Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՅՈՎԱԲ Բ. ԴԸՒՆԵՑԻ

625. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄԱՀԸ

Ահա վերեւ յիշուած 623) չորս սակաւակեացներուն երկրորդը, որ եւ ոչ տարի մը լրացուցած է աթոռին վրայ, զի իբրեւ ամիսս վեց միայն կու տայ անոր Պատմաբանը (ՅՈՎ. 138), զոր շատեր ալ կը կրկնեն, եւ ոմանք մէկ տարի կը դնեն կլոր հաշուով, ինչպէս սովոր ենք ըսել: Յովաբի անունը Յոբ ալ յիշուած է (ՎԱՐ. 76), եւ տեղ մը Յակոբ ալ գրուած է (ԱՅՐ. 17), սակայն մէկը կրճատումն, եւ միւսը գրչագիրի սխալանք կ՚երեւին, որովհետեւ ընդհանրապէս Յովաբ անունով կոչուած է: Իրեն ծագման տեղը ցուցուած է յՈստանէն, ի կուրապաղատին ապարանից (ՅՈՎ. 138), կամ յՈստանէն, ի կուրապաղատին տանէն, կամ ի կուրապաղատէն (ԿԻՐ. 42): Ոստանը, ուր կուրապաղատի ապարանք ալ գտնուի, յայտնապէս Դըւնայ Ոստանն է, իսկ Յովաբի յապարանից կամ ի տանէն ըլլալը, չենք կարծեր թէ կուրապաղատի մը ազնուական տոհմէն սերած ըլլալը ցուցնէ, այլ միայն կուրապաղատին թաղին կամ ագարակին մէջ ծնած լինելը կ՚իմացուի: Վեցամսեայ կամ քիչ աւելի պաշտօնավարութենէն ետքը վախճանեալ մէկու մը (ՅՈՎ. 140), գործունէութիւն կամ արդիւնաւորութիւն ալ ունենալ դժուար էր, եւ երբ պատմիչները կը լռեն, մենք ալ կը պարտաւորուինք, այդչափով փակել Յովաբի վաղանցուկ կաթողիկոսութիւնը 790-էն 791 տարիներու միջոցին:

626. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԱՏԿԵՐԸ

Սողոմոն, Մազազ գաւառի Գառնի հռչակաւոր գիւղը ծնած, Մաքենոցաց մեծ ուխտէն էր, բայց ինքն չէր Մաքենոցաց առաջնորդ եւ Հայր Հարանց կոչուած Մեծ Սողոմոնը, զոր Մանազկերտի ժողովին ներկայ եղողներուն մէջ յիշեցինք 573) եւ որ Վահան Գողթնացիին ասպնջականն ու քաջալերողն էր եղած 587): Կրտսերն Սողոմոն ի մանկութենէ առեալ զլուծ կրօնաւորութեան կարգի Մաքենեաց մեծահռչակ վանքին մէջ, եւ առաքինաջան երկոց զանձն տուեալ, եւ Մեծ Սողոմոնի նման գիտնական ուսուցիչի մը ձեռքին տակ վարժեալ իսկ էր ի փիլիսոփայական արուեստս, ինչպէս նաեւ կատարելապէս հմուտ լեալ փսաղտութեան կրթանաց, այսինքն է սաղմոսանուագ երգեցողութեանց: Մաքենոցաց միաբանները երկուքի բաժնուած էին, երեւի կրօնաւորական խստութեանց աստիճանին վրայ տարբեր տեսութիւններ ունենալնուն, եւ Սողոմոն Հայրն Հարանց, միաբաններուն կէսին հետ մէկտեղ Գեղարքունեաց Մաքենեաց վանքը թողլով, մեկնած էր Շիրակ գաւառը, եւ հոն Զրեսկ կոչուած տեղը նոր վանական միաբանութիւն մը հաստատած, աւելի միայնակեաց ճգնաւորութեան ձեւի ներքեւ, բազում ճգանց եւ աշխատութեանց զանձն տուեալ: Այդ խումբին մէջն էր եւ կրտսերն Սողոմոն, իր առաջնորդին հաւատարիմ հետեւողն ու առաւել սիրելին, գուցէ եւ այս պատճառով անոր անունը վրան առած: Հարկաւ Մեծ Սողոմոնին վախճանելէն ետքը, Զրեսկի առաջնորդութիւնը ստանձնած էր կրտսերն Սողոմոնը, վասնզի այնտեղ խոր ծերութեան հասած էր, միշտ խրճիթի ճգանց եւ աշխատութեանց խստամբեր կեանքը շարունակելով: Յովաբի մեռնելէն ետքը կ՚որոշեն զՍողոմոն ածեալ կացուցանել յաթոռն սրբութեան: Ծերունազարդ եւ սրբակրօն անձեր կաթողիկոսութեան բարձրացնելու միեւնոյն գաղափարն է որ կը յայտնուի, եւ որուն գաղտնիքը կը դժուարանանք մեկնել: Մի գուցէ մարդկային հանճարէն եւ յաջողակութենէն յոյսերնին կտրած, բոլոր ակնկալութիւննին երկնային բացառիկ օժանդակութեան վրայ դրած ըլլան: Երբոր պաշտօնական պատգամաւորութիւնը եկած էր Սողոմոնը Զրեսկի խրճիթէն Դուինի հայրապետանոցը տանելու, Սողոմոնի յօժարակամ պատրաստակամութիւնը զարմանք ազդեց շատերուն, եւ յոմանց ազատաց, այսինքն նախարարներուն կողմէն հարցում ուղղուեցաւ իրեն. ընդէ՞ր յօժարեալ երթաս ի հայրապետութիւն, դուն որ ծեր ես, եւ յանհնարին ճգնական վարուց յոյժ անաւագեալ: Սողոմոն կատակի ձեւ տալով եղած հարցումին, երթամ, կ՚ըսէ, զի սեւել զիս ընդ այլ հայրապետսն տամ յորմ եկեղեցւոյն (ՅՈՎ. 141), եւ ըսել կ՚ուզէ, թող իմ պատկերս ալ գտնուի կաթողիկէին պատերուն վրայ, կաթողիկոսաց շարքին մէջ: Ճգնասուն եւ ծերունազարդ Սողոմոնին բերանը, հարկաւ չենք կրնար թեթեւսոլիկ անձնասիրութեան վերագրել տուած պատասխանը, այլ միայն իբր վերնագոյն կոչման մը համակերպելով կրցածը ընելու պատրաստակամութիւն մը: Միեւնոյն ժամանակ կ՚իմանանք, թէ սովորութիւն կայ եղեր կաթողիկոսներուն պատկերները, գեղապաճոյճ նկարողաց ձեռքով մայր եկեղեցւոյն պատերուն վրայ գծագրել: Ո՜ւր էր թէ այդ պատերէն գոնէ բեկորներ մնացած ըլլային:

627. ՄԱՀՆ ՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ

Իրօք ալ Սողոմոն պատկերը նկարել տալէն աւելի արդիւնք չէ կրցած ունենալ, եւ իրեն անունով կատարուած գործողութեան մը յիշատակն ալ չունինք: Քանի որ էր ծերացեալ յոյժ (ԿԻՐ. 42), ոչ աւելի քան զմի ամ կեցեալ կը վախճանի, եւ դնի ընդ հարս իւր, զոր պէտք է իմանալ թէ կաթողիկոսաց շարքին մէջ կը թաղուի, եւ ինչպէս որ կը փափաքէր կենդանագրի ի քաւարանի սրբում (ՅՈՎ. 141): Այդ վերջին բացատրութիւնը նախընթաց խօսքերուն հետ բաղդատելով պիտի իմանանք, իբր թէ ըսէր ի սուրբ եկեղեցւոջ, ինչպէս որ ծիսական բացատրութեամբ ալ եկեղեցիին համար ի մարդկան քաւարանիս կ՚ըսուի (ԺԱՄ. 487): Սողոմոնի միամեայ կաթողիկոսութիւնը կը հաշուուի 791-է 792 տարիներու միջոցին: