Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ե. ՔԱՐԱՎԷԺ

1029. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԶԳԱՏՈՀՄ

Գրիգոր Տղայի Սիսի մէջ վախճանիլը կը դիւրացնէր Լեւոնի միջամտութիւնը, որ իր ազդեցութիւնը ընդարձակած եւ զօրացուցած, ամէն ազգային գործ եւ ձեռնարկ իր միտքին եւ նպատակին ծառայեցնելու կ՚աշխատէր: Իրօք ալ Լեւոնի ազդեցութիւնը կարեւոր էր կարճելու համար բազմաթիւ թեկնածութիւններու երեսէն ծագած բուռն ընդհարումները, որոնց դուռ բացուած էր աթոռին պարապութեան պատճառով: Թերեւս ամէնէն աւելի իրաւունք ունենալ կը կարծէր, Գրիգոր Ապիրատ, Շահանի որդին եւ Տղային հօրեղբօրորդին, Պահլաւունի եպիսկոպոսներուն երիցագոյնը, զոր առաջ իբր Տարսոնի եւ Լամբրոնի 993), եւ յետոյ իբր Անտիոքի 999) արքեպիսկոպոս յիշեցինք, եւ վերջէն Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսութեան անցած կը յիշուի, եւ տարիքով արդէն 70-ը անցած կ՚ենթադրուի: Ապիրատէն աւելի ժիր եւ գործունեայ էր իր քեռորդին Ներսէս Լամբրոնացի Տարսոնի արքեպիսկոպոսը, տակաւին հազիւ քառասուն տարեկան, որուն ամէն եկեղեցական եւ քաղաքական գործերու մէջ առաջնակարգ դեր վարելը տեսանք, եւ որ Լեւոնի գլխաւոր խորհրդակիցն ու գործակիցն էր, եւ որուն ընտրելիութիւնն ալ կը խօսուէր, քանի որ ինքն ալ կը յիշէ թէ արժանի էի հայրապետութեան, եթէ ոչ էի յայս (ՏՂԱ. 213), այսինքն եթէ Արեւելեայց անհաճոյ եղած չըլլար: Ասոնցմէ զատ կը յիշուին նաեւ թէ ակն ունէին ժառանգել զաթոռն, Յովհաննէս Սսոյ արքեպիսկոպոսը` Կոստանդին Օշինեանի որդին ու Լամբրոնացիին հօրը հօրեղբօրորդին, եւ Անանիա Սեբաստիոյ արքեպիսկոպոսը` Գետադարձի ազգատոհմէն (ԿԻՐ. 70): Սակայն Արեւելեայք կասկածով կը նայէին ասոնց վրայ Հռոմկլայի ժողովէն ետքը, ուր Ներսէս եւ Գրիգոր զիջողական դրութեան պաշտպաններն էին եղած, Յովհաննէս ալ հաւանաբար նոյն ժողովին մէջ գտնուող Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսն էր (ԸՆԴ. 199), իսկ Անանիա` Պսակ եպիսկոպոսին յաջորդը պէտք է եղած ըլլայ Սեբաստիոյ աթոռին վրայ (ԸՆԴ. 199), Արեւելեաններուն յանձնարարածն էր երիտասարդ Գրիգոր եպիսկոպոս մը, աւազանի անունով Վահրամ կոչուած (ՍՄԲ. 106), զոր ոմանք քուէրորդի նոցունց կը կոչեն (ԿԻՐ. 69), եւ այլք եղբօրորդի տեառն Ներսիսի (ԼԱՄ. 143), կամ հօրեղբօրորդի Ապիրատի (ՍԱՄ. 144): Սակայն Գրիգոր եւ Ներսէս` Վասիլէ եւ Շահանէ զատ եղբայր չունենալնուն, ընդհանրապէս ընդունուած է քուերորդի նորին կարդալ, եւ Գրիգոր Տղայի քեռորդի եւ Վասիլի թոռ համարիլ երիտասարդ Գրիգոր-Վահրամը, եւ հօրեղբօրորդի կոչման ալ աւելի տարածեալ իմաստ տալով հօրեղբօր թոռ իմանալ: Լամբրոնացին Լեւոնի գրած ատեն, համարձակապէս դիտել կու տայ անոր, թէ ոչ հաւատացիք մեր արդար իրաւամբ զմանուկն նահանջելոյ, եւ Արեւելեանները կը մեղադրէ թէ կամեցան ունել մանուկ հայրապետ (ՏՂԱ. 227), եւ ասով յայտնապէս ըսած կ՚ըլլայ, թէ Լեւոն ինքն եղաւ Գրիգոր-Վահրամը կաթողիկոսացնելու համար իր ազդեցութիւնը մէջտեղ դնողը: Մինչեւ իսկ կը գրէ, թէ ձեր աստուածապաշտութիւնդ կոչեաց զմեզ ի մանուկ կաթողիկոսին ձեռնադրիլն (ՏՂԱ. 224): Այս կերպով Լեւոն կ՚ուզէր հաճել Արեւելեայց կամքը, որոնք կը խրտչէին Ապիրատի կամ Լամբրոնացիի կաթողիկոսութենէն:

1030. ԼԵՒՈՆԻ ՆՊԱՏԱԿԸ

Լեւոնի ընթացքն ու գործը բացատրելու շատ դժուարութիւն չենք կրեր, երբոր նկատի կ՚առնենք իր մեծ նպատակը. իշխանապետութիւնը թագաւորութեան վերածել եւ թագաւորութիւնը մինչեւ Հայաստան տարածել: Առաջին մասին համար պէտք ունէր Լատիններու բարեկամութեան եւ հովանաւորութեան, երկրորդ մասին համար ալ կարեւոր էր Արեւելեաններուն բարեկամութիւնն ու օժանդակութիւնը: Ապիրատն ու Լամբրոնացին հեռացնելով Լեւոն շահած պիտի ըլլար Արեւելեաններուն բարեկամութիւնն ու համակրութիւնը, իսկ մանուկ կաթողիկոս մըն ալ ունենալով ձեռքին տակ, պիտի կարենար անոր ընել տալ եւ ստորագրել տալ ինչ որ ինքն կ՚ուզէր, եւ զայն իբր հլու հպատակ գործիք մը վարել: Այս կերպով ընտրուեցաւ եւ օծուեցաւ Գրիգոր-Վահրամ, որ արդէն իր մօրեղբօրմէն եպիսկոպոսական աստիճան ստացած էր, հետեւելով Պահլաւունիներու մէջ սովորական դարձած ոճին, որ հետզհետէ երիտասարդ եպիսկոպոսներ հասցնելով կը ջանային իրենց ազգատոհմին մէջ ապահովել կաթողիկոսական յաջորդութիւնը: Նորընտիր կաթողիկոսին ծագումը բացատրեցինք, իսկ տարիքը բնաւ տեղ մը ճշդիւ գրուած չէ: Սմբատ կը գրէ թէ աթոռ բարձրացաւ տղայ գոլով (ՍՄԲ. 106) եւ Տղայ եւ Մանուկ անունները անխտիր իբր մականուն կը գործածուին իրեն վրայ (ՎԱՐ. 139, ԿԻՐ. 69, ՔԱՀ. 39, ՏՂԱ. 224), սակայն պէտք չէ բոլորովին անչափահաս տարիք մը ենթադրել, այլ համեմատութեամբ իմանալ տղայ կոչումը, եւ 25 տարեկանէն պակաս չկարծել զայն, որ կանուխէն եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ալ ունէր: Կերպարանով ալ աստիճանին վայելուչ ըլլալը կը վկայուի, հաւաստելով թէ էր նա հասակաւ գեղեցիկ եւ բարիոք տեսանելով (ԿԻՐ. 69), որ բոլորովին մանկահասակ եղած ըլլալը կը հեռացնէ: Մականունին գալով քանի որ Տղայ մակդիր անունը Գրիգոր Դ. սեփական մնաց, Գրիգոր Ե. պատմութեան մէջ սկսաւ ճանչցուիլ Քարավէժ մակդիր անունով, որ առնուած է իր մահուան պարագայէն, որ տեղի ունեցաւ քարավէժ լեալ ի տղեկէն Կոպիտառոյ (ՍԱՄ. 143): Ոմանք Գահավէժ ալ գրած են (ՎԱՀ. 218), բայց սովորաբար Քարավէժ մականունն է, թէպէտ ոչ իր ծագումէն առնուած, եւ ոչ իր կենդանութեան ժամանակ գործածական եղած անուն մըն է:

1031. ՏԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԸՆԹԱՑՔ

Սովորաբար ամ մի կը դրուի Քարավէժին կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը, զոր Անեցին ամս երկու կը դնէ (ՍԱՄ. 143), եւ ասկէ նորեր տարի մը եւ հինգ ամիս տեւողութիւն նշանակեցին: Տղային մահը 1193 Մայիս 16-ին եղած ատեն, Քարավէժին կաթողիկոսութիւնը ամիս մը կամ երկու յարմար է յապաղել, եթէ այն խնդիրի նիւթ եղաւ եւ Արեւելեաններուն կողմէն թելադրութիւններու տեղի տուաւ: Իսկ մահը Սմբատէ 643 թուին դրուած է (ՍՄԲ. 107), որ կրնայ տարածուիլ մինչեւ 1195 Փետրուար 1 շարժական տոմարի հաշուով, իսկ Անեցիին թուականը շատ շփոթ է, թէ եղելութեանց կարգին եւ թէ տարբեր օրինակներու մէջ (ՍԱՄ. 144), որով բացայայտ վկայութիւն մը չի քաղուիր անկէ, եւ կը մնայ Քարավէժին կաթողիկոսութեան միջոցը 1193 ամառուան մէջէն մինչեւ 1194 աշունին վերջերը դնել, տարի մը եւ քիչ մը աւելի: Պատմութիւնը բնաւ տեղեկութիւն չի տար, թէ ինչ գործունէութիւն ունեցաւ Քարավէժը, եւ թէ ինչ կրցաւ ընել տարւոյ մը միջոցին մէջ, եւ մեզ ալ հնար չէ լոկ կեղակարծ ենթադրութիւններու դիմել: Յայտնի է որ Հռոմկլայի մէջ անցուց իր ժամանակը (ՍՄԲ. 106), զբաղելով անշուշտ հայրապետանոցի սովորական գործառնութեանց: Բնական էր որ Ապիրատ եւ մանաւանդ Լամբրոնացին այլեւս ուշադրութիւն դարձուցած չըլլան օժանդակելու անոր, որուն ընտրութիւնը իրենց զրկումն էր եղած: Ընդհակառակն աւելի սերտ եղած են Արեւելեայց եւ հայրապետանոցի յարաբերութիւնները: Այս բանին կ՚ակնարկէ հարկաւ Լամբրոնացին երբ կ՚ըսէ, թէ Ձորոգետացիք, որոնք անտես արարին զաստուածահաստատ իշխողիդ գիր, եւ զսուրբ ժողովոյ եպիսկոպոսացն որ ընդ քեզ, այսինքն որ Կիլիկիոյ իշխանապետին եւ եպիսկոպոսներուն գիրերը չյարգեցին, եւ որ նոյնպէս անտես արարին զարժանաւոր եպիսկոպոսին հրեշտակութիւնն, որ պէտք է Կիլիկիոյ կողմէ մնացած` եպիսկոպոսն ըլլայ, ընդհակառակն զմանկանն անհանճարի գիր այնպիսի մանկանց պատգամաւորութեամբ պատուեցին (ՏՂԱ. 217): Ըսել է թէ Ձորոգետացիք յոյժ պատուաւոր ընդունելութիւն են ըրած Քարավէժի օրհնութեան թուղթին, մինչ Տղային հետ գրեթէ խզած էին իրենց յարաբերութիւնները, եւ յատուկ պատգամաւորութիւն ալ ղրկած են` իրենց կամքին համեմատ ընտրուած կաթողիկոսին: Ասկէ կը հետեւցնենք, թէ Քարավէժի անձին եւ գործունէութեան ուղղութիւնը համաձայն եղած է Արեւելեայց պաշտպանած դրութեան, որոնք բացէբաց կը հակառակէին թէ Յունաց եւ թէ Լատինաց հետ մերձաւորութեան յանգելու գաղափարին, մերժելով որեւէ զիջողութեան յանձնառութիւնը:

1032. ԱՆՏԻՈՔԻ ԻՇԽԱՆԸ

Գրիգոր Տղայի մահուան օրերուն եւ 1193 տարւոյն մէջ պէտք է դնել Անտիոքի իշխանին ձերբակալութիւնը: Բոյեմոնդոս լատին իշխան Անտիոքի, որ Ռուբէնը նենգութեամբ կալանաւորած էր 1019), ուզեց նմանօրինակ խաղ մըն ալ Լեւոնի գլխուն խաղալ, ուստի զայն ալ Անտիոք հրաւիրեց: Լեւոն կասկածեցաւ, եւ կասկածը հաստատուեցաւ Անտիոքի իշխանուհիէն` իր կնոջ հօրաքոյրէն` ստացած տեղեկութիւններով, ուստի առանց իմացած ըլլալը զգացնելու, ինքն ալ Բոյեմոնդոսը հրաւիրեց մինչեւ իր սահմանագլուխը, անտի միասին Անտիոք երթալու համար: Բոյեմոնդոս հաւանեցաւ, եւ երբ հանդիպեցան, ուրախութեան հանդէսներուն միջոցին, Լեւոն արգելքի ներքեւ դրաւ բոլոր անոր հետեւորդներն ու կարաւանը, եւ իրեն ալ յայտնեց, թէ ըմբռնեալ ես վասն կապանաց եղբօր իմոյ, եւ սկսաւ խիստ պահանջներ ընել: Այդ բանակցութեանց միջնորդներէն էր Հեթում Սասունցի, Չորտուանէլ իշխանի եւ Գրիգոր Պահլաւունիի քրոջ երէց որդին, որ ամուսնացած էր Ռուբէնի Ալիծ դստեր հետ. եւ Մամեստիոյ իշխանութիւնը կը վարէր (ՍՄԲ. 105): Երբոր բանակցութիւնները երկարեցան, միջնորդութեան հասաւ Հենրիկոս Կամպանիացի, (Henri de Champagne), որ Երուսաղէմի ջնջուած թագաւորութեան անունը առած էր, եւ անոր ձեռքով կնքուեցան Բոյեմոնդոսի ազատութեան պայմանները, որ Ռուբէնէ առածները ետ դարձնէ, եւ նոր վախճանած Հեթում Սասունցիի այրին Ալիծ, Բոյեմոնդոսի անդրանիկին Հռայմոնդոսի հետ ամուսնանայ, եւ անոնց որդիները Անտիոքի ժառանգ ճանչցուին: Հեթում Սասունցիի մահը իր եղբօր Շահանշահի հետ` միասին տեղի ունեցած էր, Տղային մահուանէ ամիս մը ետքը, եւ կասկած յայտնուեցաւ թէ պարոն Լեւոն եղեւ պատճառ, եւ պատմիչը կը յաւելու թէ զոր լուաք չկարեմ աստ գրել, եւ թէ ճշմարիտն Աստուած գիտէ (ՍՄԲ. 106): Ալիծի երկրորդ ամուսնութիւնն ալ երջանիկ չեղաւ, Հռայմոնդոս ալ, որ գրեթէ իբրեւ պատանդ Լեւոնի մօտ կը մնար, սաստիկ հիւանդութեամբ մեռաւ 1196-ին, յղի թողլով Ալիծը: Նորածինը մանչ եղաւ, եւ լատին մկրտութեամբ կոչուեցաւ Ռուբէն-Ռէմունդ, որ է Հռայմոնդոս (Raymond): Լեւոն, որ մանչ զաւակ չունէր, սկսաւ մտածել Անտիոքի ժառանգը իրեն ալ ժառանգ նշանակել. եւ իր եղբօր թոռին վրայ Կիլիկիոյ եւ Անտիոքի իշխանութիւնները միացնելով` ընդարձակ Հայ իշխանութիւն մը կազմել:

1033. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԷՄ

Մենք պէտք է դառնանք Լեւոնի եւ Քարավէժի յարաբերութիւններուն վրայ խօսիլ, որոնք բոլորովին անակնկալ ձեւ մը սկսան առնել: Լեւոն կը յուսար իրեն հնազանդ եւ իր ուզածը ընելու պատրաստ հայրապետ մը ունենալ, ոչ միայն տարիքին բերմամբ տկար, այլեւ իրեն երախտապարտ անձ մը ունենալով աթոռին վրայ: Լեւոն անշուշտ այդ բացատրութեամբ կրցած էր Քարավէժի հակառակորդ եւ իրենց թեկնածութիւնը գգուող եպիսկոպոսներն ալ համոզել, երբոր զանոնք պարտաւորեց երիտասարդ Գրիգոր-Վահրամի կաթողիկոսական օծումը կատարել, Գրիգոր չեղաւ ինչ որ կը սպասուէր: Բնութեամբ հաստատամիտ, ուղղութեամբ օտարատեաց, յարաբերութեամբ Արեւելեայց համամիտ, համոզմամբ ազգային եկեղեցւոյ պաշտպան, չհաճեցաւ հետեւիլ Լեւոնի եւ իրեն համախոհներուն զիջողական ընթացքին, եւ ոչ ալ յանձն առաւ հայրապետական կնիքով եւ ստորագրութեամբ վաւերացնել Լատին եկեղեցւոյ պետերուն եւ իշխաններուն հաղորդուելիք զիջողական յայտարարութիւնները: Այսպէս կ՚իմանանք մենք Սմբատի գրածը, թէ Տղայ կաթողիկոսն տէր Գրիգորիս չհնազանդէր ամենեցուն, այլ ինքնիշխանութեամբ տանէր զհայրապետութիւնն (ՍՄԲ. 106): Պատմութեան համար շատ կարեւոր կէտ մըն է ճշդել Քարավէժին վրայ եղած ամբաստանութիւնը, որ մինչեւ տարաժամ մահ զինքը առաջնորդեց: Երիտասարդի եւ տաքարիւն երիտասարդի մը վրայ իբր սովորական ամբաստանութիւն, սուտ թէ իրաւ, բարոյականութեան կէտը ձեռք կ՚առնուի անմիջապէս. ինչ որ ամէն կերպերով կրնայ հաւատալի կամ հաւանելի ըլլալ: Զարմանքի արժանի կէտ մըն է, որ Քարավէժի վրայ այսպիսի մեղադրանք մը խօսուած չէ: Թող տալով պատմիչները, նոյն ինքն Լամբրոնացին, որ Լեւոնի գրած նամակին մէջ, դատախազէ մը աւելի խստութեամբ Քարավէժին վրայ կը յարձակի, եւ զայն անկարող եւ անարժան հայրապետ մը ցուցնել կ՚աշխատի, անոր եղերական մահուընէն ալ չզգացուելով, եւ ոչ իսկ կէս ակնարկով կը համարձակի այս տեսակ մեղադրանքներ կուտել տարաբախտ հայրապետին վրայ: Սմբատ իր կողմէն չհնազանդէր մեղադրանքը կը գրէ, եւ ուրիշներուն ամբաստանութիւններն ալ յիշած ատեն կ՚ըսէ, թէ գրեն առ Լեւոն թէ ոչ ունի սա իմաստութիւն վարել զհայրապետութիւնն որպէս արժանն է (ՍՄԲ. 106): Կիրակոս կ՚ըսէ, թէ արկանէին ի վերայ նորա բարուրս ինչ (ԿԻՐ. 69), որով Սմբատի գրածին վրայ բան մը չի աւելցներ, իսկ Վարդան (ՎԱՐ. 139), Վահրամ (ՎԱՀ. 218), եւ Անեցին (ՍԱՄ. 145), եւ ոչ իսկ ամբաստանութիւն մը կը յիշեն, երբ եղերական մահը կը պատմեն: Լամբրոնացին ալ մանուկ եւ անհանճար մանուկ (ՏՂԱ. 227) անարգական խօսքերէն աւելի բան մը չի համարձակիր գրել: Այդ դիտողութիւնները իրաւունք կուտան մեզի վստահօրէն ըսելու, թէ Քարավէժը ուրիշ յանցանք չունեցաւ, բայց եթէ Լեւոն իշխանապետին եւ իրեն համախոհ Ապիրատ եւ Ներսէս եւ Յոհաննէս եպիսկոպոսներուն, օտարասէր եւ զիջողական ընթացքին չհամակերպիլը, եւ Լատիններու հետ յարաբերութիւնները յառաջացնելու չգործակցիլը:

1034. ԳԼԽԱՒՈՐ ԳՐԳՌՈՂՆԵՐ

Ճշդուելու արժանի կէտ մըն ալ է, թէ ով եղաւ գլխաւորաբար Քարավէժին դատախազը, Լեւոն իշխանապե՞տը, որ սպասած հլու հպատակը չգտաւ, թէ կաթողիկոսութեան թեկնածու եպիսկոպոսներո՞ւն խումբը, որոնք Լեւոնն ալ գրգռեցին: Սմբատի գրելը, թէ չհնազանդէր, Լեւոնն ալ հնազանդութիւն պահանջողներուն մէջ կը խառնէ, սակայն Լեւոն ինքնիրեն մնացած պիտի չհամարձակէր տարադէպ միջոցներու դիմելու, պիտի քաշուէր կաթողիկոսի մը վրայ բռնանալէ, եւ պիտի զգուշանար Արեւելեայց հետ թշնամանալէ: Գործը փոխուեցաւ երբ մախացեալ ընդ նա աւագ մարդիկն` գրեն առ Լեւոն, եւ չարախօսեցին զնմանէ երեք չորս անգամ, մինչեւ շարժեցին զպարոն Լեւոն ի կամս իւրեանց (ՍՄԲ. 106): Դժուար չէ ճշդել թէ ո՞վ են այդ աւագ մարդիկն, որ չարախօսեցին Քարավէժի վրայ եւ չարախօսութիւնները կրկնելով Լեւոնն ալ իրենց ուզածը ընել տալու շարժեցին: Քանի որ մախացեալ գործողներ են չարախօսութիւն ընողներ, այսինքն կաթողիկոսութեանը վրայ նախանձով նայողներ, անոնք աշխարհական իշխաններ չեն կրնար ըլլալ: Ինչ որ Սմբատ զգոյշ բացատրութիւններով կ՚իմացնէ, Կիրակոս յայտնապէս կը գրէ, բայց զի մախողք բազում էին նորա, արկանէին բարուրս ինչ ի վերայ նորա եպիսկոպոսունքն նախանձոտ, եւ մատնեցին զնա ստութեամբ Լեւոնի թագաւորի: Մախացողներուն ով ըլլալն ալ աւելի ճշդելու համար կը յաւելու, որք ակն ունէին ժառանգել զաթոռն (ԿԻՐ. 69): Նախանձող եպիսկոպոսներուն թիւն ալ կու տայ Կիրակոս, թէ Յովհաննէս Սսեցիէն եւ Անանիա Սեբաստացիէն զատ կային եւս այլք յեպիսկոպոսաց անտի վեց, որոց անունը խոհեմաբար կը լռէ (ԿԻՐ. 70): Սակայն այս անգամ ալ Անեցին կը պատռէ լռութիւնը եւ Ապիրատը կը մատնանշէ, թէ սա եկն առ թագաւորն Լեւոն վասն Գրիգորիսի, որ քարավէժն եղեւ (ՍԱՄ. 144): Իսկ ծերունի Ապիրատէն հնար չէ զատել իր դրդիչ եւ գործակից քեռորդին, Ներսէս Լամբրոնացին: Այսպէս չորս անուններ յայտնի կ՚ըլլան մեզի, իսկ միւս չորսերը կը մնան անծանօթ: Գուցէ ասոնց մէկն ալ Դաւիթ Արքակաղնեցին էր, իսկ մնացածին համար պատմութենէ մատնանշուած անուններ չունինք: Այսպէս յայտնի կ՚ըլլայ, թէ նախանձոտ եպիսկոպոսաց խմբակէ մը զատ, Լեւոն եւս անձամբ ցաւած էր կաթողիկոսէն, չգտնելով անոր մէջ իր փափաքած զիջող հայրապետը, որ պիտի հաւանէր լատինականութեան կամ պապականութեան պահանջած պայմաններուն համակերպիլ, եւ պիտի դիւրացնէր թագաւորական թագին ստացութիւնը: Ոչ ոք պիտի կարենայ մեղադրել Լեւոնը իր մեծ նպատակին մէջ, բայց միեւնոյն ատեն պիտի չի գովէ ձեռնարկ մը, որ ազգային եկեղեցւոյ ինքնութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը զոհելով պիտի ստացուէր: Եւ ճիշդ այդ կետին վրայ կը կայանար Քարավէժի ընթացքը, համաձայնելով Արեւելեան վարդապետներուն ալ տեսութեանց: Միւս կողմէն միթէ անհրաժեշտ է՞ր Լեւոնի այդչափ քծնիլ Լատիններուն առջեւ, իր իշխանական թագը թագաւորականին փոխարկելու: Ինքն արդէն ազատած էր յունական գերիշխանութենէն, զօրացած էր իր դրացիներուն վրայ, ընդարձակած էր սահմանները, յաջողած էր մինչեւ իսկ Անտիոքի լատին իշխանը իրեն արգադիր ընել: Միթէ չէ՞ր կրնար իւրովի իսկ ինքզինքը թագաւոր հռչակել, որուն ոչ ոք պիտի կարենար արգելք ըլլալ:

1035. ԹՇՆԱՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ

Եթէ տարի մը եւ աւելի տեւեցին այդ խնդիրները Լեւոնի եւ Քարավէժի մէջ, եթէ նախանձոտ եպիսկոպոսներու չարախօսութիւնները չորս հինգ անգամ կրկնուեցան, եթէ Լեւոնը ուժգին միջոցներու բռնադատելու համար հարկ եղաւ որ Գրիգոր Ապիրատ անձամբ Սիս երթայ եւ բերանացի ստիպումներ ընէ, պէտք կ՚ըլլայ ուրեմն հետեւցնել, թէ Գրիգոր Քարավէժ ուժգնապէս կը մաքառէր իրեն վրայ ծանրացող բռնադատութիւններու դէմ, թերեւս երկայնամտութիւնն ալ հատնելով կը պարտաւորուէր խիստ կերպեր գործածել իր դիմադրութեան մէջ: Լամբրոնացին կը խոստովանի իրեն կաթողիկոսութեան դէմ ելած ըլլալը, երբ Լեւոնին կը յիշեցնէ, թէ ոչ հաւատացիք մեր չարակնելոյ իշխանութեանն, որում առընթեր էաք եւ տեղեակ, մինչ Արեւելեայք ի բացեայ գոլով ի նոցին ծանօթութենէն (ՏՂԱ. 227), շարունակ կը քաջալերէին երիտասարդ կաթողիկոսը իր ընդդիմութեան մէջ: Այս կերպով գործը երթալով կը բորբոքէր, կիրքեր կը զայրանային, եւ Լեւոն ինքն ալ գլխաւոր եպիսկոպոսներուն գրգռիչ գրութիւններէն եւ ստիպողական բանակցութիւններէն շարժուած, հաւանեցաւ վերջապէս բռնի ոյժով կաթողիկոսը աթոռէն զրկել: Այս նպատակով որոշուեցաւ նախ Գրիգոր-Վահրամը նենգաւոր միջոցներով Հռոմկլայէ հեռացնել, ուր իշխանաբար կը տիրապետէր. ու զայն իրենց ձեռքին ներքեւ առնել, եւ յետոյ գործին օրինաւորութեան ձեւ տալու համար եկեղեցական ժողովին քննութեան եւ վճիռին ենթարկել, եւ այնպէս գահընկեց հռչակել երիտասարդ կաթողիկոսը, եւ իրենց ուզածը եւ իրենց յարմար եկող մէկը կաթողիկոսութեան աթոռը բարձրացնել: Որոշման գործադիր նշանակուեցաւ Յովհաննէս Սսոյ եպիսկոպոսը, որ բարեկամական կերպով Հռոմկլայ գնաց. մտաւ առ կաթողիկոսն, եւ Քարավէժ պատուով մեծարեց զնա որպէս զհիւր: Յովհաննէս իրեն հետ բազմաթիւ հետեւորդներ ալ ունէր, որոնք հետզհետէ Հռոմկլայի բերդին մէջ շատցան, ուր էր հայրապետանոցը, եւ աւելի զօրաւոր եղան քան հայրապետական բերդապահները: Երբ որ Յովհաննէս իր նենգամիտ նախապատրաստութիւնները լրացուց, օրին մէկը, մինչ նստեալ էին ի սեղան ճաշոյն, իրեններուն հրաման տուաւ, եւ իսկոյն բերդին դուռները եւ աշտարակները Յովհաննէսի հետեւորդ զօրականներուն ձեռքն անցան: Հայրապետական բերդապահներ յանկարծակիի եկան, եւ տարածեցաւ աղմուկն, եւ երիտասարդ կաթողիկոսը շուարած իր հիւրին կը հարցն է. Տէր Յովհաննէս, այս ի՞նչ իրք է. եւ նա պաղարիւնով մը կը պատասխանէ. Բռնած ես: Նոյն ատեն Յովհաննէս իրեններուն կը հրամայէ, կաթողիկոսին վրայ կը յարձակին, եւ կը փակեն զայն ի զընտան, եւ խիստ պահպանութեան ներքեւ կ՚առնեն (ՍՄԲ. 107):

1036. ՔԱՐԱՎԷԺ ԿԱԼԱՆԱՒՈՐ

Հռոմկլայեցիք լուրը առնելնուն պէս կը զինուին, եւ բերդին դէմ կռուելու կը սկսին, բայց երեք օր շարունակ մարտնչելէ յետոյ, ոչինչ կարացին առնել (ՍՄԲ. 107), թէպէտեւ այս առթիւ մարդիկ ալ էին մեռեալ ի Կլայն (ՏՂԱ. 224): Իսկ Յովհաննէսի մարդիկը զօրացան Հռոմկլայեցիներու դէմ, յարձակողները ցրուեցին, եւ կալանաւոր կաթողիկոսը մէկ տեղ առած Հռոմկլայէ ելան, եւ ապահովաբար Սիս բերին Լեւոնի տրամադրութեան: Թերեւս նոր գունդեր ալ եկած էին, որեւէ յարձակումի դիմադրելու համար: Լեւոն հրամայեց երիտասարդ կաթողիկոսը փակել Կոպիտառի բերդին մէջ առ ժամանակ մի (ՍՄԲ. 107), այսինքն է, մինչեւ քննութիւն լիցի ճշմարտութեամբ վասն նորա (ԿԻՐ. 69): Կաթողիկոսներու դէմ ամբաստանութիւններու օրինակներ ունեցանք, Յովհաննէս Ովայեցին 640) եւ Գէորգ Գառնեցին 689), որոնք արդարացան, եւ Վահան Սիւնին 769), որ պարտաւորուեցաւ, սակայն երբեք չտեսանք կանուխ բերդարգելութեամբ ամբաստանեալը ճնշելը, եւ կաթողիկոսին անձին վրայ արտաքին բռնութիւն գործածուիլը: Որչափ ալ Լեւոն եղաւ այդ ապօրէն գործին հրամայողը, սակայն Լեւոն նախաձեռնարկ եւ անձնական որոշմամբ գործին հեղինակը չեղաւ, այլ այն եպիսկոպոսները, որոնք չարախօսեցին երեք չորս անգամ, մինչեւ շարժեցին զպարոն Լեւոն ի կամս իւրեանց (ՍՄԲ. 106), եւ որոնք մատնեցին զնա ստութեամբ Լեւոնի (ԿԻՐ. 69): Երբ կը կարդանք թէ անօրէնքն բռնեցին զնա (ՍՄԲ. 107), չենք կրնար չդիտել թէ այդ անօրէններուն գլուխը գտնուողը Սսոյ արքեպիսկոպոս Յովհաննէսն էր, եւ թէ կաթողիկոսական իշխանութիւնն չարակնելոյ (ՏՂԱ. 227)համարձակութիւնն ունեցողը` Տարսոնի արքեպիսկոպոս Ներսէսն էր: Որչափ եւ բերդարգելութեան ներքեւ առնուած, սակայն Լեւոն չուզեց կաթողիկոսին գահընկէցութիւնը` իւրովի կամ լոկ ամբաստանող եպիսկոպոսներու կամայականութեամբ հռչակել` այլ օրինաւորութեան ձեւերը պահելու համար ուզեց որ եպիսկոպոսներու ազգային ժողով գումարուի, եւ այն տեղ նայուին կաթողիկոսին դէմ եղած չարախօսութիւնները, եւ քննութիւն լիցի ճշմարտութեամբ վասն նորա: Այդ նպատակով եւ ձեւակերպութիւնները լրացնելու միտքով գրեաց թուղթս առ վարդապետս եւ եպիսկոպոսունս Հայոց աշխարհին, եթէ զինչ կամք իցէն նոցա վասն այսր (ԿԻՐ. 69): Հրաւէրներ ուղղուեցան նաեւ Կիլիկիոյ եւ շրջակայից եպիսկոպոսներուն, որոնց մէջ նաեւ Լամբրոնացիին, որ կերպով մը ինքզինքը անմասն կ՚ուզէ ցուցնել, եւ Լեւոնի գրելով կ՚ըսէ, թէ կաթողիկոսը արտաքս հանիք յաթոռոյն. եւ թէ կոչեցիք ի քննել: Սակայն աթոռէն դուրս հանել ըսուածը` նենգութեամբ ձերբակալուիլն է, ուսկից ետքը ժողովը հրաւիրուած էր ի քննել: Լամբրոնացին կ՚ըսէ իրեն համար` թէ հրաժարեցաք գալ ժողովին, որ եթէ վերջապէս եկաւ, մի եւ երկիցս եւ երիցս եւ չորիցս եւ հնգիցս գիր հրամանի ձեր զմեզ բռնադատեաց (ՏՂԱ. 224): Լեւոն իրաւունք ունէր այդչափ ստիպմամբ Լամբրոնացին մօտը կանչելու, որպէսզի ամբաստանութիւնը վարելու եւ գործին մէջէն պատուով ելլելու ճամբան ցուցնէ. մինչ Լամբրոնացին գրգռութեանց եւ ամբաստանութեանց մասնակցելէ, եւ անշուշտ Յովհաննէսը Հռոմկլայ ղրկելու կարգադրութիւնն ալ աւարտելէ ետքը, իբրեւ գործին անմասն եւ գործին օտար դիտող մը` Տարսոն քաշուած կը կենար, երբ Քարավէժ Կոպիտառի բերդին մէջ կը հեծծէր:

1037. ՔԱՐԱՎԷԺԻՆ ՄԱՀԸ

Լամբրոնացին ժողովի մը խօսքը կ՚ընէ, թէ զոր ինչ արարիք յայն ժողովն` համաձայնեցաք (ՏՂԱ. 224), բայց չենք կրնար հետեւցնել թէ երիտասարդ կաթողիկոսին վրայ ժողովական քննութիւն կատարուեցաւ կամ թէ սկսաւ ալ: Վասն զի ուրիշ տեղ կը կարդանք, թէ մինչ չեւ պատասխանի ընկալեալ Արեւելեայց յղուած հրաւէրին (ԿԻՐ. 69), կաթողիկոսին մահը լսուեցաւ, եւ չի կարծուիր թէ առանց Արեւելեայց մասնակցութեան, եւ անոնց միտքը չիմացած օրինական վճիռ արձակելու ձեռնարկած ըլլան: Սակայն հաւանական է, որ գործը շտապեցնելու համար, Կիլիկիոյ եւ շրջակայից վիճակներէն հասած եպիսկոպոսներուն մէջ բանակցութիւններ սկսած ըլլան, եւ Լեւոն ալ իր միտքն ու կամքը որոշակի յայտնած ըլլայ, եւ անոր օրինաւորութեան ձեւ տալը իր մտերիմներուն, եւ գլխաւորապէս Լամբրոնացիին յանձնարարած ըլլայ: Պատմիչներ չեն ճշդեր, թէ Քարավէժ որչափ ատեն Կոպիտառի բերդին մէջ արգելուած մնաց, բայց գոնէ ամիս մը կամ երկու ենթադրել հարկ է, գործողութեանց ընթացքը կապակցելու համար: Երբոր Սիսի մէջ Կիլիկեցի եպիսկոպոսներ ինչ ընելիքնին կը խորհրդակցէին, լուր կը հասնի թէ երիտասարդ կաթողիկոսը մեռած գտնուած է բերդին ստորոտը եղող քարերուն կամ քարաժայռերուն վրայ, բարձր գահուանդէն վար վիժած կամ ինկած: Արկածին տրուած պաշտօնական մեկնութիւնն այն եղաւ, թէ Հռոմկլայեցիներ չհանդարտեցան իրենց առաջին ընդդիմութեան ձախողելուն վրայ, այլ լուր հասցուցին կաթողիկոսին, որ եթէ հնարեսցէ զելն իւր ի բերդէն, իրենք պատրաստ են անոր օգնել, եւ ամէն միջոց ճարել, որով տարեալ արասցեն զնա տէր բերդին եւ աթոռոյն իւրոյ: Ասոր վրայ կաթողիկոսը անկաւ ի բանս նոցա մանկաբար, կտաւներէ պարան կազմեց, եւ փորձեց անով ի գիշերի իջանել պատուհանէն կախուելով, բայց կտաւն պատառեցաւ, եւ ինքն ալ անկաւ եւ մեռաւ (ՍՄԲ. 107): Այդ պատմութիւնը զոր Սմբատ առաջին անգամ յիշատակած է, ուրիշներէն ալ կրկնուած է (ՎԱՐ. 139. ՍԱՄ. 143), բայց ընդհանուր կարծիքը անոր չհամոզուեցաւ: Ընդհակառակն ժողովրդական ըմբռնումը դաւադրութիւն մը տեսաւ` կարծեցեալ արկածին մէջ, եւ հաւատաց, թէ մախողք նորա ընկեցին զնա, որք ակն ունէին ժառանգել զաթոռն: Ստոյգ ալ բնաւ վկայ չկար գործին, եւ բոլոր փաստը կտաւ զմիջով իւրով ունենալն էր (ԿԻՐ. 69), որ շատ դիւրին կերպ մըն էր միտքերը մոլորեցնելու: Եթէ իրօք Քարավէժը փախուստի միջոց մը կարգադրած էր, հնար չէր որ ներսէն ու դուրսէն օգնականներ չունենար, որոնք պէտք էր տեսնուած եւ կամ հետք թողուցած ըլլային, եւ մանաւանդ վտանգէն վերջ ալ, այնպէս մարմինը ժայռերու վրայ թողնելով հեռացած չէին ըլլար: Մենք ալ, բոլոր այդ պարագաները դիտելով, կը համոզուինք ըսել, թէ փախուստի փորձին եւ տկար կտաւի զինքն յանձնելուն, եւ կտաւին պատռելուն պատմութիւնը, ճշմարտութիւնը ծածկելու համար յերիւրանքներ են: Բայց որովհետեւ ստոյգ եւ որոշ փաստ մը չունինք, կը պարտաւորուինք պատմիչին հետ եզրակացնել, թէ զճշմարիտն միայն ծածկագէտն Աստուած գիտէ (ԿԻՐ. 70):

1038. ԳՈՐԾԻՆ ՎՐԱՅ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Դաւով սպանութեան ենթադրութիւնը շատ աւելի հաւանական կը դառնայ մտածելով, որ ժողովական եւ մանաւանդ Արեւելեայց ներկայութեամբ կատարուած քննութեամբ մը, շատ դժուար պիտի ըլլար Գրիգոր-Վահրամի վրայ տիրապէս յանցանք մը հաստատել, եւ անոր գահընկէցութիւնը պաշտօնապէս վճռել: Ընդհակառակն Լեւոնի տեսակէտէն ալ պէտք էր որ այլեւս երիտասարդ կաթողիկոսը պաշտօնին մէջ չմնար, քանի որ չհնազանդէր (ՍՄԲ. 106), եւ կաթողիկոսական աթոռը կամ պաշտօնը իրեն համամիտ եւ հնազանդ մէկու մը ձեռքը յանձնէր: Միւս կողմանէ Լեւոնի ալ օտար եւ անընտել չէին, արեւմուտքէն արեւելք փոխանցուած միջնադարեան դաւաճանութիւնները: Բաւական էր, որ նպատակը յաջողցնելու արդիւնքը ապահովուէր, միջոցներու բարոյականութիւնը իր կարեւորութիւնը կը կորսնցնէր: Հեթում եւ Շահնշահ Սասունցի եղբայրներուն մասին տիրած կասկածը (ՍՄԲ. 106) եւ Անտիոքի իշխանին ձերբակալումը (ՍՄԲ. 108), այնպիսի նմոյշներ են, որ ամէն տեսակ կասկած կ՚արդարացնեն: Եթէ պատմիչը Լեւոնէն աւելի կասկածելի կը գտնէ անոնք` որ կաթողիկոսին մախողքն էին, եւ ակն ունէին ժառանգել զաթոռն (ԿԻՐ. 69), ու կաթողիկոսանալու ընդունակ եւ հետամուտ եպիսկոպոսներ էին, պատմական եղելութիւնը չայլայլիր, եւ քանի որ եպիսկոպոսներ եւ Լեւոն` ներքին եւ սերտ համերաշխութեամբ կը գործէին, եղելութիւններ իրենց բնութիւնը չեն փոխեր: Հետեւաբար Լեւոն ալ եպիսկոպոսներն ալ պարտաւոր էին իրենց վրայէն կասկածը փարատելու համար, ցաւ ու կսկիծ յայտնել արկածին վրայ. եւ պարտ ու պատշաճ յարգանքը ցուցնել հանգուցելոյն, որուն մասին դեռ պաշտօնական դատապարտութիւն ալ արտասանուած չէր: Այս նպատակով կատարելապէս կաթողիկոսական յուղարկաւորութիւն կատարուեցաւ, եւ Քարավէժի մարմինը Դրազարկ վանքը թաղուեցաւ (ՍՄԲ. 107), իշխանապետներուն եւ կաթողիկոսներուն դամբարանը, եւ ամփոփուեցաւ իր մօրեղբօր Գրիգոր Տղայի մօտը: Քարավէժի յիշատակը քանիներէն քննադատուած է իբրեւ անփորձ տղու եւ յախուռն երիտասարդի գործունէութիւն մը, մեղադրելով մանաւանդ թէ այլազգ սկսաւ վարիլ, եւ զուղիղ սահմանս նախընթացից իւրոց փոխել, եւ յոչ բարին եւս բերիլ (ՉԱՄ. Գ. 160): Բայց այդ խօսքերը ջերմ քաղկեդոնականաց խորհրդածութիւններ են, որ Քարավէժին վրայ չեն գտներ յունադաւան եւ հռոմէադաւան դրութեանց առջեւ զիջողամիտ պատրաստականութիւնը, ինչ որ կը կարծեն թէ ունեցած են անոր նախորդները: Մենք արդէն ցուցուցինք թէ Վկայասէրէ մինչեւ Տղայ, Պահլաւունիներուն ամէնքն ալ` ոչ քաղկեդոնական դաւանութեան յարում ունեցան, եւ ոչ անոր միտեցան, այլ միայն ներողամիտ զիջողութեան հաւանեցան, այսինքն է հաճեցան Յոյներուն եւ Լատիններուն դաւանական դրութիւնը իրենց կամքին թողուլ, եւ այդ մասին խնդիր չընել, պայմանով որ Յոյներ ու Լատիններ ալ հաւանին Հայոց դրութիւնը իրենց թողուլ եւ չհակառակիլ: Թերեւս այդ մասին նուազ զիջող եւ առաւել արմատական եղաւ Գրիգոր Քարավէժ, որ իր մօրեղբօր Գրիգոր Տղային օրերէն հայրապետանոցի մէջ գտնուելով, մօտէն զգացած էր օտարներուն նենգամիտ ճամբաները, եւ կը ձայնակցէր Արեւելեայց, որոնք կը խիթային թէ թեթեւ զիջողութիւնները ծանր հետեւանքներու կրնան տանիլ: Անգամ մըն ալ կը կրկնենք, թէ Քարավէժի վրայ ոչ բարոյական եւ ոչ պաշտօնական մեղադրանք մը չի կրցան խօսիլ իրեն հակառակորդները, եւ ասով յայտնի ըրին իրենց նախանձոտ եւ մախացող թշնամութիւնը: