Պաղեստինագետներէն
Մէսթէրման`
յետ
մահու
հրատարկուած
իր
մէկ
ուսումնասիրութեան
մէջ
(«La
Terre
Sainte,
1923»)
կ’եզրակացնէ
թէ
Հովուաց
դաշտի
եկեղեցին
Ս.
Գրոց
Գադիրայ
աշտարակին
(Ծնունդք,
ԼԵ.
21)
մօտն
էր,
եւ
դաշտն
ալ
կը
կոչուէր
Սիար
Էլ-Ղանէմ:
Տէյր
Էր-Ռաւաթը
բուն
«Հովուանոց»ը
չէր,
այլ
ան
Հռութի
վանքն
էր,
որմէ
Սիար
Էլ-Ղանեմ
600
քայլ
հեռի
կը
գտնուէր,
դէպի
արեւելեան
հիւսիս:
Մէսթէրման
այլ
եւ
այլ
վկայութիւններ
յառաջ
կը
բերէ
իր
այս
ճշտումը
հաստատելու
համար,
եւ
կը
յարէ
թէ
Գադիրայ
աշտարակի
«Հովուանոցին»
մէջ
կ’ապրէր
385ին
աբբա
Յովհաննէս
Կասիանոս,
ինչպէս
ինքն
ալ
կը
յիշատակէ
իր
Մարսէյլ
գրած
մէկ
ճառին
մէջ.
388ին
ալ
դարձեալ
հո'ն
կը
բնակէր
«Վարք
Հարանց»ի
հեղինակ
Բալլատիոսը:
Մէսթէրման
յետոյ
մէջ
կը
բերէ
Ե.
դարու
սաղիմական
վրացերէն
նորագիւտ
ծիսարանը,
որուն
համաձայն
Ծննդեան
Ճրագալուցին
գիշերը
կղերական
եւ
հաւատացեալք
Բեթղեհեմէն
կ’երթային
Հովուանոցը
եւ
կ’երգէին
«Փառք
ի
բարձունս»
երգը.
նոյն
հեղինակը
կը
յիշէ
նաեւ
Երուսաղէմացի
Եպիփան
վանականը,
որուն
տեղեկութեան
համեմատ,
«Հովուանոցը
(Poemnium)
կը
գտնուէր
Բեթղեհէմի
արեւելեան
կողմը,
ա'յն
տեղը
ուր
հրեշտակը
երեւցաւ
հովուաց
եւ
ըսաւ
անոնց…»:
Մեր
այս
էջերը
չեն
չեն
ներեր
Մէսթէրմանի
ուսումնաիրութեան
մանրամասնութիւնները
մի
առ
մի
յիշել.
իր
մէջ
բերած
վկայութիւններն
անորոշ
են
եւ
տարտամ:
Ի
հակառակէն,
ուրիշ
գտնական
մը,
Լիէվէն
տը
Համ,
իր
մէկ
աշխատասիրութեան
մէջ
("Guide
indicateur
des
sanctuaires
et
Lieux
historiques
de
la
Terre-Sainte"
էջ
62-63),
չ’ընդունիր
մէջ
բերուած
ճշտումը,
յայտնելով
թէ
Բեթղեհէմցիներուն
դարաւոր
աւանդութիւնը
կը
հակասէ
այդ
կարծիքին,
եւ
թէ
ամէն
դարու
ուխտաւորներն
իսկական
«Հովուանոց»ը
կը
նկատեն
Պէյթ-Սահուրի
մօտիկ
եկեղեցին
որ
մինչեւ
հիմակ
պահած
է
իր
գոյութիւնը,
թէեւ
կիսով
աւերակ:
Լիէվէն
մէջ
կը
բերէ
նաեւ
վկայութիւնը
ԺԲ.
դարու
ուղեգիր
ռուս
վանական
Դանիէլի,
որ
իբր
ականատես
կը
վկայէ
թէ
Պէյթ-Սահուրի
Հովուաց
դաշտի
եկեղեցին,
թէեւ
կիսով
աւերակ,
կը
գտնուի
Բեթղեհէմի
դիմացը,
Ս.
Ծննդեան
վանքէն
մէկ
վերստ
հեռաւորութեամբ.
ի
հնումն
կար
հոն
գեղեցիկ
վանք
մը,
ձիթաստանով»:
Դարձեալ,
նոյն
հեղինակը
դառնութեամբ
կը
յիշատակէ
թէ
Սաիր
Էլ-Կանէմի
մէջ
պեղումներ
կատարողներն
իրենց
ձեռքովը
յարմարցու
ցած
են
երեք
հովիւներու
կարծեցեալ
գերեզմաններն:
Այդ
վայրը
զուրկ
է
պատմականութենէ,
եւ
թէ
հո'ն
տեղ
մը
եղած
է
միայն
գինեշինութեան: