շնորհիւ:
Յոպպէն`
1187ին
Սարակիանոսներէն
գրաւուած
եւ
քանդուած
ըլլալով`
1192ին
քրիստոնէից
յանձնուեցաւ
Սալահէտտինի
եւ
Ռիչարդ
թագաւորին
միջեւ
կնքուած
զինադադարին
զօրութեամբ:
1197ին
Հենրիկոս
Շանբանեըի
ողբերգական
վախճանին
շնորհիւ
Իսլամները
դարձեալ
գրաւեցին
զայն.
1228ին
Քրիստոնեաները
վերստացան
քաղաքը
եւ
հոն
կառուցին
զօրաւոր
ամրոց
մը:
1251ին
Ս.
Լուդովիկոս
հոն
բնակեցաւ
թագուհիին
հետ,
որ
հոն
ծնաւ
Պլանշ
Տը
Ֆրանսը,
մինչ
թագաւորը
կ՚զբաղէր
24
աշտարակներով
նոր
պարիսպներ
շինելով:
Այս
պարիսպներ
չկրցին
ազատել
քաղաքը.
1268ին
Պիպարս
յարձակեցաւ
անոր
վրայ.
կոտորեց
բնակիչները,
քանդեց
շէնքերը,
բայց
անվնաս
թողուց
փայտակերտներըեւ
մարմարները
Գահիրէի
Հասանիէհ
թաղին
Տահէրի
մզկիթին
զարդարանքին
համար:
Յոպպէի
ամենագեղեցիկ
յիշատակարանաց
մէջ
նշանաւոր
էր
Ս.
Պետրոսի
հին
պազիլիքան
զոր
Պաղտին
թագաւոր
եւ
Էվրման
պատրիարքը
Ս.
Գերեզմանին
ընծայեցին:
1268ին
իր
կարգին
Ամորի
թագաւորը
Ս.
Նիկողայոսի
եկեղեցին
ընծայեց
Ս.
Գերեզմանին:
Վաւերագիրները
կը
յիշեն
նաեւ
Ս.
Աստուածածնի
եւ
Ս.
Յովնանի
եկեղեցիները:
Ս.
Լուդովիկոս
իր
ծախքովը
գեղեցիկ
եկեղեցի
մը
շինել
տուաւ
Լատինաց
համար:
1600ին
հին
քաղաքէն
միայն
երկու
աշտարակ
մնացած
էին
ծովեզերքի
բարձրութեանց
վրայ:
ԺԸ.
դարուն
Յոպպէի
աւերակները
Եաֆայի
արդի
քաղաքին
շինութեան
գործածուած
են:
Ալտըրսըն
1843ին
շինեց
անոր
յտակագիրծը:
Clermont-Ganneau
Եաֆայի
մէջ
գտած
է
բազմաթիւ
կարեւոր
արձանագրութիւններ:
Այս
վերջիններէն
մին
է
եպիսկոպոսի
քանդակազարդ
ճերմակ
մարմաէ
տապանաքարը.
որմէ
կը
մնայ
գլուխը
եւ
գաւազանը
առուոյտի
ձենով
աղեղի
մը
մէջ
ագուցուած
կեռճանաւոր
(a
crochets)
խոյակներու
վրայ
դրուած:
Խիստ
գեղեցիկ
հրեշտակ
մը
կը
խնկարկէ
հանգուցեալը.
եւ
տապանաքարին
մնացորդը
1258
թուականը
պահած
է,
բայց
ոչ,
դժբախտաբար,
եպիսկոպոսին
անունը:
Ուրիշ
կոտրած
յիշատակարան
մը.
ըստ
երեւոյթին,
կը
յիշէ
Ֆրէտէրէկ
Բ.
կայսրը
որ
Եաֆայի
մէջ
բնակած
է:
Այս
քաղաքին
մէջ,
մինչեւ
ԺԹ.
դար
ցոյց
կը
տրուէր
աւերակները
Ս.
Պետրոս
եկեղեցիին
զոր
կը
յիշեն
ուխտաւորները
որ
կը
թուէր
թէ,
կիսաբոլոր
պատուհաններով
րոմանական
շինուածք
մ՚էր,
տեսանելի
ԺԱ.
դարու
վիմագրութեան
մը
վրայ:
Ստոյգ
սխալի
մը
հետեանքով
է
որ
Clermont-Ganneau
իբր
Եաֆայի
մէջ
ուրուգծուած
հրատարակած
է
ուս
մը
(console)
որ`
իրականին
մէջ,
Երուսաղէմի
Ս.
Յարութեան
տաճարին
ճակատի
կողմէն
Գողգոթայի
գաւիթին
զարդարանքներուն
մասը
կը
կազմէ
(Տե'ս
Camille
Enlart.
Les
Monuments
des
Croises
dans
e
Royaume
de
Jerusalem,
Հտր.
Բ.
էջ
134-6):