Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Գ. ՕՁՆԵՑԻ

558. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Եղիայէ ետքը կաթողիկոսական աթոռ բարձրացաւ Յովհաննէս, ծննդեամբ Տաշիրք գաւառի Օձուն գիւղէն, որ հուպ է առ քաղաքն Լօռի (ԿԻՐ. 39): Յովհաննէս հայրապետական աթոռին փառքերէն մին է, իր զարգացմամբ եւ իր արդիւնաւորութեամբ, թէ գրական եւ թէ վարչական շրջանակներու մէջ, եւ Իմաստասէր մակդիր անունը, որով ճանչցուած է պատմութեան մէջ, իր ամենամեծ գովեստը կը կազմէ: Աշակերտած է Թէոդորոս Քռթենաւոր վարդապետին, ինչպէս ինքն ալ կը խոստովանի (ՕՁՆ. 2): Պատմաբանը նորա հմտութիւնը բարձրացնելու համար մի առ մի կը յիշէ, թէ տեղեակ էր քերթողական շարագծաց, մասանց բանի եւ մասնականաց, վարժից սեռից, տարբերութեանց, հանգամանաց եւ պատահմանց, անջատից եւ անանջատից, եւ կրթական վարժից թէոնականաց (ՅՈՎ. 128): Նոյնինքն իմաստասէր անունը եւ այդ իմաստասիրական բառերը կը ցուցնեն, թէ Յովհաննէս հելլենական ուսում ալ առած եւ յունական ուսումնարանի մէջ կրթուած պիտի ըլլայ, որչափ ալ ինքն այդ մասին յիշատակութիւն չ՚ըներ իր վրայ խօսած ատեն: Սակայն հակառակ այդ նախընթացին երբեք յունասէր ընթացք չունեցաւ, եւ իր կաթողիկոսութեան մէջ թէ ըստ կրօնականին եւ թէ ըստ քաղաքականին միշտ Յոյներէ հեռի մնալու ուղղութիւնը պահեց: Կաթողիկոսութենէ առաջ հարկաւ եպիսկոպոսութեան ալ բարձրացած էր, թէպէտ պատմիչներէ յիշուած չենք տեսներ, եւ ոչ ալ վիճակը նշանակուած, որ հաւանաբար իր հայրենական գաւառը, կամ Գուգարք նահանգի ուրիշ մէկ գաւառը եղած ըլլայ: Յովհաննէս արտաքին կերպարանովն ալ վայելուչ եւ փառայեղ անձ մը նկարագրուած է, յոյժ գեղեցիկ տեսլեամբ (ԱՍՈ. 185), վայելուչ հասակաւ մարմնոյն (ԿԻՐ. 37), գունեան եւ թիկնաւէտ, եւ աւարտահասակ դիտակ ունեցող (ՅՈՎ. 131), եւ ծաղկեալ ալեօք մօրուս, որ իջանէր մինչեւ ցգրպանս զգեստու նորա (ՅՈՎ. 129): Յովհաննէս սովորութիւն ալ ունեցած է զարտաքոյսն ի պատուական երանգէ նիւթից զգեստաւորեալ պճնազարդել, եւ ոսկի մանր խարտոցիւ աղացեալ եւ իւղովք անուշիւք յայն ընդ խառնեալ, փչել ընդ ծաղկեալ մօրուսն (ՅՈՎ. 129), եւ այնպէս ապա ատեան կազմեալ գործի գլուխ գտնուիլ (ՅՈՎ. 130): Յովհաննէս կաթողիկոսի այդ սովորութիւնը կը պաշտպանէ ուրիշ Յովհաննէս կաթողիկոս մը, թէ այդ կերպը օգտակար է, որպէսզի տեսողացն բարեխորհաց` բարի պատճառք խրախութեան լիցի, եւ չարացն խակաց ընդոստուցանող պակուցումն ի չարէն ի բարի: Օրինակ ալ կը բերէ եկեղեցիներուն զարդերը, որ եթէ կալաւ իսկ սովորութիւն գեղեցիկ զարդուք պճնազգեստել զանշունչ քարինս եկեղեցւոյ, ապա որչափ առաւել մարդ քան զքարինս բերէ ի զարմացումն զտեսողսն (ՅՈՎ. 130): Ինչչափ ալ Պատմաբանին դիտողութեանց դիմաց հնար էր առարկել, թէ ոչ այսպէս իմացան նախնի հայրապետներ իրենց աստիճանին ազդեցութիւնը, սակայն միւս կողմէն ալ ստոյգ է, թէ իւրաքանչիւր ժամանակի յատուկ պարագաները կու տան այդ տեսակ խնդիրներու լուծումը, ինչպէս այժմ ալ ոչ եւս կը պահուին առաքելական ժամանակներու անշուք տարազները: Իսկ Օձնեցիին զգացմանց մասին բաւական ըլլայ գիտնալ, թէ նա այդ երեւոյթին ներքեւ խստամբեր կեանք մը կ՚անցընէր պահօք եւ աղօթիւք եւ ամենագիշեր տքնութեամբ, եւ ի ներքոյ յայծեաց ցփսիս դժոխըմբերս զգեստաւորէր (ՅՈՎ. 129):

559. ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԻՇԽՈՂՆԵՐԸ

Օձնեցին վերջին ժամանակներու պատմագիրներէն Յովհաննէս Դ. համարուած է, Բագարանցին ալ թիւի անցընելով, որ իբր հակառակաթոռ չի կրնար օրինաւոր կաթողիկոսներու թիւին անցնիլ 389), եւ Օձնեցին կը լինի Յովհաննէս Գ. Մանդակունիէն եւ Գաբեղեանէն ետքը: Իր կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը ամէն պատմագիրներէն եւ ցուցակագիրներէն համաձայն կերպով 11 տարի դրուած է, եւ զայն փոփոխելու բնաւ պատճառ մը չկայ, եւ մէկ ցուցակի միայն 15 տարի նշանակելը բնաւ հակառակ փաստ մը չէ, ինչպէս նաեւ ուրիշ ցուցակի մը Օձնեցին բոլորովին իսկ մոռնալը, Եղիայի անմիջական յաջորդ դնելով Դաւիթը (ՍԱՄ. 268): Այդ հաշուով Օձնեցւոյն կաթողիկոսութիւնը կ՚իյնայ 717-է 728 տարիներու մէջ, որ միջոցին ամիրապետներն են Էօմէր Բ. 717-է 720, Եէզիտ Բ. 720-է 724, եւ Հէշամ 724-է սկսելով 19 տարի, որով այս երեքին հետ ալ գործ ունեցած կ՚ըլլայ Օձնեցին: Իսկ Բիւզանդական կայսրներէն ժամանակակից գտնուեցաւ Լեւոն Գ. Իսաւրացիին հետ, որ 717-ին գահ բարձրանալով 24 տարի իշխանութիւն վարեց: Ամիրապետին կողմէն Հայաստանի վրայ ոստիկանութիւն վարողներուն գալով, Ապտիւլազիզի սովորաբար 16 տարի պաշտօն կը նշանակուի, որ 708-էն սկսելով կը տանի մինչեւ 724, եւ բաւական տարիներ Օձնեցիի հետ ալ գտնուած կ՚ըլլայ: Սակայն հարկ կը լինի այս տեւողութիւնը կարճել, եթէ իր յաջորդը Էօմէր ամիրապետին ժամանակակից պիտի ընդունինք: Վլիթ կամ Վալիտ` Հայոց ոստիկանի մըն ալ անունը կը գտնենք յիշուած (ՅՈՎ. 130), որ պէտք է Ապտիւլազիզի յաջորդը եղած ըլլայ: Այդ առթիւ յիշուած Պաղտատ քաղաքը (ԱՍՈ. 105) յայտնապէս Դամասկոսի հետ շփոթուած է: Գալով ոստիկանի գործակից եղող պատրիկին, Սմբատ Բիւրատեանը մեռած կամ դադարած պիտի ընդունինք 715-ին, Եղիային մահուընէ երկու տարի առաջ 530), որով Օձնեցիին ընտրութեան ատեն արդէն պատրիկ գտնուած կ՚ըլլայ Աշոտ Բագրատունի, որդի Վասակայ, որուն 15 տարի պաշտօնավարութիւն կը տրուի (ԱՍՈ. 106): Հետեւաբար նա կը լինի ամբողջ Օձնեցիի կաթողիկոսութեան միջոցին կուսակալութեան օգնականի դերը վարողը:

560. ԱՄԻՐԱՊԵՏԻՆ ԵՐԹԱԼԸ

Օձնեցիի կաթողիկոսութեան ժամանակէն նշանաւոր է` անոր ամիրապետին տուած այցելութիւնը, որուն թուականը ճշդելու համար պէտք է ինչ ինչ զննութեանց դիմենք: Պատմաբան եւ Ասողիկ եւ Անեցին, որք աւելի կանուխ գրած են, ամիրապետին անունը չեն տար, մինչ Վարդան կը յիշէ Ումարը (ՎԱՐ. 92), որ է Էօմէրը, իսկ Կիրակոս Հէշմը (ԿԻՐ. 37), որ է Հէշամը: Արդ նկատելով որ Հէշամը Օձնեցիին վերջին տարիներուն կ՚իյնայ, որ ատեն այլեւս Օձնեցին քաշուած կեանք մը կ՚անցընէր (ԿԻՐ. 39) եւ թէ Օձնեցին իր այցելութենէն ետքը, ամիրապետին հրամաններով զօրացած կտրուկ գործերու կը ձեռնարկէր (ՎԱՐ. 73), աներկբայ կերպով կրնանք ըսել, թէ Էօմէրի օրով եղաւ այդ այցելութիւնը, որ է ըսել 720-էն առաջ, կամ թէ ըսել Օձնեցիի աթոռ բարձրանալէն քիչ ետքը: Ինչչափ ալ այցելութենէն ետքը կեցեալ ամս սակաւ գրուած ըլլայ (ՅՈՎ. 133), սակայն այս սակաւը Օձնեցիի բովանդակ կաթողիկոսութեան վրայ կ՚իմացուի, եւ ոչ այցելութենէ ետքը անցած միջոցին վրայ: Իսկ այցելութեան առիթ կ՚ընծայէ Հայաստանի ոստիկանին ամիրապետին մօտ գացած ատեն, Հայոց կաթողիկոսին գեղեցկութեան եւ փառաւորութեան վրայ հիացմամբ խօսիլը, մինչեւ որ ամիրապետին հետաքրքրութիւնն ալ կը շարժուի սա արտասովոր աստիճանով սքանչելատեսիլ մարդը անձամբ ճանչնալու: Ամիրապետին խօսող ոստիկանին անունը Վլիթ է յիշուած (ՅՈՎ. 130), որ է Վալիտը, սակայն ըստ մեզ տարօրինակ եղած կ՚ըլլար Հայոց ոստիկանին այդ լուրը տալու համար Դամասկոս երթալը, եւ աւելի պատմական եղելութեանց կարգին յարմար կը գտնենք ըսել, թէ լուրը տանողը Ապտիւլազիզ եղաւ Դամասկոս դառնալուն առթիւ: Իսկ ամիրապետին հրաւէրը կամ հրամանը բերողը Վալիտ եղած կ՚ըլլայ, Դամասկոսէ եկած ատենը: Յատուկ պաշտօնեայ մըն ալ ղրկուած էր ամիրապետէն, պարտուպատշաճ կերպով առ ինքն զայրն Աստուծոյ ածել (ՅՈՎ. 130): Ուղեւորութիւնը կատարուեցաւ սովորական կերպով, եւ Օձնեցին իր անձնական շքեղութեան զարդերուն հետ, հարկաւ հետեւորդներու պատուաւոր խումբ մըն ալ ունեցաւ մէկտեղ: Ժամանակագրական հաշիւները մերձեցնելով, անյարմար չէր ըլլար 719 գարունի բացուելուն դնել Օձնեցիի Դամասկոս երթալը:

