Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԶԱՔԱՐԻԱ Ա. ՁԱԳԵՑԻ

652. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

Բուղայ ոստիկան, որ չորս տարիէ ի վեր Հայաստանը աւերելու եւ քանդելու գործին կը հետեւէր, իբրեւ կատարեաց զբարձումն յաշխարհէս մեծամեծացն Հայոց, մտածեց որ մի' ամենեւին ոք կայցէ յակաստանի, ուստի անոնք որ մասնաւոր զիջողութիւններով, իրեն վրէժխնդրութեան առիթ չէին տուած, եւ մնացեալ էին յաշխարհս յամուրս իւրեանց, յատուկ հրաւէրներով իրեն մօտ կանչեց, որպէսզի վայելեսցեն ի պարգեւս եւ ի պատիւս արքունի: Շատեր միամտութեամբ փութացին, եւ եկողներ պատուասիրութիւններ տեսան, մինչեւ որ միւսներն ալ քաջալերուելով եկան, բայց երբ գիտաց, թէ ոչ ոք այնուհետեւ յիշխանացն Հայոց մնաց, նենգութիւնը մէջտեղ հանեց, եւ առտու մը կանուխ երբ տակաւին անոնք ննջէին յիւրաքանչիւր վրանաց օթոցի, ամէնքն ալ կալանաւորելով շղթայի զարկաւ, եւ արդէն բանտարկեալ պահուածներուն խառնեց: Ասոնց մէջ կը յիշուին Գրիգոր Մամիկոնեան Քուրդիկի որդի, Գրիգոր Սիւնեաց իշխան, Սահլ Բագրատունի Սմբատի որդին` Բաբանը ձերբակալողը 638), Վասակ Վայոցձորոյ իշխան, Փիլիպէ Սիւնեաց իշխան, եւ Ներսէհ Գարիթայանից իշխան, որոնց հետ կը յիշուին դարձեալ Ատրներսէհ Խաչենցի եւ Եսայի Ապումուսէ Աղուան իշխանները (ԱՐԾ. 214): Իսկ Սմբատ Աբլաբաս սպարապետին վրայ բռնութիւն չգործածեց, եւ միայն հրաւիրեց որ իբր իրեն գործակից եղած եւ ամիրապետին շնորհաց արժանացած պաշտօնեայ մը, իրեն հետեւի եւ շուտով Սամարա հասնի, այնպէս իմն յուսալ տալով, թէ պիտի արժանանայ առնուլ պատիւս եւ պարգեւս յարքունուստ, եւ այնպէս դարձեալ դառնալ յիւրական աշխարհս (ՅՈՎ. 162): Հրամայեց եւս որ իր տեղ իր Աշոտ որդւոյն յանձնէ սպարապետութեան գործը, իսկ ի վերայ հարկաց արքունի, իբր ոստիկան թողուց Իպրահիմ անուն զօրավար մը (ԱՐԾ. 215), Ատրպատականի մեծ ոստիկան Մահմէտի հսկողութեան ներքեւ (ՎԱՐ. 81): Ճիշդ այդ միջոցին էր, որ վախճան կենաց հասեալ էր տեառն Յովհաննէսի կաթողիկոսի (ՍԱՄ. 94), եւ Սմբատ չուզեց աթոռը թափուր թողլով հեռանալ, ուստի նա նախ հրամայեալ ժողով եպիսկոպոսաց լինել, կաթողիկոսի ընտրութիւնը անյապաղ եւ անմիջապէս կատարել տուաւ: Եպիսկոպոսները հաւաքուեցան Երազգաւորս կամ Շիրակաւան քաղաքը, եւ ձեռնադրեցին զԶաքարիա Կոտայք գաւառի Ձագ գիւղէն, եւ Սմբատ ընտրութիւնը եւ ձեռնադրութիւնը լրացնել տալով, եւ նորընտիր կաթողիկոսին աղօթից զանձն իւր յանձն արարեալ անմիջապէս ճամբայ կ՚ելլէ Բուղայի ետեւէն հասնելու, եւ ամիրապետին ներկայանալով յուսացուած պատիւն ու իշխանութիւնն ընդունելու (ՅՈՎ. 161):

653. ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ

Զաքարիայի կաթողիկոսութիւնը, մասնաւոր պարագայ մը ունի, որ նկատողութեան արժանի է, որովհետեւ ըսուած է, թէ ի միում աւուր ամենայնին արժանաւորեալ եղաւ, սարկաւագութեան եւ քահանայութեան եւ կաթողիկոսութեան (ԿԻՐ. 43): Կաթողիկոսները սովորական եւ ընկալեալ կանոնով միշտ եպիսկոպոսներուն մէջէն կ՚ընտրուէին, ինչպէս տեսանք, եւ շատ բացառիկ պարագայ մը միայն պէտք էր եպիսկոպոսները համոզելու, որպէսզի իրենց դասակարգէն դուրս մէկը հայրապետութեան բարձրացնելու յանձնառու ըլլան: Լուսաւորիչ եւ Յուսիկ եւ Ներսէս Պարթեւազուններէ ետքը, թերեւս միայն Յովսէփ Հողոցմեցիի համար կարենանք ըսել թէ ընտրութենէն ետքը եպիսկոպոսութեան ձեռնադրուեցաւ, բայց ան ալ արդիւնաւոր եկեղեցական մըն էր: Պատմաբանը Զաքարիայի մասին այդ բացառիկ պարագան չի յիշեր, բայց ձեռնադրեն ի հայրապետութիւն ըսելով (ՅՈՎ. 161) թերեւս անոր ակնարկած ըլլայ: Ոմանք բացառիկ պարագան մեկնելու համար ըսին, թէ ամենադժուարին ժամանակին մէջ եւ բոլոր նախարարներուն հեռացուած ատեն, կաթողիկոսական աթոռին վրայ քաղաքագէտ եւ ռազմագէտ անձի պէտքը անհրաժեշտ լինելով, Զաքարիա Ձագեցին յառաջ կոչուեցաւ իբրեւ սոյն նպատակին յարմար եւ նոյն գործերու մէջ վարժուած իշխան մը: Մեկնութիւնը առանց վարանման պիտի ընդունէինք, եթէ Զաքարիայի նախընթացին վրայ որեւէ այսպիսի ակնարկ մը ունենայինք, սակայն յանարատ ի կեանս կեցեալ (ԱՍՈ. 111), եւ այր սուրբ եւ առաքինի (ԿԻՐ. 43) եղած ըլլալը` այդ ենթադրութեան փաստեր չեն, եւ աւելի աշխարհէ քաշուած, եւ սրբակրօն անձի մը կերպարանը կը ներկայեն: Ապագային պիտի հանդիպինք, որ ներհակընդդէմ ձգտումները լռեցնելու համար, Կիրակոս Վիրապեցիի պէս սրբակրօն ճգնաւոր մը ընտրել պէտք եղաւ, մինչ Զաքարիայի ընտրութեան ատեն այսպիսի ձգտումներ ալ չեն յիշուիր: Բոլոր եպիսկոպոսներուն պատասխանատուութենէ խուսափելուն ենթադրութիւնն ալ հաւանական չէ, վասնզի ոչ այդչափ երկչոտութիւն, եւ ոչ այդչափ խոնարհամտութիւն ենթադրելի չեն եպիսկոպոսական դասակարգին վրայ, որով առանց բացառութեան կը մնայ, եւ ոչ իսկ սարկաւագ անձի մը կաթողիկոս ընտրուիլը, եւ մէկ օրուան մէջ սարկաւագութենէ սկսելով, բոլոր աստիճանները ընդունիլը, եւ հետզհետէ սարկաւագ, քահանայ, եպիսկոպոս եւ կաթողիկոս ձեռնադրուիլը: Բայց միշտ մթին կը մնայ Զաքարիայի նախընթացաբար ինչ եղած ըլլալը: Նախարարական անուն չունենալը, եւ պարզապէս Ձագ գիւղացի մը կոչուիլը, իշխան կամ զօրավար եղած չըլլալը կը թելադրեն, եւ ձեռնադրութեանց սարկաւագութենէ սկսիլը` գոնէ դպիր մը եղած ըլլալը ենթադրել կու տայ: Մի' գուցէ հանգուցեալ կաթողիկոսին պաշտօնեան եւ գործառնութեանց տեղեակ եղած ըլլալը, իրեն ընտրելիութեան հիմը կազմած ըլլան: Ամէն առթի մէջ հնար չէ չտեսնել Սմբատ Աբլաբասի կամքին ազդեցութիւնը այդ գործին մէջ, եւ միանգամայն չխոստովանիլ, թէ նա լաւ դիտող եւ քաջ կշռող մը եղած է: Որովհետեւ Զաքարիա լիովին արդարացուց իր վրայ դրուած ակնկալութիւնը, եւ եկեղեցւոյ ու աշխարհին համար բազմարդիւն հայրապետ մը եղաւ, եւ ուսումնական զարգացման եւ վարչական ճարտարութեան կարողութիւններ ալ ցուցուց:

654. ԲՌՆԱԴԱՏԵԱԼ ԿԵՂԾՈՒՐԱՑՆԵՐ

Երբոր Բուղայ Հայաստանի հալածումը, կամ լաւ եւս կործանումը աւարտեց, եւ ամիրապետին դարձաւ, այնտեղ հայ նախարարներու բաւական թիւ մը հաւաքուած էր, եւ մաս մըն ալ Բուղայ մէկտեղ բերելով թիւը կ՚աճեցնէր: Ասոնք իբրեւ պետական յանցապարտներ բանտերու մէջ կը մնային, եւ նոյնինքն Սմբատ Աբլաբաս սպարապետն ալ ընդ այլոց կապելոց հաւասարեալ բանտ նետուեցաւ, եւ ոչ յիշեցան երախտիք միամտութեան նորա առ նոսա (ՅՈՎ. 163): Կալանաւորներուն ամենէն առաջինը եղած էր Բագարատ Բագրատունի Տարոնի իշխանը, զոր Եուսուֆ-Ապուսէթ նենգութեամբ բռնած եւ Պաղտատ ղրկած էր 644): Այդտեղ Բագարատ, ուրացութեամբ միայն կրցած էր իր կեանքը ազատել Ապուսէթի սպանութեան վրէժխնդրութենէն, եւ իսլամանալով ու թլփատուելով Պաղտատի մէջ կ՚ապրէր (ԱՐԾ. 182): Ուրիշ ուրացեալ մըն ալ եղած էր Վասակ Արծրունի, Աշոտի ազգականներուն առաջինը 643), բայց սա կալանաւորուելէն առաջ փութացած էր կանխել Սամարա երթալ, եւ յօժարակամ իսլամութիւն ընդունիլ, մեծամեծ շնորհներու ակնկալութեամբ (ԱՐԾ. 177): Բուղայի ետ դառնալուն եւ Հայաստանի խնդիրին փակուելուն վրայ, Միւթէվէքքիլ ամիրապետ ուզեց կալանաւոր իշխաններուն դատը տեսնել, եւ գործին նշանակութիւնը մեծցնելու նպատակով, փողեր հնչեցնել տուաւ, հանդիսաւոր ատեան բացաւ, եւ բանտարկեալ իշխանները եւ իրենց ազգակիցները դատելու նստաւ (ԱՐԾ. 172): Երբ դատական ձեւակերպութեանց ոճով` ո՞վ ըլլալնուն հարցումները սկսան, իշխանները պատասխանեցին թէ անծանօթ մարդիկ չեն, իրենց ով ըլլալը ամիրապետն ալ գիտէ, եւ պարապ տեղը իրենց վրայ ձախողակի կը նայի, վասնզի, կ՚ըսեն, մեք ոչ եմք ապստամբք ի քումմէ ինքնակալ թագաւորութենէդ (ԱՐԾ. 173): Սակայն ամիրապետը կը յիշեցնէ, թէ այդչափ վնաս գործեալ է ձեր առ իս, եւ թէ ապիրատ գործոց եւ վնասուց տէր եղած էք, բայց որովհետեւ որդիք թագաւորացն այսր աշխարհի լեալ էք, եւ արք զօրութեան էք, եւ ի դիմաց ձերոց երեւի զի զօրութիւն բազում գոյ ի ձեզ (ԱՐԾ. 174), իմ խնայեալ ի ձեզ ոչ արարից զրաւ կենաց ձերոց, թէ հաւանեալ մեզ եւ օրէնսդրին մերոյ Մահմաթայ, ընկալջիք զհաւատս եւ զօրէնս իսլամութեան: Կապեալներուն մէջ էին Յովհաննէս Արծրունեաց եպիսկոպոս եւ Գրիգոր Արծրունի նշանաւոր քահանան: Եպիսկոպոսը ամենուն կողմէ քրիստոնէութեան վրայ հաստատ ըլլալնին յայտարարեց, եւ միանգամայն կրօնքներու ճշմարտութեան վրայ խօսելով յայտնեց, թէ հարիւրտասնըմէկ մարգարէներուն ամէնքը, մէկէն զատ, քրիստոնէութեան համար կը վկայեն (ԱՐԾ. 175): Բայց երբ Միւթէվէքքիլ ձայնը կը բարձրացնէ եւ սպառնալիքները կը սաստկացնէ, որպէս թէ ընդ ռնգունս նորա ելանէր ծուխ հնոցի կայծականց, նախարարները կը սկսին տկարանալ, եւ կանուխ ուրացեալներ Բագարատ եւ Վասակ ալ վրայ կու տան, թէ դժուարութիւն չկայ, եթէ ի վերին երեսս հաճիցեն զմիտս թագաւորին, եւ ի ներքին խորհուրդս պահիցեն զխոստովանութիւնն որ ի Քրիստոս: Կերպով մը կը նորոգուէր Վարդանանց կեղծուրացութեան պարագան 245), սակայն աւելի դժուար էր այս անգամուան փորձանքը, որ լոկ խօսքով մը տեղերնին դառնալու ազատութիւնը չէին ստանար, այլ կը ստիպուէին թլփատութեան ալ ենթարկուիլ, եւ Պաղտատի մէջ աքսորականի պէս մնալ (ԱՐԾ. 177):

655. ԿՈՆ ԵՒ ԵՐԵՔ ԱՐԾՐՈՒՆԻՆԵՐ

Երբ իշխաններու ընդհանրութիւնը ուրացութեան կը զիջանէր, որոնց ոչ թիւը եւ ոչ անունները կրնանք տալ, եղան եւս անդրդուելի հաստատամտութեամբ տանջանք ու մահ յանձն առնողներ, առ երեսս ուրացութեան ալ խոնարհիլ չուզելով: Ասոնց մէջ ամէնէն առաջ պէտք է յիշենք Ստեփանոս Սեւորդի, Ուտիի իշխանը, որուն ժողովուրդը Կոն մականունը տուած էր: Անոր համարձակ խօսքերը եւ աննկուն դիմադրութիւնը, ամիրապետին բարկութիւնը գրգռեցին, որ ուրիշներն ալ վախցնելու դիտմամբ, բազում հարանօք տանջեալ խոշտանգելէ ետքը, գլխատմամբ սպաննել հրամայեց (ՅՈՎ. 166) միեւնոյն 855 տարին: Անընկճելի մնացին եւս երեք Արծրունիները, Յովհաննէս եպիսկոպոս, Գրիգոր քահանայ եւ Գրիգոր իշխան, զոր պատմիչը Տէր Գրիգոր Արծրունի պատուանունով կը յիշէ, եւ պատուաւորներէն մէկ մը եղած ըլլալը կը հետեւի, թէպէտ վերեւ յիշուած Արծրունի իշխաններուն կարգին Գրիգոր մը ամէնէն վերջ նշանակուած կը գտնենք 643), իսկ Աշոտի եղբայրը Գրիգորը, պատերազմներ ունեցած եւ իւրով մահուամբ մեռած է (ԱՐԾ. 225): Բանտարկեալ երեք Արծրունիներ, ուրացութիւնը յանձն չառնելուն համար կրկին շղթայիւք կապուած ներքին բանտ նետուեցան, ուր մնացին զերիս ամս շարունակ, կերակրեալ ձեռնարուեստիւք իւրեանց, եւ շարունակ նոր փորձութեանց ենթարկուելով, մանաւանդ Գրիգոր իշխանը, որուն դէմ աւելի ոխացեալ էր ամիրապետը, եւ զոր միշտ սրտապնդելու կ՚աշխատէին իր բանտակիցները, Յովհաննէս եպիսկոպոս եւ Գրիգոր քահանայ: Երկար տառապանքը հիւծեցին իշխանը, որ վերջին Զատկին վտանգաւոր վիճակ մը ունէր, բայց Համբարձումն ալ անցուց, եւ 15 օր ետքը բարի խոստովանութեամբ ննջեաց տէր սուրբ Գրիգոր բանտին մէջ, ուստի հանելով թաղեցին Պաղտատի քրիստոնեաներ, եւ զօր մահուան սրբոյն ամենայն Ասորեստան տօնախմբեալ կը պատուէ, կ՚ըսէ պատմիչը: Իսկ մահուան թուական կը նշանակէ հոռի 5 Ուրբաթ օր առանց տարեթիւի (ԱՐԾ. 182): Եթէ բանտարկութեան երեք տարիները ամիրապետին դատաստանէն պիտի համրենք, 855-ին պիտի դնենք Գրիգորի մահուան թուականը, որ տարին հոռի 5-ը Մայիս 30-ին կ՚իյնայ, իսկ Համբարձումէ 15 օր ետքը եղող Ուրբաթը Մայիս 27-ին, կամ հոռի 2-ին, եւ դժուար չէ թուատառի սխալ մը ենթադրել գրչագրութեան մէջ, եթէ եռամեայ միջոցը բանտարկութեան սկիզբէն հաշուուած չէ:

656. ՍՄԲԱՏ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՂ

Ուրացութեան չզիջանողներուն մէջ եղաւ եւս Սմբատ Աբլաբաս սպարապետ, որուն խիղճ եղած էր, որ միամտօրէն գործակից գտնուած էր Բուղայի անգութ ձեռնարկներուն: Որովհետեւ ինքն էր, որ առաջնորդէր ի գործս պատերազմացն, եւ յելս եւ ի մուտս աշխարհացն, ծանուցանէր զօրութիւն իւրաքանչիւր աշխարհաց, եւ զամուրս նոցա (ԱՐԾ. 194): Սմբատ ոչ մի կերպով յանձն չառաւ առերեսս իսկ ուրացութեան հաւանիլ, եւ ոչ ալ իր ալեւորեալ կեանքին մնացորդը նախադասեց իր հաւատքին, եւ ոչ միանգամ կամ երկիցս, այլ բազում անգամ աներկիւղաբար առնէր ընդդիմութիւն: Երբ ամիրապետը կը խորհէր դառնաշխատ տանջանօք զնա կորուսանել, երկնաւոր այցելութիւն կանխեց, կ՚ըսէ Պատմաբանը, եւ պարտական մարմնոյ մահուամբ վախճանեցաւ Սմբատ բանտին մէջ (ՅՈՎ. 164), եւ զխոստովանողական անուն ժառանգեաց (ԿԻՐ. 44), որով ցարդ աւելի յաճախ Սմբատ Խոստովանող անունով կը յիշատակուի պատմութեան մէջ: Սմբատի մարմինը թաղուեցաւ տեղական քրիստոնեաներուն ձեռքով, Դանիէլ մարգարէի գուբին վրայ շինուած եկեղեցւոյն կամ վկայարանին մէջ, ուր թաղուեցաւ հարկաւ եւ նահատակ Գրիգոր Արծրունին: Սմբատի բանտարկութեան տեւողութիւնը եւ մահուան թուականը ճշդելու համար որոշ նշաններ չունինք: Պատմիչը տեղ մը յութերորդ ամի գերութեանն ըսելէն ետքը (ԱՐԾ. 228), կը յիշատակէ թէ դեռ եւս գերեալքն եւ սպարապետն յարքունիս էին (ԱՐԾ. 229), որով 858-ին տակաւին կենդանի եղած կ՚ըլլայ Սմբատ, եւ երեք տարիէ ի վեր բանտարկուած, բայց այսչափ երկարած չ՚երեւիր անոր մահը, եւ յիշուած թուականներն ալ իրարմէ անկախ կրնան առնուիլ:

657. ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐ

Ստեփանոս եւ Գրիգոր եւ Սմբատ իշխաններէն զատ ուրիշ նահատակներ եւ խոստովանողներ ալ եղած ըլլալը, բաւական յայտնի կերպով ըսուած է, թէ նաեւ այլք բազումք վկայեցին վասն Քրիստոսի, եւ մեռան յանօրինէն (ԿԻՐ. 44), որ Ջափր կը կոչուի, բայց Միւթէվէքքիլ պէտք է իմանալ 643): Ասոնց ընկերակից եղաւ Հռիփսիմէ տիկին, Բագարատ Բագրատունիի քոյր եւ Աշոտ եւ Գուրգէն եւ Գրիգոր Արծրունիներու մայրը, որ երկիցս բանագնացի պաշտօն ալ կատարած էր 644, 647): Նա ալ հարցեալ եւ բռնազբօսեալ, բայց համարձակաբար յայտարարելով կեալ ի հաւատսն Քրիստոսի, Պաղտատի մէջ մեռաւ խոստովանողական անուն ստացեալ, եւ թաղուեցաւ փառաւորապէս յուխտէ Յակոբկաց (ԱՐԾ. 234): Նոյն շարքին մէջ պատշաճ կը սեպենք դասել Գրիգոր Մամիկոնեան իշխանը 652), որ արիաբար պահեալ զհաւատն (ՎԱՐ. 818), կերպը գտաւ բանտէ ազատելու եւ Հայաստան դարձաւ: Ամիրապետէն Ատրպատականի ոստիկանին, եւ անկէ Աշոտ սպարապետին հրաման կու գայ, որ ուր ալ ըլլայ, փախստականը ձերբակալուի եւ ետ դարձուի, մինչ Գրիգոր իր գաւառը` Բագրեւանդ դառնալով, կ՚աշխատէր ամրանալ Գաբեղեան գաւառի Գազանածակք բերդը: Սակայն անհնարին տառապանքէն ընկճուած, հասնելէն զկնի եօթն աւուրց մեռանի: Աշոտ առիթէն կ՚օգտուի, եւ Գրիգորի դիակին գլուխը կտրելով Ատրպատականի Մահմէտ ոստիկանին կը ղրկէ, իբր թէ Գրիգորի յունական սահմանները անցած ատեն ետեւէն հասած եւ սպաննած ըլլայ: Գործը նոյն կերպով ոստիկանէն կը հաղորդուի ամիրապետին, եւ Գրիգորի սեփական Բագրեւանդ գաւառը եւ արծաթ բիւրս հինգ պարգեւ կը տրուի Աշոտի: Յայնմհետէ, կ՚ըսէ պատմիչը, բարձաւ ի Հայոց աշխարհէս ազգն Մամիկոնէից (ԿԻՐ. 45), բայց աւելի տանուտէրական իշխանութեան, եւ ոչ ազգատոհմի շարունակութեան վրայ պէտք է իմանալ այդ դադարումը, վասնզի Մամիկոնեաններու անունը շարունակած է յաջորդ դարերու մէջ ալ:

658. ՆԱՆԱ ԱՍՈՐԻ

Հաւատոյ համար տանջուողներուն մէջ պիտի դասենք եւս Նանա Ասորի սարկաւագը: Նանայի անունը յիշուած է Աշոտ Մսակերի ժամանակէն, երբ նա իբրեւ հմուտ եւ գիտնական անձ Հայաստան եկաւ Բուրետ Ասորի վարդապետին յանձնարարութեամբ, որպէսզի Եպիկուրոս անուն քաղկեդոնիկ յոյն եպիսկոպոսին դէմ մաքառի, որ կը ջանար Աշոտը իր կողմը համոզել: Նանա յաջողած էր այն ատեն Եպիկուրոսը յաղթահարել ուսումնական զօրութեամբ, եւ Աշոտ հեռացուցած էր զայն իր քովէն (ՎԱՐ. 78): Կ՚երեւի թէ անկէ ետքը Նանա Հայաստան մնացած եւ Հայերուն գործակից գտնուած է որ ինքն ալ Բուղայի գերութեան հետ Պաղտատ կը տարուի, եւ իբր նշանաւոր անձնաւորութիւն մը ամիրապետին առջեւ կը հանուի: Նանայի ալ կ՚առաջարկուի ուրացութիւնը, իբր դատապարտութենէ ազատելու միջոց, բայց Նանա խոստովանեցաւ համարձակութեամբ զՔրիստոս, եւ այս պատճառաւ տանջեալ զնա, ի բանտն արգելեալ պահեցին յոլով ժամանակս, մինչեւ որ պարագաներու փոփոխմամբ արձակեցաւ խնամօքն Աստուծոյ (ԿԻՐ. 44):

659. ԱՊՊԱՍԵԱՆՑ ՇՓՈԹՆԵՐԸ

Բարեպատեհ առիթը, որուն կ՚ակնարկուի, անշուշտ այն ներքին շփոթութիւններուն ու խառնակութիւններուն պարագան է, որք Պաղտատի ամիրապետութեան մէջ տեղի ունեցան, եւ հետզհետէ Ապպասեանց հարստութեան անկումը պատրաստեցին: Ամիրապետներ, որոնք Ամիրմումնի կամ Ամիրէլմումնի կոչուած են մերիններէն (ՍԱՄ. 95), իբր Էմիր-իւլ-ումումի կամ ընդհանուր իշխան, ներքին գաւառներու Թուրք ցեղերէն իրենց անձնապահ եւ տէրութեան պաշտպան գունդեր կազմած էին` Թուրք հրամանատարներու ձեռաց ներքեւ, իսկ իրենք ինքզինքնին բռնութեանց եւ անգթութեանց, ցոփութեանց եւ անառակութեանց տուած էին անկոպար եւ անպայման: Որպէսզի աւելի ալ ազատ ըլլան, Պաղտատ քաղաքէն քիչ հեռու Սամարայի մօտերը Ճաֆէրիէ անունով պալատ մը շինած էին, ուր ճոխութեանց հաւասար էին խենէշութեանց չափն ու չափազանցութիւնը: Այդ անկարգ ընթացքին մէջ ամենէն առջեւ քալողը եղաւ Միւթէվէքքիլ-Պիլլահ Հայաստանի կործանման մեծ սկզբնապատճառը, եւ որուն ոյժն ու բազուկը կը կազմէին չորս թուրք զօրավարներ, Վասըֆ, Պուղա-Քէպիր, Պուղա-Սաղիր եւ Պաղըր: Ասոնցմէ երկրորդն է Հայաստանի Բուղա ոստիկանը, եւ այդ միջոցին յարմար է դնել Արծրունիի անոր մասին պատմածը, թէ Սահակ Իսմայէլեանի կինը, զոր Բուղայ բռնի իրեն կին ըրած էր 651), շարունակ կը բողոքէր թէ ես չվայելեմ քեզ կին, այլ մեծի թագաւորին (ԱՐԾ. 196): Ուստի երբ Բուղայի հետ Պաղտատ կը հասնի, կինը կը յաջողի իրողութեան լուրը հասցնել ամիրապետին, որ կնոջ գեղեցկութիւնը տեսնելով, եւ Բուղայի զայն իւրացնելը իրեն անարգանք սեպելով, Բուղան պաշտօնով Խորասան կը ղրկէ, եւ ճամբան սպաննել կու տայ (ԱՐԾ. 237): Իրօք ալ արտաքին պատմութեան մէջ Պուղա-Քէպիր այլեւս չի յիշուիր, այլ իր որդին Մուսա-պինի-Պուղա, եւ Պուղա-Սաղիր (ՎԵՐ. 451) գործի վրայ կը գտնուին Թուրք գունդերուն գլուխը: Ասոնք հետզհետէ սկսան այն դերը վարել ամիրապետներուն նկատմամբ, ինչ որ հին պրետորականները վարած էին Հռոմի կայսրներուն հանդէպ: Թէպէտ Միւթէվէքքիլի այնչափ շնորհները վայելած էին, բայց անոր դէմ դարձան Վասըֆի գրգռութեամբ, եւ անակնկալ դաւաճանութեամբ ամիրապետը սպաննեցին, 861 Դեկտեմբեր 12-ին (ՎԵՐ. 448), եւ յաջորդ հռչակեցին, անոր Մուհամմէտ-Ապու-Ճաֆէր որդին, որ կոչուեցաւ Մունթազըր-Պիլլահ: Ասիկա ուզեց դարմանել իր հօր անգութ հալածանքները` Ալիի անունին եւ զայն պատուողներուն, եւ քրիստոնեաներուն դէմ: Իսկ միւս կողմէն ըստ ամենայնի կը հետեւէր անոր ցոփակեաց խենէշութեանց, եւ այդ երեսէն մեռաւ 5 ամիս ետքը 862-ին, թէպէտ ոմանք դեղակուր սպաննուած կը կարծեն (ՎԵՐ. 448): Թուրք զօրավարներ չվստահելով Միւթէվէքքիլի ցեղին վրայ, անոր Մուհամմէտ եղբօրը Ահմէտ-Ապուլ-Ապաս որդին ամիրապետ հռչակեցին, որ կոչուեցաւ Մըսթայն-Պիլլահ, եւ իր ընթացքով ներքին եւ արտաքին թշնամութիւններ գրգռեց, եւ ապստամբութիւններու առիթ տուաւ: Աթամէշ վէզիրին երես տալը Թուրք զօրավարները գրգռեց, Վասըֆ, Պուղա-Սաղիր, Պաղըր եւ Մուսա, Սամարայի վրայ յարձակեցան, եւ ամէն բան այրեցին եւ քանդեցին, բայց յետոյ իրենք իրարու մէջ պառակտեցան: Մըսթայն առիթ առնելով Պաղըրը սպաննել տուաւ, բայց Վասըֆ եւ Պուղա-Սաղիր դէմ դարձան, եւ ամիրապետ հռչակեցին Մունթազըրի եղբայր Մուհամմէտը: Մըսթայն պարտաւորուեցաւ անձնատուր ըլլալ, զինքն չխողխողելու պայմանով, բայց աքսորի անունով ճամբայ հանուեցաւ, եւ Պասրայի մօտ Վասիթ ըսուած տեղը, այնչափ գանակոծ եղաւ որ հարուածներու ներքեւ մեռաւ, 866-ին: Նոր ամիրապետն Մուհամմէտ-Ապու-Ապտուլլահ, Մութաղ-Պիլլահ կոչուեցաւ, եւ իր իշխանութիւնը ամրացնելու նպատակով, հետզհետէ սպաննեց իր եղբայրն ու մերձաւորները, եւ Վասըֆ ու Պուղա-Սաղիր զօրավարները, որ իրեն օգնած էին: Ասոր վրայ Թուրք գունդեր ոտք ելան սպանեալ զօրավարներուն որդւոց գլխաւորութեամբ. Սալիհ-պին-Վասըֆ եւ Մուհամմէտ-պին-Պուղա ռոճիկի խնդիր յուզեցին, Մութաղը ձերբակալեցին, լաւ մը ծեծեցին եւ մերկացնելով սաստիկ արեւի տակ կայնեցուցին մինչեւ որ յանձնառու եղաւ իշխանութենէն հրաժարիլ, բայց եւ այնպէս գետնափոր նկուղի մէջ անսուաղութեամբ սպաննեցին, 869-ին: Վաթըքի զաւակներէն Մուհամմէտ-Ապու-Ապտուլլահ ամիրապետ հռչակուեցաւ Մոհթատի-Պիլլահ անունով, եւ ուզեց կարգ ու կանոն մուծանել գործերու մէջ, Ղուրանի պատուիրանները եւ արդարութեան կանոնները ուզեց վերանորոգել, բայց Թուրք գունդերը չկրցաւ զսպել, որք զինքը ձերբակալեցին, եւ ձաղանքի ենթարկելով եւ գանակոծելով հրաժարելու ստիպեցին: Իսկ նա, մինչեւ վերջը ընդդիմացաւ ու չհաւանեցաւ, թէպէտեւ գետինը թաւալեցին, գլխուն եւ փորին եւ մարմնոյն վրայէն քալելով ոտնակոխ ըրին, եւ վերջապէս դաշոյնով զարկին սպաննեցին, 870-ին: Անկէ ետքը ամիրապետութեան կոչուեցաւ Միւթէվէքքիլի զաւակներէն Ահմէտ-Ապուլ-Ապպաս, Մութամմէտ-Պիլլահ անունով: Ինչպէս փոթորիկներն ալ սաստիկ զայրանալէն ետքը պահ մը կը դադրին, ամիրապետութեան խռովութիւններն ալ, որ 861-ին սկսած էին, 870-ին դադար առին, Թուրք գունդերը հանդարտեցան, եւ Մութամմէտ 23 տարի իշխանութիւն վարեց մինչեւ 892 (ՎԵՐ. 452):

660. ԱՇՈՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Ամիրապետութեան վիճակին վրայ պատմուած պարագաները, որչափ եւ մեր նպատակէն զարտուղի սեպուին, սակայն կարեւոր էին, որպէսզի լաւ հասկցուէին Հայաստանի տիրապետողներուն գործերը, եւ բացատրուէին անոնց հետ տեղի ունեցած յարաբերութիւնները: Բուղայի խստութիւնները եւ բուռն ճնշումները, նախարարներուն բանտարկութիւնն ու աքսորը, երկիրը լքուցած եւ ամէն շարժումները դադրեցուցած էին, եւ կեղծուրաց նախարարներն ալ եւ ուրացութեան ընդդիմացող բանտարկեալներն ալ տակաւին Պաղտատի մէջ կը պահուէին: Իսկ Հայաստանի մէջ Աշոտ սպարապետ եւ Զաքարիա կաթողիկոս կը ջանային ներքին հանդարտութեան մէջ պահել երկիրը, եւ քիչ քիչ զայն իր վէրքերէն բժշկելու աշխատիլ: Նախարարներէն Հայաստանի մէջ մնացողներ իրենց գաւառներուն մէջ կը տիրէին տիրապետողներու հանդէպ հաւատարիմ հարկատուութեամբ, իսկ իրարու մէջ զանց չէին ըներ ընտանի կռիւներ մղել, նոյնիսկ այս անկեալ վիճակին մէջ: Մենք մտադիր չենք անոնց մանրամասնութեանցը մտնել: Այս էր երկրին վիճակը Բուղայի հեռանալէն ետքը, երբ ոստիկանութեան գերագոյն իշխանութիւնը Ատրպատականի Մահմէտին ձեռքն էր, եւ իրեն կողմէն Հայաստանի մէջ կը գործէր Իպրահիմ 652), իսկ սպարապետութիւնն ալ յանձնուած էր Խոստովանող Սմբատի որդւոյն Աշոտի: Այս Աշոտի մասին հարկ կը սեպենք դիտել տալ, թէ նա իբրեւ երիցագոյն զաւակ, իր հօր Սմբատ Աբլաբասի տեղը անցած էր, թէպէտ Աբլաբաս, կամ Աբասի հայր կոչումը Սմբատի անդրանիկին Աբաս մը եղած ըլլալը կը ցուցնէ: Վասնզի արաբական սովորութեամբ, անդրանիկին անունէ կը կազմուէր հայրական կոչմամբ մականունը: Միւս կողմէն Աշոտի հետ կը տեսնենք, կորովի եղբօր իւրոյ Աբասայ Հայոց սպարապետի գործակցութիւնը (ԱՐԾ. 249), որ մանուկն Աբաս սպարապետ Հայոց կոչուելով (ԱՍՈ. 112), Աշոտէ կրտսեր եղած կ՚ենթադրուի: Արդ որպէսզի արդարանայ Աբլաբաս կոչումը, պէտք է ենթադրել որ անդրանիկ Աբասի մը վաղամեռիկ վախճանէն ետքը, կրտսերագոյն զաւակի մը վրայ կրկնուած է նոյն անունը, եւ Աշոտ երիցագոյն է, եւ ոչ անդրանիկ:

661. ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԳԵՐԵԴԱՐՁԸ

Հայաստանի կացութիւնը սկսաւ փոխուիլ, երբոր բանտարկեալ եւ աքսորական նախարարներ սկսան հետզհետէ գերութենէ դառնալ: Արծրունին ալ գիտէ թէ Ջափրմոթոքլ, այսինքն Ճաֆէր-Միւթէվէքքիլ սպաննուած էր, եւ իրեն յաջորդած էր Մսթէին որդին Մունթազըր-Պիլլահ, որ 6 ամիս ետքը մեռաւ: Մունթաղըրի տեղ անցաւ Մուհիթիս, այսինքն է Մըսթայն-Պիլլահ, սակայն սա ոչ թէ ամիսս երիս իշխած է (ԱՐԾ. 231), այլ ամս երիս 659), եւ տարբերութիւնը գրչութեան սխալ կ՚ենթադրենք: Գերեդարձին ժամանակին համար նոյն Արծրունիէն կ՚իմանանք, թէ երբ եղաւ մուտ եօթներորդ ամի գերութեան, տակաւին կային յարքունիսն իշխանքն, եւ թէ այն տարի Հայոց 306 թուականն էր եւ Զաքարիայի կաթողիկոսութեան 3-րդ տարին, եւ թէ նոյն տարին ուրախ արար թագաւորն զնախարարսն Հայոց, եւ թէ խոստացաւ տալ իւրաքանչիւր ումեք զերկիր ի ժառանգութիւն, եւ թէ անմիջապէս ճամբայ հանեց Աշոտ Արծրունիի որդին Գրիգոր Դերենիկը (ԱՐԾ. 227), իսկ ինքն Աշոտ Արծրունին միւս տարին, Հայոց 307 թուին եկն ի գերութենէն (ԱՐԾ. 236): Այդ տարեթիւերը մեզ կու տան 857 եւ 858 թուականները, երբ տակաւին կենդանի էր Միւթէվէքքիլ, եւ նոյն ինքն կը լինի որ Բուղայի ձեռքով ընել տուած աւերածները վերականգնելու ձեռնամուխ եղած կ՚ըլլայ: Այլ պատմիչը յայտնապէս անոր անունը չի տար իբրեւ գերեդարձը հրամայող, եւս առաւել չի բացատրեր, թէ ինչ պարագայով կրցան փոփոխուիլ Միւթէվէլքքիլի զգացումները, կամ թէ ինչ միջոցներով կրցան նախարարները շահիլ անոր համակրութիւնը: Նկատողութեան արժանի ալ է, որ ոչ միայն իշխանք եւ նախարարք Հայոց, մի ըստ միոջէ ի կարգ անկեալ չուէին յաշխարհն տէրութեան իւրեանց, այլեւ համարձակօրէն եւ ամենայն ազատութեամբ եւ ոչ ի ծածուկ երկիւղիւ ինչ, զքրիստոսաւանդ օրէնս հայրենի առհասարակ բարձրացուցեալ բերէին յանձինս իւրեանց (ՅՈՎ. 170): Իսլամութեան սկզբունքով իսլամութենէ ետ դառնալը մահապարտութեան արժանի ոճիր համարուիլը գիտնալով, եւ պատմութեանս մէջ ալ այդ սկզբունքով նահատակութիւնները տեսած ըլլալով, զոր օրինակ Վահան Գողթնացին 588) եւ Յովսէփ ու Սահակ Կարնեցիները 633), զարմանալի կը թուի կեղծուրաց նախարարներուն ազատարար քրիստոնէութեան դիմելը, եւ ամիրապետին հաճութեամբ ի սեպհականութիւնս ի տունս դառնալը: Արծրունի պատմիչը նահատակներուն բարեխօսութեան, եւ երեք Արծրունի բանտարկեալներուն ճգնութեան հոգեկան արդիւնքը կը յիշէ, թէ լուաւ տէր աղօթից նոցա, եւ դարձաւ ի բարկութենէ սրտմտութեան իւրոյ (ԱՐԾ. 227), բայց այսչափով պատմութիւնը լուսաբանուած չ՚ըլլար, եւ մենք կը մնանք տակաւին փոփոխութիւնը մեկնելու դժուարութեան մէջ: Ուրացեալները վերընդունելու գործը վիճակեցաւ Զաքարիա կաթողիկոսին, որ հայրաբար ամէնքը մխիթարեց եւ հոգեւորապէս քաջալերեց, լաւ գիտնալով թէ ինչպիսի պարագաներու մէջ կեղծուրացութեան դիմեցին, եւ ինչ եռանդեամբ նորէն իրենց ներքին փափաքին հասան: Արծրունի պատմիչին արտաքին ուրացութեան մասին բացատրութեանց մտնելը, եւ Եղկղեսենոսներու թոյլատու աղանդի մը, եւ Նովատեանց կամ Կատաբաց խստապահանջ դրութեան յիշատակութիւնները ընելը (ԱՐԾ. 183), առիթ կու տան կարծելու, թէ պահ մը խնդիրի նիւթ եղած պիտի ըլլայ կեղծուրացներուն վերընդունելութեան կէտը, զոր Զաքարիա կաթողիկոս փութացած է լայնախոհ ներողամտութեամբ լուծել:

662. ԱՒԱՏԱԿԱՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի նոր կացութեան կարգադրութիւններն ընելու համար, յատուկ ոստիկան մըն ալ զրկուեցաւ ամիրապետին կողմէն, որ Ալի Արմանի (ՅՈՎ. 169), Ալիարմնի (ՍԱՄ. 94), Ալի որդի Յահէի (ԱՍՈ. 112), եւ Ալի որդի Վահէի (ՎԱՐ. 82), անուններով յիշուած է պատմիչներէն: Արմանի կոչումը եւ Վահէ հայրանունը կարծել տուին թէ ոստիկանը ուրացեալ Հայ մըն էր, սակայն թող որ այսպիսի պարագայ մը պատմիչները լռութեամբ չէին անցներ, շատ ալ յարմար չէր գար, որ ուրացութենէ դարձողներուն գործին կարգադրութիւնը ուրացեալի մը յանձնուէր: Ուստի աւելի յարմար է կարծել, թէ Հայաստանի մէջ ծնած ըլլալուն, կամ Հայաստանի մէջ հաստատուած կամ գործած ըլլալուն` այդ մականունը ստացած ըլլայ, այն ալ եթէ Արմանի կոչումը, իսկապէս Էրմէնի իմաստով է, եւ ուրիշ արաբական բառի մը աղաւաղումը չէ: Արտաքին պատմութեանց մէջ յիշատակուած է Ալիպին-Եահեա զօրավար մը, որ Հայաստանի մէջ բանակ կազմելով, Էօմէր-պին-Ապտուլլահ զօրավարին ետեւէն Յոյներուն դէմ պատերազմի կ՚երթայ, Միւթէվէքքիլի վերջին տարին, այսինքն 861-ին, բայց կը յաղթուի եւ կը սպաննուի (ՎԵՐ. 450): Արդ Եահեա արաբական գործածական անուն է, որ Յահէ եւ Վահէ եղած է մեր պատմիչներուն կողմէ, վասնզի ժամանակն ալ յարմար կու գայ, Ալի ոստիկանին Հայաստանի մէր գործի վրայ գտնուած ատենին, եւ անկէ Էօմէրի օգնութեան գացած ըլլալուն: Նոր կագադրութեամբ ամէն նախարարներ իշխանութիւն ստացան իրենց գաւառները կառավարելու, կատարելապէս աւատական դրութեամբ, եւ իշխան անունով, իսկ ամենուն վրայ դրուեցաւ իշխանաց իշխան մը ամիրապետէն անուանեալ, իշխաններուն վրայ հսկելու եւ երկրին համախմբութիւն տալու, եւ տիրապետող ինքնակալութեան առջեւ յարաբերութեանց միջնորդ ըլլալու համար: Արաբական հպատակութեան միակ նշանը մնացած էր հարկի վճարումը, զոր իւրաքանչիւր իշխան պարտաւոր էր իր մասին համար, եւ որոնց գերագոյն հաւաքիչն էր Ատրպատականի ոստիկանը, իսկ տեղական հսկողութիւնը կը կատարէր իշխանաց իշխանը, եւ ի հարկին Ատրպատականէ ղրկուած յատուկ զօրավար մը կամ ստորադաս ոստիկան մը, ինչպէս էր կանուխ յիշուած Իպրահիմը 652):

663. ԳՈՒՐԳԷՆ ԱՊՈՒՊԷԼԷՃ

Պատմաբանը սիրտի կատարեալ գոհունակութեամբ, երջանկութեան եւ բարօրութեան միջոց մը կը նկատէ, Հայաստանի մէջ նոր սկսած կացութիւնը, իբր զի դարձող նախարարներ օրհնութեամբ Տեառն օրհնեցան եւ նովիմբ գովեցան, եւ ամէն կողմ ձայն խրախճանաց ցնծացելոց լինէր, եւ ձայն հարսին եւ փեսայի, որովհետեւ այց արար Տէր եւ յաջողեաց ի բարութիւնս (ՅՈՎ. 171): Այդ գոհունակութեան զգացումը ահագին տագնապէ ետքը որեւէ դիւրութեան մը երես տեսնողներու ըմբռնումին յայտարարութիւնը կը նկատենք, եւ ոչ լիակատար բարօրութեան վկայութիւն: Բայց մեզ բաւական է գիտնալ թէ Զաքարիայի օրերը Հայաստան սկսաւ իր վիշտերէն ազատած շունչ մը առնել, եւ իրեն ոգեւորութեան եւ վերանորոգութեան համար աշխատիլ: Այդ կէտին մէջ պէտք չէ ուշադրութենէ վրիպեցնենք Զաքարիայի արժանիքը, որ իշխանաց իշխան Աշոտի խորհրդակից եւ գործակիցն էր այդ բարեգուշակ կացութիւնը պատրաստելու մէջ: Սակայն ցաւով պիտի յիշատակենք ներքին թշնամութեանց գործեր, որք եթէ մէկ կողմէն աւատական դրութեան հետեւանքներն են, միւս կողմէն մեր նախնեաց հռչակեալ անմիաբանութեան ալ նշանները պիտի նկատուին: Գուրգէն որդի Ապուպէլէճի, Վասպուրականի իշխաններէն մին, Բուղայի Հայաստանի վրայ եկած ատենէն, իր երկիրը թողլով ապաւինած էր նախ Քուրդիկ Մամիկոնեան Բագրեւանդի իշխանին, եւ անկէ Գաղաբար Բագրատունի Սպերի իշխանին մօտ: Վերջինիս օգնեց ալ Արաբացի գունդի մը յարձակման դէմ, Յոյներու կողմը անցնելու բանակցութեան մտաւ, բայց վերջէն Սմբատի միջնորդութեամբ Բուղայէն արտօնուեցաւ անոր մօտ մնալ եւ գործակցիլ (ԱՐԾ. 219): Երբ որ լսեց թէ այլազգի գունդերու Վասպուրականի վրայ նոր յարձակման մը առթիւ, Սահակ Ապումկդէմ սպաննուած եւ Ապուջափր Արծրունիի գունդը ցրուած է, եւ Վասակ Կովակեր մը իշխանութիւնը ձեռք առած է Տաճկաց կողմէն, Գուրգէն Ապուպէլէճ իսկոյն վրայ հասաւ, եւ նորէն Տաճիկները հեռացնելով, ինքը գրաւեց Վասպուրականի գլխաւոր իշխանութիւնը (ԱՐԾ. 221): Բուղայ իր զօրավարներէն Բուտելը ղրկեց անոր վրայ, բայց Գուրգէն Ապուպէլէճ զօրացաւ եւ յաղթեց, եւ Բուղայ պարտաւորուեցաւ ճանչնալ Գուրգէն Ապուպէլէճի իշխանութիւնը, եւ այսպէս անցան յաջորդ չորս տարիները (ԱՐԾ. 223): Անկէ ետքն է որ Աշոտ Արծրունիի եղբայրը Գրիգոր` Վասպուրական կ՚արշաւէ Գուրգէնը մերժելու, բայց կը համաձայնին երկիրը բաժնելով միանգամայն իշխել, թէպէտ Գրիգոր տարիէ մը կը վախճանի (ԱՐԾ. 225): Վահան Աշոտի որդի, Գրիգորի տեղ կ՚ուզէ անցնիլ, բայց Գուրգէնէ կը մերժուի, իսկ երբ կու գայ Գրիգոր Դերենիկ` Աշոտ Արծրունիի որդին, անոր դէմ կ՚ելլէ իր ուրացեալ հօրեղբայրը Գուրգէն, եւ Գուրգէն Ապուպէլէճի կ՚առաջարկէ, իրարու հետ համաձայնելով երկիրը կիսել, եւ հին իշխանին որդին հեռացնել: Բայց սա չի համաձայնիր, եւ Յունաց կողմ փախչելու առթիւ Բշիր եւ Չքրի տաճիկ զօրավարներէն ձերբակալուելով Աշոտ սպարապետին կը յանձնուի, եւ անկէ Ատրպատականի ոստիկանին կը յղուի (ԱՐԾ. 229): Գուրգէն Ապուպէլէճ ուրացութեան յորդորուելով կը բանտարկուի, կը շղթայուի եւ կը խոշտանգուի, բայց աննկուն կը մնայ, իսկ միւս Գուրգէն քիչ ետքը կը մեռնի` դարձեալ յուրացողական ամպարշտութենէն, երբ ամենուն ալ ազատութիւն եղաւ իրենց կրօնքը պաշտել եւ Գուրգէն Ապուպէլէճն ալ ազատութիւն ստացաւ (ԱՐԾ. 231): Երբոր Վասպուրական դարձաւ, այս անգամ ալ Դերենիկին կողմէ բանտարկուեցաւ, եւ թէպէտ Դերենիկին ծառաներէն մէկը զայն գաղտնաբար ազատեց, եւ ձեռքը դաշոյն տալով մինչեւ Դերենիկին ննջած սենեակը առաջնորդեց, բայց Գուրգէն Ապուպէլէճ չուզեց վրէժխնդիր ըլլալ, այլ բաւական սեպեց միայն ձայն տալ եւ ինքն փախչիլ: Ճգնաւոր մը, որուն մօտ ապաւինած էր Գուրգէն, զայն կապելով Դերենիկին յանձնեց, որ նորէն բանտարկեց: Այս առթին է որ Զաքարիա կաթողիկոս, Աշոտ իշխանաց իշխանն ու եպիսկոպոսներ ալ հետը առած, անձամբ Վասպուրական եկաւ հաշտութիւն գոյացնելու, եւ իր հրամանով Գուրգէն բանտէն արձակուեցաւ, եւ Մարդաստանի գաւառը անոր յատկացուեցաւ իբրեւ իր սեփական իշխանութիւն, թէպէտ սա լաւագոյն սեպեց Տարոնի կողմերը քաշուիլ: Քիչ ետքը Աշոտ իշխանաց իշխան, Դերենիկի վրայ եկաւ, եւ որպէս անհնազանդ ոմն` զայն բանտարկեց: Այս անգամ Գուրգէն Ապուպէլէճ Դերենիկի պաշտպանութեան ձեռնարկեց, Ռշտունեաց գաւառի Նորագիւղ աւանը, եկաւ, եւ այնտեղէն սկսաւ բանակցիլ եւ սպառնալ, մինչեւ որ Աշոտ հաճեցաւ Դերենիկը արձակել, այլեւ Գուրգէնի առաջարկութեամբ իր աղջիկն ալ այրիացած Դերենիկի կնութեան տուաւ, եւ արարին նաւակատիս մեծ հարսնեաց փեսայութեան Դերենիկին, եւ այսպէս ամրացաւ Բագրատունեաց եւ Արծրունեաց հաշտութեան գործը: Հայոց 312 կամ 863 տարին նշանակուած է իբր թուական այդ բարեգուշակ եղելութեան (ԱՐԾ. 233): Ուզեցինք քաղել այդ միջադէպերը իբր նմոյշ մը ժամանակին տիրող յարաբերութեանց, եւ իբրեւ նշանակ Զաքարիա կաթողիկոսի աշխարհաշէն գործունէութեան:

664. ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ԵՒ ԴԱՐՁՈՂՆԵՐ

Զաքարիայի ստացած մեծ համբաւին եւ ազդեցութեան իբր նշանակ պէտք է յիշենք Դուինի մեծ երկրաշարժը, որ մեծ պահքին մէջ սկսաւ, ի փոքրիկ շաբաթուն (ԱՍՈ. 112), որով չենք գիտեր թէ որ շաբաթը կը ճշդուի, եւ որ երեք ամիսներ տեւեց, եւ շատ շէնքեր կործանեց: Սակայն կաթողիկէ տաճարին անվնաս ազատիլը, Պատմաբանին վկայութեամբ Զաքարիայի արժանեաց կը վերագրուի, որ ուժգին աղօթիւք եւ պաղատանօք մշտամռունչ եւ աղերսալի աղօթս մատուցանէր, եւ Աստուած հաճեցաւ լսել անոր աղօթքին, անվնաս զեկեղեցին պահեալ ի բազմաբեր ցասմանէ վտանգին (ՅՈՎ. 170): Երկրաշարժին վնասները սաստիկ եղան, ապարանքներ եւ պարիսպներ փլան, շատեր փլատակներու ներքեւ մեռան, եւ ցրտաշունչ ձմեռնային սառնամանեաց ներքեւ բոլոր բնակիչներ` փողոցներ եւ հրապարակներ թափեցան: Իբր երկրաշարժին թուականը յիշուած Հայոց 312 տարին (ԱՍՈ. 112), պէտք է հաշուել 863-ին, բայց Անեցին 865 կը դնէ (ՍԱՄ. 95), որ հետեւանք է իր ընդունած 553 տարիներու տարբերութեան, որուն մենք չենք կրնար հետեւիլ, թէպէտ նա իբրեւ կանոն կը գործածէ, ինչպէս նոյնտեղ նշանակուած քանի մը կրկին թուականներու զննութեամբ կը հաստատուի (ՍԱՄ. 95): Այստեղ յիշենք նաեւ որ գերեդարձի առթիւ ազատողներուն մէջ եղան Յովհաննէս Արծրունեաց եպիսկոպոս եւ Գրիգոր Արծրունի քահանայ, որոնց խոստովանողական բանտարկութիւնը պատմեցինք 654): Յովհաննէս եպիսկոպոս դառնալէն ետքը չուզեց պաշտօնը ստանձնել, այլ ի բաց կալով յեպիսկոպոսական հովուապետութենէն, այսինքն Արծրունեաց եպիսկոպոսութենէ հրաժարելով, առանձնակ միայնաստան տեղ քաշուեցաւ, հարկաւ տարիքն ալ նեղութիւնն ալ զինքը տկարացուցած էին: Յովհաննէս եպիսկոպոսի եւ Գրիգոր քահանայի մահուան վրայ տեղեկութիւն կը պակսի, միայն թէ խոստովանողական պատուով վախճանեցան: Իսկ Արծրունեաց եպիսկոպոսութեան կոչուեցաւ ուրիշ Յովհաննէս մը, այր հեզ եւ բարեպաշտօն (ԱՐԾ. 234): Յիշենք եւս Նանա Ասորի սարկաւագն ալ, որ գերութենէ ազատելով նորէն Հայաստան դարձաւ 658), եւ Հայ Եկեղեցւոյ համար աշխատեցաւ:

665. ԻՇԽԱՆԱՑ ԻՇԽԱՆ

Զաքարիայի ժամանակին պատկանող տեղեկութեանց թերին լեցնելու եւ ժամանակին նկարագիրը տուած ըլլալու համար, յիշենք եւս, թէ Աշոտի երեք անգամ պատուոյ բարձրացումն տրուած կը ցուցուի Անեցիէն: Նախ 857-ին կը գրէ, թէ մեծաշուք բախտի պատահեալ, ամենայն նախնեացն գերիվերոյ եղեալ. 874-ին կը գրէ` լեալ իշխանաց իշխան, եւ 887-ին կը գրէ թէ Աշոտ իշխանաց իշխան` թագաւորեաց Հայոց (ՍԱՄ. 95): Աշոտի թագաւոր հռչակուիլը Զաքարիայի մահուընէ ետքն է, ուստի այստեղ զանց կ՚ընենք, իսկ անկէ դուրս կայ միայն հօրը տեղ սպարապետութիւն ստանձնելը, եւ յետոյ իշխանաց իշխան անուանուիլը: Սպարապետութիւնը ստանձնեց անմիջապէս իր հօրը մեկնելէն ետքը 855-ին, իսկ իշխանաց իշխանութիւնն ալ գերութեան դարձին առթիւ 858-ին, եւ Պատմաբանը կամ Ասողիկ ուրիշ միջանկեալ բարձրացում չեն յիշեր, եւ Անեցիին 874-ին նշանակածը պէտք է կանխել եւ գերեդարձին թուականին տանիլ: Աշոտի անձին վրայ առատ են պատմիչներուն գովեստները, եւ կը նկարագրուի ամէն կատարելութիւններով լրացեալ անձ մը: Լաւ կրթութիւն ստացած, պատերազմական քաջութեամբ նշանաւոր, վարչական յաջողակութեամբ անզուգական, բնաւորութեամբ հեզ եւ խոնարհամիտ, ներքին զգացմամբ բարեսէր, սնոտի փառքերէ հեռու, անիրաւ շահերէ անմասն, ամենուն սիրտը գրաւող, բարեպաշտութեան մէջ նշանաւոր, ազգասէր եւ աշխարհաշէն, եւ այլ ամէն տեսակ բարի ձիրքերով օժտուած: Եթէ ընդունինք իսկ, որ պատմիչներ առաջին անգամ թագով պատուուած Հայ մը տեսնելնէն գրաւուած, բոլոր հռետորական ճարտարութիւննին ջանացին թափել, սակայն հնար չէ ուրանալ, որ գերազանց եւ բարձր ձիրքերու նշան մըն է, երեսուն տարի շարունակ պաշտօնի վրայ մնալ այսպիսի դառն ժամանակներու մէջ, եւ թէ տիրապետող ինքնակալութեան, եւ թէ բովանդակ ենթարկեալ իշխաններուն համակրութիւնը այնպէս գրաւել, որ այս վերջիններ աղաչաւոր ըլլան իրեն բարձրացման, եւ պետութիւնն ալ հաճի անսովոր շնորհաբաշխութեամբ, թագակիր վեհութեան բարձրացնել իրեն հպատակ իշխաններէն մէկը: Եթէ յայտնի վկայութիւններ ալ չըլլային, այս դիտողութիւնը բաւական էր Աշոտի արժանիքը բարձրացնելու: Աշոտի այդ ընթացքը մեծ ընդարձակութիւն կ՚ընծայէր եկեղեցիին ալ, որ խիստ հալածանքի դիրքէն` ազատ բարգաւաճման դիրքին կ՚անցնէր, եւ իր հաստատութիւնները ծաղկեցնելու դիւրութիւն կը գտնէր: Բայց եթէ եկեղեցին կ՚օգտուէր Աշոտի իշխանութենէն, Աշոտ ալ օգտուած էր եկեղեցւոյ իշխանութենէն, վասնզի բարեբախտ եղած էր իրեն հետ գործի գլուխ անցած տեսնել Զաքարիայի նման կաթողիկոս մը, զոր հեռատես, եւ կարծես թէ սրտագէտ թափանցողութեամբ մը, Սմբատ Խոստովանող, յետին աստիճանէն մինչեւ կաթողիկոսութիւն բարձրացնել տուած էր մէկ օրուան մէջ, երկրին եւ եկեղեցւոյն եւ իր որդւոյն ապահով ապաւէն մը եւ կարող առաջնորդ մը պարգեւելով: Աշոտի գործունէութիւնը` եկեղեցականէն աւելի ազգային պատմութեան պատկանելուն զանց կ՚ընենք մանրամասնօրէն յառաջ բերել: Նոյնպէս զանց կ՚ընենք ինչ որ իր ատեն եւ իր մասնակցութեամբ գործուեցաւ Սիւնեաց երկու մասերուն եւ Վասպուրականի ու Տարոնի ու Անձեւացեաց իշխաններուն կողմէն, որք զանազան գաւառները կառավարող նախարարներն էին: Անցողաբար յիշենք, թէ Զաքարիայի անունը կը տրուի յատկապէս Սիւնեաց իշխանին` Վասակ Գաբուռի մահուան առթիւ, որուն թաղման փութաց Զաքարիա, Վասակի այրւոյն Մարիամ տիկնոջ հրաւիրանօք, եւ շքեղ յուղարկաւորութիւն մը կատարեց, զդի նորա զարդարեալ թագաւորական զարդուք, անհուն ամբոխիւ եւ անչափ աղաղակաւ, եւ ողբերգական պարուք փողոց եւ քնարահարաց (ՕՐԲ. Ա. 217): Այս պարագային կը տեսնենք, թէ ինչ տեսակ արտաքին հանդերձանք ներեալ էին Հայոց Եկեղեցւոյն հոգեւոր իշխանութեան կողմէ: Զաքարիա ետ կը դառնար հանգուցեալ իշխանին զաւակները օրհնելով: Գրիգոր Սուփանը, Սահակն ու Վասակը:

666. ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Զաքարիայի պէտք է վերագրենք թագաւորական անունն ու պատիւը վերանորոգելու համար գաղափարն ալ, թէպէտ լրմանը հասած չըլլայ: Հայաստանի ոստիկան կը յիշուի Յիսէ որդի Շեխայ ամիրա մը, որուն անուանման ժամանակը եւ իր պաշտօնական բաժինը այստեղ յիշուած չէ, բայց յետոյ իբր Ատրպատականի ոստիկան պիտի տեսնենք: Արծրունիին պատմածին համեմատ, Յիսէ օրինաւորապէս անուանեալ ոստիկան չէր, այլ իւրովի զաշխարհն, այսինքն Հայաստանը, բռնազսբօսեալ յինքն գրաւեաց եւ կացոյց ի վերայ նոցա զիւր գործավարս (ԱՐԾ. 248): Ուրիշ տեղ մըն ալ զայն Ամդային կը կոչէ (ԱՐԾ. 242), որ Ամդայ կամ Միջագետաց ոստիկան ըլլալը կը ցուցնէ, եւ այդ տեղեկութիւններէն կը հետեւցնենք, թէ Յիսէ Միջագետաց ոստիկան էր, եւ օգտուելով այդ շփոթութիւններէն, որք 861-էն ետքը Պաղտատի մէջ տեղի կ՚ունենային 659), յաջողած էր ինքն տիրանալ Հայաստանի, յափշտակելով զայն Ատրպատականի ոստիկանին ձեռքէն, որուն նախապէս յանձնուած էր Հայաստան 652): Այս Յիսէն է, զոր Զաքարիա երթայ տեսանել, եւ կ՚աշխատի պատշաճ կերպերով անոր սիրտը շահիլ, եւ կը յաջողի անոր բարեացակամութիւնը գրաւել, եւ յոյժ մեծարի ի նմանէ, վասնզի Յիսէ ալ պէտք ունէր երկրին իշխանութիւնները իրեն համակիր ընել, որպէսզի իր ազդեցութիւնը ամրացնէ: Յիսէ կ՚աշխատի Հայոց կաթողիկոսն ալ իր կողմն ունենալ, որուն պաշտօնական դիրքէն զատ` ընդհանուր ազդեցութիւնն ալ կը տեսնէր, եւ զայն կը պատուասիրէ տուեալ նմա շատ ինչ պարգեւս, եւ իրաւունք կու տայ դրօշս բառնալ` խաչ ի վերայ նորա, որ է առջեւէն խաչալէմ դրօշակ տանիլ տալու իրաւունք, եւ միանգամայն արտօնութիւն կը շնորհէ մտանել առաջի նորա միշտ (ՎԱՐ. 85), եւ երբ եւ ուզէ տեսակցութեան եւ խորհրդակցութեան համար իրեն մօտ գալու: Այդ մտերմական յարաբերութեանց շնորհիւ է որ Զաքարիա` Հայաստանի նոր վայելած ինքնավար կառավարութիւնը առաւել եւս պայծառացնելու եւ ամրացնելու համար, կը խորհի աստիճան մը եւս բարձրացնել անոր գլուխը գտնուող անձին պատիւը, եւ ինչպէս սպարապետը իշխանաց իշխանի փոխուեցաւ, իշխանաց իշխանն ալ թագաւորի բարձրացնել: Այդ նպատակով նախ կը պարտաւորուի Հայ իշխանները համաձայնութեան բերել, եւ անոնց հետ մէկտեղ գործին պաշտօնական ձեւ տալ: Ասոնց գլխաւորներն էին Վասակ Իշխանիկ եւ Գրիգոր Սուփան` Սիւնեաց նահանգին երկու կէսերուն իշխանները եւ Գրիգոր Դերենիկ Արծրունի` Վասպուրականի իշխանը, իսկ այլ իշխանաց Հայոց մէջէն (ՕՐԲ. Ա. 219) կրնանք յիշել Գուրգէն Ապուպէլէճը, որ յաջորդած էր Մուշեղի Անձեւացեաց իշխանին (ԱՐԾ. 239), Մուշեղ Մոկաց իշխանը (ԱՐԾ. 240), եւ Գագիկ Ապումրուան Արծրունի` Աղբակու իշխանը (ԱՐԾ. 253): Չենք կրնար ճշդել թէ Զաքարիա, մինչեւ որ կէտ կրցաւ յառաջացնել այդ խորհուրդը, որովհետեւ ստոյգ նշաններ եւ թուականներ չունինք Յիսէի Հայաստանի իշխանութիւնը ձեռք անցնելուն մասին: Միւս կողմէն գիտենք որ այդպիսի ձեռնարկ մըն ալ` շուտով յաջողելու գործերէն չէր, եւ պէտք էր շատ միջոցներ եւ շատ հրապոյրներ գործածել, մինչեւ որ առաջ ոստիկանը, յետոյ ամիրապետին շրջանակը, եւ վերջէն ինքն ամիրապետը յանձն առնէին, այդպիսի բացառիկ եւ աչքառու շնորհ մը ընել հպատակ ազգի մը, որուն դէմ քիչ առաջ սաստիկ հակառակութիւն եւ անգութ վրէժխնդրութիւն յագեցնելու ետեւէ էին: Հարկաւ ամիրապետութեան անկեալ վիճակը, եւ Մութամէտ-Պիլլահ ամիրապետին տկար կացութիւնը, եւ զանազան կողմերը գոհացնելով իրեն իշխանութիւնը պահպանելու դիտումը` նպաստեցին այդ ձեռնարկին: Թագաւորական անունին ու պատիւին տուուչութիւնը սովորաբար 885-ին կը դրուի, իսկ Զաքարիայի մահը 877-ին, որով բաւական ատեն անցած կը լինի Զաքարիայի յղացած խորհուրդէն մինչեւ անոր իրականանալը: Իսկ Յիսէի Հայաստանի ոստիկանութիւնը գրաւելը, Մութամմէտի գահակալութենէն քիչ առաջ կամ քիչ ետքը տեղի ունեցած եղելութիւն մը կ՚երեւի: Անոր անունին չենք հանդիպիր արտաքին պատմութեան մէջ, որ պարագաներու բաղդատութեան մտնէինք: Իսա-պին-Մուհամմէտ մը կայ (ՎԵՐ. 422), բայց անիկա շատ աւելի կանուխ գործի վրայ գտնուած է: Դերենիկ Արծրունիի` խորհուրդին մէջ գլխաւորութիւն ստանձնելը, անոր հօրը Աշոտին մեռած ըլլալը կը ցուցնէ, Աշոտ ալ 874-ին վախճանած է (ԱՐԾ. 244): Ասոնք են մերձաւորաբար ձեռնարկին սկզբնաւորութիւնը ճշդելու նպաստող նշանները:

667. ՓՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Զաքարիայի կաթողիկոսութեան նշանաւոր գործերէն են` Բիւզանդական հայրապետութեան հետ յարաբերութիւնները, որք առիթ ընծայեցին անգամ մըն ալ յատուկ կերպով շեշտելու եւ հաստատելու Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանութիւնը: Զաքարիայի յարաբերութիւնները կատարուեցան նշանաւոր Փոտ կամ Փոտիոս պատրիարքին հետ, որ մեծ հռչակ ունի պատմութեան մէջ, թէ իր գիտնական հմտութիւններով եւ վարչական կարողութեամբ, եւ թէ իբր սկզբնապատճառ այն մեծ եղելութեան, որով Յունական եկեղեցին խզեց իր յարաբերութիւնները Լատինական եկեղեցւոյն հետ, զոր իբր նորահնար վարդապետութեանց հետեւող եւ տիրապետական ձգտումներու հետամուտ կ՚ամբաստանէր: Արեւմտեայք այդ խզումը Արեւելեան հերձուած կ՚անուանեն, բայց աւելի ճշմարտանման կ՚ըլլար Արեւմտեան հերձուած կոչել, քանի որ Լատիններն էին, որ իրենց նորանոր բարդութիւններով հին եկեղեցւոյ դրութենէն կը հեռանային: Փոտ պատրիարքութեան հասած էր բացառիկ պարագաներու մէջ: Յովհաննէս Է., որ եւ Յաննէս պատրիարք, իբր պատկերամարտ ճանչցուած ըլլալով, պաշտօնանկ եղած էր 842-ին, Միքայէլ Գ-ի կայսր հռչակուած ատեն, նորա խնամակալ մօրը Թէոդորա դշխոյի կամքով: Մեթոտիոս որ աթոռ բարձրացաւ, չորս տարիէ մեռաւ, եւ 847-ին պատրիարքութեան կոչուեցաւ Իգնատիոս, Միքայէլ Ա. կայսեր որդին, որ եկեղեցական կոչման նուիրուած էր: Իգնատիոս թէ ծագմամբ եւ թէ պաշտօնովը զօրաւոր դիրքի տէր դարձաւ, եւ արքունեաց վրայ ալ ազդեցութիւն կը գործածէր: Որովհետեւ Վարդ Կեսար, կայսեր մօրեղբայրը, իր հարսին հետ ազգապիղծ յարաբերութեանց մէջ կը մեղադրուէր, Իգնատիոս հրապարակաւ մերժեց զայն հաղորդութենէ 857 տարւոյ Յայտնութեան տօնին օրը: Վարդ կրած անարգանաց վրէժը լուծելու համար, նախ Թէոդորա կայսրուհին պալատէն հեռացնել տուաւ, որ Իգնատիոսի պաշտպանն էր, յետոյ Միքայէլ Գ-ը համոզեց պատրիարքը ամբաստանել, պաշտօնանկ ընել եւ աքսորել, եւ անոր տեղ պատրիարք ընտրուեցաւ Փոտ, կայսերական աւագ դիւանադպիր, եւ կայսեր քեռայր Սերգիոս պատրիկի եղբայրը, որ վեց օրուան մէջ բոլոր եկեղեցական աստիճանները ստացաւ, եւ հայրապետ հռչակուեցաւ 857-ին: Քիչ առաջ Զաքարիա կաթողիկոս ալ նոյնպէս մէկ ոստումով մինչեւ կաթողիկոսութեան բարձրացած էր, բայց ոչ իր նախորդը զրկելով: Իգնատիոսի պաշտպանութեան ձեռնարկեց նաեւ յունական եպիսկոպոսութեան մէկ մասը` Մետրոփանէս Զմիւռնիոյ եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, բայց Փոտ կրցաւ իր կողմը զօրացնել եւ հակառակորդներն ալ շահիլ, միայն չյաջողեցաւ Իգնատիոսէ յօժարակամ հրաժարման գիրը ստանալ: Փոտին պէտք էր որ միւս հայրապետական աթոռներուն ալ զինքը ճանչցնէր, եւ 859-ին Հռոմի Նիկողայոս Ա. հայրապետէն նուիրակներ եկան Կոստանդնուպոլիս, եւ 861-ին ժողովական քննութեամբ Փոտի օրինաւոր աթոռակալութիւնը ճանչցան, թէպէտ Նիկողայոս յետոյ ուղղութիւնը փոխեց, եւ 863-ին Հռոմի ժողովով մը Փոտի հակառակ որոշում տուաւ: Փոտ անոր պատասխանեց 867-ին Կոստանդնուպոլսոյ ժողովով` Նիկողայոսի դէմ որոշում մը տալով, ուր Հռոմի եկեղեցւոյն նորահնար վարդապետութիւնները դատապարտուեցան, գլխաւորապէս եկեղեցականաց ամուրիութեան եւ դրոշմի տուուչութեան կէտերը, եւ մանաւանդ հանգանակի մէջ եւ յՈրդւոյ յաւելուածը: Այսպէս սկսաւ Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներուն իրարմէ խզուելուն կամ բաժնուելուն փոխադարձ հերձուածը:

668. ԶԱՔԱՐԻԱ ԵՒ ՓՈՏ

Սա ինքն Փոտն էր որուն հետ Զաքարիա յարաբերութեան մտաւ, առիթ առնելով Փոտին նոր ձեռնարկներէն, եւ կայսրութեան սահմանին մէջ գտնուող Հայերը քաղկեդոնիկ դաւանութեան ստիպելէն: Որչափ ալ Պատմաբանը այդ մասին յայտնի ակնարկ մը չունի, սակայն հետագայից յիշատակներ եւ մինչեւ մեզի հասած թուղթերու պատճէններ իրողութիւնը կը հաստատեն: Վարդան պատմիչ յարաբերութեան սկզբնաւորութիւնը Զաքարիայի կը վերագրէ, վասնզի Փոտի գրածը կը ցուցնէ, իբր Թուղթ առ Զաքարիա, պատասխանի հարցմանն` թէ վասն էր եղեւ չորրորդ ժողովն (ՎԱՐ. 82): Այդ թուղթերու պատճէնները մենք չունինք, թէպէտ Չամչեան հատուածներ յառաջ կը բերէ, առանց յիշելու թէ ուրտեղէն քաղած է (ՉԱՄ. Բ. 681-684): Վարդան ինքն ալ Փոտի նամակին իմաստը քաղած է, եւ անոր հետեւողութեամբ ժողովներու եւ հայրապետներու ցուցակներ տուած է, խօսքը փակելով թէ այսոքիկ ի թղթոյն Փոտայ սակաւ ինչ գրեցան (ՎԱՐ. 85): Վարդանի քաղուածը բոլորովին տարբեր է Չամչեանի յառաջ բերած հատուածներէն, բայց իրարու հետ բաղդատուած ատեն կը տեսնենք, որ Զաքարիայի նպատակը եղած է Քաղկեդոնի ժողովին մասին դիտողութիւններ յայտնել, եւ Փոտն ալ աշխատած է նոյն ժողովին ջատագովականը գրել: Խնդիր կրնայ ըլլալ եւս թէ արդեօք միայն մէկ թուղթ գրած է Փոտ Զաքարիայի, թէ ոչ մէկէ աւելի, վասնզի Փոտ Աշոտի գրած թուղթին մէջ կ՚ըսէ, թէ Բազում անգամ գրեցաք յառաջնորդդ ձեր եւ քահանայապետդ յոլովակի բանիւք (ԹՂԹ. 28), ուսկից կը հետեւի թէ Փոտ Աշոտ իշխանի գրելէն առաջ քանիցս փոխանակեալ թղթակցութիւն մը ունեցած է Զաքարիայի հետ, որ կանոնաւոր վիճաբանութեան եւ պատճառաբանութեան ձեւը առած կ՚ըլլայ, երկու կողմեր իրենց տեսութիւնները պաշտպանելով, եւ ոչ թէ Չամչեանի կարծածին պէս, Զաքարիա ընթերցեալ զթուղթն Փոտայ, զարմացաւ յոյժ, թէ զիարդ զայնչափ ժամանակս անտեղեակ մնացեալ էին բազումք ի Հայոց որպիսութեան ժողովոյ Քաղկեդոնի (ՉԱՄ. Բ. 685): Ոչինչ չ՚արդարացներ այդչափ տգէտ ենթադրել գիտնական կաթողիկոսը: Իմաստը ճշդելէն աւելի դժուարին կը լինի այդ թղթակցութեանց ժամանակը որոշել: Վարդան յերեքհարիւր ութեւտասն թուականին կը դնէ Փոտի գիրը, եւ զայն բերող Նիկիոյ մետրապոլիտ Յովհանին Հայաստան հասնիլը, որ կը համեմատի 869 տարւոյն: Սակայն այդ տարին Փոտ այլեւս հայրապետական աթոռին վրայ չէր, որովհետեւ նոյնիսկ 867-ին, Փոտի գումարած ժողովին տարին 667), Միքայէլ Գ. կը մեռնէր, եւ Վասիլ Ա. կայսր բարձրանալով Փոտը պաշտօնանկ կ՚ընէր, եւ Իգնատիոսը պատրիարքութեան մէջ կը հաստատէր, որ եւ մինչեւ իր մահը աթոռի վրայ կը մնար, եւ միայն 877-ին Փոտ նորէն հայրապետ կը վերընտրուէր: Սակայն այդ տարին Զաքարիա վախճանած կ՚ըլլար, եւ անհնար էր Փոտի եւ Զաքարիայի յարաբերութիւնը, ինչչափ ալ Վարդան այսպիսի գաղափար մը կ՚երեւի թելադրել, երբոր կը գրէ, Վասիլ, առ որով Փոտ, որ զթուղթն գրեաց (ՎԱՐ. 84): Բայց Փոտի` Վասիլի օրով վարած հայրապետութիւնը Զաքարիայի հետ ժամանակակից չեղաւ:

669. ԻՆՉ ԻՆՉ ԿԷՏԵՐ

Այդ տեղեկութիւններէն ետքը պէտք կը զգանք Զաքարիայի եւ Փոտի յարաբերութիւնները դնել 864-է 867 տարիներու միջոցին, երբ Փոտ խաղաղաբար տիրապետած էր Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին, եւ Հռոմի աթոռին հետ խռովելով, Նիկողայոսի ուղղութիւն փոխելուն համար, պէտք կը զգար իրեն նոր բարեկամներ գտնել, եւ այս դիտմամբ կ՚աշխատէր իր կողմը յանկուցանել Հայոց հայրապետը, որուն համբաւը լսած էր, եւ զոր կը նկատէր իբր յաւէրժահրաշից արանց յոգնապատիւ հռչակաւոր, եւ բոցափայլեալ ամենայն զանազան փառատրութեամբ (ՉԱՄ. Բ. 682): Միեւնոյն պատճառով մեզի հաւանական կ՚երեւի, թէ առաջին քայլը Փոտ առած է, Հայոց հայրապետին առաջարկելով Քաղկեդոնի ընդունելութիւնը, որպէսզի կայսրութեան Հայերն ալ դիւրաւ շահի, եւ թէ անկէ ետքը տեղի ունեցած է Զաքարիայի հարցման գիրը, կամ լաւ եւս դիտողութեանց հարցումը, որուն կը յաջորդէ Փոտի գրած պատասխանի հարցման (ՎԱՐ. 82): Մեր զննութիւնները շարունակելով պիտի ըսենք, թէ այսչափէն ալ աւելի եղան Փոտի գիրերը, զի բազում անգամ գրեցաք բացատրութիւնը (ԹՂԹ. 281), երկուքէ ավելի գրութիւններ կ՚ենթադրէ սովորական իմացուածով: Ըստ այսմ Չամչեանի յիշած հատուածներուն եւ Վարդանի տուած քաղուածոյին ալ տարբերութիւնները կ՚արդարանան, տարբեր նամակներէ առնուած ըլլալնուն ենթադրութեամբ: Փոտ տեսնելով որ Զաքարիան չի կրնար դիւրաւ իր տեսութեանց հպատակեցնել, իբրեւ նախկին քաղաքագէտ անձ, այս անգամ նոյնինքն քաղաքական պետը, Աշոտ իշխանաց իշխանը ձեռք կ՚առնէ, եւ անոր աչքին կը փայլեցնէ Թէոդոսաց սուրբ թագաւորաց փառքերը, եւ քրիստոնեայ կայսրութեան պաշտպանութիւնը վայելելու յոյսը, միայն թէ յանձն առնու ուսուցանել զժողովուրդն Քրիստոսի, եւ ածել ի ճշմարիտ խոստովանութիւն հաւատոյ, որով կ՚իմանայ քաղկեդոնիկ դաւանութիւնը, զոր եւ կը պաշտպանէ յայտարարելով թէ յարեւնման է նախորդ երեք ժողովներուն եւ կը նզովէ Նեստորի մոլորութիւնը (ԹՂԹ. 279-282): Այդ թուղթին հետ պէտք է կցել Նիկիոյ Յոհան եպիսկոպոսին պատգամաւորութիւնը, եւ անոր յորդորներով եւ Աշոտի փափաքանաց վրայ ազգային ժողովի մը գումարումը, Երազգաւորս կամ Շիրակաւան քաղաքին մէջ, որ իշխանաց իշխանին կեդրոնն էր (ՎԱՐ. 82): Փոտ, իբրեւ ճարտար հրապուրիչ` յատուկ ընծայ մըն ալ ղրկած էր Աշոտին` Յոհան եպիսկոպոսին ձեռքով, խաչափայտի նշանաւոր մասունք մը, յիշատակ օրհնութեան ի պաշտպանեալ աստուածընկալ պատուական խաչէս (ԹՂԹ. 282):

670. ՇԻՐԱԿԱՒԱՆԻ ԺՈՂՈՎԸ

Շիրակաւանի ժողովին կազմութեան մասին տեղեկութիւններ կը պակսին, ոչ ներկաներուն թիւն ու անունները կան, եւ ոչ ժողովին որոշումներուն եւ կանոններուն յիշատակութիւնները: Գլխաւոր նպատակն էր Քաղկեդոնի ընդունելութեան առաջարկին վերջնական եւ պաշտօնական պատասխան մը տալ, եւ Փոտի ձեռնարկին շարունակութիւնը կարճել: Յոհան եպիսկոպոս Նիկիոյ, որուն անունը Վահանի փոխելը եւ զինքն Հայազգի ցուցնելը (ՉԱՄ. Բ. 685)մտացածին ենթադրութիւն կը կարծենք, ժողովին մէջ յունական քաղկեդոնիկ դրութեան փաստաբանի դերը վարեց, որուն դէմ խօսեցաւ Նանա Ասորի սարկաւագը (ՎԱՐ. 82), որուն խոստովանողական նեղութիւնը պատմեցինք 658), եւ որ ամէն առթի մէջ Հայոց մէջ հակաքաղկեդոնիկ դաւանութեան պաշտպանը հանդիսացաւ: Ժողովին որոշման փաստը կու տայ մեզի Աշոտի անունով Փոտին ուղղուած պատասխանը, զոր գրիչի առած է Սահակ Հայոց վարդապետ (ԹՂԹ. 283), եւ որ գնահատուած է իբրեւ լի իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ (ԱՍՈ. 145) եւ գեղեցիկ իմաստասիրական գրուած (ԿԻՐ. 45): Մենք ալ կարող ենք մեզէն հաստատել այդ գնահատումը, մեր աչքին առջեւ ունենալով անոր պատճէնը: Ոճը հանդարտ է, առանց կիրքի, համեստ դարձուածներով, եւ առանց գիտնական հայրապետին անձնասիրութիւնը վիրաւորելու: Պատշաճից բացատրութիւններէն ետքը շարք մը համեմատութիւններ յառաջ կը բերուին Նեստորի գրածներէն եւ Լեւոնի տոմարին կտորներէն, ցուցնելու համար թէ Լեւոնի տոմարը, յորոյ վերայ կառոյցն իսկ ժողովն Քաղկեդոնի զհրամանս օտարոտի եւ խորթաբարոյ իւրոյ խոստովանութեան (ԹՂԹ. 284), Նեստորի գաղափարները կը կրկնէ: Յետոյ կ՚անցնի Եւտիքէսի վարդապետութեան եւ Հայոց Եկեղեցւոյ դաւանութեան տարբերութիւնը ցուցնել, իբր զի Եւտիքէս մի բնութիւն ի Քրիստոս ըստ փոփոխմանն ասաց, մինչ Հայոց Եկեղեցին մի բնութիւն միաւորեալ յերկուցն սահմանեաց ըստ սուրբ ժողովոյն Եփեսոսի (ԹՂԹ. 286): Անկէ ետքը կ՚անցնի Քրիստոսի տնօրէնութեանց մէջ բնութեանց առումները բացատրել, եւ ամբողջական հանգանակի ձեւ մը կ՚աւելցնէ (ԹՂԹ. 292), եւ կը փակէ դարձեալ պատուագիր դարձուածներով, եւ Խաչափայտի նուէրին համար շնորհակալութեամբ (ԹՂԹ. 294): Որչափ ալ այդ գիրը Աշոտի անունով գրուած, որպէսզի Փոտի ուղղած գրութեան համապատասխանէ, սակայն պէտք է զայն նկատել իբրեւ Շիրակաւանի գումարման ժողովական գիրը, ժողովին նախագահ Զաքարիայի հայրապետական իշխանութեամբ զօրացած: Հետեւաբար իբրեւ Շիրակաւանի ժողովէն դաւանական կանոններ յառաջ բերուած 13 գլուխները, եւ Քաղկեդոնի ընդունելութիւնը պարունակող 14-րդ եւ 15-րդ գլուխները, որք Հայ հեղինակներու ծանօթ իսկ չեն, պէտք է յոյն եպիսկոպոսին կողմէ կազմուած տեղեկութիւններ համարել: Իսկ թուղթին ալ` ժողովէն ետքը յարմարցուած գրութիւն մը ըլլալուն, եւ Կոստանդնուպոլիս ղրկուած չլինելուն մասին խօսքը, պէտք է դասել այն կամայական գիւտերուն հետ, որոնք սիրելի են Չամչեանի, Հայոց Եկեղեցին քաղկեդոնիկ ցուցնելու համար (ՉԱՄ. Բ. 687), մինչ գրութեան ճակատը դրոշմուած է թուղթին Սահակ վարդապետին ձեռքով, եւ հրամանաւ Աշոտայ գրուած ըլլալը (ԹՂԹ. 283), եւ Վարդան եւ Կիրակոս, զորս Չամչեան իբր աղբիւր կը նշանակէ լուսանցին մէջ, իր զրուցածները չեն պարունակեր: Գործին ընթացքն ալ մեր տեսութեան ստուգութեանը կը վկայէ, վասնզի Շիրակաւանի ժողովէն եւ Յոհանի անպտուղ պատգամաւորութենէն ետքը միջադէպը ի սպառ փակուած է, եւ Փոտ ինքն ալ որ 867-ին պաշտօնանկ ըլլալով 877-ին նորէն աթոռ բարձրացաւ, մէկ մըն ալ միութեան առաջարկները չնորոգեց, եւ առանց դաւանութեան խնդիր յուզելու, Վասիլ կայսեր գործակցեցաւ Աշոտին թագաւորական պատիւ ու պսակ ընծայելու: Աշոտի պատասխանը գրող Սահակ վարդապետն ալ առաջիկային պիտի ծանօթացնենք:

671. ՊԱՒՂԻԿԵԱՆՑ ԳՈՐԾԵՐ

Աւելորդ չենք սեպեր համառօտիւ քաղել աստէն Պաւղիկեան աղանդաւորներուն անցքերը, զի օտարներ իբր Հայերէն ծագում առած աղանդ մը կը հռչակեն զայն. եւ զի անցքերն ալ Փոքր Հայոց կամ կայսրութեան Հայկական գաւառներուն մէջ կատարուեցան: Օձնեցիին ժամանակէն տեսանք կանոնական կարգադրութիւններով 566), եւ վարդապետական ճառերով 590), այդ աղանդին դէմ մղուած ճիգերը, եւ իրօք ալ Ը. դարուն սկիզբները տարածուած ու զօրացած էր աղանդը Հայաստանի, Կապադովկիոյ եւ Պոնտոսի կողմերը, որուն գլխաւոր կը նկատուէին Սիղուանոս սարկաւագ, եւ իրեն հաստատուն բնակավայրն էր Առաջին Հայոց` Կողոնիա, այժմ Քէօյլիւ-Հիսար քաղաքը: Սիմէոն զօրավար, որ կայսերական իշխանութեամբ ղրկուած էր աղանդաւորները ջնջելու, Սիղուանոսը ձերբակալեց, աղանդաւորները գերեց, եւ խոշտանգանօք ստիպեց, որ իրենց պետը քարկոծեն, բայց անոնց արիական դիմադրութենէն ազդուելով իրենց յարեցաւ: Պաւղիկեանք կը զօրանային, մինչ կայսերական օրէնքներ զիրենք մահապարտութեամբ կը պատժէին: Աղանդաւորներ հալածանքին դէմ զինեալ ապստամբութեան դիմեցին, եւ Արաբացիներէն օգնութիւն խնդրեցին կայսրութեան դէմ, ինչ որ դիւրաւ ստացան, եւ անոնց հովանաւորութեամբ կեդրոնացան Կապադովկիոյ Արգէոս, այժմ Էրճիաս, լերան շուրջը, եւ երեք քաղաքներ կազմեցին, որոնց գլխաւորն էր Տեփրիկիա, այժմեան Տիվրիկը: Արաբացիք տեղական օգնութիւններով զօրացած, իրենց արշաւանքները մինչեւ Կոստանդնուպոլսոյ հանդիպակաց կողմերը մղեցին Միքայէլ Գ. ժամանակ, 858-ին: Յոյներ դէմ դնելու համար պատերազմի ելան, բայց Սամոսատի եւ Ամասիոյ ճակատամարտներուն մէջ չարաչար յաղթուեցան, Մելիտինէի իշխան Էօմէրի բանակներէն, որոնց կ՚օգնէին Պաւղիկեանց գունդերը: Պարտութիւնները սթափեցուցին յունական կայսրութիւնը, Պետրոնաս զօրավար մեծ ոյժերով պատերազմը նորոգեց, 862-ին յաղթեց եւ սպաննեց Էօմէրը, եւ անկէ ետքը Ալի-պին-Եահեա զօրավարը, որ Հայաստանէն եկեր էր անոր օգնութեան 662): Բայց Պաւղիկեանք չընկճուեցան, Փոքր Ասիոյ զանազան կողմերը ասպատակներ կը սփռէին, եւ Եփեսոսի ու Նիկոմիդիոյ ալ կը սպառնային: Իրենց պետն էր Քրիսոկիւրոս, որ յաջորդած էր իր հօր Կարբէասի, Սիղուանոսի յաջորդին, որ խրոխտաբար մերժեց Միքայէլ Գ. խաղաղութեան բանագնացները, իրենց համար կրօնական եւ քաղաքական ազատութիւն պահանջելով: Վասիլ Ա., որ 867-ին Միքայէլի յաջորդեց, 871-ին պատերազմը նորոգեց Պաւղիկեանց եւ Սարակինոսաց դէմ: Առաջին տարին գոհացաւ պզտիկ պատերազմներով Պաւղիկեանները հալածել եւ շրջապատել. միւս տարին Սարակինոսներու դէմ դարձուց զէնքերը, եւ քանի մը կարեւոր քաղաքներ գրաւեց: Երրորդ տարին 873-ին Քրիոսկիւրոս դարանակալներէ սպաննուեցաւ, Պաւղիկեանք շփոթեցան, Տեփրիկիա գրաւուեցաւ եւ հիմնայատակ կործանուեցաւ, եւ Պաւղիկեանք կոտորուեցան եւ ցրուեցան, գերուեցան եւ բռնի զինուորագրուեցան, եւ այսպէս վերջացաւ անոնց երեսէն զօրացած սարսափը եւ 25 տարիներէ ի վեր Փոքր Ասիոյ մէջ տիրող տագնապը (ԼՊԱ. 507): Ինչչափ որ ալ գործողութիւնները Հայաբնակ գաւառներու մէջ կատարուեցան, եւ մեծաւ մասամբ Հայազգիներ էին Պաւղիկեան խումբերը կազմողները, սակայն Մեծ Հայոց կողմերը` այդ ամէն շփոթութիւնները արձագանգ չունեցան, եւ Զաքարիայի հայրապետութեան օրերուն բնաւ այս տեսակ յիշատակութիւն չկայ մեր պատմագիրներուն մօտ:

672. ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ՄԱՀԸ

Զաքարիայի կաթողիկոսութիւնը կը փակուի իբրեւ ամս քսան եւ երկու տեւողութենէ ետքը, որչափ ինչ Պատմաբանը նշանակած է (ՅՈՎ. 174), եւ որ նոյնութեամբ կրկնուած է ամէն ցուցակագիրներէ, Արծրունին միայն կեցեալ ի հայրապետութեան ամս ութեւտասն կը դնէ (ԱՐԾ. 245): Ընտրութիւնը հաշուած էինք 855, որով վախճանն ալ կը պարտաւորուէինք դնել 877-ին, բայց Ասողիկ Հայոց 324 տարին կը ցուցնէ իբր մահուան թուական (ԱՍՈ. 113), որ կը սկսի 875 Ապրիլ 22-ին: Անեցին ալ 855-ին դնելով ընտրութեան թուականը 22 տարի տեւողութիւն կու տայ (ՍԱՄ. 92), եւ 877-ին կը դնէ Զաքարիայի յաջորդին թուականը (ՍԱՄ. 95): Բայց պէտք է յիշել, որ երկու թուականներու շփոթութիւն մը կը տեսնուի յայտնապէս Անեցիի մէջ, որ Քրիստոսի 855 թուականը կը համեմատէ Հայոց 302 թուին, եւ 553 տարիներու տարբերութիւն կ՚ենթադրէ, որ յարմար չի գար լաւագոյն հաշիւներով ստուգուած թուականին 385): Մենք նկատելով որ շատ անգամ սկսուած տարիներ իբր ամբողջ հաշուելով համեմատութիւնները կը խանգարուին, միանգամայն բաղդատելով հետագայ պատմութեանց պահանջներուն հետ, 876-ին վերջին օրերուն կը դնենք Զաքարիայի վախճանը: Զաքարիայի յիշատակը պատուուած է իբրեւ մեծ եւ սուրբ հայրապետ (ՅՈՎ. 174), եւ իրօք ալ պատմական եղելութեանց վրայ պարզ ակնարկ մըն ալ կը բաւէ, տեսնելու համար, թէ ինչպէս իր օրով հիմնովին կերպարանափոխուեցաւ երկրին վիճակը, եւ ինչպէս Բուղայի արիւնռուշտ օրերը երջանկաւէտ օրերու փոխուեցաւ: Որչափ եւ իշխանաց իշխան Աշոտ Բագրատունիի արժանիքն ալ անուրանալի է, սակայն անհնար է այդ փոփոխութեան մէջ գործունեայ դեր մը չտալ իմաստուն եւ կենցաղագէտ հայրապետին, որ գիտցաւ հետզհետէ երկրին աւերածները նորոգել, եւ շփոթած եւ պառակտած նախարարներուն միութեան եւ միաբանութեան հոգին ներշնչել, որով առաջնորդուեցան Աշոտի համար արքունական թագ ու պատիւ ալ խնդրելու 666), եւ ընդունելու: Հարկաւ անխորհուրդ չէր, որ եկեղեցական աստիճաններէ զուրկ մէկ մը` յանկարծ օրուան մը մէջ մինչեւ գերագոյն աստիճանը կը բարձրանար, եւ եթէ Սմբատ Խոստովանող տեսած էր անոր վրայ արժանիք մը` զայն բարձրացուցած ատեն, եպիսկոպոսական դասակարգն ալ համոզուած էր այդ բացառիկ արժանաւորութեան, եւ անհակառակ եւ աննախանձ կու տար աստիճանաց ձեռնադրութիւնները: Զաքարիա ուսմամբ ալ յետնեալ մէկը եղած չէ, վասնզի ճառընտիրներու մէջ քսան հատ ընտիր ճառեր կան իրեն անունով մակագրուած (ՀԻՆ. 503), որոնք հմտութեան եւ հռետորութեան կնիք կը կրեն: Եկեղեցական նախանձայուզութեան ալ կը վկայեն Կոստանդնուպոլսոյ Փոտ պատրիարքին հետ յարաբերութիւնները, եւ Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառութեան հաստատամիտ պաշտպանութիւնները: Զաքարիա թաղուած է ի քնարանի հարցն սրբոց (ՅՈՎ. 174), զոր ի դէպ է հասկնալ Դըւնայ կաթողիկէին կից կաթողիկոսներու դամբարաններուն վրայ, վասնզի հայրապետանոցն ալ կը շարունակէր մնալ նոյն ոստանին մէջ:

673. ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՏԵՆԱԳԻՐՔ

Զաքարիայի արդիւնաւորութեանց շարքին պէտք է աւելցնել հնարաւոր չափով ուսմանց եւ հեղինակութեանց տուած քաջալերութիւնը, վասնզի կը հանդիպինք քանի մը անուններու, որ իր ատեն ծաղկեցան եւ գնահատելի երկասիրութիւններ թողուցին: Այս կարգին առաջին պիտի յիշենք Փոտին ուղղուած պատասխանը խմբագրող Սահակ վարդապետը 670): Սահակ սովորաբար Մռուտ մականունով յիշուած է (ՎԱՐ. 85), այլ ըսուած է թէ ըստ աւելաձայնութեան Ապիկուրէշ կոչիւր (ԱՍՈ. 145), թէպէտ չենք գիտեր երկու մականուններուն ալ իմաստը կամ ծագումը: Ինքն եղած է Աշունքի եպիսկոպոս, Տայոց նահանգին մէջ, որ կայսրութեան հպատակ էր, եւ որ կը պատասխանէ այժմեան Թորգումի Էօշք աւանին: Սահակ Հայոց Եկեղեցւոյ դաւանութեան նախանձախնդիր ըլլալուն, հալածեալ անտի վասն հաւատոյ, եկն ի Հայս առ Աշոտ (ՎԱՐ. 85), եւ այսպէս գտնուեցաւ Շիրակաւանի ժողովին մէջ, եւ իր հմտութեան, եւ թերեւս հելլենաբանութեան համար, պաշտօն ունեցաւ Փոտին յղուելիք պատասխանը գրչի առնուլ: Ժամանակակից է եւս Համամ վարդապետ Արեւելցի, որ գրած է Առակաց գիրքին վերլուծութիւնը, Յոբի ԼԸ. Ով է դա գլուխին բացատրութիւնը, եւ Սաղմոսի մէջ գտնուող մարգարէական օրհնութիւններուն մեկնութիւնը, եւ քերականական վերլուծութիւններ (ԱՍՈ. 145), որոնց վրայ կ՚աւելցուի եւս զԱնբիծսն գիրս մի (ՎԱՐ. 86), որ պէտք է ըլլայ ՃԺԸ Երանեալ են անբիծք ընդարձակ սաղմոսին մեկնաբանութիւնը: Պէտք է յիշենք եւս Գագիկ վարդապետը, առաջնորդ ուխտին Ս. Ատոմայ, հաւանաբար Աղձնեաց նահանգը, Սղերդի մօտ եղող Ատոմեանց վանքին առաջնորդը, որ զյիշատակ մարտիրոսացն միայարեալ ի գիր ամփոփեց (ԱՍՈ. 146), սկիզբն առնելով սրբոց վարքերու եւ վկայաբանութեանց հաւաքածոյին, հետեւողութեամբ յունական եկեղեցւոյ մարտիրոսաբանութեանց գիրքին, որ եկեղեցւոյ մէջ ալ կը կարդացուի: Գագիկի գործը Ատոմագիր կոչուած է, Ատոմայ վանքին անունէն, բայց յաջորդ տարուան մէջ Ատոմ Անձեւացի եպիսկոպոսն ալ աշխատած է նոյն հաւաքածոյին վրայ, եւ շատեր անոր անունէն կը հետեւցնեն Ատոմագիր կոչումը, որ շատ ընդհանրացած ալ չէ, եւ հետզհետէ Հոռոմագիր, Տօնացոյց, Տօնացուցակ, Տօնանամակ, Ճառընտիր` անունները գործածուած են, եւ մեր օրեր Յայսմաւուրք անունը գործածական դարձած է: Դժբախտաբար շատեր, նաեւ անփորձներ ձեռք խառնած եւ յարմար անյարմար մասեր խճողած են անոր մէջ, ինչպէս կը տեսնուի 1706-ին եւ 1730-ին Կոստանդնուպոլիս տպուած օրինակներուն վրայ, որ բաւական զտուեցաւ 1834-ի նոր տպագրութեան մէջ: