ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ղուկասու Աւետարանէն . 23-35) եւ աւանդութենէ կը հասկցուի թէ Զաքարիա քահանան Այնքեարիմի մէջ երկու տուն ունէր, մին քաղաքին մէջ, իսկ միւսը քաղաքէն դուրս, սարահարթի մը վրայ: Հայոց վանքն ու եկեղեցին շինուած էին այդ լերան վրայ: Զաքարիայի միւս տան տեղը, հո'ն, ուր Եղիսաբեթ «թագուցանէր զանձն ամիսս հինգ», ո'ւր Ս. Կոյսը Նազարեթէն այցելութեան եկած էր իր մօրաքրոջ աղջկան` Եղիսաբեթի. հայկական աւանդութիւնը այս յիշատակներուն կցած է անվաւերականի մը (Apocryphe) ուրիշ դրուագը. Եղիսաբեթ` իր զաւակը մանկակոտոր Հերովդէսի զինուորներէն ազատելու համար, կը փախչի լերան կողմերը եւ ժամանակ մը կը մնայ թաքստոցի մէջ. Ան կ’աղօթէ Աստուծոյ ու կ’ըսէ «… բացցէ երկիր հրամանաւ քո տէր եւ կլցէ զմայրս հանդերձ մանկամբս իմով եւ մի' հայեսցին աչք իմ տեսանել զմահ որդւոյ իմոյ: Եւ զայս ասացեալ նորա առժամայն պատառեցաւ լեառն եւ ընկալաւ զնա հանդերձ մանկամբ եւ կամարաձեւ ծածկեաց զնոսա լեառն», (Մանկութեան Աւետարան, Ձեռ. Ս. Աթոռոյ մատենադարանին, թիւ 1432): Աւետարանին այս յիշատակներով ոգեւորուած, հին դարերուն, հայ բարեպաշտութիւնը հոյակապօրէն կառուցած է Այնքեարիմի եկեղեցին ու վանքը. բայց դիտելի պարագայ մըն է որ եկեղեցաշէն մեր նախնիք, Ս. Երկրին մէջ, իրենց ներշնչարան ընտրած են ո'չ միայն վաւերական Աւետարանաց դրուագները, այլ նաեւ օգտուած են անվաւեր գրուածքներու շինիչ եւ օգտակար պատմուածքներէն, մասնաւորապէս եկեղեցեաց շինութիւններու առթիւ, անխտիր ազդուած են նոյն գիրքէն, եւ այս կերպով, Երուսաղէմի եւ շրջակայից մէջ բարեպաշտօրէն կառուցած են Յովակիմ- Աննայի, Գաթիզմայի Ս. Կուսին եւ Այնքեարիմի մեծածախս եկեղեցիները. նոյն իսկ մեր եկեղեցւոյ վարդապետներէն ոմանք իրենց մեկնողական գրուածոց մէջ աչքէ հեռի չեն պահած հայերէնի թարգմանուած անվաւերականները, (տեսնել այս մասին մեր յօդուածը «Հայ Խօսնակ», 1925, էջ 110): Այնքեարիմի հայ հաստատութեանց ծագումը շատ հին է, ինչպէս յետոյ պիտի տեսնենք. հնախօսութեան հայթայթած ապացոյցները մեզի պիտի համոզեն թէ անոնք շինուած են նոյն իսկ Դ. դարուն վերջերը: Վերոյիշեալ Յով. Մարթա կանոնիկոսն է դարձեալ որ իր մէկ գրուածքին մէջ (Անդ. էջ 128-127), իբր ապացոյց նոյն եկեղեցւոյ հնութեան, մէջ կը բերէ Դ. դարուն, Սեբաստիոյ Պետրոս եպիսկոպոսին մէկ ճառը ընդդէմ Եւնոմիոսի, եւ, ի մէջ այլ ապացոյցներու, կը յիշէ այն տեղերը, որ, ըստ Աւետարանի, վկաները եղան Քրիստոսի զօրութեան եւ աստուածային յիշատակներով զարդարած են: Նազարէթի Աւետման եկեղեցիէն յետոյ կը յիշէ Զաքարիայի եկեղեցին, Երուսաղէմի մօտերը, ի յիշատակ Ս. Կուսին, որ այցելութեան գնաց իր մօրաքրոջ դստեր Եղիսաբեթի մըտ:
       Այնքեարիմի հայ եկեղեցւոյն եւ վանքին ուսումնասիրութեան առթիւ, մեր ձեռք հասած հայերէն յիշատակարանները դնելէ յառաջ, գլխաւոր օտար ուղեւորաց տեղագրութեան եւ հնախօսութեան ամփոփոյքը կը փութամք քաղել վերոգրեալ աշխատասիրութենէն (էջ 127-166) եւ կու դնենք հոս, նոյն վանքին եւ եկեղեցւոյն նկարագրութեան ամբողջութիւնը լրացուցած ըլլալու համար: