ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մեր նախընթաց տողերու մէջ հարեւանցի կերպով գրած էին Մելիտինեցի Եւթիմիոսի մասին, այս անգամ կը բաբաքինք պատմական տեղեկութիւններ տալ այն հայերու մասին որ կ՚ապրէին Երուսաղէմի մօտ գտնուած Եւթիմիոսի վանքին մէջ: Բայց նախ քան զայս պէտք է գիտնալ Եւթիմիոսի ինքնութիւնը ու անոր հիմնարկած վանքին պատմութիւնը: Մանրամասնութիւնները զանց պիտի ընենք, Կիւրեղ Սկիւթուպոլսեցին արդէն գրի առած է զանոնք:
       Մեծն Եւթիմիոս` այդ հայազգի եւ ազնուական անապատականը 377ին ծնած է Մելիտինէի մէջ. հայազգի եւ ազնուական ըսինք, վասնզի անոր հայրը Պօղոս եւ մայրը Դենիս Մելիտինէի ամենէն նշանաւոր եւ ազնուական շառաւիղներէն ըլլալով` բիւզանդական կայսրութեան մէջ կը վայելէին բարձրագոյն դիրք մը. Մելիտինէի հայ ազնուականութիւնը ծագմամբ շատ հին էր, եւ կը նկատուէր հայ նախարարութիւններէն մին, Մելիտեանք կամ Մելիտինեանք անուամբ, որոնք կըյիշուին Հայաստանի բեւեռագիր արձանագրութեանց մէջ, ինչպէս նկարագրեցին, երբ Մելիտինեցի Պողիկտոս Հայկական վկային վրայ գրեցին (էջ 132): Մելիտինէի ազնուականութիւնը գաղթած էր Հայաստանէն. Եւթիմիոսի ընտանիքը կը վերաբերէր մեծ հաւանականութեամբ նոյն հայ ազնո ւականութեան. մենք թէեւ չունին ի ձեռին որոշ յիշատակարան մը այս պարագան հաստատող, բայց նկատի առնելով անոր կենսագիրին տողերը, որով շարունակ կը շեշտէ անոր եւ ծնողացը մեծ ազնուականութիւնը: Դարձեալ նոյն ազնուականութենէն կը սերէին հայազգի Սիդոնիոս` Եւթիմիոսի ուսուցիչը, եւ անոր երեք եղբօրորդիները` որոնք յետոյ պիտի գային Երուսաղէմ, Եւթիմիմոսի իրենց ազգակցին մօտ, եւ պիտի գրաւէին նշանաւոր դիրք մը, ինչպէս պիտի գրենք ստորեւ: Բաց աստի, նշանակութենէ զուրկ չէ որ` չորս հարիւր հայ ուխտաւորները չեն մոռնար իրենց ազգակիցը` որ ի Սահել, եւ կարօտի ու հիացման զգացումներով կը փութան անոր մօտ, եւ կ՚արժանանան անոր խանդավառ սիրոյն ու հայրական խնամոց, ինչպէս պիտի պատմենք: Ահա այս պատճառներով էր որ ըսինք թէ հայազգի եւ ազնուական էր, եւ ան պարգեւն էր Հայկազն Պողիկտոսի վկայարանին մէջ տեղի ունեցած սրտառուչ ուխտաւորութեան մը, որուն համաձայն, մանուկը փոքր հասակին յանձնուեցաւ Մելիտինէի եպիսկոպոս Օտրէի, որ խնամեց եւ պաշտպանեց զանիկա, մինչեւ որ աւարտեց իր ուսումը: Պատանին Եւթիմիոս ընդունուեցաւ եպիսկոպոսարանին կից ընծայարանին մէջ. նոյն դարու սովորութեան համաձայն, ամէն գաւառի ուսման կրթութեան համար: Օտրէ մէկն էր ա'յն եպիսկոպոսներէն, որ գիտէին յարգ ընծայել ուսման եւ կրօնական կրթութեան. իր ընծայարանը ունէր լաւագոյն եւ օգտակար ծրագիր մը: Ինչպէս յայտնի է պատմութենէն, Միլիտինէն վաղուց քրիստոնէացած ու քրիստոնէական քաղաքակրթութեամբ կը պայծառանար, հայաշատ կեդրոն մըն էր. այնպէս որ եպիսկոպոսական ընծայարանին մէջ, կ՚ուսուցանէին յունարէն լեզուն, քերականութենէ մինչեւ ճարտասանութիւն, հո'ն կ՚աւանդէին Աստուածաբանութիւն եւ պարտաւորիչ էին արտաքին գիտութիւննրն: Եւթիմիոս հասակաւ եւ իմաստութեամբ կը զարգանար ու իր աշակերտակիցներուն մէջ ան առարկայ կ՚ըլլար հիացման: Նոյն ժամանակի նշանաւոր Մելիտինեցի երկու ուսուցիչներ, Ակակիոս եւ Սիդոնիոս, մասնաւոր խնամքով մը կը հսկէին Աստուծոյ նուիրեալ պատանիին դաստիարակութեան վրայ. անոնց շունչը կ՚ուժաւորէր ուսանողին ամբողջ էութիւնը: Դարուն այդ մեծ հոգիները, որ յետոյ ճարտարութեամբ վարեցին Մելիտինէի եպիսկոպոսութեան գործերը, ռահվիրաններն եղան այն պատրաստութեան, որով Եւթիմիոս կը կոչուէր հզօր դեր մը կատարելու եկեղեցիին կեանքին մէջ: Տասնեւինն տարեկան հասակին ան աւարտեց դպրոցը եւ արժանացաւ քահանայական կարգին` Օտրէ եպիսկոպոսին յաջորդէն: Իր կենսագիրը կը յարէ թէ Եւթիմոս ի ծննդենէ վանական մըն էր, եւ իր այս կեանքին սկզբնաւորութիւնը կը բանար իր առջեւը վաթսունեօթը տարիներու անապատական կեանքին արդիւնաւորութիւնը: Հաւատքը, զոր կը կրէր ան, բղխումն էր Ս. Պողիկտոսի հայկազն վկային դամբարանէն. իր ծնողաց ուխտը եւ յիշատակը` նոյն սուրբին մատրան մէջ կը մղէին նուիրեալը յաճախակի երթալ հսկելու Պողիկտոսի դամբարանին մօտ, տարիներով ծառայեց հայկազն վկային, զանց չընելով նաեւ ա'յզ վանքերը, որ կը գտնուէին Մելիտինէի դուրսը: Բայց տեղական այս պաշտօնները ու նուիրումները կարծես արգելք կ՚ըլլային Եւթիմիոսի բարձրագոյն առաքինութեանց նկրտումին եւ մարմնոյ ճնշողական միջոցներու գործադրութեանց. ուսին երիտասարդական իր ոյժեղ եւ կայտառ վիճակովը թողուց ին սիրելի Մելիտինէն ու եկաւ հաստատուելու Երուսաղէմի անապատին մէջ. ան նոր թեւակոխած էր քսան եւ ինն տարեկան հասակը 405ին: