Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԴԱՒԻԹ Բ. ԿԱԿԱՂԵՑԻ

632. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԿԱՐԱԳԻՐ

Արագածոտն, Մազազ, Կոտայք եւ Նիգ, որ Արարատ նահանգի կեդրոնը եւ Էջմիածնի շուրջը գտնուող գաւառներն են, աւելի ստէպ կը յիշուին իբր կաթողիկոսներու ծննդավայր, ինչ որ կը ցուցնէ թէ հայրապետանոցի աշակերտութիւնն իր նշանակութիւնն ունեցած է ընտրութեանց մէջ: Կակաղ ալ Մազազ գաւառի գիւղերէն է, եւ հայրենիք Դաւիթի, որ Յովսէփէ ետքը կաթողիկոսութեան ընտրուեցաւ: Հաւանական է որ գաւառի մըն ալ եպիսկոպոս էր առաջուընէ, թէպէտ յիշատակութիւնը մեզի չէ հասած: Քանի մը հատ յոյժ կարճատեւ, հատ մըն ալ չափաւոր տեւողութեամբ կաթողիկոսութիւններէ ետքը, Դաւիթ երկարատեւ պաշտօնավարութիւն ունեցաւ, վասնզի Պատմաբանը ամս քսանեւեօթն կու տայ անոր (ՅՈՎ. 147), եւ ամէն ցուցակագիրք նոյնը կը կրկնեն, Ասողիկէ զատ, որ 25 տարիներ գրած է (ԱՍՈ. 108), ինչ որ Ե եւ Է թուատառերու գրչագրական սխալանք մը կրնայ ըսուիլ: Հակառակ այդ երկար տեւողութեան, զոր պէտք է հաշուել 806-է 833 տարիներու վրայ, ոչ մեծ արդիւնաւորութիւն մը, եւ ոչ նշանաւոր եղելութիւններ պիտի կարենանք պատմել Կակաղեցւոյն վրայ, եւ չենք գիտեր ինչի վերագրել այդ ստերջ հետեւանքը. Դաւիթի տկարութեա՞ն, թէ ժամանակին դժպհի հանգամանքներուն: Իր կաթողիկոսութեան սկիզբը տակաւին Հարուն էր ամիրապետը, եւ հաւանաբար Հօլ կը վարէր ոստիկանութիւնը, որոնք աւելի բարեմիտ դիտումներ կը ցուցնէին: Աշոտ Մսակերն ալ սպարապետութեան պաշտօնը կը պահէր, ընտիր ձիրքերով օժտեալ մէկ մը, որ կրնար ձեռնհաս կաթողիկոսի մը օգտակար օժանդակ ըլլալ: Այդ պարագաներէն օգտուած չ՚երեւիր Կակաղեցին, այլ չափաւոր կարողութեան տէր, եւ ժիր գործունէութենէ զուրկ, եւ միայն կացութիւնը պահելով բաւականացող անձի մը գաղափարը կը ներշնչէ դիտողին:

633. ՅՈՎՍԷՓ ԵՒ ՍԱՀԱԿ

Դաւիթի կաթողիկոսութեան սկիզբները տեղի ունեցաւ Յովսէփ եւ Սահակ իշխաններուն նահատակութիւնը, որք տօնելի սուրբեր են մեր եկեղեցւոյն մէջ (ՏՕՆ. 161): Հագարացի իշխանազուն մը, որուն ազգատոհմը Կայս է կոչուած(ՎՐՔ. Դ. 293), իսկ անունը չէ յիշուած, Կարնոյ մէջ կը հաստատուի, տեղացի Հայերէն քրիստոնեայ կին կ՚առնէ, եւ կնոջ կը ներէ ոչ միայն իր կրօնքը պահել, այլեւ զաւակները քրիստոնեայ մեծցնել եւ մկրտել (ՅԱՍ. Ա. 40): Ասոր զաւակներն են Եուսուֆ եւ Իսաք, կամ Յովսէփ եւ Սահակ, եւ երրորդ մը անունը անծանօթ մնացած: Գործը խնդիրի նիւթ չ՚ըլլար, մինչեւ որ տղաքը մեծնան եւ Յովսէփ կ՚ամուսնանայ եւ զաւակներ ալ կ՚ունենայ: Բայց ի սպառ ալ գաղտնի չէր կրնար մնալ, եւ իսլամ հօր քրիստոնէացած զաւակներ լինելնին կը սկսի խօսուիլ: Պզտիկ զաւակը կը յաջողի շուտով յունական սահմանը անցնիլ. բայց մինչեւ որ Յովսէփ տունով տեղով փոխադրուի, եւ Սահակն ալ անոր օգնէ, լուրը իշխանութեանց կը հասնի, եւ երկուքն ալ ձերբակալելու եւ ատեան հանելու հրամանը կը տրուի, եւ կը բանտարկուին: Վկայաբանութիւնը կը յիշէ Քուրդիկ Մամիկոնեան իշխանի մը անունը, որ երկու եղբայրները մէկտեղ տանելու ջանք է ունեցեր, բայց գործը չկարգադրած Յովսէփ եւ Սահակ ձերբակալուեր են (ՎՐՔ. Դ. 295): Ասոնք իրենց հօրենական հաւատքին դառնալու համար ատեանի մէջ հարցափորձուելէ ետքը կը բանտարկուին, սպառնալիք եւ ողոքանք կը գործածուին, իսլամ օրէնսգէտներ համոզելու կ՚աշխատին, մինչեւ իսկ հայրերնին յորդորներ կը խօսի, կեղծ հաւանութեամբ ազատելու եւ ետքը յունական երկիր անցնելու: Բայց երկու եղբայրներ, իրենց միտքէն չեն դառնար, եւ յօժարակամ յանձն կ՚առնեն գլխատումը, որ կը վճռուի իբր ուրացեալ իսլամներ նկատուելնուն համար: Ոստիկանի անունը չկայ պատմութեան մէջ, եւ վճիռ տուողն ալ քաղաքապետ քաղաքին եւ գաւառին Կարնոյ (ՎՐՔ. Դ. 295) կամ իշխան քաղաքին Կարնոյ (ՅԱՍ. Ա. 40) անունով կը յիշուի, եւ շատ հաւանական է որ առանց իսկ ոստիկանին մասնակցութեան, տեղական դատաւորին վճռով գլխատուած են, ինչ որ իսլամական օրէնսդրութեան համաձայն է: Վճիռին գործադրութիւնը եղած է Կարնոյ մէջ, եւ գերեզմաննին ալ այնտեղ եղած է, եւ ցարդ Կարնոյ քաղաքամիջի կեդրոնը իսլամներէ պատուուած զոյգ գերեզմաններ կան, զորս տեղացի քրիստոնեայք, իբր Յովսեփայ եւ Սահակայ գերեզման կը ճանչնան: Սահակի անունը սովորաբար առաջ յիշուիլը անոր առաջ գլխատուելուն պիտի վերագրուի, թէ ոչ երիցագոյնը Յովսէփն է եղած: Կատարման օրը յիշուած է միշտ արացի 15 (ՎԱՐ. 91), եւ կ՚աւելցուի եւս յաւուր հինգշաբաթու (ՍԱՄ. 90), եւ սովորաբար տրուած 808 թուականը (ՎՐՔ. Դ. 301) ճիշդ կը յարմարի թէ' ամսաթուին եւ թէ եօթնեկի օրուան, որ շարժական տոմարով այն տարին հանդիպած է Հոկտեմբեր 19-ին, մինչ Յայսմաւուրքը անշարժ տոմարով Յունուար 22-ին է դրած (ՅԱՍ. Ա. 40):

634. ՍՄԲԱՏ ԵՒ ՍԵՒԱԴԱ

Դաւիթի օրով էր որ Աշոտ Մսակեր սպարապետ 612), յաջողութիւն մը ունեցաւ Սեւադա անուն պարսիկ իշխանի մը դէմ (ՎԱՐ. 79), որ ամիրապետին իշխանութենէն ընդվզելով, անկախ տէրութիւն մը կ՚ուզէր կազմել, գրաւելով նաեւ Հայաստանի հիւսիսային գաւառները: Նոյն պատերազմին մէջ կը մեռնի Շապուհ Բագրատունի` Աշոտի եղբայրը, եւ իր որբերը կը մնան Աշոտի խնամքին ներքեւ: Ամիրապետը իբրեւ նշան գոհունակութեան ետ կը դարձնէ Աշոտի որդին Սմբատը, որ պատանդ կը պահուէր Պաղտատի կամ Սամարայի մէջ (ԱՍՈ. 108): Այդ եղելութիւնը պէտք է դնել 822-ին վասնզի անկէ հաշուելով զկնի երկուց ամաց մեռաւ Աշոտ ի տան իւրում (ՎԱՐ. 79), իսկ Աշոտ 804-ին սպարապետ, եւ 20 տարի պաշտօն վարած լինելով (ՍԱՄ. 91), մեռած կ՚ըլլայ 824-ին: Այդ ատեն արդէն Մէմուն էր ամիրապետը, Հարունի երկրորդ որդին, որ հօրը մահուընէ ետքը, 809-ին Խորասանի իշխան էր հռչակուած, բայց իր եղբօր, ամիրապետ Էմինի դաւադրութեան հետեւանօք, ներքին պատերազմներ սկսան մէջերնին, եւ շարունակեցին մինչեւ որ 813-ին Էմին սպաննուեցաւ, եւ Մէմուն ամիրապետութեան տիրացաւ: Սա ինքն էր, որ Սմբատը ետ դարձուց եւ հօրը մահուընէ ետքը սպարապետ ալ անուանեց: Սակայն արաբական տիրապետութիւնը սկսած էր Հարունի օրերուն հանդարտութիւնը կորսնցնել, գլխաւորաբար Պարսիկներուն խլրտելուն պատճառով, որոնք իրենց անկախութիւնը նորէն ձեռք ձգելու ձեռնարկած էին: Յիշեցինք արդէն Ջահապի մը ջանքերը, իրեն տիրապետութիւնը ընդարձակելու 624): Սեւադան, զոր վերեւ յիշեցինք ի տանէ Ջահապայ ըսուած է (ՎԱՐ. 79), եւ նոյնն է որ քանի մը տարի ետք, Սմբատի սպարապետութեան ատեն, նոր շարժում մը եւս կազմակերպեց, Հայաստանը գրաւելու: Սեւադա իր նախնոյն Ջահապի նման, ինքն ալ Հայ կին առած էր, Արուսեակ Բագրատունին, եւ անով ինքզինքը Հայ տանուտէրներուն կարգն անցուցած, եւ կնոջ անունով յոլով մասն երկրի բռնակալեալ` սեպհականաբար իմն տիրէր (ՅՈՎ. 145): Հայոց հետ հաստատած ազգականութեան եւ մտերմութեան շնորհիւ, ոչ եւս իբր Հայոց թշնամի, այլ իբր Հայոց պաշտպան կը կարծեցնէր զինքն Արաբական տիրապետութեան դէմ, այնպէս որ կը յաջողի շատեր իրեն յանկուցանել, եւ իրեն հետ կը միանան նոյնիսկ Սմբատ սպարապետը, Սահակ Սիւնին, եւ այլ եւ ազատագունդ տեարք:

635. ԴԱՒԻԹ ԲԱՆԱԳՆԱՑ

Նոր սպառնացող խռովութեան առջեւն առնելու պէտքը զգաց ոստիկանը, որուն անունը Հօլ է ըսուած (ՅՈՎ. 145): Խուզիմայէ ետքը, որ 806-էն առաջ պաշտօնէն դադարած է, ուրիշ ոստիկանի անուն չունինք պատմագիրներէն, եւ չենք գիտեր թէ ուստի քաղուած է Խալիտի մը անունը, որ ոմանց կողմէ յիշուած է (§ՆՏ. 172): Իսկ Հօլ, որ 806-էն առաջ պաշտօնի անցած էր 630), դժուար թէ մինչեւ 825 պաշտօնի վրայ մնացած ըլլայ, եւ այն ալ Հարուն, Էմին եւ Մէմուն, երեք ամիրապետներու ներքեւ: Ամէն առիթի մէջ Սեւադայի մեծ շարժումին ատեն գտնուող ոստիկանին անունը Հօլ յիշուած է (ՅՈՎ. 145): Հօլ ոստիկան զէնքի չդիմած, կ՚աշխատի նախ Պարսիկներու եւ Հայերու մէջ եղած համաձայնութիւնը քակտել, որով դիւրին կ՚ըլլար Սեւադան ընկճել, ինչպէս քանի մը տարի առաջ յաջողած էր, նոյնիսկ Հայերու ձեռքով 634): Ուստի Դաւիթ կաթողիկոսը բանագնաց ղրկեց, Սմբատն ու Սահակը իրենց խորհուրդէն դարձնելու, եւ Սեւադայի հետ ալ համաձայնութեան մը գալու: Դաւիթ հաճեցաւ երթալ, տեսակցիլ ու բանակցիլ, բայց բանիւք բազմօք զնոսա համոզեալ եւ աղաչեալ ալ նպատակին չհասաւ, անոնք իրենց նպատակին վրայ պնդեցին, եւ կաթողիկոսը, յաւէտ տրտմեալ ետ կը դառնար: Հօլ պարտաւորուեցաւ զէնքի դիմել, եւ ընտիր բանակով մը վրանին քալեց: Հրազդանի հովիտին մէջ Կաւակերտի մօտ իրարու հանդիպեցան, յաղթութիւնը ոստիկանին կողմը եղաւ, Սահակ Սիւնի պատերազմին մէջ ինկաւ, իսկ Սեւադա եւ Սմբատ հազիւ ճողոպրեալ անձնապուրծ փախչէին: Հօլ շարժումին առջեւն առնելը բաւական սեպեց, եւ աւելի առաջ չմղեց վրէժխնդրութիւնը, որովհետեւ ներեց Սահակի մարմինին պատուաւոր թաղումը (ՅՈՎ. 146, ՕՐԲ. Ա. 211), Սմբատն ալ չզրկեց իր տիրապետութենէն, որովհետեւ յաջորդ տարիներու մէջ զինքն նոյն պաշտօնին վրայ կը գտնենք: Եթէ այդ մեղմօրինակ կարգադրութեանց մէջ ազդեցութիւն մը ունեցաւ Դաւիթի միջնորդութիւնը, իրեն կաթողիկոսութեան արդիւնքներէն, թէ ոչ միակը, գոնէ գլխաւորը պէտք է նկատել: Դաւիթի կաթողիկոսութիւնը այդ եղելութենէն ետքը բաւական տարիներ եւս շարունակեց մինչեւ 833, սակայն իր գործունեութեան եւ Հայաստանի կացութեան վրայ ուրիշ յիշատակ մը չենք գտներ, եւ կաթողիկոսին մահուան վրայ ալ լցեալ զկէտ կենաց իւրոց խօսքերէն (ՅՈՎ. 146) աւելի տեղեկութեանց չենք հանդիպիր:

636. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՔ ԵԻ ՍԻՒՆԻՔ

Օգտակար կը սեպենք այստեղ համառօտ տեղեկութիւն մը տալ Բագրատունեաց ժամանակակից ազգաբանութեան վրայ, որ կարեւոր է առաջիկայ եղելութիւնները լուսաբանելու համար: Իբրեւ արմատ կ՚առնենք, Աշոտ Բագրատունի պատրիկը, Վասակի որդին 537), Բագրատի եղբօրորդին, եւ Սահակ պատրիկի հօրեղբօրորդին 559): Աշոտի որդիք են Սմբատ եւ Վասակ, որոնց առաջինը սպարապետ եղաւ 609), բայց Բագրեւանդի պատերազմին մէջ սպաննուեցաւ 612): Սմբատի որդիներն են Աշոտ Մսակեր եւ Շապուհ, եւ աղջիկ մը, որ Վրաստանի Բագրատունիներէն` Աշոտի որդի Բագարատի հետ ամուսնացաւ (ՎԱՐ. 79): Աշոտ սպարապետութիւնը ժառանգեց 615), իսկ Շապուհ Սեւադայի դէմ պատերազմին մէջ մեռաւ 634): Աշոտ խաղաղութեամբ վախճանեցաւ, եւ իրեն յաջորդեց իր որդին Սմբատ 634), որ երեք զաւակ ունեցաւ, Աբաս, Աշոտ եւ Սահլ: Արաբացւոց մէջ մեծ բարեբախտութիւն կը համարուէր մանչ անդրանիկ մը, եւ այս պատճառաւ հայրեր իրենց անդրանիկին անունով մականուն կը կազմէին, այս սովորութեան համեմատ Սմբատ ալ Աբլաբաս կամ Ապու-էլ-Ապպաս այսինքն Աբասի Հայր մականունով ճանչցուած է ժամանակակիցներէն: Կրտսեր որդւոյն Սահլ անունն ալ, արաբական Սալիհ անունը պէտք է ըլլայ: Սմբատի միւս զաւակ Աշոտն է, որ մեծ դեր ունեցաւ, թագաւոր հռչակուելով: Մսակերի եղբայր Շապուհը շատ որբեր թողած է պատմութեան համեմատ, սակայն միայն Աշոտի մը անունը կը յիշուի իբր Սպերի իշխան, մինչ միւս կողմէն առանց հայրանունի չորս եղբայրներ կը յիշուին իբր Սմբատի մերձաւորներ, զորս մենք անհաւանական չէինք կարծեր իբր Շապուհի որդիներ եւ Սմբատի հօրեղբօրորդիներ ճանչնալ: Այս կարծիքին նպաստաւոր կը նկատենք տեսնել, որ Դաւիթը Սմբատի եղբայր կը կոչուի (ՎԱՐ. 79), որ հօրեղբօրորդիներու ալ տրուած անուն է: Այս չորսերն են Դաւիթ, Սահակ, Մուշեղ եւ Բագարատ, որոնցմէ առաջինը եւ վերջինը փեսայութեամբ զանազան կողմերու իշխաններ եղան, Դաւիթ Տարոնի Օձ բերդին, եւ Բագարատ Սասունի Սիմ լերան: Աշոտ Սպերցիին որդին եղած է Շապուհ, որ է նոյն ինքն Շապուհ Բագրատունի պատմագիրը: Աշոտ Վասակեան պատրիկին միւս որդւոյն Վասակին դառնալով` կը յիշատակուին որդին Ատրներսէհ, Ատրներսէհի որդին Աշոտ Վրաց պատրիկ, Աշոտի որդին Բագարատ, Բագարատի որդին Դաւիթ, եւ Դաւիթի որդին Ատրներսէհ Վրաց թագաւորը, որոնցմէ սերած է Վրացի Բագրատիոն ազգատոհմը: Սիւնեաց տունն ալ, որ ամէն ատեն նշանաւոր եղած է պատմութեան մէջ, երկուքի բաժնուած էր այդ միջոցին, եւ երկու իշխանական տուներ կը կազմէր Սիւնեաց նահանգին մէջ: Առաջին ճիւղէն այս միջոցին կը յիշուին Վասակ եւ Փիլիպէ եղբայրներ, Վասակի որդիներ Փիլիպէ եւ Բաբգէն, իսկ Փիլիպէի որդի Ներսէհ, որ սպաննեց Աղուան Վարազտրդատ իշխանը իր ազգատոհմով: Իսկ միւս ճիւղէն էր Սահակ որ Կաւակերտի պատերազմին մէջ սպաննուեցաւ 635), եւ անոր որդին Գրիգոր` Սուփան մականուանեալ, որ չենք գիտեր, եւ բացայայտուած` չենք գտներ թէ ինչ իմաստով փաղաքշական անուն է նկատուած (ՕՐԲ. 211): Գրիգորի որդին ալ եղաւ Վասակ, որ նոյնպէս փաղաքշական մականունով Գաբուռ կոչուեցաւ (ՕՐԲ. Ա. 213): Այստեղ յիշենք Աղուանից իշխան Վարազդատի դուստր Շահանդուխտը, անզուգական գեղեցիկ օրիօրդ մը, որ Սիւնեաց հարս գացած ատեն, Տաթեւի մօտ այլազգի սուսերամերկներու կողմէ յարձակում կը կրէ, եւ երբ կը տեսնէ որ իրեն հետ եղողները սպաննելէ ետքը, զինքն յափշտակելու վրայ են, մահը աչքը առնելով, ձին կը մտրակէ եւ ժայռէ մը վար կը գահավիժէ: Շահանդուխտ անվնաս մնալուն վրայ, կ՚ուխտէ այնտեղ մնալ ճգնութեամբ, ուրիշ աղջիկներ ալ կը միանան իրեն, եւ կուսաստան մը կը կազմեն, ուր եւ 30 տարի ճգնելով սրբութեամբ կը վախճանի (ՕՐԲ. Ա. 208):