Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍԻՈՆ Ա. ԲԱՒՈՆԵՑԻ

604. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԱԽԸՆԹԱՑ

Երբ Տրդատ Դասնաւորեցին կը վախճանէր 767-ին, Հասան ոստիկան ետ կանչուած, եւ անոր յաջորդը Սուլիման, որ է Սիւլէյման` Դուին հասած էր: Նոր ոստիկանը յառաջ հարաւային նահանգին զօրապետն էր, երբ Սիոն Բաւոնեցին ալ Աղձնեաց եպիսկոպոս էր: Այն միջոցին, Սասուն գաւառի մէջ Սիմ լերան ստորոտը եղող Բազմաբուխ ակը կը ցամքի, ուսկից կ՚ոռոգուէին շրջակայ բազում այգեստանք եւ բուրաստանք եւ արտավարք, եւ ընդհանուր ցամաքութիւն կը տիրէ, եւ կը սկսին ապականիլ եւ լքանիլ պտղաբերութիւնք գեղջն: Երբ Սիւլէյման զօրավար արկածին վրայ խօսելով Սիոնի հետ կը խորհրդակցէր, թէ ինչ հնար էր ընել դարձեալ բղխելոյ աղբերն, Սիոն կ՚առաջարկէ Աստուծոյ դիմել, եւ բոլոր ժողովուրդը Շաբաթ երեկոյ մը հսկումի կը հաւաքէ, եւ բոլոր գիշերը ցայգապաշտօն կը կատարէ, եւ առաւօտուն խաչով եւ թափօրով եւ համագունդ հաւատացելովք ցամաքեալ աղբիւրին գլուխը կ՚երթայ, հոն ալ աղօթս արարեալ եւ տեառնագրեալ զտեղին, հարկանէ գաւազանաւն որ ի ձեռին իւրում, եւ յանկարծակի յական թօթափել բղխէ աղբիւրն, եւ վտակ կազմելով յորդաբուխ ականակիտ պարզուածիւ կը սկսի ոռոգել ցամաքեալ հողերը (ՅՈՎ. 135): Սիւլէյման այն ժամանակէն մեծ հիացում եւ մեծ պատկառանք կազմած էր Սիոնի վրայ, ուստի կաթողիկոսական աթոռը, պարապ տեսածին պէս, ինքն առաջին կ՚ըլլայ Սիոնը առաջարկել, եւ ամենեցուն հաւանութեամբ Սիոն կը հրաւիրուի կաթողիկոսական աթոռը: Այսպէս տարօրինակ պարագայով մը կը կատարուի նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը (ՅՈՎ. 136): Սիոնի ծննդավայրը եղած է Արագածոտն գաւառի Բաւոնք գիւղը, ինչպէս սովորաբար կը գրուի այդ անունը, որովհետեւ զանազան օրինակներու մէջ զանազանեալ գրութեանց կը հանդիպինք, զորօրինակ Բաւոնիք, Բզնոյք, Բիսովնք, եւ մինչեւ իսկ Բագուան ալ գրուած է (ԿԻՐ. 39), որ Արագածոտնի մէջ չէ: Տղայութենէ հայրապետանոցի մէջ սնած եւ ուսած, թէ ուսմանց եւ թէ առաքինութեանց մէջ զարգացած է (ՅՈՎ. 135), եւ ընդհանրապէս իբրեւ այր սուրբ եւ սքանչելի ճանչցուած (ՎԱՐ. 75), եւ հետզհետէ մինչեւ Աղձնեաց եպիսկոպոսութեան բարձրացած, եւ Սիմ լերան աղբիւրին գործին վրայ մեծ հռչակ ստացած:

605. ՊԱՐՏԱՒԻ ԺՈՂՈՎԸ

Սիոն կաթողիկոս ոստիկանի պաշտպանութեամբ պաշտօնի կոչուած, դիւրաւ պիտի կարենար երկրին մէջ հանդարտութեան եւ գործոց բարեկարգութեան մտադրութիւն դարձնել, եւ Օձնեցիին օրէն ասդին բարձի թողի եղած եկեղեցական կանոններուն պահպանութիւնը վերանորոգել, եւ սպրդած զեղծումները դարմանել: Մանաւանդ որ ինքն Սիոն ալ կ՚ընդունի, թէ ամ յամէ արժան է հասանել, քննել եւ տեսանել զկարգս եկեղեցւոյ (ԿԱՆ. 130): Այդ փափաքանաց, եւ այդ յաջողութեան արդիւնք է հարկաւ, որ նորընտիր կաթողիկոսը կրցաւ եկեղեցական ժողովի մըն ալ գաղափարը յղանալ, եւ զայն հաւաքել եւ նոր կանոններ սահմանել: Սիոնի ժողովին ժամանակը անհրաժեշտաբար պէտք է կանխենք, եւ անոր կաթողիկոսութեան սկիզբները դնենք, վասն զի Սիւլէյման ոստիկանի հովանաւորութեամբ ստացուած առժամեայ հանդարտութիւնը վաղանցուկ եղաւ, եւ Հայաստան նորէն խռովութեանց եւ աղետից մատնուեցաւ, եւ անոնց մէջ հնար չէր եկեղեցական ժողովի հաւաքել երկրին եպիսկոպոսները եւ նախարարները: Այդ տեսութիւններով Սիոնի ժողովը հնար չէ 768 տարիէ անդին յետաձգել: Իսկ ժողովներու սովորական տեղը եղող Դուին քաղաքը, այլ եւս անյարմար դատուեցաւ, վասնզի գրեթէ քաղաքին կերպարանը փոխակերպուած էր իսլամ գաղթականներուն շատնալովը, եւ անդստին Դաւիթ Արամոնեցիին օրէն Դուին ծանր սկսած էր գալ, նոյնիսկ կաթողիկոսներու սովորական բնակութեան: Որոշ չենք գիտեր, թէ երկու Տրդատները յանձն առին Դուին դառնալ, թէ ոչ Արամոնքի հայրապետանոցին մէջ բնակեցան: Այս պատճառով Աղուանից կաթողիկոսութեան աթոռանիստ` Պարտաւ քաղաքը յարմարագոյն դատուեցաւ, եւ այնտեղ հաւաքուեցան երկու ազգերէն եպիսկոպոսներ եւ նախարարները: Ներկաներուն մէջ յանուանէ յիշուած են, Հայոց կողմէն Սիոն կաթողիկոս, Գէորգ Ոստանի, Սադովկ Սիւնեաց, եւ Եսայի Գողթան եպիսկոպոսներ, Սահակ Բագրատունի պատրիկ, եւ Ատրներսէհ Սիւնի, Սմբատ Բագրատունի, Մեհրուժան Արծրունի, Վահրամ Խորխոռունի, Արտաւազդ Աշոցեան, Վահան Վանանդեցի, եւ Սահակ Գողթնացի նախարարներ: Իսկ Աղուանից կողմէն, Դաւիթ կաթողիկոս, եւ Վարազքուրդակ Վաչագանեան, Վարդան Սատոնեան, եւ Տիրիկ Քարոնեան նախարարներ: Յիշուած անունները քիչ են, բայց կ՚երեւի թէ միայն շատ նշանաւորները յիշուած են, եւ հարկաւ ուրիշ Հայ եպիսկոպոսներ եւ քանի մը Աղուան եպիսկոպոսներ ալ գտնուած են: Միւս կողմէն Սիոն կը յայտարարէ, թէ կոչեցի զեպիսկոպոսակիցս իմ, այլ թէ ի բռնագոյն գործավար իշխեցողացս` որ ընդ մեզ կեան, եպիսկոպոսացս խափան եղեւ, ի նոցանէ առ մեզ գալ, բայց անոնք որ չկրցան գալ, հաւանական իւրեանց թղթով գրեցին մեզ ածել յաւարտումն բարի զբարիսքապէս խորհուրդն (ԿԱՆ. 131): Ըստ այսմ գրաւոր հաւանութեանց զօրութեամբ, Պարտաւայ ժողովը բազմագոյն եպիսկոպոսներով գումարուած ժողովի ոյժը ունեցաւ: Կանոնագիրքը Պարտաւի կանոններէն անմիջապէս ետքը կը դնէ Վաչագանի կանոնները, որք կանուխ ժամանակաւ հաստատուած են 347), բայց թերեւս այս առթիւ նորէն կրկնուեցան:

606. ՊԱՐՏԱՒԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Պարտաւի կանոնները 24 են, եւ տարբերեալ կէտեր կը շօշափեն, զորս նմանները մօտեցնելով կը քաղենք ի դիւրութիւն, կանոններուն թիւերը զանց ընելով յիշել, չխճողելու համար: Առ հասարակ եկեղեցականներու, եպիսկոպոսներու եւ քորեպիսկոպոսներու եւ քահանաներու կ՚արգիլուի իրենց կոչումը որպէս ըստ մարմնական զբօսման ունել, եւ կը հրամայուի ժողովուրդը չհոգացող եւ ծուլացողները կարգէն լուծել: Առանձինն եպիսկոպոսներու կ՚արգիլուի ուրիշ վիճակէ քահանայ ձեռնադրել, եկեղեցական տուգանքները բռնի գանձել, սեղանի եւ եկեղեցւոյ նուիրագործութիւնները քահանայից յանձնել, եւ միւռոն օրհնել կամ միւռոնի խառնուրդ ընել, այլ հայրապետէն ընդունիլ: Յատուկ կանոնով մը կը հրամայուի եկեղեցիներու վարդապետներ նշանակել եւ քարոզութիւնը չդադրեցնել: Քահանաներու կը հրամայուի հերթերնին անխափան կատարել, պատարագի նշխարքը իրենք պատրաստել, բաժակին բաւական գինի դնել, եւ ետքէն գինի չխառնել: Կը հրամայուի նաեւ մկրտութեան աւազանն ալ սուրբ սեղանի պէս զգուշութեամբ պահել, բանադրեալները եկեղեցական արարողութեամբ չթաղել, բայց անոնց երախաները մկրտել, եւ եթէ քահանան հեռուէն գալով հիւանդ երախան մկրտելու չհասնի` 20-րդ կանոնը կ՚ըսէ, կնքեսցէ սուրբ նշանաւն, եւ թաղեսցէ ընդ Քրիստոսի մկրտեալսն, բայց այդ կանոն ի վերայ ակամայիցն դիպեսցի: Կրօնաւորներու կը հրամայէ իրենց վանքերէն չելլել եւ վանքէ վանք չթափառիլ, բայց եթէ առաջնորդութեան եւ քարոզութեան պաշտօններով: Եկեղեցական հաստատութեանց եւ ստութեանց մասին կը հրամայուի, վանքերուն հասոյթները անխափան պահել, եւ եկեղեցւոյ առաջնորդներու, հիւրերու, աղքատներու եւ կարօտներու միայն գործածել: Իսկ անոնք յափշտակողներ եւ իւրացնողներ, նոյնիսկ տուներնին տանող վանականներ, նզովքի կ՚ենթարկուին: Կ՚արգիլուի հարկերու վճարման համար եկեղեցական ստացութիւնները վաճառել: Ամէն տեսակ անկելանոցներու վայելքը իւրաքանչիւր վիճակին կը վերապահուի, եւ ոչ օտար վիճակաւորներու կամ թափառական մուրացիկներու: Նմանապէս քառասունքէ, հոգոցէ, ագապէ եւ ուրիշ նուէրների եղած արդիւնքները կը հրամայուի նուիրողին եկեղեցւոյն եւ տաներէցներուն յատկացնել, եւ միայն աւելորդ մասեր նուիրել յայլ եկեղեցիս, կամ ի կրօնաւորս, կամ յաղքատս: Յատուկ կանոն մը կ՚արգելու եկեղեցին փակել մասնաւորաց յանցանքին, կամ հանդիսութեանց ու զուարճութեանց, եւ կամ հարկերու հաւաքման պատճառով: Հրամանը ուղղուած է թէ' եկեղեցականներուն եւ թէ' գեղջաւագին, որ է գիւղապետը: Ամուսնութեանց վրայօք ալ կանոններ գրուած են: Կ՚արգիլուին ամուսնութիւնք յայսմհետէ ցչորրորդ զարմն, հեթանոսաց հետ զուգութիւն` որ չէ ամուսնութիւն, նոյնպէս երրորդաց զուգումն ալ, կարգալուծութիւն սպառնալով քահանային` որ զուգաւորութեան նոցա պատճառ լիցի: Երկրորդ ամուսնութեանց համար կը հրամայուի ապաշխարութեան կանոնը պահել: Գերութեան մէջ հեթանոսաց հետ պղծուողներուն, կամ հեթանոսներէ ակամայութեամբ պըղծուած կիներուն, մէկ տարուան ապաշխարութիւնը բաւական կը սեպուի: Վերջապէս կ՚արգիլուի դաշտանի մէջ գտնուողներուն պսակը օրհնել (ԿԱՆ. 131-133):

607. ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ԿԱՆՈՆԸ

Վերջին 24-րդ կանոնը Հին Կտակարանի սուրբ գիրքերուն կանոնը կու տայ, որ մեր ազգային կանոններուն մէջ առաջին ծանօթ կարգադրութիւնն է, պաշտօնական ձեւի ներքեւ: Կանոնին մէջ յիշուած գիրքերն են. Մովսէսի հնգամատեանը, այսինքն` 1. Ծնունդք, 2. Ելք, 3. Ղեւտականն, 4. Թիւք, 5. Երկրորդ Օրէնք: Անոնցմէ ետքը` 6. Յեսու Նաւեայ, 7. Դատաւորք, 8. Հռութ, 9-12. Թագաւորութեանց չորս գիրքեր, 13-14. Մնացորդաց աւուրքն` երկու, 15-16. Եզրի բանքն` երկու, 17. Գիրք Յովբայ, 18. Սաղմոսք, 19-21. Սողոմոնի երեք գիրք, որք է ըլլան, Առակք, Ժողովող եւ Երգ երգոց, 22-23. Երկոտասան մարգարէք, 34. Եսայի, 35. Երեմիա, 36. Եզեկիէլ եւ 37. Դանիէլ: Այդ կանոնին մէջ կը պակսին, քանի մը գիրքեր, զորս մենք այժմ իբր կանոնական կ՚ընդունինք, եւ են. 1. Նեեմի, 2. Եսթեր, 3. Յուդիթ, 4. Տովբիթ, 5-7. Մակաբայեցւոց գիրք երեք, 8. Իմաստութիւն Սողոմոնի, 9. Սիրաք: Իսկ Բարուքն ու Երեմիայի ողբը հնար է ընդունիլ` թէ Երեմիային հետ իմացուած են: Պարտաւի ցուցակին մէջ չյիշուած 9 գիրքերը, երկրորդականսն կոչուած գիրքերն են, որք հրէական կամ Եզրի կանոնին մէջ չկան, եւ այժմեան Բողոքականներն ալ կը սիրեն անոնք կանոնէ դուրս ձգել, եւ պէտք կ՚ըլլայ ըսել թէ Հայ Եկեղեցին ալ երբեմն նոյն կարծիքն ունէր երկրորդականներու մասին: Այդ կէտը հաստատութիւն ալ կը գտնէ եկեղեցական ընթերցուածոց զննութենէն, որոնց մէջ շատ քիչ, եւ թերեւս ալ շատ նոր են նոյն գիրքերէն առնուածները: Հռոմէական գրողներ Հայ եկեղեցիէն այդ միտքը հեռացնելու համար, իրենք փութացած են Պարտաւի կանոնը լրացնել, եւ երկրորդականներն ալ յաւելուլ (ՉԱՄ. Բ. 412): Սակայն Պարտաւի ժողովը գիտակցաբար գործած ըլլալուն փաստը կու տայ, երբ Սիրաքայ իմաստութիւնը կը յիշէ, եւ զայն արտաքուստ կը կոչէ, եւ օգտակար կը դատէ առ ի յուսուցանել մանկանց զուսումնս բազումսն (ԿԱՆ. 133): Նկատողութեան արժանի է եւս, որ Հին եւ Նոր կտակարանաց, պաշտելի գիրք սուրբք եղածները յիշել խոստանալով, միայն Հին կտակարանի գիրքերը կը յիշէ, իսկ Նոր կտակարանի գիրքերը չեն յիշուած, եւ չենք գիտեր թէ զանցառութեամբ կամ մոռացութեամբ, թէ ոչ գրչագիրներուն թերութեան պատճառով:

608. ՆՈՐԷՆ ԿԵՂԵՔՈՒՄՆԵՐ

Սիոն կաթողիկոս Պարտաւի ժողովը աւարտելով, եւ վերանորոգուած կանոնները բոլոր եպիսկոպոսներուն հաղորդելով, մխիթարուած կը դառնար Հայաստան, հարկաւ ինքնիրեն լաւագոյն օրերու շրջան մը խոստանալով, ինչ որ սակայն չէր իրականանար, նորէն ոստիկանի փոփոխութեան պատճառով: Սիւլէյմանը, որուն իշխանութենէն յաջող արդիւնքներ կ՚ակնկալուէին, նորէն հրապարակէն հեռացած կը գտնենք, եւ իբր ոստիկան կը ներկայանայ միեւնոյն Հասան որդի Կահաթրայ (ՂՆԴ. 170), որ իրաւամբ դժպհի եղած էր Հայերուն աչքին: Չենք գիտեր թէ ինչ աղբիւրէ քաղած են լուրերնին, անոնք որ Սիւլէյմանը վաղամեռիկ եղած կ՚ըսեն (ՉԱՄ. Բ. 413), թերեւս աւելի հաւանական է զայն ետ կանչուած կարծել, որովհետեւ իր խոհեմ ընթացքը եւ հարկահանութեան մէջ նուազ խստութիւնը չէին կրնար հաճելի ըլլալ արծաթասէր Ապու-Ճաֆէր ամիրապետին: Հասանի նորէն ոստիկանութեան անցնելովը կը սկսին նորոգուիլ երկրին մէջ հարստահարութիւնները եւ կեղեքումները, կը գրգռուէին ամենուն զգացումները, եւ կը բորբոքին նախարարներուն խլրտելու պատրաստուած միտքերը: Ղեւոնդի պատմութեան մէջ Սիւլէյմանի ոստիկանութեան յիշատակութիւն չ՚ըլլար, եւ միահետ կը շարունակէ Հասանի չարաշուք գործունէութիւնը, սակայն թէ' Սիոնի ընտրութեան մասին պատմուած պարագաները, եւ թէ' Պարտաւի ժողովին կանոնները, հաստատուն փաստեր են Սիւլէյմանի միջանկեալ պաշտօնավարութեան: Միայն որոշակի չենք կրնար ճշդել Սիւլէյմանի դադարելուն եւ Հասանի վերստին գալուն ճիշդ թուականը, վասնզի Հայաստանի խլրտելուն սկիզբը կ՚իյնայ 774-ին, եւ հինգ տարիներու միջոց մը կը մնայ Պարտաւի ժողովէն մինչեւ խլրտումը: Իսկ Սիոնի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը, մեր բաղդատած բոլոր ցուցակներուն մէջ հաստատապէս 8 տարի գրուած է, եւ միայն մէկ ցուցակին 27 դնելը (ՍԱՄ. 268), թերեւս ի նախդիրը Ի թուատառ առնելու թիւրիմացութեան հետեւանք է: Ըստ այսմ Սիոնի տարիները պէտք է զետեղել 767-էն մինչեւ 775, որ տարին նշանաւոր է Ապու-Ճաֆէր ամիրապետին եւ Կոստանդին Կոպրոնիմոս կայսեր մահերովը, որոնց յաջորդեցին իրենց զաւակաները Մուհամմէտ-Մահատի ամիրապետ, եւ Լեւոն Դ. Խազիր կայսր: Սիոն բարեգուշակ ակնկալութեանց ներքեւ կաթողիկոսութեան բարձրացած, ինքն ալ դառնաղէտ տագնապներու բաժակը քամեց, եւ անհնարին խռովութեանց եւ շփոթութեանց մէջ իր կեանքը վերջացուց:

609. ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԵՒ ՄՈՒՇԵՂ

Անլուծանելի հանգոյց մը դարձած էր Հայաստանի վիճակը, եւ տիրապետող Արաբացւոց եւ տիրապետեալ Հայոց իրարու ներհակ կացութիւնը: Հայեր անտանելի եւ անհանդուրժելի հարստահարութիւններէն յուսահատած, խլրտումէ եւ ապստամբութենէ ուրիշ ելք մը չեն գտներ, լաւագոյն սեպելով մեռնիլ, քան տուայտանօք ապրիլ: Իսկ Արաբացիք Հայոց խլրտումները տեսնելով, կեղեքելէ եւ հարստահարելէ զատ միջոց չէին խորհիր անոնք զսպելու, որպէսզի անզօր եւ անկար մնալով խլրտելու ոյժ չունենան: Վերջին անգամ նորէն ոտք ելնելու նշանը կու տար Արտաւազդ Մամիկոնեան, Հմայեակի որդին, որ 773-էն կեղծ հաւատարմութեամբ Հայ գունդ մը կը պատրաստէր, եւ Արաբացւոցմէ ստացած զէնքերով կը զօրացնէր իբրեւ օժանդակ գունդ, եւ հազիւ թէ 774-ի գարունը կը բացուէր, իր գունդերով դեպի Շիրակ կը քալէր, Կումայրի գիւղին մէջ գաւառին հարկահանը կը սպաննէր, եւ պատրաստ դրամները իւրացնելով, Տայոց եւ Գուգարաց լեռնակողմը կը դիմէր: Հասան ոստիկան անմիջապէս անոր ետեւէն Արաբացի եւ Հայ գունդեր կը հանէր, Մահմէտ զօրավարի եւ Սմբատ Բագրատունիի հրամանատարութեամբ: Վերջինս կուրացեալ Աշոտի երէց որդին էր, եւ հայագունդին սպարապետ էր նշանակուած, իսկ Սահակ Բագրատունի պատրիկ այլեւս չի յիշուիր: Այդ միջոցին նա արդէն վախճանած էր, կամ ըստ այլոց սպաննուած էր (ՉԱՄ. Բ. 413): Մահմէտի եւ Սմբատի գունդերը, Արտաւազդը կը զարնէին Վրաց Սամցխէ գաւառին մէջ, եւ Հայաստանէ դուրս կը հալածէին, եւ Արտաւազդ Եգերացւոց երկիրը կ՚ապաւինէր, եւ այնտեղ հաստատուելով իշխանութեան ալ կը հասնէր (ՂՆԴ. 169): Միւս կողմէն Հասան նոր հրամաններ կու տար հարկահանութիւնը սաստկացնելու, եւ անխնայ նեղելու իշխաններն ալ ռամիկն ալ: Արտաւազդի դիմադրութիւնը ուրիշ Մամիկոնեան մը կը քաջալերէր, եւ Մուշեղ որդի Հրահատի, հարկահանները կը սպաննէր, եւ իր գաւառը ոտք կը հանէր, եւ Արտագերս բերդին մէջ կ՚ամրանար: Ապստամբներէն 60 հոգիի գումարտակ մը Բագրեւանդ կ՚իջնէր, Ապումճսար հարկահանը կը սպաննէր եւ Բագրեւանդն ալ ոտք կը հանէր: Անմիջապէս 200 Արաբացի հեծեալներ Կարինէ կը հասնէին, խլրտումը զսպելու, բայց Խարս գիւղի մէջ գիշերած ատեննին, Հայեր կամաց մը անոնց օթեւանին պատերը կը փլցնէին, որով ձիերը կը խրտչէին, եւ զինուորները կը շփոթէին, իսկ Հայեր կը յաջողէին ամէնքը կոտորել, եւ ձիերուն ու զէնքերուն տիրանալ: Յաջողութիւնը պզտիկ էր, բայց մեծ քաջալերութիւն կը սփռէր: Անմիջապէս Մահմէտ զօրավար, Արաբացի գունդ մը կը ղրկէր դէպի Բագրեւանդ Ապունճիպ կամ Ապու-Նէճիպ զօրավարին հետ, բայց Բագաւանի պատերազմին մէջ Հայերը կը զօրանային, եւ Արաբացի գունդը կը ցրուէին, մինչեւ Արուճ կը հալածէին, եւ Արաբացւոց վրայ սարսափ կը թողուին:

610. ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒԻԼԸ

Այդ պզտիկ յաջողութիւններ մեծ հռչակ ունեցան, այնպէս որ ամէն կողմէն նախարարներ ոտք կ՚ելլէին, եւ կարծէին լցեալ զժամանակ իշխանութեանն Իսմայելի: Մոնողոն, այսինքն ճգնաւոր մէկն ալ սկսած էր քարոզել, թէ մերձեալ է ժամանակ փրկութեան, եւ թէ ընդհուպ դարձցի գաւազան թագաւորութեանն ի տունն Թորգոմայ, որով ամէն կողմէն խանդավառութիւն կը շատնար, ամէն կողմ Հայեր կը զինուէին, մինչեւ իսկ Սմբատ սպարապետ իբրեւ յակամայ կամաց կը ստիպուէր ապստամբներուն միանալ (ՂՆԴ. 173), որոնք ուխտերով եւ երդումներով գործի կը սկսէին: Միայն Աշոտ Բագրատունի, Սահակի որդին, իրենց տկարութիւնը եւ Արաբացւոց զօրութիւնը բացատրելով` կ՚ուզէր ապստամբութեան առջեւն առնուլ, այլ լսելի իսկ չէր ըլլար (ՂՆԴ. 176): Հինգ հազար հեծելոց գունդ մը կը կազմուէր, եւ հետեւակ ռամիկի խումբ մըն ալ անոնց հետ եւ ամառուան մէջ կ՚երթային Կարինը պաշարել, եւ ամբողջ ձմեռը պաշարումը կը շարունակէին: Կարինը պաշարողներէն զատ գունդ մըն ալ կազմած էր Համազասպ Արծրունի` Գագիկի որդին, Վասպուրականի մէջ, Սահակ եւ Մեհրուժան եղբայրներուն աջակցութեամբ: Ուրիշ գունդ մըն ալ Կոգովիտի մէջ հաւաքուած էր Վասակ Բագրատունիի, Աշոտի որդւոյն եւ Սմբատի եղբօր հրամանատարութեամբ, որուն մէջ էին Ամատունեաց եւ Տրունեաց գունդերը, եւ իրենց կեդրոններն էին Դարոյնք, Մակու եւ Արագեազ բերդերը: Ասոնք մերթընդմերթ դուրս ելլելով, իրենց պաշարը կը հոգային: Իսկ Դուինի մէջ եղող Արաբացի գունդն ալ, շարունակ յարձակումներով` Պտղունք, Թալին, Կողբ (ՂՆԴ. 177), Քաղիւն եւ Յարեն (ԿԻՐ. 40) գաւառները կ՚աւերէին, եւ բնակիչները կը կոտորէին, եւ նորէն տեղերնին կը դառնային: Այսպէս կ՚անցնէր 774-է 775 ձմեռը:

611. ԱՐՃԷՇԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Հազիւ նոր տարւոյ գարունը կը մօտենար, որ 30 հազար ընտիր հեծեալներու Արաբացի գունդեր կը հասնէին Ամր զօրավարին հրամանատարութեամբ, որ Խլաթի մէջ բնակելով, հետամուտ կ՚ըլլար Հայերու թիւն, ոյժը, տեղերը եւ ամրութիւնները գիտնալ: Աշոտ Սահակեան Բագրատունի, կը փութար լուր ղրկել Համազասպին որ ըստ այնմ պատրաստուի, բայց նա նոյնիսկ Աշոտին վրայ կը կասկածէր, եւ Վասակի լուր կը ղրկէր, որ Արճէշի վրայ քալեն: Առբերանի գաւառի Բերկրի գիւղին մէջ կը միանային, եւ Արաբացւոց մասին լուր տուողն ալ իբրեւ ստախօս պատժելով, Արճէշի վրայ կը քալէին: Սակայն Ամր զօրավարի բանակը յանկարծ վրայ կը հասնէր, եւ ահագին վնաս կու տար Հայոց գունդերուն: Հեծեալներէն զատ, յաշխարհաբնակ մարդկանէ հետեւակ զօրքերուն մեծ մասը անողորմաբար ջարդուեցան, շատեր գետավէժ եւ ծովահեղձ եղան, երեք Տրունի եւ մէկ Ուրծացի նախարարազուններ, եւ իբրեւ հազարհինգհարիւր մարդ կոտորուեցան, եւ մնացեալներ հազիւ փախստեամբ ազատեցան Արաբացիներուն ձեռքէն, որ զիրենք մինչեւ Տայ գիւղ հալածեցին: Արճէշի պատերազմին օրը նշանակուած է հրոտից 4, Շաբաթ օր, (ՂՆԴ. 180), որ շարժական տոմարով կը պատասխանէ 775 Ապրիլ 15-ին, ճիշդ ալ Յինանց երրորդ եօթնեկին Շաբաթ օրուան կը հանդիպի: Հայերը Մարտ 26-ին Զատիկը տօնած, եւ անմիջապէս ճամբայ ելած պիտի ըլլան:

612. ԲԱԳՐԵՒԱՆԴԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Երբոր Արճէշի պատերազմը կ՚ըլլար, Կարինը պաշարող գունդեր քաղաքը նեղի դրած էին, ներսը սով սկսած էր, եւ անձնատուր ըլլալու կը մտածէին: Բայց երբոր Արճէշի պարտութեան լուրը լսուեցաւ, Հայեր չուզեցին յաղթական Արաբացիները ետեւնին ունենալ, եւ պաշարումը վերցնելով Բասէնի ճամբով դէպի Բագրեւանդ` անոնց դէմ քալեցին: Անոնք ալ դէպ յառաջ կու գային, եւ Բագրեւանդի դաշտին մէջ իրարու հանդիպեցան, Արածանիի գետեզերքին վրայ, որ է ըսել Բագուանի կողմերը: Հայեր թէպէտ սակաւաւոր, կատաղաբար յարձակեցան թշնամիին վրայ, ինքզինքնին Աստուծոյ յանձնելով, եւ զիրար քաջալերելով, քաջութեամբ մեռցուք ի վերայ աշխարհիս մեր եւ ի վերայ ազգիս մեր, որպէսզի զսրբութիւնս մեր եւ զտեղի փառաբանութեան Աստուծոյ պղծուած չտեսնենք: Այդ թափով եւ անխնայ կոտորմամբ շատ ջարդ ըրին, բայց յոգնած ու պարտասած ու թիւին առջեւ ընկճուած, իրենք ալ ինկան ճակատամարտին մէջ, իբրեւ արք երեք հազարք, ինչպէս Ղեւոնդ կը գրէ (ՂՆԴ. 184), որ գրեթէ ժամանակակից է, մինչ ուրիշներ 700 սպանեալ եւ 1200 գերեալ կը յիշեն (ԿԻՐ. 40): Սպաննուածներուն մէջ էին, Սմբատ Բագրատունի սպարապետ, Սահակ Բագրատունի անոր նիզակակիցը, Մուշեղ Մամիկոնեան` զոր արդէն յիշեցինք, Սամուէլ Մամիկոնեան սպարապետին աները, Վահան Գնունի, եւ այլք բազում ի նախարարաց (ՂՆԴ. 183): Իսկ պատերազմիս կոտորածէն ազատուած են, Աշոտ եւ Շապուհ Բագրատունիք Սմբատի որդիներ, Շապուհ Մամիկոնեան Սամուէլի եղբայրը, Շապուհ եւ Վարդ Մամիկոնեանք Մուշեղի որդիք, որք չորս քոյրեր ալ ունէին, եւ միասին Վասպուրականի կողմերը ապաւինեցան (ՎԱՐ. 76): Բագրեւանդի պատերազմին օրն ալ նշանակուած է, հրոտից 14. Երկուշաբթի օր (ՂՆԴ. 485) զոր պարտ է ուղղել հրոտից 13, որպէսզի հրոտից 4 Շաբաթ օրէն Երկուշաբթին ուղիղ գայ, ինչ որ Գ եւ Դ թուատառերու շփոթութեան հետեւանք է: Իսկ մեր հաշուով կ՚իյնայ 775 Ապրիլ 24-ին, Յինանց հինգերորդ եօթնեկի Երկուշաբթին: Կիրակոս կը յիշէ թէ հանդիպեցաւ յաւուրս զատկացն Իսմայելացւոց (ԿԻՐ. 40), զոր ի դէպ է իսլամական պայրամին վրայ իմանալ, այլ մերձաւորաբար միայն, որովհետեւ տոմարական բաղդատութեանց հաշիւները չեն արդարացներ: Յաղթական Արաբացիք` Արճէշի եւ Բագրեւանդի պատերազմէն ետքը սկսան համարձակ ասպատակ սփռել ամէն կողմեր, եւ ձեռուըներնէն եկած աւերածը ընել. եկեղեցիներ կործանել, խաչեր խորտակել, եկեղեցականները չարչարել, ամէն բան աւերել, եւ ամրոցներուն մէջ ապաւինածները կամ բռնութեամբ կամ խաբէութեամբ կոտորել: Հասան ոստիկան, իբրեւ Հայաստանը նորէն նուաճած, արժանաւոր վարձքն ու փառքը ընդունելու համար Պաղտատ կ՚երթար, սակայն նպատակին չէր հասներ, եւ չարաչար ցաւօք տանջեալ կը մեռնէր, եւ իրեն տեղ ոստիկան նշանակուէր` Եէզիտ (ՂՆԴ. 186): Ապու-Ճաֆէր ամիրապետն ալ վերջին անգամ մը Մէքքէի ուխտաւորութեան համար Պաղտատէ կը մեկնէր, բայց նպատակին չհասած, այն ալ կը մեռնէր ուղեւորութեան մէջ (ՎԵՐ. 367):

613. ՍԻՈՆԻ ՄԱՀԸ

Ղեւոնդ պատմագիր, անմիտ խորհուրդ կը դատէ Հայոց խլրտումը (ՂՆԴ. 173), եւ շարժումը քաջալերող մոնողոնը խաբեբայ եւ մոլեկան (ՂՆԴ. 174), եւ ստապատում մոլորեալ (ՂՆԴ. 176) կ՚անուանէ, իսկ անոր խօսքերը վնասակար խրատ, եւ նենգութեան խրատ (ՂՆԴ. 176): Ընդհակառակն կը գովէ Աշոտ Սահակեան Բագրատունին, որ զի էր այր խոհական հանճարով, ոչ միաբանեաց ի գործ վնասակար աղէտին (ՂՆԴ. 174): Ժամանակակիցի եւ գրեթէ ականատեսի այս դատողութիւնը իրեն ծանրակշռութիւնն ունի. եւ իրօք ալ միտքի մօտ չէր, որ Հայեր իրենց տկար ոյժերով կարենային Արաբական ինքնակալութեան դիմադրել: Եթէ կէտ մը կայ, որ իբրեւ չքմեղանք կրնայ յիշուիլ, այն ալ անհանդուրժելի եւ անտանելի դարձած վիճակն էր, որ մարդը յուսահատութեան կը տանէր, որ այլեւս չէր կրնար կշռելով եւ չափելով ձեռնարկներ ընել: Այդ դիտողութիւնը կ՚ընենք հետեւցնելու համար, թէ ի՞նչ եղաւ արդեօք այդ պարագայից մէջ Սիոն կաթողիկոսի վարած դերը, եւ թէ ի՞նչ կացութեան մէջ կը գտնուէր նա, երբոր աթոռանիստ Դուինի մէջ եղող Արաբացի գունդեր Հայերը կը ջարդէին, եւ Հայ գունդեր Արաբացիներուն դէմ կը պատերազմէին անհաւասար զօրութեամբ եւ անյոյս ձեռնարկով: Սիոնը կը ներկայանայ մեզի իբր խոհական միտք եւ կշռադատ հոգի, կարգաւորութեան եւ բարեկարգութեան աշխատող, թէ Աղձնեաց եպիսկոպոսութեան ժամանակէն եւ թէ կաթողիկոսութեան առաջին տարիներէն, տիրապետող ինքնակալութեան եւ կուսակալութեան հետ հաշտ վարուող, եւ այսպէս երկրին բարօրութեան օգտակար հնարաւոր դիւրութիւններու հետապնդող: Հարկաւ պիտի չկարենար խլրտող նախարարները քաջալերել, եւ ապագայ աղէտները նախատեսելով Աշոտ Սահակեանի հետ պիտի ըսէր. Գիտեմ ես զբարս անաստուածութեան իշխանին Իսմայէլի, զի ոչ դադարէ մինչեւ կատարէ զկամս անձին իւրոյ (ՂՆԴ. 176): Պատերազմներու պատմութեան մէջ Սիոնի անունը յիշուած չէ, անոր դիմող մը եղած չէ, անոր խօսքը փնտռուած չէ, այն ալ իր ներքին կսկիծէն, եւ իր ժողովուրդին աղէտներէն ընկճուած, լացով ու կոծով ու ողբով կնքած է իր կեանքը, ճիշդ Արճէշի եւ Բագրեւանդի արկածներուն օրերը: Պատմութիւնը իր մահուան պարագաները չի յիշեր, բայց ժամանակն ու եղելութիւնները բաւական են սիրտի ցաւէն վախճանած ըլլալը հաւաստել: