Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«Ստեփաննոս Ստեփանեան» Կամէնցացի` մեր ազգային մատենագրութեան մէջ աւելի ծանօթ է Ստեփանոս Ռոշքայ անուամբ (1690-1739): Առ Մխիթար Աբբայ կը հաղորդէ շատ կարեւոր ու մանրամասն տեղեկութիւններ` նոյն ատենի ազգին անցուդարձի եւ ծէսի շուրջ: Այն կէտը` զոր հոս նամակին մէջն ալ կը շօշափէ` թէ կազմած ու սահմանած է ի Կեռլայ «Եղբայրութիւնս ոման Աշխարհականաց.. ամենեցուն հաւանութեամբ թէ կղերց եւ թէ ժողովրդականաց»` կը հայի իր հաստատած երեք եղբայրութիւններուն, որ են. ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՅ ՅՈՎԱԿԻՄԱՅ ԵՒ ԱՆՆԱՅԻ. ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆ ԱՄԵՆԱՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ. զամէնքն ալ հաստատած է 1729 թուականին` միշտ հետեւեալ սկզբնաւորութեամբ. «Ստեփաննոս Ռոշդայ Սրբազանի Աստուածաբանութեան Վարդապետ, Վիգարիոս եւ Բրեբոզիտոս Ստանիսլաւօվու, աստանօր այցարար Եկեղեցեացս Հայոց Դրանզիլվանիոյ: Իր «այցարարութիւն» նօտարն է Տէր Յովհաննէս Մխիթար Յօհանեան, զոր մեր հրատարակած թուղթին սկիզբը իրեն աշակերտ կ՚անուանէ: Դրանսիլուանիա գալուն պատճառը կ՚ըսէ վեջապէս` «ի տես բարեկամացս եւ յայդ առնել եկեղեցեացս Հայոց»: Միեւնոյն ակնարկութեան կը հանդիպինք արդէն վերոյիշեալ երեք եղբայրութեանց մասին տուած կոնդակներուն սկիզբները` ուր կ՚ըսէ, «գալով մեր այսր ի տես սիրելի ազգականաց եւ բարեկամաց մերոց» (ԳՈՎՐԻԿԵԱՆ «Դրանսիլուանիոյ Հայոց մետրապոլիտը կամ Նկարագիր Կերլա Հայաքաղաքի». Վիեննա 1896. էջ 50-91):
       Ամենապատիւ Հայր ի Քրիստոս, եւ ՏԷր Վարդապետ
       Գալով իմ այսր ի Դրանզիլվանիայ ի տես բարեկամացս, եւ յայց առնել Եկեղեցեացս Հայոց, գտի զաշակերտն իմ զՏէր Յօհանէսն դարձեալ ի Հռօմոայ` բերելով զյոգնափափագելի պատասխանիդ իմոյս Տրակի: Որով անասաելաբար զուարճացայ, եւ եւս առաւել ի ջերմեռանդութիւն եւ ի պատուելութիւն Վեհանձնութեանդ բորբոքեցայ: Եւ աղաչեմ զի եւ առ ապա շարունակել զՀայրախնամ իղձդ առ իս մի ' ծանրասցիս: Շնորհակալ գոլով յաղագս ամենայնի շնորհիւ, զոր Գերարգելի Հայրութիւնդ ցուցանես ի վերայ իմ: Ահա ես շնորհիւ Տեառն աւարտեցի զԱյցարարութիւն իմ աստ ի Հայրաքաղաքն Կեռլայ, եւ զկնի սակաւ աւուրց չուելոց եմ յԻպիշվալօվն, եւ անտի նախ ձմեռն սաստկանալ սկսցի, յերկիրն իմ դարձեալ: Սահմանելով իմ զԵղբայրութիւնս ոմանս Աշխարհականաց, եւ տրամադրելով զեկեղեցական իրս, ամենեցուն հաւանութեամբն ի յերկիրս` թէ Կղերց եւ թէ ժողովականաց` հաստատեցաւ Նոր Տօմարն Հռոմէական, որպէս զի ոչ միայն Զատիկն, եւ այլ եւ այլք հանդիսաւորագոյն տօնքն, եւս առաւել Սրբոց Առաքելոցն միշտ ըստ Հռօմէականին շրջեսցին, զոր ինքնին շարագրեցի (թէպէտ [յ]առաջագոյն ունիէ զբազում ինչ ի պատրաստի ) զխրատս, այսինքն Ռուպրիգաս, զաղիւսակս եւ զտօնացոյցն ինքն, բայց անխախտ պահելով զԾէսն մեր: Զի անհնարին է ազգիս մերոյս, այլ` աստանօր այլապէս պահել, մանաւանդ զի եւ բոլոր Ազգն Մաճառաց թէ ի հոգեւոր եւ թէ յաշխարհական կարգէն զայս Տօմարս ամենեւին կամին: Եւ ի սոցանէ, նաեւ յԻմբէրատօրէն Ինստանցեալէս առ Սուրբ Առաքելական Աթոռն մերայինքս, եւ սոքա եւս ընդունելոց են, վասն որոյ յուսամք գերերջանիկ ելս նորին: Հոգացայց, զի այդանօր ի Վէնէտիկ ծախիւք ժողովրդեանս այսորիկ տպեսցի, միայն թէ Սուրբ Աթոռն ակն արկցէ: Զորմէ ես յետոյ ոչ հեղգացայց Գերանձնութեանդ զեկուցանել յերկրէ իմմէ, քանզի եւ մեք Լեհացիքս ոգւով չափ բաղձամք տեսանել զայսպիսի տօմարն: Փօստայիւ յղեալ ոչ էհաս առ իս, թերեւս ի դառնալն իմում ի տեղի իմ, գտից: Ամենապատիւ Տեառն խաչատուր Վարդապետին զհպատակութիւն իմ բացատրեմ: Աղաչեմ զվերոյ գրեալսն յայտնել նմա, թէ հնար իցէ զՏօմարն իմ զայն, զոր Սուրբ Ժողովն յեղալ է նման ի տեսանել եւ ի քննել, տարաձկել ջանասցի, զի մի պատճառավ ինչ խափանեսցի այս նոր տօմարս, զոր առաքելոց եմք: Հասկ յետոյ խնդրեմք անմեդադիր լիցի ինքն եւԳերարգելութիւնդ, զի ոչ յատուկ ձեռամբ իմով կարացի գրել, վասն զի սակավ ինչ զախտ ջերման կրելով մատունք իմ դողդոջան: Արդէն զիս սրբափայլ Աղօթիցդ յանձնելով զԱջդ խոնարհաբար համբուրեմ . մնալով
      
       Գերապատիւ Վեհանձնութեանդ Ամենախոնարհ ծառայ Ստեփաննոս Ստեփանեան Վարդապետ եւ Օֆիցեալ Ստանիսլաւօվա
      
       ի Հայաքաղաքն 1729 Սեպտ. 28