561. ԱՄԻՐԱՊԵՏԻՆ ԶԱՐՄԱՑՈՒՄԸ

Ամիրապետին գլխաւոր հետաքրքրութիւնը` փառաւոր եւ փառազարդ մարդ մը տեսնելն էր, եւ հրաման ըրաւ, որ կաթողիկոսը իր ամբողջ արդուզարդով ներկայանայ, ըստ այնմ ալ կատարուեցաւ: Յովհաննէս ամիրապետին ներկայացաւ փայլուն եւ պաղպաջուն զգեստիւք պճնաւորեալ, զաղեբէկ ծաղկեալ մօրուսն ոսկեփունջ կազմեալ, եւ զոսկիանկար գաւազանն որ ի փայտից ոպնիազից ի ձեռն առեալ (ՅՈՎ. 131): Իրաւ ալ ամիրապետը հիացեալ զարմացեալ մնաց Օձնեցիի արտասովոր գեղեցկութեան, դէմքին, հասակին, մօրուքին եւ անձնեայ կերպարանին վրայ, ինչ որ միշտ նկատողութեան արժանի կէտ մը եղած է հին ժողովուրդներու, եւ մասնաւորապէս արեւելեան ազգերու համար: Առաջին տեսութեան պատուադիր ձեւերը վերջանալէն ետքը, ամիրապետը աթոռ բերել տուաւ եւ նստեցուց, աւելի լուրջ խօսակցութեանց մտնելու համար, կաթողիկոսին պճնասիրութեան վերաբերմամբ: Այդ կէտը կատարելապէս կը պատշաճի Էօմէրի անձին եւ զգացմանց, որ նկարագրուած է իբր ըստ ամենայնի պարզասէր անձ մը, իշխանական ճոխութեանց չհանդուրժող, բարեգործ եւ բարեսէր, որ իր նախորդներուն ժամանակէն սկսած շքեղութեանց սովորութիւններն ալ արգիլած եւ դադրեցուցած էր (ՎԱՐ. 330), ուստի Էօմէրին շատ յարմար կու գան պատմիչներուն կողմէն անոր բերանը դրուած խօսքերը: Ե'ս լսեր եմ, կ՚ըսէ, որ ձեր մարգարէն Յիսուս, հեզ էր եւ խոնարհ, աղքատութիւնը կը սիրէր, պարկեշտ եւ սոսկական զգեստ կը գործածէր, իրեններուն ալ այնպէս կը յանձնարարէր, որով անոր առաջին առաքեալներն ալ, եւ անոնցմէ ետքը եկող ձեր հին առաջնորդներն ալ, աղքատութիւնն ու գձձութիւնը, մեծութենէ եւ փարթամութենէ աւելի սիրած ու պահած են. ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ դուն անոնց հետեւող մը, ասանկ շքեղ կերպով կը զարդարուիս: Կաթողիկոսը կը պատասխանէ. Իրաւ Քրիստոս տէրն մեր խոնարհ եւ անարգ կերպարանով ապրեցաւ, նոյնը ըրին առաքեալները եւ առաքելոց հետեւող հայրապետները, սակայն անոնք իրենց ազդեցութիւնը ցուցնելու, իրենց իշխանութիւնը գործածելու, եւ ժողովուրդին վրայ ազդելու համար հրաշագործութեան ոյժը ունէին, եւ անով կը զօրանային մարդիկներուն վրայ, որք ոչ թէ վերացական սկզբունքներով, այլ զգալի նշաններով կ՚ազդուին: Հետեւաբար անոնք ուրիշ արտաքին նշանի պէտք չունէին: Բայց մենք այդ միջոցները չունինք, եւ պարտաւոր ենք գործածել այն արտաքին նշանները, որոնցմով բոլոր աշխարհք կը վարուի, եւ որոնք դուք ալ կը գործածէք: Ձեր իշխանութիւնը ազդեցիկ ընել տալու համար ծիրանեփառ կը հագուիք, ոսկեճամուկ կը զարդարուիք, գեղեցկութեան ձեւեր կ՚առնէք, զէնքեր կը կրէք, որ ժողովուրդը ձեզմէ պատկառի, որ եթէ ձեզ տեսնէ քուրձ հագած, գծուծ եւ խոշոր կերպարանի տակ, ոչ ձեզ կը պատուէ, ոչ ձեզ կը սեպէ, նոյնիսկ ձեր ով ըլլալն ալ յայտնի չ՚ըլլար: Այդ նպատակով կը գործածուի արտաքինը, նոյնն է եւ իմ զարդերուս նշանակութիւնը միայն արտաքիններուն համար: Իսկ եթէ իմ անձնական կեանքս իմանալ կ՚ուզես, եւ զբովանդակն զիմ գտանել խուզես, հրաման ըրէ որ այստեղ եղողները դուրս ելլեն, եւ առանձինն քեզի բացատրեմ: Ամիրապետը կը հաւանի, եւ դահլիճին մէջ միայնակ կը մնան ամիրապետն ու կաթողիկոսը: Այն ատեն Օձնեցին շքեղ զգեստները կը քակէ ու կը բանայ, որուն ներքեւ կը տեսնուի այծեայ ցփսիները կամ խոշոր խարազները, եւ ամիրապետին դառնալով կ՚ըսէ. Մերկութեան անդամոցս այս է զգեստ, իսկ արտաքոյքդ միայն են ի տեսիլ արտաքնոց: Ամիրապետը նոր զարմացման կը մատնուի, ձեռքը կ՚երկնցնէ, խարազները կը շօշափէ, ու վարանելով մը կ՚ըսէ. Զիա՞րդ արդեօք կարէ մարմին մարդոյ տեւել ժուժկալել այսպիսի դժոխըմբերելի քրձի, եթէ ոչ յԱստուծոյ տուեալ լինի նմա համբերութիւն: Էօմէր բոլորովին զարմացած, ոչ եւս կաթողիկոսին գեղեցկութեան, այլ անոր առաքինութեան վրայ, յարգանքները կը շատցնէ, եւ պատիւները կ՚առատացնէ (ՅՈՎ. 131):

562. ԱՄԻՐԱՊԵՏԻՆ ՇՆՈՐՀՆԵՐԸ

Էօմէրի կողմէ Յովհաննէսին տրուած պատուասիրութեանց կարգին, առաջին անգամ կը յիշուի, թէ ամիրապետը արեւելեան վեհապետներուն սովորական պատգամը կ՚արձակէ. Խնդրեա զինչ եւ կամիս, զի արարից քեզ: Իսկ կաթողիկոսը երեք բան կը խնդրէ. 1. Քրիստոնեաներ չբռնադատուին հաւատքնին փոխել, այլ իւրաքանչիւրը իր կամքին թողուի. 2. Եկեղեցիներէն ու երէցներէն ու սարկաւագներէն հարկ չպահանջուի. 3. Քրիստոնեաներ ուր ալ գտնուին` համարձակօրէն իրենց պաշտամունքը կատարեն: Եւ կ՚աւելցնէ որ այս երեք կէտերը պաշտօնական հրովարտակով հաստատուին, որուն դիմաց ինքն ալ կը խոստանայ եւ կ՚երաշխաւորէ, որ ամենայն ազգ իմ ծառայեսցեն քեզ: Ամիրապետը իսկոյն կը հրամայէ որ ուզուած գիրը պատրաստուի եւ յանձնուի (ԿԻՐ. 38), եւ տեսնելով որ հայրապետը իրեն անձին համար բան մը չի պահանջեր, ինքն կ՚աւելցնէ անձնական պատուասիրութիւններ: Պատմիչներ կը յիշեն թէ ամիրապետը եօթն անգամ զայն խիլայեաց (ՎԱՐ. 72), այսինքն է եօթն անգամ պճնաւորեալ` գեղեցիկ արքունական զգեստուք մեծարեց, համաձայն արեւելեան սովորութեան, որ մինչեւ վերջին ատեններ ալ կը գործածուէր եւ քաֆթան հագուեցնել կը կոչուէր: Բաց աստի գանձս եւս ոսկւոյ եւ արծաթոյ պարգեւեց (ՅՈՎ. 133), եւ իրեն ընկերակցութեան զինուորական գունդեր ալ տալով առաքեաց մեծաւ պատուով յաշխարհս Հայոց (ԿԻՐ. 38): Այդ պարագային յարմար է կցել Ղեւոնդի գրածն ալ թէ, Էօմէր արձակեաց զբովանդակ գերեալսն յիւրաքանչիւր տեղիս (ՂՆԴ. 66), ակնարկելով այն մեծ գերութեան, որ տեղի ունեցած էր յետ այրելոյն զնախարարսն աշխարհիս Նախիջեւանի եւ Խրամի եկեղեցիներուն մէջ 548): Օձնեցին տեսնելով Էօմէրի բարի տրամադրութիւնը, միջնորդած է անշուշտ գերութեան մէջ գտնուողներուն համար, եւ ասով աւելի եւս փառաւորութիւն ստացած է կաթողիկոսին Դամասկոս երթալը:

563. ՕՁՆԵՑԻԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

Յովհաննէսի ամիրապետին առջեւ ըրած խոստումն ու երաշխաւորութիւնը նոր հաստատութիւն մըն էր Սահակի տուած յայտարարութեան, եւ Եղիայի կատարած գործադրութեան, որով Իմաստասէր հայրապետը հանդիսաւոր կերպով կը նուիրագործէր Հայոց ընդգրկած նոր քաղաքականութիւնը, որ է վերջնապէս եւ կատարելապէս խզել Յունաց հետ յարաբերութիւնները, եւ ամբողջապէս կապուիլ արաբական տիրապետութեան հետ: Յովհաննէսի ընելիքը երկու մասեր ունէր, մին քաղաքական եւ միւսը կրօնական: Քաղաքական տեսակէտէն պէտք էր ի սպառ վերջացնել Յունաց հետ արտաքին յարաբերութիւնները, եւ յունական տիրապետութեան ժամանակէն մնացած հետքերը: Ամիրապետը գործը դիւրացնելու համար նորէն զօրս բազումս հանած էր Հայաստանի կողմերը (ԿԻՐ. 38), եւ անոնց օգնութեամբ եւ ոստիկանին ձեռքով հեռացուեցան Հայաստանի մէջ մնացած Յոյներ, եթէ վերակացուք եւ թէ զինուորք, որք աճապարանքի մէջ մինչեւ իսկ իրենց ինչքերն ու գանձերն ալ չկրցան ամբողջաբար առնել եւ մէկտեղ տանիլ, եւ պարտաւորուեցան աստէն յաշխարհիս թաղեալ թողուլ (ԿԻՐ. 38): Իսկ կրօնական տեսակէտէն Օձնեցին խստիւ հետապնդեց, ջնջել եւ վերցնել քաղկեդոնիկ դաւանութեան եւ յունական ծէսին համակերպութիւնները, որք տեղ տեղ մտած էին բիւզանդական տիրապետութեան եւ Եզրի բռնադատեալ զիջողութեան ժամանակէն, եւ կը շարունակէին անոր յաջորդներուն ատենն ալ: Այդ է հարկաւ Սակս ժողովոց գրուածին ըսածը, թէ Եզրէ Եղիա վեց կաթողիկոսներ քաղկեդոնիկ էին, եւ Յովհաննէս անոնց գայթակղութիւնը վերջացուց: Մենք ցուցուցինք արդէն թէ յիշեալ վեց կաթողիկոսներէն ոչ մէկը իսկապէս քաղկեդոնիկ չէր, եւ ոչ ալ Հայ Եկեղեցին այդ կաթողիկոսներուն ժամանակ իր հնաւանդ դաւանութենէն շեղած էր, այլ թէ Յունաց հետ համակերպելու տկարութիւնը, բռնութեամբ կամ հրապոյրով, մտած էր Հայաստանի զանազան կողմերը, ուր ընդհատաբար յունական տիրապետութիւնն ալ շարունակած էր: Այլ ասիկա ոչ հանրական եւ ոչ պաշտօնական երեւոյթ էր, այլ տեղ տեղ հանդիպած տկարութիւններ եւ շեղումներ: Եւ ինչպէս Հայաստանի մէջ կը գտնուէին Երեւութականներ եւ Պաւղիկեաններ, բայց Հայ Եկեղեցին ոչ երեւութական էր եւ ոչ պաւղիկեան, նոյնպէս ալ կային Քաղկեդոնիկներ, բայց Հայ Եկեղեցին ոչ քաղկեդոնիկ էր եւ ոչ ալ յունական ծէսեր ընդունած էր: Ասողիկ այդ կէտը աւելի կը շեշտէ, վասնզի երկաբնակ խոստովանութիւնը, սուրբ խորհուրդին խմորն ու ջուրը, եւ քառասնորդը ու պահքերը ձուկով ու ձէթով ու գինիով աւրելը յիշելէ ետքը կը յաւելու, թէ այս ամէնը յաւուրցն Եզրի մինչեւ ցայս` մնացեալ էր յաշխարհիս Հայոց, ի մասին Յունաց (ԱՍՈ. 105), այսինքն է Յունաց տիրապետած գաւառները: Հետեւաբար ոչ Հայոց Եկեղեցին, եւ ոչ ժողովուրդը ընդհանրապէս կը մաքրուէր Օձնեցիին ձեռքով յունամոլ դաւանութենէն եւ ծէսերէն, այլ այդ կը կատարուէր միայն ի մասին Յունաց, այն գաւառները որք Յունաց ներքեւ մնացած էին, եւ այժմ արաբական սահմաններուն կը խառնուէին, եւ կամ տակաւին Յունաց ձեռքը մնալով ալ, Հայոց հայրապետին ազդեցութեան կը հպատակէին, Բիւզանդական իշխանութեան տկարանալէն օգտուելով: Լեւոն Իսաւրացին ալ որ նոր գահ բարձրացած էր, քաղկեդոնիկ դաւանութեան մոլեգին պաշտպան մը չէր, եւ բոլոր մտադրութիւնը դարձուցած էր պատկերամարտ վարդապետութեան, որուն հովանաւոր էր կանգնած:

564. ԼԵՒՈՆ ԻՍԱՒՐԱՑԻ

Լեւոն, որչափ ալ քաղկեդոնականութեան մասին նուազ հոգածու, սակայն չէր կրնար անտարբեր մնալ Օձնեցիին հակայունական ուղղութեան հանդէպ, եւ իր գանգատը անոր հասցնելու համար Վասիդ իշխանը դեսպանութեամբ Հայաստան ղրկեց կաթողիկոսին ըսելու, Ընդէ՞ր առնես զչար բանդ զայդ (ՎԱՐ. 73), ակնարկելով հարկաւ օտարահաւատներու հետ հաստատած մերձաւորութեան, եւ անոնց շահին պաշտպանութեան: Պատմութիւնը յառաջ չի բերեր դեսպանութեան մանրամասնութիւնները, եւ ոչ ալ Օձնեցիին բռնած ընթացքը կը պատմէ, այլ միայն կը յիշէ, թէ Վասիդ չարաչար հիւանդացաւ, եւ մերձեցաւ ի մահ, եւ բժիշկներ չկարացին օգնել, այլ Օձնեցիին ձեռք դնելովը առժամայն ողջացաւ, եւ այդ փաստէն համոզուելով հաւատաց ի մեր ուղղափառութիւնն, Հայաստան մնաց, եւ Հոռոմայր կոչուած տեղը 15 տարի ճգնելով վախճանեցաւ (ՎԱՐ. 73): Թերեւս պարզ զրոյց մըն է Վասիդի կեանքին վերջաւորութիւնը, սակայն պատմութեան իմաստը յայտնապէս կը ցուցնէ, թէ Վասիդ Հայոց Եկեղեցին անարգելէ ետքը, սաստիկ հիւանդացած, եւ Հայոց կաթողիկոսին աղօթքով առողջացած ըլլայ: Եւ այս անգամ մըն ալ կը հաստատէ Օձնեցիին հետեւած ուղղութիւնը: Լեւոն կայսեր նկատմամբ մեր պատմիչներ թղթակցութիւն մը կը յիշեն անոր եւ Էօմէր ամիրապետին միջեւ: Էօմէր քրիստոնէութիւնը քննադատող գիր մը կը ղրկէ Լեւոնի (ՂՆԴ. 67), որուն ընդարձակ հերքում մը կը գրէ Լեւոն, քրիստոնէութեան հաւատքը եւ Սուրբ Գիրքը պաշտպանելով եւ իսլամական վարդապետութեան քննադատութիւնն ընելով, զոր ամբողջօրէն յառաջ բերած է Ղեւոնդ (ՂՆԴ. 69-128), եւ որուն հետեւանքը կ՚ըլլայ Էօմէրի կողմէ քրիստոնէից տրուած դիւրութիւնը եւ ցուցուած քաղցրութիւնը (ՂՆԴ. 128): Խնդիրը մեզմէ օտար լինելուն, միայն մեր պատմագիրներուն կարեւորութիւն տուած ըլլալուն համար յիշեցինք, գործին եւ գրութեան վաւերականութիւնն իսկ չպնդելով: Բայց ուրիշ կողմէ Լեւոն աւելի քան քննադատող, համակիր մը կ՚երեւար իսլամական դրութեան, վասնզի անողոք պատերազմ բացած էր պատկերներու դէմ, որ յունական ծէսին մէջ չափազանց շատ, իսկ իսլամական կրօնքէն բացարձակապէս արգիլուած էին: Պատկերամարտութեան առաջին գաղափարը կը վերագրուի Զենոն Հերապոլսոյ եպիսկոպոսին, որ դար մը առաջ ապրած էր, բայց մեծ ընդունելութիւն չէր գտած եւ աննշանակ մնացած էր: Լեւոն, բնիկ ասիացի, եւ յունական զգացումներէ հեռու, իւրացուց պատկերամարտ սկզբունքը, եւ իր առջի օրէն սկսաւ անուղղակի կերպով ջնջել պատկերները եկեղեցիներէ եւ բոլոր հանրային վայրերէ, ու տակաւ յառաջանալով 724-ին հրովարտակով արգելեց պատկերները, բռնի ալ վերցնել եւ կոտրտել տալով անոնք, եւ խստութիւններ հրամայելով եւ աքսորներ եւ նեղութիւններ վճռելով պատկերներու պաշտպան եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու դէմ: Պատկերամարտութիւնը մեծ ազդեցութիւն չունեցաւ Հայոց մէջ, վասնզի Հայերը թէ ոչ պաշտօնապէս պատկերամարտ, սակայն իրօք խիստ զգուշաւոր էին պատկերներու կիրառութեան մէջ, չունէին Յոյներուն յատուկ պատկերներու առատութիւնը եւ անոնց անխտիր պատիւը, եւ հազիւ թէ օծեալ պատկեր մը միայն կը պահէին եկեղեցիներու աւագ սեղանին վրայ: Միայն Պաւղիկեանք աւելի քաջալերութիւն ստացան արտաքին պաշտամանց դէմ վարած հակառակութիւններնուն մէջ:

565. ԴՈՒԻՆԻ ԺՈՂՈՎԸ

Օձնեցին իր ձեռնարկած բարեկարգութիւնը զօրացնելու համար, պէտք տեսաւ յատուկ ժողովով մը հաստատել կարեւոր կարգադրութիւնները, որոնք պիտի ծառայէին սպրդած զեղծումները վերցնելու, եւ Հայոց Եկեղեցւոյ հնաւանդ սովորութիւններն ու ծէսերը ամրացնելու: Ժողովին գումարումը կը քաղենք Կանոնագիրքին անցած կանոններէն, սակայն ոչ գումարման տեղն ու թուականը, եւ ոչ ներկայ եղողներուն թիւն ու անունները նշանակուած կը գտնենք: Ժամանակին պարագաները ուսումնասիրելով պէտք է ըսել, թէ ժողովը տեղի ունեցաւ 720-ին, Յովհաննէսի Դամասկոսէ դառնալէն ետքը, եւ փութոյ պնդութեամբ բարեկարգական ձեռնարկներու սկսած ատենը, եւ թէ գումարուեցաւ Դուինի մէջ, ուր էր կաթողիկոսական աթոռը, եւ ուր հաւաքուած են գրեթէ բոլոր ազգային ժողովները, բացառութիւն ըլլալով Յոյն կայսրներու նախաձեռնութեամբ Կարնոյ մէջ գումարուածները: Իսկ ներկայ եղած են գոնէ երեսուն եւ աւելի գլխաւոր եպիսկոպոսներ, Աշոտ պատրիկ եւ նշանաւոր նախարարներ: Օձնեցիի այն գեղեցիկ ճառը, ուր կը խօսի իր առաջին կեանքին եւ հայրապետանալուն եւ եկեղեցական բարեկարգութեանց նկատմամբ (ՕՁՆ. 1), ժողովի բացման ատենաբանութիւն մըն է, զոր խօսած է Իմաստասէր կաթողիկոսը, ժամանակին պէտքերը բացատրելու եւ կարեւոր խնդիրները ժողովականաց մտադրութեան յանձնարարելու համար: Այդպիսի ատենաբանութեան հանդիպած չենք` նախընթացաբար տեղի ունեցած ժողովներու մէջ, սակայն եթէ նորութիւն մըն ալ է, համաձայն է ուսումնական եւ գործունեայ եպիսկոպոսապետի մը արժանիքին: Պարունակութիւնն ալ կ՚արդարացնէ Օձնեցիին վերագրուած վեհ ու վսեմ հոգին, եւ իմաստասիրական եւ աստուածաբանական եւ ծիսական կէտերու խորին հմտութիւնը, թափանցելով նոյնիսկ արարողական պաշտամանց թաքուն նշանակութիւնները: Ատենաբանութեան օրինակը, ինչպէս որ հրատարակուած է, մէջտեղը թերի կ՚երեւի, վասնզի նախադրութեան մէջ նշանակուած գլուխներէն չորսը, որք կը խօսին Շաբաթ օրուան խորհուրդին, խաչերը օծելուն, Սուրբ Աստուածի խաչեցար ին, եւ առաւօտեան ժամերգութեան վրայ, ատենաբանութեան կարգին չեն գտնուիր, այլ Ժ. -րդ գլուխէն ԺԵ. -րդին կ՚անցուի (ՕՁՆ. 21), եւ յայտնի չէ թէ բնագիրէն պակսած է, թէ ոչ տպագրողներ զանց ըրած են հրատարակել, որոնք բացատրութիւն մըն ալ տուած չեն:

566. ԺՈՂՈՎԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Դուինի ժողովական կանոնները 32 հատ են, որոնք կը գտնուին թէ Կանոնագիրքին մէջ (ԿԱՆ. 126), եւ թէ ատենաբանութեան հետ հրատարակուած են (ՕՁՆ. 24): Առաջին երկու կանոնները արբեցութեանց դէմ են, թէ եկեղեցականաց եւ թէ աշխարհականաց համար, որոնք հաղորդութենէ կը զրկուին, եւ այն եկեղեցականը, որ յամառեալ ի նմին յամեսցէ ` կարգալոյծ ընել կը հրամայուի: Յաջորդ երեք կանոնները պսակներու վրայ են, որք կ՚արգելուն կիրակնամուտին, Զատկի ճրագալուցին, եւ Զատկի քառասունքէն մինչեւ Հոգեգալուստ պսակ օրհնել, ինչպէս նաեւ առջի իրիկուընէ երեկոյթ ընել, արբենալ եւ զեղխիլ, այլ կը հրամայեն պատկեշտութեամբ պսակի եւ հաղորդութեան խորհուրդները ընդունիլ: Եթէ քահանան իմանայ որ այսպէս պատրաստուած չեն, կ՚արտօնուի պսակը ուրիշ օրուան յետաձգել: Պսակի կը վերաբերին ԺԵ. եւ ԺԶ. կանոններն ալ, եւ կը հրամայեն որ յեկեղեցին եւ ի սրբութեան տեղիսն օրհնուին, նոյնպէս երկրորդ պսակներն ալ: Իսկ եթէ յառաջագոյն իրարու հետ պղծեալ ըլլան, կը պատուիրուի զատել, կամ թէ ապաշխարութենէ ետքը օրհնել: Մեծ պահոց Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն վրայ կը խօսին Զ. -րդ եւ Է. -րդ կանոնները, որպէսզի պատարագը չխափանուի, իսկ պահել կամ լուծանել յիւրաքանչիւր կամս թողեալ լիցի: Յաջորդ կանոններ հետզհետէ կը հրամայեն, որ միւռոնը հայրապետը օրհնէ, իսկ եպիսկոպոսները միայն ի զատկի հինգշաբթին, եւ ոչ երբեք քահանաները: Ասոնք կրնան օրհնել մկրտութեան ձէթը, եւ հիւանդաց ձէթը, իւրաքանչիւր անգամ զատ զատ: Պատարագի սեղանը քարեղէն եւ անշարժ շինել, եւ ոչ փայտեղէն եւ շարժուն: Նոյնպէս մկրտութեան աւազաններն ալ քարեղէն եւ հաստատուն շինել մկրտատունին մէջ: Իսկ երախայից ձէթն ու հրաժարումը մկրտարանին դուռը կատարել: ԺԷ. կանոնէն մինչեւ ԻԴ. կանոնը ժամերգութեանց պատշաճները կը կարգադրուին, ԻԶ. եւ Լ. կանոնները, Յայտնութեան ջրօրհնէքի եւ ութօրէքի աւետարանները կը ցուցնեն, եւ Ծաղկազարդին կը հրահանգեն ոստս բառնալ եւ ճօճանակս շարժել, այսինքն քշոցները հնչեցնել: ԻԷ. եւ ԻԸ. կանոնները կը հրամայեն որ փայտէ կամ որեւէ նիւթէ խաչի նշաններ, եթէ օրհնուած եւ օծուած չեն ի պատիւ եւ յերկրպագութիւն չընդունուին, իսկ օրհնւելէ եւ օծուելէ ետքն ալ ամենայն նախանձախնդրութեամբ պաշտպանուին: Դիտելու է որ խաչերու հետ պատկերներու ալ յիշատակութիւն չ՚ըլլար: ԼԱ. կանոնը կը հրամայէ Կիրակին կէսօրէն չլուծել, այլ մինչեւ ցերեկոյն պահել զգուշանալով ի գործոց եւ ի ճանապարհորդութենէ: Վերջապէս ԻԹ. եւ ԼԲ. կանոնները կը հրամայեն զգուշանալ, չհաղորդիլ եւ չկենակցիլ ամէն հերձուածողներու հետ, եւ յատկապէս Մծղնեայ կամ Պոլլիկեան, այսինքն է Պաւղիկեան, աղանդաւորներու հետ, որոնք պէտք է խոշտանգել եւ ծանր պատուհաս ի վերայ ածել, մինչեւ զգաստասցին, իսկ եթէ տակաւին յամառին, արտաքս ընկենուլ յեկեղեցւոյ, ինչ որ կը ցուցնէ թէ առաջուան յիշուած խոշտանգել ու ծանր պատուհաս ըսածներն ալ եկեղեցական իմաստ ունին: Ինչպէս ուրիշ առիթներու մէջ դիտել տուած ենք, բարեկարգական կանոնները լռութեամբ կը ցուցնեն ժամանակին տիրող անկարգութիւնները, եւ Օձնեցիին կանոնները մեզի կ՚իմացնեն թէ ինչ տեսակ զեղծումներ կը յաճախէին այդ միջոցին Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, եւ պէտք է հետեւցնել թէ հակառակ ժամանակին շփոթ կացութեան, բացարձակապէս ծանր կէտեր չեն յիշուածները:

567. ԿԱՆՈՆԱԳԻՐՔԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ

Օձնեցիին եկեղեցական բարեկարգութեանը համար նախանձախնդրութիւնը չբաւականացաւ Դըւնայ ժողովին մէջ դրուած կանոններով, որոնք ընդհանրապէս կրկնում էին արդէն օրինադրուած կանոններու: Եկեղեցին սկիզբէն ունէր իր կանոնները կամ առաքելական աւանդութեանց հետեւողութեամբ կամ ժողովներով հաստատուած, եւ որք եկեղեցւոյն կը ծառայէին իբր կանոն գործոց: Սակայն ասոնք միշտ առձեռն պատրաստ չէին գտնուիր, ոմանք առ ոմանս, եւ ոչ ամենեքին առ ամենեսեան կը գտնուէին, եւ պէտք էր անոնց ամբողջութիւնը գեղեցկագործ մատենիւ ի հայրապետանոցի արձանացուցանել (ՕՁՆ. 115): Այս կերպով նախապէս հոգեւորական պաշտօնեաներու դիւրութիւն կը տրուէր ընելիքնին գիտնալ, եւ երկրորդաբար ուսումնասէր անձերու նիւթ կը պատրաստուէր բազմախոյզ խնդիրներ լուսաբանելու համար: Այս աշխատութիւնն է զոր ինքն կաթողիկոսն ձեռնարկեց անձամբ կատարել, եւ Հայոց համար հեղինակութիւն ունեցող, ու ժամանակին գործադրութեան ընդունուածը զատելով եւ զտելով Հայ Եկեղեցւոյ Կանոնագիրքը կազմեց: Իւրաքանչիւրին նախաբան ալ աւելցուց զժամանակն եւ զպատճառն ցուցնելու համար, եւ կանոններուն իւրաքանչիւր գլուխները համառօտեալ բանիւք ի սկզբան նախակարգելով, որպէսզի անաշխատաբար անդուստ զբանն յիւրում տեղւոջն գտցէ խնդրողն (ՕՁՆ. 116), եւ միանգամայն բոլոր կանոնական գլուխները շարայարեալ թուահամարի վերածեց: Օձնեցին հարկաւ իրեն ուղեցոյց ունեցած է յունական եկեղեցւոյն մէջ ընդունուած, եւ Թէոդոսեան ու Յուստինեան անուններով ծանօթ հաւաքածոները: Ահա այդ Կանոնագիրքն է որ մեզի հասած է, թէպէտ տակաւին տպագրութեամբ հրատարակուած չէ, բայց այսօր ալ իբրեւ մեր եկեղեցւոյն օրինագիրք կը ծառայէ, հարկաւ ժամանակով խափանած կամ նոր որոշմամբ փոփոխած կանոնները պարտուպատշաճ ուսումնասիրութեան ենթարկելով: Օձնեցիին աշխատութեան յարգը ցուցնելու համար, բաւական ըլլայ դիտել, որ Հայ կանոնագիրքը Արեւմտեանը կը կանխէ, եւ աւելի առաջ է քան Իսիդորոս Մերկատորի գործը, որ Թ. դարուն կազմուած է, եւ ոչ թէ Է. դարու հեղինակ Իսիդորոս Հիսպաղիոյ եպիսկոպոսին գործն է, որով մեր Օձնեցին Իսիդորոսէն դար մը առաջ յօրինած կ՚ըլլայ Հայոց կանոնագիրքը:

568. ԿԱՆՈՆԱԳԻՐՔԻ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

Մեր նպատակին մէջ չի մտներ մատենագրութեանց մասին վերլուծումներ տալ բայց որովհետեւ Օձնեցիին հեղինակութիւնը, մատենագրութենէ աւելի պաշտօնական օրինագիրք մըն է, որ եկեղեցական վարչութեան ուղղութիւնը կը ցուցնէ, աւելորդ չենք սեպեր, անոր պարունակութեան համառօտ ամփոփում մը տալ: Կանոնագիրքը ինչպէս այսօր կը տեսնուի, յաւելուածներ ստացած է, եւ չէ մնացած որչափով կրնար եղած ըլլալ Օձնեցիի ժամանակ: Եւ իրաւամբ, որովհետեւ իբրեւ հայրապետանոցի արձանագրութիւն նկատուած էր, եւ Օձնեցիէն ետք դրուած ժողովական կանոններն ալ պէտք էր հետզհետէ աւելնային: Սակայն դժբախտաբար կ՚երեւի թէ ինչ ինչ անհաստատ կամ անվաւեր կտորներ ալ աւելցուած են գրչագիրներու կամայականութեամբ: Օձնեցիին հարազատ գործը, պէտք է փակենք ԼԷ. գլուխին եւ 1207-րդ կանոնին, որ կը մակագրուի Կանոնք Տեառն Յովհաննիսի Իմաստասիրի Հայոց կաթողիկոսի (ԿԱՆ. 126): Իսկ պարունակուած 37 գլուխները կրնանք բաշխել հետեւեալ կերպով, իրենց ծագման տեսակէտէն: Նախապէս ընդհանուր եկեղեցւոյ աւանդական կանոններ, որք են հետեւեալ գլուխները. Ա. Սահմանք առաքելոց, 34 կանոններ. Բ. Երկրորդ առաքելականք, Կղեմայ կոչուած 85 կանոններ. Դ. Փիլիպպոսի առաքելոյ 9 կանոններ. Ե. Հարց հետեւողաց 24 կանոններ: - Երկրորդաբար ազգային եկեղեցւոյ աւանդականներ, որք են. Գ. Սահմանք Սրբոյն Թադէոսի 33 կանոններ, եւ Թ. Սրբոյն Գրիգորի 30 կանոններ: - Երրորդաբար տիեզերական ժողովներու կանոնները, որք են Է. Նիկիոյ ժողովին 21 կանոններ. Ը. Նիկիոյ երկրորդականք 112 կանոններ. ԺԲ. Կոստանդնուպոլսոյ ժողովին 3, եւ Գրիգոր Աստուածաբանի 31 կանոններ. ԻԶ. Եփեսոսի ժողովին 6 կանոններ: - Չորրորդաբար, մասնաւոր ժողովներու կանոններ, որք են. Զ. Անկիւրիոյ ժողովին 20. ԺԸ. Կեսարիոյ ժողովին 10. ԺԹ. Նէոկեսարիոյ ժողովին. 20. Ի. Գանգրայ ժողովին 25. ԻԱ. Անտիոքայ ժողովին 25. ԻԲ. Դարձեալ Անտիոքայ 1. ԻԳ. Լաւոդիկեայ ժողովին 55. ԻԴ. Սարդիկեայ ժողովին 21, եւ ԼԲ. Անտիոքայ ժողովին երկրորդական 11 կանոններ: Հինգերորդ կարգին են սուրբ հայրերու կանոններ, որք են. Ժ. Աթանաս Աղեքսանդրացիի 90. ԺԱ. Մակար Երուսաղէմացիի 9. ԺԳ. Բարսեղ Կեսարացիի 50. ԺԴ. Նորին դարձեալ 1. ԺԵ. Նորին դարձեալ 271. ԺԶ. Եփրեմ Ասորւոյ 8. ԻԵ. Եպիփան Կիպրացիի 6. ԻԷ. Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի 5, եւ Սեւանդեայ եպիսկոպոսի 14 կանոններ: - Վերջապէս ազգային ժողովներու կամ հայրապետներու կանոնները, որք են. ԺԷ. Ներսէս Բագրեւանդացիի 37. ԻԸ. Սահակ Պարթեւի 33. ԻԹ. Նորին երկրորդական 22. Լ. Շահապիվանի ժողովին 20. Յովհաննէս Մանդակունիի 9. ԼԴ. Նորին դարձեալ 1. ԼԵ. Աբրահամ Մամիկոնեանի 4. ԼԶ. Սահակ Ձորոփորեցիի 15, եւ ԼԷ. Յովհաննէս Օձնեցիի 32 կանոններ: - Օձնեցիէն ետքը եղած յաւելուածները մինչեւ ԽԶ. գլուխը կը հասնին, սակայն շարայարեալ թուահամարը կը փակուի ԽԲ. գլուխով եւ 1317-րդ կանոնով: Ասոնցմէ ԼԸ. գլուխը, որ կը պարունակէ Սիոն կաթողիկոսի 24 կանոնները, նոր հաստատուած գլուխ է, մնացեալներ հիներէն գտնուածներ եւ կցուածներ են, որոնք Ներսէս Պարթեւ, Յովհաննէս Մանդակունի, Ներսէս Իշխանցի եւ Սահակ Ձորոփորեցի կաթողիկոսներու, Եղիշէ վարդապետի եւ Վաչագան թագաւորի, եւ օտարներէն Եպիփան Կիպրացիի եւ Յովհան Ոսկեբերանի անունները կը կրեն: Մենք չենք երկարեր իւրաքանչիւր կանոնի ծագման ժամանակը եւ բուն հեղինակը ճշդել: Կանոններ իրենց ոյժը եկեղեցւոյ հաստատութենէն կ՚առնեն, հոգ չէ որ մակագրեալ ժողովներու կամ հայրապետներու հարազատ գործը չըլլան:

569. ԳԻՐՔ ԹՂԹՈՑԻ ԾԱԳՈՒՄԸ

Մեր տեսութեամբ Գիրք Թղթոցն ալ Օձնեցիի պէտք է վերագրել (ԹՂԹ. բ. ), թէպէտեւ հիներէն որոշակի ըսուած չէ: Մեր կարծիքին գլխաւոր փաստը, Գիրք Թղթոցին ալ Կանոնագիրքին նման հայրապետանոցի պաշտօնական արձանագրութեան բնութիւնն ունենալն է, որ պիտի ծառայէր իբրեւ հնաւանդ դաւանութեան ուղեցոյց, ինչպէս Կանոնագիրքն ալ աւանդական բարեկարգութեան ուղեցոյց ըլլալու համար կազմուեցաւ: Այդ նմանութեան մի ուրիշ նշանն ալ երկուքին հաւասարապէս առաջին եւ կանոնաւոր մասէն ետքը, հետագայ կցկտուր յաւելուածներ ունենալն է, որ բաց եւ շարունակելի արձանագրութիւն ըլլալուն հետեւանքն է, ինչ որ չէր կրնար ճշմարտուիլ անհատական եւ փակուած աշխատութեան մը վրայ: Եւ ո՞վ աւելի յարմար կրնար ըլլալ հայրապետանոցի մէջ հնաւանդ դաւանութեանց վաւերագիրներու արձանագրութիւնը բանալու, եթէ ոչ նա ինքն, որ աւանդական բարեկարգութեանց վաւերագիրները արձանագրելու գաղափարը յղացաւ, եւ գործադրութեան ձեռնարկեց: Այդ կէտին վրայ գրեցինք արդէն, Մովսէս Ցուրտաւացին` Գիրք Թղթոցին հեղինակ ընողներուն կարծիքը ջրելով 407): Ուստի աւելի չենք երկարեր այդ կէտին վրայ: Միայն աւելցնենք, որ Գիրք Թղթոց ին ալ նախնական եւ կանոնաւոր մասը Օձնեցիին ժամանակին փակուած, անոր մօտ ատեններն ալ կարգաւոր կերպով շարունակուած, եւ միայն վերջերը աղաւաղուած է: Գիրք Թղթոցը Ցուրտաւացիին վերագրողներ պէտք է դիտեն, որ այդ հաւաքածոյէն մեծագոյն մաս մը անոր ժամանակէն ետքին պատկանող գրուածներով կազմուած է, եւ թէ Ցուրտաւացի եպիսկոպոսը հայրապետանոցի մէջ պաշտօնական արձանագրութիւն բանալու հեղինակութիւն չունէր:

570. ՕՁՆԵՑԻԻՆ ՃԱՌԵՐԸ

Օձնեցին իր ժամանակին, քաղաքական տագնապներէ ազատ, բոլոր իր գործունէութիւնը կրցած է դարձնել դաւանական եւ բարեկարգական խնդիրներու, ոչ միայն իբրեւ հայրապետ կարգադրելով եւ գործադրելով, այլ եւ գրելով եւ բացատրելով, հակառակորդներու դէմ մաքառելով, եւ ուղղամիտներու զգացումները զօրացնելով: Այս նպատակին ծառայած են մեզի հասած քանի մը ճառերը, որոնց մէջ Պաւղիկեանց եւ Երեւութականաց մոլորութիւնները կը հերքէ, անոնց ծագման անտեղութիւնները պարզելով, Սուրբ Գիրքէն փաստեր դիմադրելով, եւ ուղղափառ սուրբ հայրերու տեսութիւնները բացատրելով: Թէ Ընդդէմ Պաւղիկեանց (ՕՁՆ. 34) եւ թէ Ընդդէմ Երեւութականաց (ՕՁՆ. 48) ճառերը մտադրութեամբ հետաքննած ատեննիս, յայտնապէս կը գտնենք Օձնեցիին վրայ ընդարձակ հմտութիւն, ոչ միայն Աստուածաշունչի եւ սուրբ հարց հոգեշունչ գիրքերուն, այլ եւ արտաքին իմաստասէրներու հեղինակութեանց ընթերցմամբ, եւ հնախօսական ու բնագիտական տեղեկութիւններով ճոխացած միտք մը, որ համարձակ տիրապետութեամբ կը խօսի ձեռք առած նիւթերուն վրայ: Միւս երկու ճառերն ալ զորս տպագրողները իբր երկբայական հրատարակած են, Հիմնարկէք եւ օրհնութիւն նորաշէն եկեղեցւոյ (ՕՁՆ. 119), եւ Յեկեղեցի (ՕՁՆ. 130) մակագրութեանց ներքեւ, նպատակ ունին արտաքին պաշտամանց նշանակութիւնը բարձրացնել, եւ հաւատացեալ ժողովուրդին խօսելով` հեռացնել անոնց միտքէն Պաւղիկեանց գայթակղութիւնները, ինչ որ շատ յարմար կու գայ Օձնեցիին ուղղութեան, ոճի եւ լեզուի համաձայնութենէն զատ: Օձնեցիի մի ուրիշ գրուածն ալ հրատարակուեցաւ վերջին ատեններ, Խոստովանութիւն անշարժ յուսոյ մարմնանալոյ Բանին Քրիստոսի մակագրութեամբ (96 ԱՐՐ. ), որ վաւերական ճանչցուած է: Իսկ նոյն Օձնեցիին անունը կրող ճառը, մակագրեալ Ընդդէմ այնոցիկ որ ապականեն զսուրբ խորհուրդն ի ձեռն խմորոյ եւ ջրոյ (ԹՂԹ. 234), թէպէտ նիւթով յարմար է նոյն հայրապետին Ը. կանոնին (ՕՁՆ. 25), սակայն գրութեան ոճը չի կրեր Իմաստասէրին սովորական վեհութիւնը, եւ չենք համարձակիր իրեն հարազատ հեղինակութիւնը համարել: Պատմաբանը ընդհանուր կերպով կը գրէ, թէ Օձնեցին թողած է ճառս ինքնախօսս բանաստեղծս յարդարեալ, զղջացուցիչս չար գործոց, եւ յորդորականս ի պէտս ապաշխարողական սակի (ՅՈՎ. 129), բայց չենք գիտեր թէ նա աչքի առջեւ ունեցաւ արդեօք մեզի հասածներէն աւելի թուով ճառեր, թէ ոչ յիշուած քանի մը ճառերն էին միայն անոր ալ գիտցածները:

571. ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԵԱՆՑ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ

Պատմաբանը կը գրէ եւս, թէ Օձնեցին տայ եկեղեցւոյ Քրիստոսի զբովանդակ կարգաւորութիւնս պաշտաման ժամուց, գեղեցիկ իմն յօրինուածով ճոխացուցեալ, եւ բացայայտեալ եւս զմիոյ միոյ կարգացն զմեկնութիւնս (ՅՈՎ. 129), եւ իրօք ալ կը տեսնուի որ Իմաստասէր հայրապետը առանձինն իմն կերպով հետամուտ եղած է ժամերգութեանց կարգաւորութիւնները ոչ միայն բացայայտեալ, այլեւ ճոխացուցեալ կատարելագործել: Բացայայտութեանց մասին ունինք զանազան հատակոտորներ Յաղագս կարգաց եկեղեցւոյ (ՕՁՆ. 8), Վասն մեծի աւուր միաշաբաթի (ՕՁՆ. 101), եւ Սակս գիշերային ժամու (ՕՁՆ. 109), եւ ասոնցմէ զատ ուրիշ գեղեցիկ հատուածներ, զորս Անձեւացին յառաջ բերած է իր մեկնութեանց մէջ (ԱՆՁ. 83, 125, 146, 156, 166, 178, 195, 214), որոնք ինչպէս մեր ձեռքը կը գտնուին, ընդհատ հատուածներ են այս ու այն մասին վրայ, բայց մեզի մտածել կու տան, թէ Օձնեցին ընդարձակ եւ կարգաւորեալ մեկնութիւն մը գրած է բոլոր ժամերգութեանց վրայ, որ իր ամբողջութեամբ այլեւս մէջտեղ չ՚երեւիր: Դիտողութեան արժանի է եւս որ Անձեւացիէ յառաջ բերուած հատուածները կը տարբերին միեւնոյն նիւթի վրայ Օձնեցիի մատենագրութեանց մէջ հրատարակուածներէն, եւ յայտնի չէ թէ Օձնեցին տարբեր խմբագրութիւններ ալ ունեցած է, թէ ոչ յետիններ անոր հետեւողութեամբ նոր խմբագրութիւններ ըրած են: Իսկ եկեղեցական պաշտամունքը ճոխացուցած ըլլալուն մասին, յայտնի նշան մըն է իր կանոններուն կարգին նոր շարադրուած աղօթքներ ալ յառաջ բերելը (ՕՁՆ. 31), եւ զանազան ընտիր շարականներուն հեղինակը լինելը: Ասոնց մէջ նշանաւոր է` Կարգ մեծ տօնիցն (ՏԱԹ. 637), այսինքն չորս աւագ տօներուն շարականները, որոնց մէջ Մեղաք ամենայնի` Դաւթի եւ Յակոբայ հարց պատկերը առանձինն ալ յիշուած է, իբր Դեկտեմբեր 25-ը հանդիսաւորելու համար գրուած, Կիրակոսի կարծիքով, նոյն օրը յունական ծէսով Ծնունդ տօնուելուն պատճառաւ (ԿԻՐ. 39), սակայն Դաւթի եւ Յակոբայ տօնը Դեկտեմբեր 23 եւ 24 օրերու մէջ կը փոփոխուի, եւ երբեք 25-ին չի հանդիպիր: Հռիփսիմեանց Անսկիզբն շարականն ալ ոմանց կողմէ Օձնեցիին կը վերագրուի, եւ օտար չէ Օձնեցիին ոճէն, եւ թերեւս յարմարագոյն է անոր վերագրել քան Մանդակունիին: Երկու Յովհաննէս կաթողիկոսներ շատ դիւրաւ կը շփոթուին, երբոր մակդիր անունը միասին չի կրկնուիր, մանաւանդ որ եկեղեցական պաշտամանց մասին իրարու նմանօրինակ գործունէութիւններ ունեցած են: Մանդակունիին համար ըսինք, թէ ինքն եղաւ որ վերջնական ձեւակերպութիւնը տուաւ Սահակի ու Մեսրոպի ձեռօք սկսած կարգադրութեանց 323), անկէ ետքը ժամերգութիւններով զբաղուող մը չենք ունեցած, եւ նոյնինքն Ներսէս Իշխանցին գոհացած է շարականներու ընտրութիւնը ընել տալով 482): Մանդակունիէն ետքը Օձնեցին է, որ ժամերգութեանց վրայ յատուկ մտադրութիւն դարձուցած, անոնց կարգերը կանոնաւորած եւ նոր ձեւերու ներքեւ դրած է, եւ անոնց խորհուրդն ու իմաստն ու կապակցութիւնը բացատրելու յատուկ ջանք ունեցած է:

572. ՀԱՅՔ ԵՒ ԱՍՈՐԻՔ

Օձնեցիին եկեղեցական նախանձայոյզ գործունէութեան լրումը եղաւ Մանազկերտի ժողովը, որ իր հայրապետութեան վերջին տարիներուն մէջ գումարուեցաւ, 726-ին, ինչպէս յատուկ ուսումնասիրութեամբ ստուգուած է (ՅԱՐ. 185), համաձայն Սակս ժողովոց գրութեան տուած` Հայոց 175 թուականին (ԹՂԹ. 233), թէպէտ այլուր 729 նշանակուած է (ՍԱՄ. 87): Գումարման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հայոց հայրապետին, իսկ անոր պատճառ տուողը` Հայոց եւ Ասորւոց մէջ տեղի ունեցած ընդհարումներն էին: Ծանօթ է Սեւերոսի եւ Յուլիանոսի տարաձայնութեամբ երկփեղկած ապականութեան խնդիրը 350), նոյնիսկ Միաբնակներուն խումբին մէջ: Ապականութեան ի հարկէ կամ ի կամաց տարբերութեան խնդիրը` առաջին հեղինակներէն ետքը այնպէս յառաջացաւ եւ աղաւաղեցաւ իրենց հետեւողներուն ձեռքը, որ Սեւերեանք մինչեւ աստուածաչարչարութիւն հասան. իսկ Յուլիանեանք մինչեւ երեւութականութիւն յառաջեցին: Առաջինները Ասորւոց եւ երկրորդները Հայոց մէջ ասպարէզ գտած էին, մինչ երկու կողմերուն հայրապետներն ալ չափազանցեալ կարծիքները հերքելով, ուղղութեան շաւիղ մը հաստատել կը ջանային: Ասորւոց պատրիարքական աթոռը բարձրացած էր 724-ին Աթանաս Գ. Անտիոքացի, որ լայնախոհ եւ ուղիղ դիտմանց տէր անձ մը կը նկարագրուի, եւ անոր հետ սկսաւ Օձնեցին յարաբերութեան մտնել ուղղափառ վարդապետութեան կէտերը ճշդելու: Երկու ասորիներ, Բարշապուհ Նփրկերտացի քահանայ, որ Բարխադբըշաբբա կոչուած է Ասորիներէն (ՅԱՐ. 179), եւ Գաբրիէլ Բեթեգրացի սարկաւագ, խնդիրը գրգռած էին սխալ գրութիւններ եւ սուտ ամբաստանութիւններ յերիւրելով երկու եկեղեցիներու միջեւ, այնպէս որ անհրաժեշտ կը դառնար միտքերը լուսաւորել եւ խնդիրը պարզել: Այդ նպատակով փոխադարձ թղթակցութիւններ տեղի ունեցան Յովհաննէսի եւ Աթանասի միջեւ, եւ վերջապէս ժողովի մը մէջ երես առ երես բանակցութեան պէտքը հաստատուեցաւ (ՅԱՐ. 129):

573. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏԻ ԺՈՂՈՎԸ

Ժողովի համար նախապէս յարմար դատուած կ՚ըսուի Արզոն կամ Արզն, այժմ Խարզան, երկու ազգերու սահմանագլխուն վրայ, սակայն Հայաստանի ոստիկան Վալիտի սահմանէն դուրս լինելուն, սա չներեց Հայ կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսներուն իր սահմանէն ելնել (ՅԱՐ. 130), եւ ժողովատեղի կ՚որոշուի Մանազկերտ, այժմ Մալազկերտ, Ապահունիք գաւառին մէջ, սահմանագլուխին Հայ կողմը: Սահմանեալ օրը այնտեղ կը հաւաքուին Հայոց կաթողիկոսը 23 եպիսկոպոսներով եւ 8 վարդապետներով, իսկ Ասորւոց կողմէն միայն 6 եպիսկոպոսներ կու գան իրենց պատրիարքին եւ եպիսկոպոսներուն կողմէն պատգամաւորութեամբ: Հայ եպիսկոպոսներու ցուցակը, ասորական աղաւաղումներէ քաղելով եւ ուսումնասիրողներու հետեւողութեամբ ուղղելով (ՅԱՐ. 190), կրնանք այսպէս կազմել. Աղբէոս Հարքայ, Թադէոս Ոստանի, Սահակ Մամիկոնէից, Յեսու Բասենոյ, Սարգիս Տայոց, Թէոդորոս Բզնունեաց, Թէոդորոս Արշամունեաց, Գրիգորիս Արշարունեաց, Ներշապուհ Ասպակունեաց, Հաբէլ Ամատունեաց, Դաւիթ Ռշտունեաց, Յովսէփ Արծրունեաց, Գրիգոր Վանանդայ, Նարկիսոս Խորխոռունեաց, Եսայի Գողթան, Յովհաննէս Գնունեաց, Գէորգ Ռոտակաց, Յովսէփ Բագրատունեաց, Միքայէլ Բագրեւանդայ, Երեմիա Ապահունեաց, Սողոմոն Մարդաղւոյ, եւ Գաբրիէլ Արզնի: Իսկ վարդապետներն են` Խոսրովիկ Թարգմանիչ, Դաւիթ Սուփրի, Սողոմոն Մաքենոցաց, Ռափայէլ Վանացերէց, Սիմէոն վարդապետ, Յովհաննէս քորեպիսկոպոս, Գրիգոր Տարոնոյ, եւ Սահակ Մանդակունի, որոնցմէ վերջ կը յիշուի Սարգիս Սասնոյ կամ Սասնացւոյ եպիսկոպոսը: Իսկ Ասորւոց պատգամաւոր եպիսկոպոսներն էին, Կոստանդին Եդեսիոյ, Շմաւոն Խառանի, Թէոդորոս Գերմանիկիոյ, Աթանաս Նփրկերտի, Սիմոն Գարայի եւ Թէոդորոս Սամոստիոյ: Ասորւոց կողմէն եկած է նաեւ ազնուական, փառապանծ, եւ իմաստուն անձ մը, Խայան Տանուկայա անուն, որ աստուածաբան վարդապետ մը պէտք է ըլլայ, Հայոց կաթողիկոսին կողմանէ եղբայր կոչուած ըլլալուն համար (ՅԱՐ. 194): Հայ ժողովականներուն կողմանէ գիտնական եւ աստուածաբան անձի հռչակ ունէին, նախապէս կաթողիկոսը, որ Ասորիներէն ալ Սուրբ Գիրքի մէջ հմուտ ընդունուած է (ՅԱՐ. 180), եւ Խոսրովիկ Թարգմանիչ, որուն ունեցած դերը եւ գրած պաշտպանութիւնները կը վկայեն իր արժանիքին, ու Գրիգորիս Արշարունի, որ քաջ փիլիսոփայ, եւ նախընտիր ի վարդապետս Հայոց կոչուած է (ԹՂԹ. 232): Յիշեալ անձերէն զատ, ինչպէս ուրիշ ժողովներու, նոյնպէս ներկայիս մէջ ալ գտնուած են, այլեւս նշանաւոր քահանաներ եւ վանականներ, որոնց անունները չեն յիշուիր (ՅԱՐ. 194): Միայն նախարարներու եւ իշխաններու յիշատակութիւն չենք տեսներ, եւ գուցէ անոնք պէտք չտեսան մասնակցիլ ժողովի մը, որ բուն ազգային չէր, եւ երկու եկեղեցիներու դաւանական համաձայնութեամբ պիտի զբաղէր:

574. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Մանազկերտի Հայ-Ասորական ժողովին գլխաւոր նպատակը ապականութեան խնդիրին ծայրայեղութիւնները, աստուածաչարչարութիւնն ու երեւութականութիւնը հերքել, եւ ուղիղ դաւանութեան կէտը որոշելն էր եւ ժողովական կանոններն ալ անոր համեմատ կազմուեցան: Հաւատոյ դաւանութիւն մը յղած էր Աթանաս պատրիարք, ուրիշ մըն ալ Հայոց կողմէն ներկայեց Յովհաննէս կաթողիկոս (ՅԱՐ. 195), որ նման է սովորական հանգանակին, միայն Քրիստոսի մարդեղութեան մէջ` կրից եւ ապականութեան կէտերը աւելի ընդարձակուած են, եւ վերջէն աւելցած են 10 նզովքներ, որք ամենայն հաւանականութեամբ նոյնինքն Օձնեցիին գրիչէն ելած էին, եւ ժողովրդական համաձայնութեամբ ընդունուեցաւ եւ հռչակուեցաւ: Այս 10 նզովքները մեր ազգային մատենագիրներուն մէջ ալ կը գտնուին, սակայն ասորերէնի հետ բաղդատական ուսումնասիրութիւնը (ՅԱՐ. 198) լաւագոյն եւս պարզած է անոնց իմաստը: Առաջինը Երրորդութեան եւ երկրորդը Մարդեղութեան դաւանութիւնն է, միւս երեքը աստուածութեան եւ մարդկութեան միաւորութիւնը կը բացատրեն միաբնակ վարդապետութեամբ, իսկ վերջին հինգերը ուղղակի ապականութեան խնդիրը կը շօշափեն, թէ Քրիստոսի մարմինը իրական էր եւ ոչ երեւութական, ադամային էր եւ ոչ երկնային, մահկանացու եւ մեղանչական բնութենէն էր եւ ոչ նախաստեղծ անմեղ վիճակէն, թէ Քրիստոս կիրքերը եւ վիշտերը իսկապէս կրեց յիւր կամաց, եւ յիւր մարդկային բնութեան, եւ ոչ յաստուածային բնութեան, անոնց անխզելի միաւորութեան ներքեւ, եւ ոչ իբրեւ այլ ոմն աստուած եւ այլ ոմն մարդ: Այդ դաւանութեան ամփոփումը կու տայ Կիրակոս գրելով, թէ այդ ժողովին մէջ նզովեցին զՅուլիանիտսն եւ զապականացու ասողսն ի Քրիստոս, այսինքն է Սեւերեանները, եւ զԲարշապուհ եւ զԳաբրիէլ, բանսարկուս Հայոց եւ Ասորւոց (ԿԻՐ. 38): Հայոց Եկեղեցւոյ վրայ խօսողներ` ժողովը երբեմն Յուլիանեան կամ Երեւութական, եւ երբեմն ալ իբր Սեւերեան կամ Աստուածաչարչարական կը ցուցնեն, բռնազբօսելով նորա միջասահման դաւանութիւնը, եւ ոմանք այս եւ ոմանք այն ծայրայեղութեան կը տանին ժողովին վարդապետութիւնը: Չենք ուրանար որ Հայոց մէջ մէկ կամ միւս մոլորութեամբ վարակեալներ ալ գտնուած ըլլան, նոյնիսկ ամէն աստիճանէ անձեր: Սակայն անոնց գտնուիլը եկեղեցիին հնաւանդ եւ պաշտօնական դաւանութիւնը չի փոխեր, ըլլայ ալ կաթողիկոս մը` որ սխալ կարծիքի հետեւած ըլլայ: Հայ Եկեղեցին Յուլիանոսի վարդապետութեան կը մօտենայ, Քրիստոսի մարմինը ի հարկէ եւ ի սկզբանէ ապականութեան ենթարկեալ չըսելով, ինչ որ անարգանք պիտի ըլլար աստուածութեան հետ միաւորութեան, բայց ասով Յուլիանեան եւ երեւութական եղած չ՚ըլլար, ինչպէս նաեւ աստուածաչարչարութեան հաւանած չ՚ըլլար` Սուրբ Աստուած ին խաչեցար ը աւելցնելով ի դէմս Քրիստոսի, եւ վասն անճառ միաւորութեանն:

575. ՔԱՂԿԵԴՈՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐ

Եթէ Մանազկերտի ժողովին գլխաւոր նպատակը ապականութեան խնդիրն էր, սակայն ուրիշ խնդիրներ ալ յուզուած են հարկաւ առիթէն օգտուելով, որպէսզի ճշդուին եւ որոշուին Հայոց եւ Ասորւոց մէջ համաձայն կամ անհամաձայն եղած կէտերը: Պատմագիրներէն մէկը Մանազկերտի ժողովին նպատակը պարզապէս` Վասն Քաղկեդոնի աղանդոյն է ըսուած (ՍԱՄ. 87), ուրիշ մը գրած է թէ Օձնեցին այդ ժողովով սրբեաց զհաւատս ի մարդադաւան աղանդոյն (ՎԱՐ. 73), ուրիշ մըն ալ նոյն ժողովով ի բաց ընկեցեալ կ՚ընդունի զդաւանութիւնն Քաղկեդոնի (ԿԻՐ. 38), սրբելով յաշխարհէս զքաղկեդոնականացն երկաբնակ խոստովանութիւն (ԱՍՈ. 104): Արդ, Մանազկերտի 10 նզովքները հիմնուած են միաբնակ հակաքաղկեդոնական վարդապետութեան վրայ, որում մէջ Հայր եւ Ասորիներ կատարելապէս համաձայն էին, որով այդ մասին խնդիր յուզելու պէտք չկար, եւ այս կերպով հակաքաղկեդոնիկ վարդապետութիւնը անգամ մը եւս պաշտօնապէս հռչակուած կ՚ըլլար, եւ քաղկեդոնականութեան միտում ունեցողներուն կարծիքը կը հերքուէր: Նոյն ժողովին մէջ խօսուած են` Ծննդեան տօնին Դեկտեմբեր 25-ին, կամ Յունուար 6-ին կատարուիլը (ԿԻՐ. 39) սուրբ խորհուրդի հացին խմորուն կամ անխմոր` եւ բաժակին ջրախառն կամ անապակ ըլլալը (ԱՍՈ. 105), որոնց մասին Ասորիք ալ Հայերէն կը տարբերէին, սակայն Օձնեցին անխախտ հռչակած է Հայ Եկեղեցւոյ հնաւանդ ծէսերը, որպէս կարգեալ էր սրբոյն Գրիգորի (ԿԻՐ. 39): Իսկ Հայոց ու Ասորւոց միաբանութիւնը հաստատուած է անկախաբար այդ ծիսական կէտերէն, որոնց մէջ երկու եկեղեցիներ տարակարծիք մնացին, թէպէտ եւ Հայեր պատշաճ բացատրութիւնները տուին (ԽՈՍ. Բ. 187-197): Քանիցս յիշեցինք Սակս ժողովոց գրուածը, որ նոյնիսկ Յովհաննէս կաթողիկոսի բերնէն, ես Յովհաննէս, ինձ Յովհաննէսի բացատրութիւնները գործածած է, եւ որուն նպատակն է ցուցնել թէ իրմէ առաջ եղող վեց կաթողիկոսներ, Եզրէ Եղիա, քաղկեդոնիկ են եղեր եւ Հայ Եկեղեցին մոլորցուցեր, եւ ինքն Յովհաննէս յաջողեր է եկեղեցին ուղղութեան բերել: Նոյն տեղ մանրամասն կերպով կը պատմուի թէ ինչպէս ինքն հրամայեց ժողով գումարել, եւ ընդարձակ հաւատոյ գիր մը կը կցուի նոյն պատմութեան: Այդ գրուածին ոչ միայն փքուռոյց ձեւը եւ ստորին ոճը անյարմար է Իմաստասէրին գրիչին, այլեւ պէտք է Օձնեցին բոլորովին անտեղեակ ենթադրել անցեալին` ձրիապէս անարգելու համար իր նախորդները, որոնց հաւատոյ գիրերը եւ ժողովական գործերը արդէն յառաջ բերինք, եւ իրեն ալ, որ հին գիրերու հաւաքող մըն էր, անծանօթ չէին կրնար ըլլալ: Բաց աստի Մանազկերտի ժողովը, պարզապէս Հայոց քաղկեդոնիկութիւնը սրբելու համար գումարուած ըսել, նպատակի հետ անյարմար կու գայ, վասնզի այս դիտման համար Օձնեցին պէտք չունէր Ասորւոց գործակցութեան: Ուստի թէ գործին եւ թէ գիրին ուսումնասիրութեամբ հնար չէ իբր Օձնեցիի վաւերական գործ նկատել այն գրութիւնը, այլ անոր անունը կեղծելով որեւէ ապիկար մէկէ մը գրուած ըսել: Միեւնոյն պատճառով որեւէ կարեւորութեան արժանի չեն կրնար ըլլալ քանի մը տարօրինակ կարգադրութիւններ, որ նոյն գրուածին մէջ կը հանդիպին: Այսպէս է մեծ պահոց վրայ խօսած ատեն ըսելը, թէ զշաբաթ եւ զկիրակի պայծառութեան` ի կթոց կերակուրս հրամայեմ լուծանել յուրախութիւն զաւշոտացն եւ որովայնամոլիցն (ԹՂԹ. 230), որպէսզի այս կերպով ածցուք զբռամբ զարտաքինսն եւ զանհաւան ազգս մեր (ԹՂԹ. 227): Նոյն է եւս հրամայելը` ոչ հաղորդել ժողովրդեան մարմնոյ եւ արեան Տեառն` ի մեծի հինգշաբաթւոջն, իբր թէ անկէ քաղկեդոնական ըլլալու վտանգ ծագէր (ԹՂԹ. 228): Կ՚արգելու եւս` ոչ զոք ի դպրաց կամ ի մանկանց ուսումնասիրաց կալ յեկեղեցւոջ սակս վկայութիւն տալոյ (ԹՂԹ. 229): Նմանապէս նզովք կը կարդայ անոնց` որ զձու եւ զձուկն եւ զձէթ եւ զթան եւ զիւղ եւ զպանիր եւ զգինի, միաճաշակ կերակուր չեն ընդունիր, կամ զկիրակէ իբրեւ զուրբաթ կը պահեն, կամ թէ յուրբաթու եւ ի չորեքշաբաթու յիշատակ առնեն մարտիրոսաց (ԹՂԹ. 231), կամ զծնունդն յառաջ քան զյայտնութիւնն առնեն (ԹՂԹ. 232), որոնցմով իրաւ կ՚ուզուի յունական ծէսեր արգիլել, բայց այնպիսի բացատրութիւններով, որոնք ամենեւին չեն համաձայնիր Օձնեցիին վեհ հոգեւոր եւ վսեմ գրիչին:

576. ՕՁՆԵՑԻԻ ՄԱՀԸ

Մանազկերտի ժողովը Օձնեցիի գործունէութեան փակումը եղաւ, եւ անկէ ետքը այլեւս նշանաւոր արդիւնք մը չունինք յիշատակուած: Ընդհակառակն, տարիքով ծանրացած եւ աշխատութեամբ յոգնած, պէտք զգաց հանգստանալ, եւ առանձնացավ իր ծննդավայրը, Օձուն գիւղը, եւ բնակութենէն քիչ մը հեռու իրեն համար տեղ մը որոշեց Սոթից լեռը (ՀԻՆ. 479), ուր եւ շինած էր եկեղեցի մի մեծ, եւ ինքզինքը աղօթական կեանքի տուաւ (ԿԻՐ. 39): Նա որ սովորած էր նոյնիսկ շքեղ եւ զարդարուն տարազներ գործածել, այլեւս ճգնողական կեանքի կը նուիրուէր, պահօք եւ աղօթիւք եւ ամենագիշեր տքնութեամբ կ՚անցընէր իր օրերը (ՅՈՎ. 129) խաչաչարչար ճգնութեամբ, ուր եւ իրեն ընկերակից էին Գէորգ Սքանչելագործ եւ Մատթէոս Խոտաճարակ վարդապետները, եւ այլ բազում խստակրօնք եւ երկնաթռիչք (ՀԻՆ. 479): Այդպէս անցուց Օձնեցին իր կեանքին վերջին տարիները, որք երկար ալ չեղան, վասնզի 728-ին կնքեց իր բազմաշխատ եւ բազմարդիւն կեանքը, թէ կարողութեան եւ թէ սրբութեան մեծ հռչակ թողլով ետեւէն: Յայսմաւուրքը Ապրիլ 17-ին կը դնէ անոր յիշատակը (ՅԱՍ. Ա. 170), որ կրնայ իբր մահուան օրը ընդունուիլ, միայն թէ Հայ տոմարի ահեկանի 10-ը, որ անշարժ տոմարի հաշուով, Ապրիլ 17-ին է դրուած, 728-ին տիրող շարժական տոմարի հաշուով, Փետրուար 6-ին պիտի իյնար: Թաղման տեղն ալ յիշուած չէ հիներէն, բայց Օձնեցիի գերեզմանը իբր ուխտատեղի կը պատուուի այժմեան Արդուի գիւղը, հին Օձունի արեւմտակողմը: Օձնեցին կաթողիկոսական գաւազանագիրքին լուսաւոր պարծանքներէն մէկն է իր ուսումնական զարգացմամբ, եկեղեցական նախանձայուզութեամբ, եւ վարչական կարողութեամբ, որով նոր կեանքի նուիրագործումը կատարեց ազգին մէջ, խաղաղ կենցաղ մը պատրաստելով քաղաքականապէս, եւ անխառն եկեղեցական կացութիւն մը եկեղեցականապէս: Իրաւ այդ գաղափարին հեղինակը ինքը չեղաւ, որովհետեւ Ձորոփորեցին եղած էր զայն յղացողը, եւ Արճիշեցին սկզբնաւորողը, սակայն Օձնեցին եղաւ զայն լրացնող եւ կատարելագործողը: Օձնեցիին անունը թէպէտ միշտ պատուով եւ յարգանօք պահուած է յետիններէն, եւ նոյնիսկ գովութեամբ յիշատակուած Գրիգոր Տղայէ (ՏՂԱ. 76) եւ Ներսէս Լամբրոնացիէ (ՏՂԱ. 158), սակայն անոր անունին տօնելի սրբոց կարգն անցնիլը` վերջին ժամանակներու որոշում մըն է, եւ Սիմէոն Երեւանեցիի 1774-ին հրատարակած տօնացոյցէն հնագոյն փաստ մը չունինք այդ մասին (ՍԻՄ. 67), թէպէտեւ ընդհանրապէս իբր սուրբ յարգուած լինելուն (ԿԱԼ. 202), եւ Յայսմաւուրքի անցած լինելուն (ՅԱՅ. 514) յիշատակները կան:

577. ՕՁՆԵՑԻԻՆ ԳՐՈՒԱԾՆԵՐԸ

Օձնեցիին վրայօք դատաստան մը ընելու համար դժուարին տագնապի մատնուած են հռոմէադաւան ազգայինք, խղճալով դատափետել այսպիսի հոյակապ անձնաւորութիւն մը, միւս կողմէն ալ չհամարձակելով գովեստ խօսիլ հակաքաղկեդոնիկ հայրապետի մը վրայ: Իրենցմէ աւելի համարձակ եղած էր հայ-հռոմէականութեան առաքեալն Կալանոս, որ պարզապէս կոչած էր զայն սուտ եւ խաբեբայ վարդապետ, ի ներքոյ գայլ յափշտակող, օձաբարու վիշապ, կեղծաւոր առաջնորդ, մոլորեցուցիչ, զարմանք ալ յայտնելով որ գտանին ոմանք այնքան անմիտք եւ մոլորութեամբ նորա արբուցեալք, մինչզի եւ համարեն թէ նա սուրբ էր (ԿԱԼ. 202): Հայ-Հռոմէականք խորշելով հետեւիլ իրենց ռահվիրային, ջանացին ամենայն զօրութեամբ Օձնեցին իբրեւ քաղկեդոնիկ ներկայել, եւ Չամչեան իր պատմութեան մէջ 102 մեծադիր էջեր նուիրեց այդ նպատակին (ՉԱՄ. Բ. 571-672), եւ Մանազկերտի ժողովին ալ ժամանակն ու գումարողը փոփոխելով, Ներսէս Իշխանցիի ժամանակը տարաւ, սորա քաշուած միջոցին Յովհաննէս Մանազկերտացի անձ մը ստեղծելով, իբր նոյն ժողովին հաւաքողը (ՉԱՄ. Բ. 351-354): Չամչեանի աշակերտներ Յովհաննէս Մանազկերտացիի գիւտը չկարենալով ստուգել, ջանացին Յովհաննէս Տիկորեցիով մը զայն փոխանակել (ՎԱՐ. 73), զարմանքի տեսարան ընծայելով, թէ ինչպէս պատմութեանց հետեւող անձեր ալ` կրնան բոլոր պատմագիրներու վկայութեանց հակառակ մտացածին ենթադրութեանց մէջ իյնալ: Մանազկերտի ժողովին` 728-ին եւ Յովհաննէս կաթողիկոսի կողմէ հաւաքուելուն մեր ամէն պատմագիրներ կը վկայեն յայտնապէս, եւ ասորական աղբիւրներու ուսումնասիրութիւնք ալ նոյնը կը հաստատեն, այնպէս որ այլեւս հակառակը խօսիլ հնար չէ: Իսկ Օձնեցիին ճառերը քննութեան ենթարկելով անոնք ուղղափառ գտնել, եւ պապական գրաքննութեան առջեւ ալ անոնք պաշտպանել, ուրիշ բան ըսել չ՚ըլլար, բայց եթէ Հայոց Եկեղեցւոյն դաւանութեան ուղղափառ ըլլալը ընդունիլ, քանի որ Օձնեցին, որ այդ ճառերը գրած է, նոյնինքն է որ Հայաստանի մէջ, յունական տիրապետութենէ եւ բռնադատեալ հաղորդակցութիւններէ մնացած, քաղկեդոնականութեան եւ յունածիսութեան հետքերը սպառսպուռ ջնջելու ձեռնարկեց եւ յաջողեցաւ, ինչպէս բոլոր պատմագիրներ կը վկայեն: Իսկ Պատմաբանին այդ կէտին վրայ խօսած չըլլալը` բնաւ նշանակութիւն չ՚ունենար:

578. ԽՈՍՐՈՎԻԿ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ

Մանազկերտի ժողովին ներկաներուն մէջ յիշուած է Խոսրով քահանայ եւ վարդապետ Հայոց (ՅԱՐ. 193), որ տեսակ մը առեղծուածային անձ կարծուած էր երբեմն, այլ իր երկասիրութեանց հրատարակուելէն ետքը, այլեւս ծանօթ եւ նշանաւոր անձնաւորութիւն մը ճանչցուած է` Խոսրովիկ Թարգմանիչ անունով, եւ բանի սպասաւոր կոչմամբ (ԽՈՍ. Ա. 23), որ նոյնանշանակ է վարդապետ կոչման (ՄԱՇ. 294): Խոսրովիկ եղած է Օձնեցիի գլխաւոր օժանդակողներէն մէկը` Քաղկեդոնականներու եւ Երեւութականներու դէմ մղած պայքարին մէջ, եւ Մանազկերտի ժողովով կատարուած բանակցութեանց ժամանակ, եւ անշուշտ այդ միջոցին գրուած են Խոսրովիկի հինգ թուղթերէն առաջինները, որ նոյն խնդիրներով կը զբաղին (ԽՈՍ. Բ. 1-96): Խոսրովիկի առջեւ նոր գործունէութեան ասպարէզ է բացուած, երբ Մանազկերտի ժողովը գտնուողներէն Թէոդորոս Գերմանիկիոյ ասորի եպիսկոպոսը, Հայ-Ասորական միաբանութեան գոյնը այլայլելով, սկսած է Հայերը Սեւերեան կամ Յակոբիկ Ասորիներու դաւանութիւնը ընդունած ցուցնել: Այդ զրոյցը ցրելու համար, Խոսրով պաշտօն ստացաւ, հարկաւ Օձնեցի կաթողիկոսէն, Ասորւոց մօտ երթալ եւ վիճաբանութեան մտնել Թէոդորոսի հետ` Աթանաս Ասորւոց պատրիարքի եւ Աթանաս Նփրկերտի եպիսկոպոսի ներկայութեամբ, Դերայիդրոշդատ կոչուած տեղը, որ Դուրուստբատ անուն վանք մը կը կարծուի, Գաբրիէլ Շիգգարացի բժշկապետէ շինուած (ՅԱՐ. 212), որուն անունը յիշած ենք ժամանակին 437): Թէոդորոս այդ բանակցութեան մէջ առաւել թիւրս եւ հակառակ սուրբ հարցն խոստովանութեան խօսքեր ըսած ըլլալուն (ԽՈՍ. Բ. 101), Խոսրովիկ հարկ սեպած է Աթանաս պատրիարքին գրաւոր ալ հաղորդել Թէոդորոսի ըսածներուն եւ Սեւերեանց վարդապետութեան հերքումը (ԽՈՍ. Բ. 97-148): Նոյն Խոսրովիկէ ուրիշ գիր մըն ալ ունինք, այս անգամ Յուլիանիտներու միւս ծայրայեղ վարդապետութեան դէմ գրուած, եւ ուղղուած Սարգիս Գերադիկորայ եպիսկոպոսի մը (ԽՈՍ. Բ. 149-183): Այս անունով տեղ մը ծանօթ չէ, եւ զանազաններու տուած մեկնութեանց մէջ հաւանականութեան մերձաւոր է` Գերա-Իգրա կարդալ, եւ Իգրայի վանքին եպիսկոպոս ըսել յիշեալ Սարգիսը, եւ Իգրայի վանքին Սասնոյ մէջ ըլլալը գիտնալով, նոյնացնել զայն Մանազկերտի ժողովին ներկայ Սարգիս Սասնոյ եպիսկոպոսին հետ (ՅԱՐ. 215): Մեզ հետաքրքրողը աւելի Խոսրովիկի մատենագրութիւնն է, ուսկից կը քաղուի իր արժանիքը եւ, ժամանակին պատմութեան մէջ վարած դերը: Իր նախընթացին եւ պաշտօնական աստիճանին եւ վախճանին վրայ աւելի տեղեկութիւն պիտի չկարենանք աւելցնել, գոհանալով վերեւ գրուածներով, եւ մատենագրական խնդիրները մասնագէտներու թողլով:

579. ԳՐԻԳՈՐԻՍ ԱՐՇԱՐՈՒՆԻ

Օձնեցիի աջակիցներուն մէջ յատուկ յիշատակութեան արժանի է Գրիգորիս Արշարունի, սովորաբար քորեպիսկոպոս կոչուած, նախապէս այդ անունով պայծառացած ըլլալուն համար, որովհետեւ Արճիշեցիին` ըստ այլոց Ձորոփորեցիին ժամանակէն եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ, եւ Արշարունեաց եպիսկոպոս անունով յիշեցինք զայն Մանազկերտի ժողովականներու կարգին 573): Ասողիկ զայն փիլիսոփայական արուեստիւ պայծառացած կը ճանչնայ (ԱՍՈ. 102), եւ Սակս ժողովոց գրուածին մէջ մեծ փիլիսոփայ կը կոչուի (ԹՂԹ. 232), եւ այդ տեսութեամբ առաջնակարգ դեր ունեցած է Հայ-Ասորական միաբանութեան ժամանակ: Փիլիսոփայ կամ Իմաստասէր պատուադիր մականունին Օձնեցիի ու ուրիշներուն ալ տրուած ըլլալը դիտելով, կը կարծենք թէ յատուկ դպրոցի մը սովորական մակդիր եղած էր, ինչպէս Սիւնեցիներու Քերթող մականունը: Իսկ այսպիսի դպրոց մը յարմար կ՚ըլլայ Քռթենաւորին հաստատած Արագածոտնի կամ Հառիճոյ վանքը կարծել, եթէ Երասխաձորի Արշարունեաց դպրոցն ալ 451) նոյն սովորութիւնը ունեցած չէ: Գրիգորիսի գլխաւոր աշխատութիւնն է Ընթերցուածոյ մեկնութիւն գիրքը, զոր պատրաստեց Ներսէհ Կամսարականի խնդրանօք, որ պատրիկ ընտրուեցաւ 693-ին 519), եւ որուն դրուատիքը գրուած է մեկնութեան յառաջաբանին մէջ: Օձնեցիին անունին ալ նոյն գործին հետ յիշուիլը (ՀԻՆ. 473), հետեւանք կ՚երեւի աշխատասիրութեան երկարելուն, այնպէս որ Ներսէհի առաջարկութեամբ սկսուած գիրքը, Օձնեցիի յորդորելովն ու քաջալերելովը վերջացած ըլլայ:

580. ՎԱՀԱՆԻ ԴԱՐՁԸ

Նախիջեւանի եւ Խրամի կոտորածէն ետքը տեղի ունեցած մեծ գերութեան առթիւ յիշեցինք նաեւ Խոսրով Գողթան նախարարի որդւոյն մանուկ Վահանի անունը 549): Գերութիւնը տեղի ունեցած էր 707-ին, իսկ 12 տարի ետքը, 719-ին Էօմէրի կողմէ հրամայուեցաւ գերեդարձը, Օձնեցիին այցելութեան առթիւ 562): Վահան, թէպէտ մանկութենէ իսլամական օրէնքի մէջ սնած Վահապ անունով, սակայն գիտակ էր իր ծագման եւ ազգատոհմին, եւ ուզեց օգտուիլ ընդհանուր գերեդարձէն` ինքն ալ Հայաստան դառնալու համար: Էօմէր յատուկ սէր մը ունէր իր երիտասարդ դիւանադպիրին վրայ, եւ չուզեց զայն հեռացնել, եւ նոյնիսկ անոր Հայազգի սերունդ ըլլալուն չուզեց հաւատալ, մինչեւ որ Միջագետացի արք տասն եւ հինգ տաճիկք վկայութիւն տուին այդ մասին (ՍՈՓ. ԺԳ. 21): Անկէ ետքն ալ Էօմէր ողոքանօք կ՚ուզէր Վահապի միտքէն հեռացնել, սակայն նա իբրեւ շնորհք խնդրեց, որ անգամ մը երթամ, եւ տեսանեմ զորչափութիւն աւերածոյ երկրին իմոյ հայրենեաց, եւ սեփական գաւառիս տիրանամ, եւ ինչ որ պէտք է գործակալ արարեալ կարգադրեմ, եւ նորէն դառնամ ու առ ձեզ հասանեմ (ՍՈՓ. ԺԳ. 22): Էօմէր վերջապէս կը զիջանէր, եւ արձակէր զՎահան հրովարտակով, զի զբնիկ աշխարհն զԳողթսն առցէ, եւ մի ոք ընդդիմասցի նմա (ՍՈՓ. ԺԳ. 67): Վահանի դարձը պէտք է դնենք 719-ի վերջերը, վասնզի Հայաստանի մէջ էր, երբ լուր առ նա հասանէր եթէ մեռաւ Ոմառ (ՍՈՓ. ԺԳ. 23), իսկ Էօմէրի մահը տեղի ունեցած է 720 Փետրուար 10-ին: Ետ դառնալուն խոստումը առնող ամիրապետին մեռնելովը, Վահան զերծանէր ի նորա դաշանցն (ՍՈՓ. ԺԳ. 71), եւ այլեւս չէր ուզեր դառնալ իւր հեշտութեանն որ ի Տաճկաստանի (ՍՈՓ. ԺԳ. 23), այլ ինքզինք մոռցնել տալով կը մնար Հայաստան, եւ իր հայրենական քրիստոնէական կրօնքը կը պաշտէր: Իւրայիններ ալ գործը աւելի ամուր կապելու համար, խորհեցան զինքն ամուսնացնել, եւ թէպէտ Վահան առաջ կ՚ընդդիմանար, սակայն անոնք բռնադատեցին զնա մեծաւ թախանձանօք, մինչեւ հաւանեցուցանէին (ՍՈՓ. ԺԳ. 71), եւ ամուսնութիւն կնքել կու տային ընտիր օրիորդի մը հետ յազգականութենէ Սիւնեաց տեառն (ՍՈՓ. ԺԳ. 24) որ այն ատեն Բաբգէն նախարարն էր (ՕՐԲ. Ա. 180), իսկ օրիորդին անունը յիշուած չէ: Վահան կրցաւ բաւական տարիներ խաղաղ կեանք մը անցնել Գողթն գաւառը, իր տունը, որ պէտք է գոնէ տասնամեայ միջոց մը ըլլայ, իր մահուընէն դէպի ետ հաշուելով: Ըստ այսմ կրնանք հետեւցնել թէ Վահանի այս միջոցին վայելած հանդարտութիւնը, Իմաստասէր եւ քաջարթուն հայրապետին հովանաւորութեան արդիւնքն էր: