Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ս. ՂԵՒՈՆԴԻՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

32. ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ

Հայրապետիս նկատմամբ Արտազեան յիշատակարանին տուած տեղեկութիւնները կը վկայեն թէ 17 տարի պաշտօնավարած է, թէ Աւրեղիոս կայսեր Հռոմայ եւ Վաղարշ թագաւորին Հայոց ժամանակակից եղած է, եւ թէ նահատակուած է ի Շաւարշան տեղւոջն, որ է նոյնինքն Արտազու աթոռին տեղը (68 ԱՐՐ. 103): Մեր ցուցուցած հաշուով Ղեւոնդիոսի պաշտօնավարութիւնը պէտք կ՚ըլլայ զետեղել 171-190 տարիներու միջոցին (8), եւ կը ճշմարտուի յիշատակարանին ցուցուցած ժամանակակցութիւնը, որովհետեւ Աւրեղիոսի միայնակ կայսրութիւնը կ՚իյնայ 169-179 տարիներու միջոցին, իսկ Վաղարշի թագաւորելը ազգային պատմութիւններու հաշուով կը դրուի 193 թուին. թէպէտ ճշդութեամբ չէ հաստատուած, ազգային պատմութեան շփոթութեանց պատճառով: Այլ թէ այս միջոցին քրիստոնէից հալածանք մը տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, ուրիշ կողմէ յիշատակուած չենք գտներ, բայց այս պատճառ մը չէ որ Ղեւոնդիոսի նահատակութիւնը կասկածի ներքեւ առնենք: Նոյնիսկ Աւրեղիոսի ատեն քրիստոնեաները հալածուած էին կայսրութեան մէջ, եւ հալածանքին ազդեցութիւնը դիւրաւ կը տարածուէր Հայաստանի վրայ ալ, որ սերտ յարաբերութիւններ ունէր կայսերական երկիրներուն հետ:

33. ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՏՈՒՄ

Այստեղ Արտազեան յիշատակարանը կը խոստովանի, թէ զկնի սորին չկարացաք գտանել, թէ ոյք յաջորդեալ են ի տեսչութիւն եկեղեցւոյ առաքելական վիճակիս Արտազու (68 ԱՐՐ. 103): Այդ խոստովանութիւնը, հեռու պակասութիւն մը ըլլալէ, մեր կարծեօք Արտազեան յիշատակներուն ստուգութեան փաստ մը կ՚աւելցնէ: Վասնզի եթէ Մաղարթեցին, որ յիշատակներուն հաւաքողն է, մտացածին եւ քմահաճոյ տեղեկութեանց հետեւող մը ըլլար, առաջին եւ երկրորդ դարերու համար անուններ եւ թուականներ յիշելէ ետքը, դիւրաւ երնար երրորդ դարն ալ նոյն կերպով լրացնել, մանաւանդ որ աւելի իրաւունք պիտի ունենար մերձաւորագոյն դարերու համար կամայական տեղեկութիւններ տալու: Երբոր նա միայն անկեղծութեամբ կը խոստովանի թէ երրորդ դարու համար հնաւանդ յիշատակներ չէ կրցած գտնել, այսու ստուգութեան հետամուտ ուղղութիւն ունենալը կը յայտնէ, եւ առանց հիման տեղեկութիւն տալէ զգուշաւորութիւնը կը ցուցնէ, որ զօրաւոր փաստ մը կը լինի ի նպաստ իր արժանահաւատութեան:

34. ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Բայց անուններու եւ յիշատակներու պակասութիւնը չի կրնար բնաւ քրիստոնէութեան ալ դադարած լինելուն հետեւութեան տանիլ: Նախ որ երկու դար տեւած քրիստոնէութիւնը չի կրնար յանկարծ բնաջինջ ըլլալ, եւ երկրորդ որ երրորդ դարուն վերջերը Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան գտնուիլը կը վկայուի Արտազեան յիշատակարանին հաւաստելովը, թէ ի ժամանակս սրբոյն Գրիգորի Պարթեւի, լեալ իցէ քրիստոնէութիւն, ընդ նմին եւ տեսուչ եկեղեցւոյ ի թաքուն եւ ի խաւարչուտ տեղւոջ (68 ԱՐՐ. 103): Այդ եղելութիւնը կը հաստատուի նոյնիսկ Լուսաւորչի ձեռօք կատարուած դարձին պարագաներով, ինչպէս իր կարգին աւելի մանրամասնօրէն պիտի բացատրենք: Աւելցնենք նաեւ Տերտուղիանոսի վկայութիւնը, որ երրորդ դարուն առաջին կիսուն ծաղկած է եւ 245-ին վախճանած, եւ Հայոց մէջ ալ քրիստոնէութեան տարածուած լինելը յայտնապէս կը վկայէ, ինչպէս անգամ մըն ալ յիշեցինք 4), եւ կը գրէ. Ո՞ւմ արդեօք հաւատացին այլեւս ազինք, Պարթեւք, Մարք, Ելամացիք, եւ որք բնակեալ են ի Միջագետս եւ ի Հայաստան, ի Փռիւգիա եւ ի Կապադովկիա, եւ բնակիչք Պոնտոսի եւ Պամփիալիոյ (ԱՐՇ. 11): Նոյն բանը կը հաստատուի եւ Խորենացիին խօսքովը, որ Փիրմիլիանոս Կեսարացիի յիշատակներէն առնելով կը գրէ. բազում վկայեալս եւ ի Խոսրովու ի մերում աշխարհիս (ԽՈՐ. 155): Խոսրովի տրուած ժամանակագրութիւնն էր 214-258, եւ եթէ 200-239 ալ ըսուի նորերու կարծիքով, միշտ հաստատուն կը մնայ, թէ երրորդ դարու առաջին կիսուն մէջ նոր հալածանք մը տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, եւ հալածանք չէր ըլլար, եթէ տարածեալ քրիստոնէութիւն մը գտնուած չըլլար: Այդ ամէն նշաններ իրարու հետ կապակցելով` զօրաւոր կերպով կը հաւաստեն, թէ որչափ ալ հայրապետներու անուններ մեզ հասած չըլլան, սակայն քրիստոնէական հօտը կար, որ հարկաւ առանց հովիւի ալ չէր:

35. ՍԻՒՆԵԱՑ ԱԹՈՌ

Սիւնեաց աթոռին նկատմամբ Օրբէլեանի քաղած աւանդութիւններն ալ Մուշէէն ետքը հինգ եպիսկոպոսներու անուններ կը յիշեն, որք են Մովսէս Տարոնացի, Սահակ Տարոնացի, Զրուանդատ, Ստեփանոս եւ Յովհաննէս (ՕՐԲ. Ա. 62), առանց տարիներն ալ յիշելու: Ոմանք ուզեցին Սիւնեաց եպիսկոպոսներուն կարգին դնել եւս Մխիթար Թանահատցին, Թանահատի վանքին հիմնադիրը, որուն համար կը գրէ Օրբէլեան, թէ գտաք յիւրոց արձանագրութեանցն եթէ չորեքհարիւր ամաւ յառաջ շինեցաւ եկեղեցին քան զհայ թուականն, որ ըսել կ՚ըլլար 151-ին: Սակայն Մխիթարի համար կ՚ըսուի միայն թէ էր եղեալ հայր վանիցն, եւ թէ կարգեալ սահմանաւ զվանսն, յետ բազում ամաց փոխի ի կարգս հրեշտակաց (ՕՐԲ. Ա. 204), որով լոկ ճգնաւոր մը ու վանահայր մը, եւ ոչ եպիսկոպոս մը եղած ըլլալը կը յայտնուի: Արդ, Սիւնեաց հինգ յաջորդները` Արտազու մէջ նոյն Մուշէի յաջորդող երեք հայրապետներուն հետ բաղդատելով, կրնանք ըսել թէ աւելի երկարատեւ միջոց մը իդէպ է նշանակել Սիւնեաց աթոռին հինգ յաջորդներուն, եւ հասնիլ մինչեւ երրորդ դարու առաջին կիսուն, երբ կը պակսին մեզի Արտազու յաջորդներուն անունները: Բաց աստի, եթէ ետ այր մի բացատրութիւնը միայն Մովսէսի վրայ չառնենք, այլ անկէ ետքը եկող չորսերուն վրայ ալ տարածենք, ինչպէս նախադասութեան ձեւը կը պահանջէ, եւ յիշենք թէ նա որ ետ այր մի` նոյնինքն Արտազու աթոռն է 29), հաւաստի կերպով կը քաղենք թէ Արտազու աթոռը Ղեւոնդիոսէ ետքն ալ հայրապետներ ունեցած է, որք ձեռնադրած են Սիւնեաց եպիսկոպոսները, թէեւ անոնց անունները մեզի հասած չեն, եւ Մաղարթեցին ալ յիշատակ մը չէ գտած անոնց մասին Արտազու առաքելական աթոռին մէջ: