Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մատեանիս մէջ ամփոփուած Մխիթարեան Միաբանութեանս դիւանական վաւերագրերուն առաջին մասն սկսաւ նախ հրատարակուիլ Բազմավէպի մէջ. յետոյ առանձին պրակներ հանուեցան` միանգամայն ամփոփ հատոր մը կազմելու դիտաւորութեամբ ի դիւրութիւն ընդհանուր ուսումնասիրաց եւ ի գոհացումն փափագողաց :
       1926 թուականէն ասդին` այլ եւս լաւագոյն համարեցինք շարունակութիւնը ուղղակի տպագրել, ինչ որ դժբախտաբար ընդ հատումներ ունեցաւ ստիպողական գործերու պատճառաւ. եւ այսպէս` հրատարկութեանս լրումը վիճակեցաւ այս տարուան:
       Գործիս կազմութեան ու նպատակին շուրջ կարեւոր կը համոզինք կարգ մի բացատրութիւններ տալ:
       ա. «ՄԱՅՐ ԴԻՒԱՆ»իս թղթերը կը ներկայանան Հայ Բանասիրութեան` սկսեալ 1707-էն մինչեւ 1773: Ցայսվայր եղած ժամանակամիջոցը Մխիթարեան Միաբանութեանս պատմութեան մէջ առանձին շրջան մը նկատելով` յարմար դատուեցաւ ուրոյն հատոր մը կազմել:
       բ. Դիւանական վավերաթուղթերէն - որոնք թուականներու կարգաւ Մայրավանքիս մէջ առանձին տուփերու մէջ էին - առած ենք մի միայն հայերէն գրուածները, որովհետեւ մեր նպատակն էր ծանօթացնել Բազմավեպի ընթերցողաց` երբ անոր խմբագրութեամբ կը զբաղէինք: Հետեւաբար հրատարակութենէս դուրս կը մնան այլալեզու վաւերաթուղթեր, որոնք սակայն օրին մէկը` ընտրանօք ` կրնան ուրիշ շատ կարեւոր հաւաքածոյ մը կազմել միեւնոյն կամ մերինէն լաւագոյն ծրագրով եւ ուղղութեամբ:
       գ. Իւրաքանչիւր վաւերագրէ առած ենք մի միայն ազգային եւ օտար դէպքերու եւ տեղեկութիւններու վերաբերեալ մասերը, որոնք միջազգային` եւ մասնաւորապէս` ժամանակակից հայ քաղաքական վիճակի, եկեղեցական պատմութեան, ծէսի, սովորոյթի եւ մտաւորական կեանքի շուրջ կու տան կամ նոր մանրամասնութիւններ, եւ կամ են նոյն իսկ իբր նախանիւթ կամ աղբիւրներ, ցարդ, եղածներուն վրայ նորութիւններ այցելուներուն համար: Աստի կ՚իմացուի ինքնին ամփոփուած վաւերագրերուն ստոյգ արժանիքը:
       դ. Զանց ըրած ենք հրատարակել ընկերային եւ առտնին պարզ թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ այն ամէն մաեր` որոց հրատարակութիւնը կրնայ այսօր իսկ կարգ մը վէճերու աւելորդ պատճառ տալ եւ օգուտէ աւելի վնասակար դառնալ:
       ե. Հրատարակուած թուղթերուն մէջ կը բացակային Ուխտիս Հեղինակ Երանաշնորհ Մխիթար Աբբահօր կողմանէ գրուած նամակները, մեր վաւերաթուղթերը պարունակող տուփերուն մաս չկազմելնուն համար:
       զ. Իւրաքանչիւր վաւերագրի ուղղագրութիւնը պահած ենք ինչպէս որ է. բայց հարկադրուած ենք երբեմն նոտրգիր նշանակել տառ մի կամ բառ մի` ծանուցանելու համար ըստ բնագրին ըլլալը կամ ոչ, որպէս զի չկարծուի որեւէ շփոթութեան կամ տպագրական սխալի մի արդիւնք:
       է. Կարթագիծի [] մէջ առած ենք այն ամէն տառ կամ բառ` որ մեր կողմանէ դրուած է : Նոյնպէս շատ անգամներ վաւերագրելու ներքեւ պակսած քաղաքի անունը կամ անձի մը մականունը` յետ ստուգելու` դրած ենք կարթագիծի մեջ:
       ը. Ի դիւրութիւն բանասէր ազգայնոց կարեւոր համարեցինք վաւերագրերէն առաջ հակիրճ ծանօթութիւններ դնել` իբր լուսաբանութիւն յաջորդող գրութեան մէկ նիւթին կամ անուան կամ թուականին նկատմամբ, եւ կամ անով իբր բացառութիւն մը` գոյութիւն ունեցող տպագրեալ կամ անտիպ մատենագրական տեղեկութեանց:
       թ. «ՄԱՅՐ ԴԻՒԱՆ»ի ետեւը դրած ենք Յաւելուած մը եւս, ուր ամփոփուած են կարգաւ` վաւերագրական համառօտ տեղեկութիւններ , եւ ընթացքին մէջ աչքէ վրիպած թուղթերէ մասեր. այս անգամ էջին ներքեւ նշանակելով երբեմն պահանջուած ծանօթութիւնը:
       ժ. Ըստ կարելւոյն լաւագոյն ծառայութիւն մը մատուցանելու դիտաւորութեամբ` ամենէն վերջը դրած ենք` յօգուտ հայ մատենագետներուն` «ՄԱՅՐ ԴԻՒԱՆ»ի ընդհանուր ցանկէն զատ` հոն յիշատակուած որոշ անձերու ցանկ մը եւս. Նաեւ մի քանի մասնական բաժիններով դասաւորած ենք նոյն վաւերաթղթոց պարունակած ամբողջ նիւթերը, դեպքերն ու տեղեկութիւնները:
       Գալով «ՄԱՅՐ ԴԻՒԱՆ»իս կազմութեան, թերեւս ցանկալի էր զայն աւելի ընդարձակ եւ նախընտրելի ծրագրով մը ներկայացնել, ինչ որ ժամանակին պահանջն ու պարագաները կարող չէին թոյլատրել: Այս պատճառ կը յուսանք ներողամիտ կ՚ըլլան մեզ պատուական ուսումնասէրք, նկատելով մեր այս մատեանը սոսկ իբր փոքրիկ լումայ մը հայ բանասիրութեան գանձանակին մէջ: