Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.
ՃԻՀԱՆ (Նախկին Համիտիէ)

ԱՇԽԱՐՀ. ԴԻՐՔ. Ատանայէն 9 ժամ դէպ ի արեւելք, Պաղտատի երկաթուղիին գծին վրայ, համանուն գետին եզերքը, Գազային կեդրոնն է։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. 2200 տուն. Հայերը 41 տուն են միայն, Բողոքական. դէպքէն առաջ Հայ բնակչութիւնը 50 տունէ աւելի եղած է։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Բաց ի հոս սպաննուած դրսեցիներէն, բնիկ Ճիհանցի 100 հոգիի չափ զոհուած են դէպքին։ Բոլոր Հայու տուները եւ եկեղեցին այրուած են։ Կառավարութիւնը, իբր հատուցում, տուն գլուխ 25 ոսկի տուած է հոս հաւասարապէս։

ՏՆՏԵՍ. Երկրագործութեան եւ նախիրի մեծ կեդրոն է Ճիհան, բայց Հայերը գլխաւորաբար խանութպան եւ արհեստաւոր են։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 15 այրի կայ։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒ. Հոս ալ պէտք ու կարելիութիւն չի կայ ասոնց գործ բանալու. գործ կրնան գտնել տեղւոյն վրայ. աշխատելու բացարձակ անկարողներուն միայն դրամական նպաստ կրնայ տրուիլ։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Հոսկէ հոնկէ հաւաքուած քանի մը տուն Հայեր որոշ նկարագիր ունեցող զանգուած մը չեն ներկայացներ արդէն։ Գինեմոլութիւն եւ թղթախաղ շատ տարածուած է։