ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Եւթիմոս Ս. Տեղերու մէջ իր ուխտը կատարելէ յետոյ, մեկնեցաւ Երուսաղէմի մօտերը գտնուած անապատականներուն քով: Ամէնէն հին անապատները կը նկատուէին Փառան, Տուքա եւ Սուքա. ժամանակ մը Փառան մնաց եւ ուսանելով նոյն կեանքտ պահանջները ու տեղական սովորութիւնները` հպատակեցաւ ճնշողական կենցաղի բոլոր կանոններուն, իր հոգեւոր կենցաղավարութիւնը, ՞որ իր հայրենիքին մէջ զմայլում յառաջ բերած էր, իր զենիթին կը բարձրանայ եւ իր համբաւը կը տարածուի Պաղեստինի ամէն կողմը. նոյն իսկ իրեն կը դիմեն Իրաքի խորերէն եկող արաբներ, որոնց կը քարոզէ Աւետարանը, կ՚աշխատի մեղմացնել անոնց բարքերը, կը խրատէ, կը յորդորէ եւ քրիստոնեայ հակատացեալներ դարնելով` կը մկրտէ զանոնք: Անոր լեզուն քաղցր էր եւ խնամքները հայրական. անոր անունին հմայքը մանաւանդ կը տարածուէր Երուսաղէմի սահմաններէն մինչեւ Մեռեալ Ծով, աւելի հեռու, մինչեւ Արաբիոյ խորերը: Սկիւթուպոլսեցին բացայայտօրէն կը գրէ թէ Աքարեան կամ Իսմայիլեան արաբ ցեղի մը քրիստոնէացումը կատարուած է Եւթիմոսի ձեռքով: Նորակնիք արաբները միշտ կը փափաքէին մնալ իրենց հոգեւոր հօրը մօտ. այնպէս որ անոնց բազմութիւնը խճողում յառաջ կը բերէր այն վանքին մէջ ուր ինքը այն ատեն կը բնակէր, ուստի որոշեց Վրանաքաղաք մը հաստատել (Parembole) իր եկեղեցիով եւ տնակներով. հիմնարկեց եպիսկոպոսական աթոռ մը Վրանքաղաքին համար եւ եպիսկոպոս ձեռնադրել տուաւ նորակնիքներուն գլխաւորը, որ կոչուեցաւ Պետրոս եպս., որ յետոյ մասնակցեցաւ Եփեսոսի տիեզերական Ժողովին: Վրանաքաղաքը, մինչեւ 502 թուականը, ունեցաւ քրիստոնէական կեանք մը` ընդունելով հոգեւոր խնամքը Եւթիմոսի ու անոր յաջորդներուն. սակայն յետոյ հարաւէն արշաւող բա»նակներուն յարձակումները քանդեցին Վրանաքաղաքը եւ ցրուեցին նոյն արաբ քրիստոնեաները ան սահմաններէն:
       Եւթիմիոս վերջնականապէս հաստատուեցաւ Սահէլ. ա'ն չուզեց վանք շինել. կը գոհանար պարզ աղօթարանով մը, ուր կարենար աղօթել եւ մտածականներ ունենալ. բայց երբ տսեաւ որ աշակերտներով կը լեցուի իր բբնակարանը, ան ստիպուեցաւ խրճիթներ շիներ տալ. միեւնոյն ժամանակ ունենալ եկեղեցի մը, որուն նաւակատիքը կատարեց Երուսաղէմի եպիսկոպոսը: Չէ կարելի այս հակիրճ տողերուն ոէջ պատկերացնել այս մեծ անապատականին արդիւնաւոր կեանքը, ինչպէս նաեւ գործունէութիւնը անոր հասցուցած բազմաթիւ աշակերտներուն, որ պաղեստինեան քրիստոնէութեան առաջնորդող ոյժերը հանդիսացան. այդ մասին Սկիւթուպոլսեցին կը մնայ միշտ կենդանի նկարիչը Երուսաղէմի Անապատին, մասնաւորապէս Եւթիմիոսի հիմնարկած հաստատութեան: Մեծ Անապատականը ալեւորեալ տարիներու պտղալից արդիւնքով 473ին կը վախճանի` շրջապատուած իր աշակերտներէն եւ կը թաղուի վանքին մէջ. իր գերեզմանը կը դառնայ մշտական ուխտատեղի մը, առ հասարակ բոլոր ազգաց:
       Եւթիմիոսի մահունէն եօթը տարի վերջը, 480ին, վանքի սարկաւագներէն, Փիտոս, խորհրդաւոր տսելիքի մը ազդեցութեամբ, մեծամեծ կառուցուածքներով կը շէնցնէ վանքը Սահէլի մէջ, որ այժմ կը կոչուի Խան էլ - Ահմար. սարկաւագին կ՚աջակցի Երուսաղէօմի օրուան պատրիարքը: Խան էլ - Ահմար Երուսաղէմն տասներոկւո մղոն հեռի կը գտնուէր, Ս. Քաղաքէն դէպի Երիքով տանող արդի ճանապարհին հարաւը եւ Նէպի Մուսայի ուխտաւորական ճանապարհին մօտ: Սարկաւագը տեղւոյն հին նոր բոլոր շէնքերը բարձ պարսպով մը կը շրջապատէ. այնպէս որ վանքին շէնքերը հեռուէն կ՚երեւանյին ձուաձեւ (ellipse) դիրքով, ինչպէս կը նկարագրէ Սկիւթուպոլսեցին: Այս վիճակին մէջ տսեած էր նաեւ ռուսազգի Դանիէլ կրօնաւորը ԺԲ. դարուն (1106), ահա իր խօսքերը. «Մար - Սաբայի վանքին արեւելքը, լերան մը ետեւը, տասն մղոն հեռի կը գտնուի Ս. Եւթիմիոսի վանքըգ: Ան շինուած է հովտի մը մէջ. բաւական հեռուէն շրջապատուած կը տեսնուի քարէ լեռներէ եւ եկեղեցին շինուած էր բարձր տեղի մը վրայ»:
       Ձուաձեւի առանցքին հիւսիսային ծայռը Փիտոս սարկաւավագը շինել տուաւ աշտարակ մը, իբր միջնաբերդ եւ ամրութիւն բոլոր անապատին. նոյն աշտարակին տակը կը գտնուէր վանքին դուռը. հասարակաց գերեզմանատունն ալ վանքին եւ աշտարակին մէջ տեղն էր:
       Շէնքերու ամբողջութիւնը կ՚երեւնար բերդի մը տեսքով. հետագայ դարերը արդարացուցին պաշտպանողական այս միջոցները, երբ Թալապիտները յարձակեցան վանքին այս միջնաբերդին վրայ: Վանքին ու եկեղեցիին այս շինութիւնները երեք տարիէն աւարտեցան. Երուսաղէմի Մարտիրոս պատրիարքը հանդիսաւոր կերպով կատարեց նաւակատիքը եւ Փիստոն ալ կոչուեցաւ Տորայի (ծովեզերեայ քաղաք Պաղեստինի) եպիսկոպոսութեան: Նոր վանքը բլուրի մը վրայ շինուած` կը ժպտէր սպիտակ քարերու չքնաղ զարդարանքովը. դրան աշտարակը հպարտօրէն` իբր տիրապետող դաշտին, ամէն կողմէն կ՚երեւնար. Սկիւթուպոլսեցին, որ շատ տարիներ Սահէլի այս վանքին մէջ ապրած էր, շատ գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ եւ կը նկատէ զայն միայնութեան ժպիտը: Փիտոսի այս վերաշինութիւնը կը մնայ մինչեւ Ժ. դար, իսկ ըստ Փոկասի եւ վանական Եպիփանի` մինչեւ ԺԲ. դար. յետոյ կ՚սկսի քանդումը. հարաւէն եկող ոյժերը տակաւ առ տակաւ աւերակոյտի մը կը վերածեն այս բերդանման հաստատութիւնը եւ դարերէ ի վեր Խան էլ - Ահմարի աւերակները միայն կ՚երեային:
       Քանի մը տարիէ ի վեր պեղումներով կը հետազօտուին Եւթիմիոսի վանքին վիթխարի աւերակները Երուսաղէմի Բրիտանական հնախօսական վարժանաին հաշուոյն. պեղումները յառաջ տարուած են եւ երեւան ելած են վանքին եկեղեցին ու այլ տեղերը: Գիտուն մը A. Barrois անցեալ տարի հոն այցելած ու քննած է պեղումներու արդիւնքը, մասնաւորապէս Եւթիմոսի եւ իր վանականաց մեռելամատուռը եկ նկարագրութիւնը հրատարակած է (Տե'ս Revue Biblique, 1er Avril 1930, N0. 2). նոյնին թարգմանութիւնը կու տանք ստորեւ: