Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ս. ԶԱՔԱՐԻԱ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

17. ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ

Զաքարիայի անունը կը գտնենք Թադէոսի վկայաբանութեան մէջ նշանակուած, իբր առաքելոյն լծակից եւ պաշտօնեայ Տեառն, որ նորահաւատներուն պիտի սորվեցնէ զբանս սուրբ աւետարանին, զոր եդ ի բերան նորա Սուրբ Հոգին (ՍՈՓ. Ը. 54): Այդ բացատրութեանց բառական իմաստ տալ ուզած ատեննիս, կրնանք հետեւցնել թէ Զաքարիա պաշտօնակից էր Թադէոսի, թէ նոյնիսկ Յիսուսի աշակերտ եղած էր, եւ թէ վերնատան մէջ Ս. Հոգին ընդունողներէն մէկն էր, որով Զաքարիա կը լինի ազգաւ հրեայ, եւ թերեւս ալ եօթանասուներկուներէն մէկը: Ինչչափ ալ այդ ենթադրութիւնը իբր վերջնական չկարենանք պնդել, սակայն մեր կարծիքով նախադասելի է միւս ենթադրութեան, որ Զաքարիան հայազգի կ՚ընդունի, եւ մկրտութեան ատեն հրէական անուն ստացած, ինչպէս Իսրայէլ եւ Սամուէլ նախարարները: Եթէ այսպէս ըլլար վկայաբանութիւնը զանց չէր ըներ այսչափ նշանաւոր անձի մը դարձը նշանակել, ինչպէս յիշած է վերոյիշեալ նախարարները եւ Զեմենտոսը: Ընդհանուր աւանդութիւնն ալ կը հաստատէ թէ եօթանասուներկուները եւ ուրիշ նախընծայ աշակերտները երկոտասաններուն ընկերացան եւ գործակիցներ եղան: Զաքարիայի գործունէութիւնը Թադէոսի հետ սկսելով, շարունակեց անոր կեանքին հետ, եւ յարատեւեց Բարթողիմէոսի ժամանակ ալ, մնալով իբրեւ հաստատուն աշխատող Արտազի եւ Աղբակի կողմերը, երբ առաքեալներ, իրենց կոչման համեմատ, շարունակ առաքելական շրջագայութեանց վրայ կը գտնուէին: Երկու առաքեալներուն ալ նահատակութենէն ետքը բնական կերպով Զաքարիա անոնց յաջորդը նկատուեցաւ, ինչպէս որ Թադէոս ալ վերջին ժամերուն յանձնարարած էր, (ՍՈՓ. Ը. 73): Յատուկ եւ մանրամասնեալ յիշատակներ կը պակսին մեր առաջին հայրապետին եւ առաքելաշաւիղ հովուին աշխատութեանց վրայ: Հաստատուն աւանդութիւն է թէ նա մարտիրոսութեամբ վախճանեցաւ, ինչպէս որ նախապէս Թադէոսի բերանը դրուած խօսքերէն ալ կը քաղուի (ՍՈՓ. Ը. 54), եւ ինչպէս աւելի յստակօրէն կը գրէ Արտազի աթոռին յիշատակարանը: Նոյնը մեզի ժամանակագրական տեղեկութիւն մըն ալ կու տայ, թէ Զաքարիայի նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ զկնի ԽԲ. ամի համբառնալոյ Փրկչին (68 ԱՐՐ. 102), որ կը տանի մեզ Քրիստոսի 72 թուականին, նոր հաշւոյն համեմատ, որ Քրիստոսի ծնունդը սովորական թուականէն 4 տարի առաջ, եւ մահն ու յարութիւնը սովորական 30 թուականին կը դնէ: Բարթողիմէոսի նահատակութիւնը 68-ին հաշուուած ատեն, Զաքարիայի բուն հայրապետութեան տեւողութիւնը 4 տարի պէտք կ՚ըլլայ դնել: Իսկ նահատակութեան պարագաներն մեզի անծանօթ կը մնան, բայց հարկաւ նոյն հալածանքին շարունակութիւնն էր, որուն զոհ գացած էին առաքեալները: Եթէ Զաքարիա առաջները աչքի չէր զարկած երկրորդական եւ գաղտնի գործունէութիւն մը վարելով, նոյն դիրքը չէր կրնար այլեւս շարունակել, երբոր ինքն իբր գլուխ եւ առաջնորդ քրիստոնէից, յայտնի եւ գլխաւոր գործունէութիւն պիտի ունենար: Զաքարիայի գերեզմանն ալ պէտք է Թադէոսի եւ անոր մարտիրոս ընկերներուն մօտ եղած ըլլայ, վասնզի ասոնց մասունքներուն գտնուելուն պատմութեան մէջ, նախ եւ առաջ եւ առանձին Զաքարիայի մարմինը կը գտնուի (ՍՈՓ. Ը. 90): Զաքարիայի յիշատակութիւնը Յայսմաւուրքի մէջ ալ անցած չէ. մինչ պէտք էր տօնելի սուրբերու կարգը դասել, Առաջին Լուսաւորիչներու օգնական եւ անոնց առաջին յաջորդ ու մարտիրոս հայրապետը: Մեր տեսութեամբ դիւրին է պակասը լրացնել Վարդավառի պահքին նախընթաց երեքշաբթի աւուր Զաքարիա մարգարէի տօնը Զաքարիա հայրապետին փոխանցելով, քանի որ Զաքարիա մարգարէ արդէն իր տօնն ունի երկոտասան մարգարէից օրը եւ Հին Ուխտի սուրբի մը համար կրկին տօներ սովորական չեն: Ըստ այսմ մենք չվարանեցանք Սուրբ անունով վերաձայնել մեր եկեղեցւոյ առաջին հայրապետը:

18. ՅԱՋՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԿԸ

Թերեւս ոմանց նորութիւն երեւի, որ մենք առաքելական յաջորդութիւնը անմիջապէս եւ ուղղակի Արտազու աթոռին եւ Զաքարիայի կը սեփականենք, ինչ որ ասկէ առաջ եղած չէր, իսկ օրացոյցներու ու պարբերականներու մէջ երեւցած վերջին ցուցակներն ալ մեր նախաձեռնութեամբ կազմուիլ սկսած են: Ազգային հին հեղինակներ բնաւ մտադրութիւն չեն դարձուցած առաքեալներէ մինչեւ Լուսաւորիչ պահուած քրիստոնէութեան վրայ ուսումնասիրութիւն ընել, եւ առաքելական աթոռին յաջորդութիւնը որոնել, որով թէ Հայոց քրիստոնէութեան գոյութիւնը կը ստուգուի եւ թէ աթոռին առաքելականութիւնը կը հաստատուի: Երկուքուկէս դարու միջոց մը մէկ ոստումով անցնիլ, եւ Երկրորդ Լուսաւորիչը իբր Առաջին Լուսաւորիչներուն անմիջական յաջորդ ներկայել, պատմականօրէն տարօրինակ դրութիւն մըն էր, բայց հիներուն մտադրութենէն վրիպեր էր: Յոյժ անագան, նոր վերջացած դարուն սկիզբները այդ կէտը դարմանելու գաղափարը ծագեցաւ եւ ժամագիրքերուն մէջ սկսաւ կաթողիկոսաց ցուցակ մը հրատարակուիլ, որուն մէջ Լուսաւորիչը 25-րդ անունն է, եւ նախընթաց դարերուն համար 24 անուններ յիշուած են, եւ առաքեալներու զանազան աթոռներ իրարու խառնուած են հետեւեալ կերպով (ԺԱՄ. 609):

1. Թադէոս առաքեալ.

2. Ադդէ Եդեսիոյ.

3. Եւստաթէոս Սիւնեաց.

4. Աքիաս Եդեսիոյ.

5. Թէոփիլոս Կեսարիոյ.

6. Բարթողիմէոս առաքեալ.

7. Կումսի Սիւնեաց.

8. Տուբիաս Եդեսիոյ.

9. Յուդա-Թադէոս առաքեալ.

10. Զաքարիա Արտազու.

11. Զեմենտոս Արտազու.

12. Բաբելաս Սիւնեաց.

13. Բարսումա Եդեսիոյ.

14. Մխիթար Սիւնեաց.

15. Զոթիկոս Կեսարիոյ.

16. Աղեքսանդր Կեսարիոյ.

17. Մեհրուժան Արտազու.

18. Ակակիոս Եդեսիոյ.

19. Փիրմիլիանոս Կեսարիոյ.

20. Արքեղայոս Եդեսիոյ.

21. Կղենէոս Կեսարիոյ.

22. Կոնոս Եդեսիոյ.

23. Աթանագինէս Կեսարիոյ.

24. Ղեւոնդիոս Կեսարիոյ:

Այդ ցուցակին առաջին օրինակը կը գտնենք Սալլանթեանի մօտ, 1831-ին հրատարակուած Կրօնագիտութեան մէջ, ուր Հայ Եկեղեցւոյ առաքելականութիւնը կը փաստաբանէ, եւ առաջին ու երկրորդ եւ երրորդ դարերու Հայ եկեղեցւոյ պատկանող առաքելական հայրերու անուններ կը քաղէ: Այդ ցուցակը 25 անուններ կը պարունակէ, որուն 19 վերի ցուցակէն են, 5 հատ կը պակսին, այսինքն Աքիաս, Տուբիաս, Զեմենտոս, Կոնոս եւ Աթանագինէս, եւ փոխարէն կը յիշուին Եղիշէ Աղուանից, Փալմա Պոնտոսի, Վլասիոս Սեբաստիոյ եւ երեք անանուններ` մին Կեսարիոյ եւ երկուքը Սեբաստիոյ(ՍԱԼ. 96-99): Սալլանթեանի կը հետեւի Շահխաթունեան, որ 29 անուններով ցուցակ մը կու տայ, որուն մէջ սովորական ցուցակին 24 անուններէն զատ կը յիշուին Եղիշէ Աղուանից, Վլասիոս ու Պետրոս Սեբաստիոյ, եւ Խաթ ու Դաթէ Սիւնեաց (ՇԱՀ. Ա. 145-163): Յովսէփ Ջուղայեցի քահանայ մըն ալ կը յիշուի այս տեսակ ցուցակով զբաղած (ՇԱՀ. Ա. 163), սակայն անոր գործը տեսած չենք: Ասոնց հետեւողութեամբ կազմուած է Ժամագիրքին ցուցակը, եւ սովորական կիրառութեան անցած:

19. ԱԹՈՌՆԵՐՈՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թեթեւ ակնարկ մըն ալ կը բաւէ ցուցնել, թէ հնար չէր Հայոց Եկեղեցւոյն առաքելական յաջորդութիւնը պաշտպանել սովորական ցուցակով, որուն կը մտնեն 3 առաքեալներ ցրիւ նշանակուած, եւ 3 Արտազու, 4 Սիւնեաց, 7 Եդեսիոյ եւ 7 Կեսարիոյ եպիսկոպոսներ: Որեւիցէ աթոռ յատուկ եւ յստակ գաւազան մը պէտք է կազմէ, եւ տարբեր աթոռներու եպիսկոպոսներ երբեք իրարու յաջորդութիւն չեն կրնար նկատուիլ: Ոչ ալ հնար է ոյժ մը քաղել, տարբեր աթոռներուն միեւնոյն առաքելոյ հիմնարկութիւն ըլլալէն, իբր զի Արտազու, Սիւնեաց, Եդեսիոյ եւ Կեսարիոյ աթոռները հաւասարապէս Թադէական աթոռներ եղած են, իրենց առաջին եպիսկոպոսներուն, Զաքարիայի, Եւստաթէոսի, Ադդէի ու Թէոփիլոսի, Թադէոս առաքեալէ ձեռնադրուած ըլլալնուն տեսութեամբ: Բայց այդ ալ չի բաւեր խառնակ ցուցակ մը պաշտպանելու: Միւս կողմէն պէտք է եւս դիտել, որ այս ամէն աթոռները Հայաստանեայց հայրապետութեան չեն պատկանիր: Եդեսիոյ աթոռը Ոսրոյենիոյ մետրապոլտութիւն եղաւ, եւ Անտիոքի հայրապետութեան հպատակող 14 մետրապոլտութիւններէն մին նկատուեցաւ: Կեսարիոյ աթոռն ալ Պոնտոսի եքսարքութիւնն ըլլալէն ետքը Կոստանդնուպոլսոյ հայրապետութեան ներքեւ անցաւ, եւ անոր հպատակող բազմաթիւ մետրապոլտութիւններէն մին նկատուեցաւ: Հետեւապէս այդ երկուքը պէտք է ի սպառ հեռացնել Հայոց հայրապետական աթոռէն: Կը մնան Արտազու եւ Սիւնեաց աթոռները, որոնցմէ այս երկրորդը երբեք իբրեւ նախապատիւ եւ գլխաւոր չնկատուեցաւ, եւ իր ամենահին յիշատակներուն մէջ ալ գրուած կը գտնենք թէ իրենց եպիսկոպոսցուն առաքեն առ սուրբն Թադէ, եւ դարձեալ թէ նորէն այնտեղ դիմելով խնդրեցին իւրեանց առաջնորդ (ՕՐԲ. Ա. 62), որով իբր գլխաւոր կը մնայ Արտազու աթոռը, որ իրեն նուիրական հաստատութիւնն ալ ունի Թադէոսի սրբանուէր գերեզմանովը:

20. ԱՐՏԱԶԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ

Սակայն Արտազու աթոռին յաջորդութիւնն ալ բացատրելու համար շատ քիչ էին առձեռն գտնուած տեղեկութիւնները, եւ գրեթէ բան մը ըսել հնար պիտի չըլլար, եթէ բարեդէպ պարագայ մը օգնութեան չհասնէր եւ փոքրիշատէ նիւթ չընծայէր մեր նախադասած դրութեան: Այդ օժանդակութիւնը կ՚ընծայէ մեզի Մայր Աթոռոյ Արարատ ամսագիրին հրատարակած մի պատառիկը (68 ԱՐՐ. 102), քաղուած ՉՀԹ=1330 թուակիր գրչագիրէ մը (68 ԱՐՐ. 41), որ Արտազու արքեպիսկոպոս` նշանաւոր Ծործորեցի Զաքարիայի խնամքով պատրաստուած է, եւ առնուած է ՂԸ=649 թուին գրուած Մաղարթեցի Յովհաննէս վարդապետի յիշատակարանէն (68 ԱՐՐ. 102), Յիշատակագրութիւնք եպիսկոպոսաց առաքելական վիճակիս Արտազու մակագրութեամբ: Որչափ ալ ժամանակակից գրուած մը չըլլայ, ուսումնասիրութեան հիմ կազմելու հեղինակութենէ զուրկ չէ, զի ձեռքէ ձեռք փոխանցուած աւանդութեան մը արձագանգն է եւ հնար չէ ո'չ Մաղարթեցին եւ ո'չ Ծործորեցին մտացածին կամ խաբէական տեղեկութեանց հնարիչ ենթադրել: Ուրիշ տեղ ալ ըսինք թէ բոլոր եկեղեցիներ իրենց նախնական դարերու յիշատակները նմանօրինակ աւանդութեանց վրայ հիմնած են: Այդ յիշատակարանը մեզի առաջնորդ պիտի առնենք, Հայոց հայրապետական աթոռին շարայարութիւնը կազմելու համար, քանի որ ոչ ներքին եւ ոչ արտաքին պատմութիւններ` երբեք դժուարութիւն կամ անյարմարութիւն չեն ներկայեր անոր դէմ: Նոր ուսումնասիրողներէն շատեր ալ ընդգրկած են մեր տեսութիւնները եւ մեր կազմած ցուցակը, եւ քանիներ զայն փոխանցած են իրենց աշխատասիրութեանց մէջ, ի բաց առեալ անոնք, որոնք Հայ եկեղեցւոյ առաքելականութիւնը ժխտելու կանխակալ կարծիքին կը ծառայեն: Իսկ հին Հայ մատենագիրներուն այդ մասին պահած լռութիւնը, պէտք է վերագրենք այն չափազանց պաշտելութեան զոր ունեցած են Երկրորդ Լուսաւորչին վրայ, եւ այն փափաքին որով ուզած են անոր գործին մեծութիւնը զգալի ընել, եւ որ այնչափ գրաւած է իրենց ուշնուրուշը` որ բոլորովին մոռցած են փնտռել, գտնել, գրել եւ յիշատակել ինչ որ առաքեալներէ մինչեւ Լուսաւորիչ անցած միջոցին կը պատկանի, եւ ինչ որ Հայոց աթոռին առաքելականութեան հիմ եւ փաստ պէտք է ըլլայ: Նոյն մատենագիրներ առաքելականութեան կէտը ամենայն պնդութեամբ կը պաշտպանեն, եւ Գրիգորը Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի յաջորդ կը հռչակեն, ինչ որ պիտի չկրնային ընել, եթէ առաքեալներէն մինչեւ Գրիգոր` Հայ քրիստոնէութիւնը գոյութիւն ունեցած եւ Հայոց աթոռը շարունակած չըլլար, եւ այս բաւական է մեզի անոնց ներքին համոզումը յայտնելու:

21. ԿԱՆՈՆՔ ԹԱԴԷՈՍԻ

Զաքարիայի անունը նշանակուած կը գտնենք կանոնագիրքին մէջ ալ, Սահմանք կանոնաց Սրբոյն Թադէոսի գլխուն վերջը, հետեւեալ բառերով. Զայս օրինակութիւնս ես Զաքարիա աշակերտ Թադէոսի առաքելոյ գրեցի, որպէս լւայ ի նմանէ, ամենայն հաւատացելոցն Քրիստոսի ( ԿԱՆ. 20): Յիշեալ կանոնները 33 յօդուածներ կը պարունակեն եւ կանոնագիրքին 120-152 յօդուածները կը կազմեն: Մենք չենք ուզեր պնդել թէ իսկապէս Թադէոսի գրութիւն եւ Զաքարիայի ընդօրինակութիւն են, պարունակուած իմաստներն բաւական են ապացուցանել թէ հետագայ դարերու գործ մըն է: Արդէն քննադատները ընդունած են թէ բոլոր առաքելական կանոնները գրուած են եկեղեցւոյ հնաւանդ սովորութիւնները ճշդելու եւ անորոշ ժամանակաւ հաստատուած աւանդութիւնները գիրի անցընելու դիտմամբ, եւ առաքելական կոչուած են, նախնական հնութիւննին յայտնելու համար: Մեզի ալ բաւական է հետեւցնել, թէ Հայ Եկեղեցին հաստատուն աւանդութիւն ունեցած է Թադէոսի առաքելութեան եւ Զաքարիայի յաջորդութեան վրայ: Կանոններուն սկիզբը Ուռհայ կամ Եդեսիա քաղաքի եւ վերջը Ադդէի յիշատակուիլը բնաւ մեր պաշտպանած դրութեան չի վնասեր, վասնզի արդէն բացատրած ենք թէ ինչպէս հնագոյն հայկական աւանդութիւնը ասորական աւանդութեան հետ խառնուած է Լաբուբնիայի գիրքին երեւան ելլելէն ետքը, Թադէոսի անունին նոյնութեան հետեւանօք: Թադէոսի կանոններէն առաջին 16 հատը եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու համար են, 11 յօդուածներ ընդհանուր հաւատացելոց ողջախոհութեան եւ ժուժկալութեան վրայ կը խօսին, իսկ վերջին 6 յօդուածները հարցպատասխանի ձեւով կազմուած են: Ասէ առաքեալն եւ Դարձեալ ասէ առաքեալն սկզբնաւորութիւնները բաւական են ցուցնելու, թէ ուղղակի Թադէոսէ աւանդուած չեն, այլ առաքելոյն բերնով ուրիշէ գրուած են:

22. ՍԻՒՆԵԱՑ ԱԹՈՌԸ

Զաքարիայի ժամանակակից յիշատակներուն մէջ, նախ եւ առաջ յիշենք Կումսին, որ Բարթողիմէոսէ Սիւնեաց եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Շաբ իշխանի եւ Նշնա իշխանուհւոյ խնդրանօք: Կումսի հաւանաբար Եւստաթէոսէ ետք Սիւնեաց կողմերու մեծ տեսուչն եղաւ, այլ թէ ինչչափ ատեն ապրեցաւ նշանակուած չենք գտներ, եւ Բարթողիմէոսի հեռանալէն ետք` յետ այսորիկ վախճանեցաւ Կումսի ըսուիլը, ատենը չի ցուցներ, միայն խաղաղութեամբ վախճանած լինելը կը յայտնէ: Կումսիի յաջորդած էր Բաբելաս Խուժիկ, զոր Սիւնեցի հաւատացեալք կացուցանէին իւրեանց առաջնորդ, ինչ որ ենթադրել կուտայ թէ Բաբելաս կանուխէն Բարթողիմէոսէ կամ Կումսիէ ձեռնադրութիւն ստացած էր (ՕՐԲ. Ա. 62): Բարթողիմէոսի աշակերտներուն կարգին կը յիշուի նաեւ Լուսիկ անունով մէկը, որ վախճանած է Վանանդի մէջ, եւ որուն գերեզմանին վրայ հրաշքներ կը կատարուէին մինչեւ հետագայ դարեր (ՕՐԲ. Ա. 61): Իբր Թադէոսի աշակերտ կը յիշուի եւս Դաթէ կամ Դադիու անուն մէկ մըն ալ, որ Մեծ Հայոց մէջ քարոզած է, եւ որուն անունով կը յիշուի Դադի վանքը, նորա գերեզմանին վրայ շինուած, Արցախի մէջ, Վանական վարդապետի վկայութեամբ (ԱՐՇ. 23): Դադէէն զատ կը յիշուի Խաթ մըն ալ իբր Սիւնեաց մէջ քարոզող, որուն անունը կը յիշուի Խաթրայ վանքին վրայ (ՇԱՀ. Ա. 163): Յիշատակենք եւս Եղիշէ առաքելոյն աշակերտներէն մէկը` Սահսուն քաղաքի մէջ նահատակուած, որուն երկու եղբայրները տկարանալով նորէն հեթանոսութեան են դարձած: Աւանդութիւնը չէ հասուցած մեզ Սահսունի նահատակին անունը (ԿԱՂ. Ա. 95):

23. ՍՈՒՐԲ ՈՍԿԵԱՆՔ

Բայց ասոնցմէ աւելի նշանաւոր են Ոսկեանց խումբին մարտիրոսները, Ս. Ոսկի քահանայ եւ իր չորս ընկերները, որոնց յիշատակը կը տօնէ Հայ Եկեղեցին սկիզբէն ի վեր: Ոսկին, յունական հնչմամբ Խռիւսոս, եւ իր ընկերները, ազգաւ Հռոմայեցի կամ Հոռոմ, գործով կամ պաշտօնով Հայաստան եկած ատեննին Թադէոս առաքելոյն կը հանդիպին, եւ անոր քարոզութենէն ու հրաշքներէն ազդուելով, կը հաւատան եւ կը մկրտուին, եւ իբր աշակերտ անոր կը գործակցին: Առաքելոյն նահատակութենէն ետք հալածանքներու պատճառով Ծաղկէոյ լեռները կ՚առանձնանան, սակայն նորէն մերթ ընդ մերթ քարոզութեանց կ՚ելնեն եւ հաւատացեալներ ալ կ՚աւելցնեն, որոնց կարգին նաեւ խումբ մը Ալան իշխաններ եւ ազնուականներ, Սաթենիկ թագուհիին ազգակիցներէն: Ասոնց քրիստոնէութիւնը ծանր կու գայ թագուհիին եւ իր Վնոյն եւ Վրդոյն զաւակներուն, որոնք նոյնիսկ Ոսկին եւ ընկերները կը ստիպեն որպէսզի ինչ ազդեցութեամբ որ պալատականները քրիստոնէութեան մտցուցին, նոյն ազդեցութեամբ անոնց միտքը փոխեն: Թերեւս կախարդական արուեստի մը հետեւանք կը կարծէին եղելութիւնը: Երկու արքայորդիներ իրենց նպատակին չհասնելով, նոր դարձողներէն աւելի զանոնք դարձնողներու վրայ կը զայրանան, եւ մինչեւ Ծաղկէոյ լեռները Ոսկեանց մենարանները երթալով, հինգն ալ կը նահատակէին սուսերաւ բարձեալ զգլուխս նոցա (ՍՈՓ. ԺԹ. 62): Պատմութիւնը Ս. Ոսկիի չորս ընկերներուն անունները չէ յիշած, իսկ եղելութիւնը վկայուած է ազգային հաստատուն աւանդութեամբ, որ անդստին Լուսաւորչին ժամանակէն անոնց յիշատակը ընդունած է տօնելի սուրբերուն կարգը, հոռի 10 օրուան վրայ: Ս. Ոսկեան աշակերտներն են Սուքիասեանց վկաները, որոնց վրայ պիտի խօսինք իրենց կարգին: Ոսկեան վկաներու ինքնութեան վրայ շատ հանգամանքներ անծանօթ կամ մթին կը մնան, սակայն ուր յայտնի աւանդութիւն կամ պատմութիւն կը պակսի, եւ ուսումնասիրութեան տարրերն ալ առձեռն չեն գտնուիր, աւելորդ կը սեպենք հետազօտութիւններով զբաղիլ: