Խաչակիրները
28
Մայիս
1099ին
Ռեմլէ
եւ
Լիւդ
հասան.
բոլոր
մերձաւոր
դրացիները
եւ
տեղւոյն
բնակիչները
փախուստ
տուին.
վասն
զի
անոնք
չէին
կրնար
պաշտպանուիլ:
Լիւդի
մէջ
(Լիւդդն,
Դիոսպոլիս)
Յուստինիանոս
հոյակապ
եկեղեցի
մը
շինել
տուած
էր
Ս.
Գէորգի
գերեզմանին
վրայ.
թշնամին
քանդած
էր
զայն
այրելով
տանիքին
մեծ
գերանները.
նոյն
եկեղեցիին
շինութեան
աշխատած
էինն
ընտիր
քաահատներ:
Անապատացեալ
երկու
քաղաքները
գրաւուեցան.
նախ
կողոպտեցին
զանոնք,
յետոյ
հոն
հաստատեցին
Ռուէնի
բնիկ
Րոպէրդ
լատին
եպիսկոպոսը:
Ռամլէն,
կ՚ըսեն
Gestes
des
Ciprois,
մեծ
եւ
հարուստ
եպիսկոպոսութիւն
մ՚էր.
անոր
ժողովուրդը
Երուսաղէմէն
աւելի
բարգաւաճ
վիճակ
մը
ստացած
էր
մշակութեան
եւ
հիւուածեղէնի
պարապելով:
Ի
փոխարէն
ռազմական
դիրքը
շատ
վտանգաւոր
էր,
եւ
Պաղտին
Բ.
1102ին
անոր
փորձը
առաւ.
եթէ
իսլամ
էմիրներէն
միոյն
օգնութիւնը
չըլլար`
քիչ
մնաց
հոն
պիտի
պարտուէր:
Քաղաքը
այն
ատեն
յարձակումով
գրաւուեցաւ
եւ
աւարտի
տրուեցաւ:
Ի
լրումն
դժբախիտութեանց,
Ռեմլէն
1177ին
հրդեհի
մը
պատճառաւ
աւերակ
:
1187ին
Սալահէտտին
գրաւեց
զայն:
1204ին
ան
քրիստոնէից
ձեռքը
անցաւ
եւ
անոնք
հոն
իշխեցին
կէս
դարու
չափ:
1214ին
Ռաուլ
եպս.
ը
գերի
ինկաւ.
1266ին
Պիպարսը
գրաւեց
թէ
Ռեմլէան
եւ
թէ
Լիւդը:
Լիւդի
մայր
եկեղեցին
աւերեցաւ,
իսկ
Ռեմլէինը`
մզկիթի
վերածեցին:
Հիւսիսային
դրան
վրայ
զետեցուած
արաբերէն
արձանագրութիւն
մը
կ՚ըսէ
թէ
ան
շինուած
է
Փրկչական
1298ին:
Այս
բացատրութիւնը
չափազանցուած
է:
կատարուած
է
վերաշիութիւն
չէր,
այլ
նորոգութիւն
եւ
իսլամական
պաշտամունքի
յարմարուն:
Շէնքին
այս
ժամանումէն
ծանր
փոփոխութիւններ
յառաջ
եկան,
բայց
ոչ
արմատական:
1613ին
Levaillant,
Փիլիպպոս
Գեղեցիկէն
(1285-1314)
շինուած
փոքր
հիւրանոցը
յիշելէ
յետոյ,
Le
Pelerin
Veritableի
մէջ
կը
նկարագրէ
«երկու
գեղեցիկ
եկեղեցիներ
խիստ
ամբողջական,
բայց
մզկիթի
վերածուած
են,
մին
դուրսը,
միւսը
քաղաքին
մէջ.
մին
նուիրուած
էր
Ս.
Յովհաննէս
Մկրտչի,
միւսը`
Քառասուն
Վկաներու,
որոնց
մասունքը
Հայաստանի
Սեբաստիայէն
փոխադրուելով`
ծանօթ
է
թէ
ստուգիւ
զետեղուած
են
այս
եկեղեցիին
սեղանին
ներքեւ»:
Քառասուն
Վկանրու
մզկիթը
աւերակ
է:
Գալով
Ս.
Յովհաննու
հին
մայծր
եկեղեցին`
իր
մուտքը
երկար
ատեն
ագիլուած
էր
քրիստոնէից
եւ
տակաւին
դժուար
է
ներս
մտնելը:
Ասպետ
Arvieux
մեզ
կը
պատմէ
թէ
1695ին
դրան
մեսէն
կրցաւկ
ներսը
նայուծք
մը
նետել
եւ
հոն
տեսակ
«Չորս
կարգ
սիւներ,
իւրաքանչիւրը
տասներոկւ
սիւն,
որ
կը
բռնեն
կամարները»:
Ան
կ՚աւելցնէ
«այսքան
կարողացայ
տեսնել,
ա'յն
ալ
շատ
նեղութեամբ»:
Ուրիշ
ուղեւորներ
մզկիթը
միայն
տեսան:
Մարքիզ
De
Vogue
պարտաւորուեցաւ
հեու
կենալ:
Max
Van
Berghem
դրսի
կողմէն
կրցաւ
տեսնել
եւ
լուսանկարել:
Clermont
Ganneau
երկրորդական
ծանօթութիւններ
միայն
կրցաւ
առնել:
Սակայն
1885ին
Conder
կարողացաւ
Survey
of
Western
Palestine
աշխատասիրութեան
մէջ
Ռէմլէի
մայր
եկեղեցիին
մասին
հրատարակել
երկու
նկարագրութիւններ,
յատակագիծ
մը
եւ
ստուերագիրներ
աւելի
միջակ
մանրամասնութիւններով:
1922ին
Camille
Enlart
կը
յաջողի
յատակագիծը
հանլ
եւ
լուսանկարել
(Տե'ս
Les
Monuments
des
Croisws
dans
le
Royaume
de
Jerusalem,
ՊՀԱտ.
Բ.
329-331):
Քառասուն
Վկաներու
աշտարակ
ըսուածը
եւ
Տաճարականաց
հին
վանքը
Ռեմլէի
արեւմուտքը
կը
գտնուի:
ն
Աշտարակը
լաւ
պահպանուած
է
եւ
ճարտարապետական
գեղեցիկ
ոճ
մի
ունի
հարիւր
քսան
աստիճաններով:
Անոր
պատին
վրայ
զետեղուած
արձանագրութիւն
մը
կ՚ըսէ
թէ`
ան
շինուած
է
1318ին
Ապուլ
Ֆէտա-Մուհամմէտ
սուլթանէն.
այս
արձանագորւթիւնը
վերջէն
գրուած
է,
քանի
մի
նորոգութիւններու
առթիւ:
Աշտարակին
մէկ
կողմը
Տաճարականաց
վանքին
խիստ
տարածուն
աւերակները
կան.
հոն
կ՚երեւան
եկեղեցիի
մտ
հիմերը,
եւ
երեսուն
աստիճփաններէ
իջնելով`
երկու
նաւով
ստորերկրեայ
եկեղեցի
մը
կը
գտնենք:
Տաճարականները
վանքին
յարակից
շէնքերը
ընդարձակած
եւ
յատկացուցած
են
ի
պաշտպանութիւն
Երուսաղէմ
գացող
ուխտաւորներուն
(Տե'ս
Mislin,
Les
Saints
Lieux,
Հատ.
Բ.
էջ
163):
Բայց,
ըստ
արաբերէն
արձանագրութեան,
աշտարակին
կամ
մինարէին
նորոգիչն
է
Քալաուն
էս
-
Սալիհ
սուլթանը,
ոչ
թէ
Ապուլ
Ֆէտա-Մուհամմէտ
սուլթանը,
ինչպէս
կը
գրէ
Mislin:
Իսկ
մզկիթին
նորոգիչն
է
Սուլթան
Պիպարս
պինը
Ապտիւլլահ
Գասիմ,
համաձայն
նոյն
մզկիթին
արաբերէն
արձանագրութեան:
Աշտարակը
շինուած
է,
թերեւս
վանքն
ալ,
Խաչակրաց
ժամանակ,
եւ
այս
պարագան
յայտնի
կերպով
կկը
հաստատուի
վերջին
ժողովրդապետին
կողմէն
գտնուած
եւ
նոյն
աշտարակին
պատին
շաղախին
մէջ
ագուցուած
Խաչակրաց
ժամանակի
մէկ
դրամովը:
Աշտարակին
վրայ
զետեղուած
արաբերէն
արձանագրութենէն
կը
հասկցուի
թէ
ան
շինուած
է
1318ին
Քալաուն
էս
-
Սալիհի
կողմէն
(Տե'ս
Huide-Indicateur,
Ա.
Մաս.
էջ
144):
Աշտարակին
կամ
մինարէին
ու
մզկիթին
պատին
մէջ
զետեղուած
երկու
արաբերէն
արձանագրութիւններուն
ընդօրինակութիւնը
տեսնել
Ա.
եպս.
Տ.
Յովհաննէսեանի
(Պատմ.
Երուսաղէմի,
Ա.
Հատ.
էջ
199):