Տ.
Ս.
ՅՈՒՍԻԿ
Ա.
ՊԱՐԹԵՒ
101.
ԱՌԱՋԻՆ
ԿԵԱՆՔԸ
Վրթանէսի
մահուամբ
աթոռը
պարապ
մնաց,
բայց
նոր
ընտրութեան
համար
վարանում
պէտք
չէր,
վասնզի
ազգը
Լուսաւորչի
սերունդէն
հայրապետ
ունենալու
սկզբունքը
ընդգրկած
էր,
ըլլա'յ
ժառանգական
քրմապետներու
հին
սովորոյթներէն
ներշնչուած,
ըլլա'յ
Լուսաւորչի
ազգատոհմին
վրայ
դրուած
անպայման
վստահութեամբ
զգածուած:
Արիստակէս
կուսակրօն
մեռած
էր,
Վրթանէսի
զաւակներէն
Գրիգորիս
ալ
չորս
տարի
առաջ
նոյնպէս
անժառանգ
նահատակուած
էր:
Միայն
Յուսիկ
կար
մէջտեղ,
Վրթանէսի
երկուորեակներուն
կրտսերը:
Նորա
ծնունդը,
մանկութիւնը,
Հայաստան
գալը
եւ
արքունեաց
մէջ
կրթուիլը,
ամէնն
ալ
Գրիգորիսի
հետ
միասին
էին
եղած
(§
98),
միայն
երկուորեակները
իրարմէ
տարբերած
էին
ընտանեկան
կենցաղի
մէջ:
Գրիգորիս
իր
հօրեղբօր
կուսակրօնութիւնը
ընդգրկած
էր,
իսկ
Յուսիկ
հազիւ
չափահաս
պատանի`
ամուսնացած
էր
Տիրանի
դստեր
հետ
ըստ
Բուզանդայ
(ԲԶՆ.
10):
Պատմիչը
կ՚ենթադրէ
թէ
ամուսնացած
է
մինչդեռ
մանուկն
էր,
եւ
ոչ
թէ
նա
ամուսնութեան
բռնադատեցաւ
ի
թագաւորէն
իբրեւ
զմանուկ
(ԲԶՆ.
11):
Զայդ
կրնանք
վերագրել
Լուսաւորչի
սերունդը
պահպանելու
բաղձանքին,
որ
երբ
Գրիգորիս
կուսակրօնութիւնը
նախընտրեց,
նոյնինքն
Տրդատ
Յուսիկի
վրայ
ծանրացաւ,
որպէսզի
բոլորովին
չդադրի
Գրիգորի
ազգատոհմը:
Սակայն
դժուար
է
կարծել
որ
11
տարեկան
ամուսնացած
եւ
12
տարեկան
զաւակ
ունեցած
ըլլայ,
ինչպէս
Բուզանդ
կը
գրէ,
թէ
Յուսիկ
յերկոտասանամենից
ի
վեր
առաքինանայր
ամուսնական
կենակցութենէ
հրաժարելով
(ԲԶՆ.
12):
Այն
տարիքին
հայր
ըլլալուն
համար
բնութեան
օրէնք
իսկ
չէին
նպաստեր:
Ուստի
պէտք
է
յապաղել
ամուսնութիւնը
կամ
հայրութիւնը
գոնէ
մինչեւ
18
տարեկան
ըլլալը,
այսինքն
313-ին:
Այդ
թուականին
Տիրանի
հարսնցու
աղջիկ
ունենալն
ալ
շատ
հաւանական
չ՚երեւիր
շատերուն,
եւ
Յուսիկ
ոչ
թէ
փեսայ
այլ
քեռայր
կը
համարին
Տիրանի:
Առ
այս
կը
նպաստէ
եւս
դիտել,
թէ
նոյնինքն
Բուզանդ
Յուսիկի
որդւոցը
համար
կ՚ըսէ
թէ
առին
իւրեանց
կանայս
զքորս
թագաւորին
(ԲԶՆ.
44).
որ
դարձեալ
նոյնինքն
Տիրանն
է:
Սակայն
բնական
կարգի
համաձայն
կ՚ըլլար,
որ
Տիրանին
քոյրը
Յուսիկի
եւ
աղջիկները
Յուսիկին
որդւոց
հետ
ամուսնանային:
Այս
կերպով
անսովոր
եւ
անհաւանական
ենթադրութիւն
մըն
ալ
կը
դարմանուէր,
ապա
թէ
ոչ
Տիրանի
աղջիկը
իր
հօրաքրոջ
կեսուր
դարձած
պիտի
ըլլար:
102.
ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ
ԿԵԱՆՔԸ
Յուսիկի
կեանքին
համար
նորօրինակ
պարագաներ
կը
պատմէ
Բուզանդ,
զորս
յիշել
աւելորդ
չենք
համարիր
տեղեկութիւնները
ամբողջացնելու
համար:
Ամուսնական
առաջին
գիշերն
իսկ
կը
յղանայ
Յուսիկի
կինը.
Յուսիկ
տեսիլ
կը
տեսնէ
թէ
յղացեալներ
երկուորեակ
են,
եւ
երկուքն
ալ
Աստուծոյ
պաշտօնեաներ
պիտի
չըլլան:
Այդ
պարագան
զինքը
կը
տխրեցնէ,
եւ
ամուսնացած
ըլլալուն
կը
զղջայ,
որովհետեւ
միայն
իր
պապին
սերունդէն
պաշտօնէից
չպակսելուն
համար
ամուսնացած
էր:
Երբոր
երկուորեակները
ծնան,
մէկուն
անունը
դրին
Պապ,
հարկաւ
պապենական
անունը
կրկնած
ըլլալու
համար,
եւ
միւսը
Աթանագինէս,
որ
թէ
տղոց
նախնիք
կը
նկատուէր,
եւ
թէ
նշխարներուն
բերուելովը
ազգային
անունի
կերպարան
առած
էր:
Բայց
Յուսիկ
տեսիլքին
տպաւորութեան
ներքեւ
այլ
ոչ
եմուտ
առ
կինն
իւր,
եւ
քաշուած
ու
կրօնաւորական
կեանք
կ՚անցընէր,
եւ
այս
պատճառաւ
կինը
կը
ցաւէր,
եւ
թշնամացեալ
էր
տուն
թագաւորին
Յուսիկի
դէմ:
Բայց
կինը
շուտով
մեռավ,
եւ
Յուսիկ
աներանց
բռնադատութենէն
ազատեցաւ,
եւ
նոր
տեսիլք
մը
զինքը
մխիթարեց,
որ
անարժան
զաւակներէն
արժանաւոր
թոռներ
պիտի
ունենայ
(ԲԶՆ.
12):
Այսպէս
անցան
Տրդատի
վերջին
օրերը
եւ
Խոսրովի
թագաւորութեան
ժամանակը:
Բուզանդ
Յուսիկի
ամուսնութեան
ժամանակէն
Խոսրովը
թագաւոր
կ՚անուանէ
(ԲԶՆ.
10),
եւ
թէ
ուզենք
Բուզանդի
բառերուն
ոյժ
տալ,
կրնանք
հետեւցնել,
թէ
Տրդատի
կեանքին
վերջին
մասին
մէջ,
Խոսրով
հօրը
հետ
թագաւորակից
կը
նկատուէր
եւ
հօրը
օգնական
էր
թագաւորութեան
գործերուն
մէջ.
բայց
շատ
պնդելու
պէտք
չենք
զգար,
վասնզի
մենք
ալ
չենք
համարձակիր
ըսել
թէ
Բուզանդ
այդչափ
ճշդաբանութեան
հետեւած
ըլլայ:
Երբոր
Վրթանէս
մեռաւ,
երրորդ
տարին
էր
որ
Տիրան
իր
հօր
Խոսրովին
յաջորդած
էր,
եւ
Կոստանդնուպոլսէ
դարձած,
եւ
իր
գահուն
վրայ
ամրացած
էր:
Մոռցա՞ծ
էր
արդեօք
այն
պաղութիւնն
ալ
որ
իր
եւ
իր
քեռայր
Յուսիկին
մէջ
տեղի
ունեցած
էր`
վերջինիս
յարուցած
ընտանեկան
խնդրով:
Դժուար
է
ճիշդը
մակաբերել,
բայց
ինչ
որ
ալ
ըլլար,
ազգին
կամքն
էր
Լուսաւորչի
թոռը
իրեն
եպիսկոպոսապետ
ունենալ,
եւ
Տիրան
չէր
կրնար
այդ
փափաքին
դէմ
դնել,
եւ
Յուսիկի
կաթողիկոսութիւնը
արգելուլ:
Պատմական
յիշատակներ
բնաւ
ակնարկ
մը
չունին
թէ
Յուսիկ
արդէն
եկեղեցական
պաշտօնէութեան
մտած
ըլլայ,
եւ
Բուզանդի
ըսելը
թէ
Յուսիկ
զքրիստոսեան
լուծն
առանց
ամենայն
յապաղութեան
ձգէր
(ԲԶՆ.
12),
պարզ
կրօնաւորութեան
համար
ըսուած
է,
որ
եկեղեցական
ձեռնադրութիւն
ընդունի:
103.
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ
ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Խորենացին
շատ
պարզ
կերպով
կը
յիշէ
Յուսիկի
կաթողիկոսանալը,
թէ
յաջորդէ
զաթոռն
Յուսիկ
որդի
նորին
(ԽՈՐ.
197),
եւ
ուրիշ
Հայ
պատմագիրներ
ալ
նոյն
կերպով
կը
խօսին
եւ
ձեռնադրութեան
հանդէսի
յիշատակութիւն
չունին:
Միայն
Բուզանդ
կը
պատմէ
թէ
ըստ
սովորութեան
օրինակին,
Տիրան
մեծամեծ
նախարարներէն
13
հատ
ուղեկից
ընտրեց,
եւ
ամէնքը
մէկէն
ճամբայ
դրաւ,
որ
Կեսարիա
երթան
եւ
Յուսիկը
ձեռնադրել
տան
ի
կաթողիկոսութիւն,
եւ
թէ
այնպէս
ընել
տուին,
եւ
նստուցին
զնա
յաթոռն
առաքելոյն
Թադէոսի
եւ
յաթոռ
իւրոյ
հաւուն
մեծին
Գրիգորի
(ԲԶՆ.
30):
Դարձած
ատեննին
Տիրան
դիմաւորեց
նորընտիր
հայրապետը
Արտաշատու
մօտ
Տափերայ
կամուրջին
վրայ,
եւ
հանդիսաւոր
կերպով
առաջնորդեց
կաթողիկէ
եկեղեցին
եւ
նստեցուց
յաթոռ
հայրապետական:
Այդ
եղելութեան
միմիայն
Բուզանդէ
պատմուիլը,
եւ
ուրիշ
պատմագիրներուն
զայն
լռելը,
կը
ցուցնէ
թէ
ազգային
աւանդութիւնը
նպաստաւոր
չէր
այդ
պատմութեան,
որով
անոր
ստուգութիւնն
ալ
կեղակարծ
կը
դառնայ:
Գլխաւորապէս
դիտելի
է,
թէ
բոլորովին
ձրի
խօսք
մըն
է
ըստ
սովորութեան
օրինակին
ըսելը,
քանի
որ
բացայայտ
կերպով
տեսանք,
որ
Արիստակէս
(§
83)
եւ
Վրթանէս
(§
88)Կեսարիա
չգացին,
եւ
միայն
Գրիգորի
գացած
ըլլալը
կրնայ
օրինակ
մը
ըսուիլ,
բայց
սովորութեան
օրինակ
չ՚ըլլար:
Եթէ
ուզենք
ալ
ընդունիլ
Յուսիկի
Կեսարիայէ
ձեռնադրութիւն
առած
լինելը,
այն
տակաւին
բացառիկ
պարագաներու
հետեւանօք
եղած
կ՚ըլլայ:
Վասնզի
Յուսիկ
եկեղեցական
չէր,
եւ
անոր
ձեռնադրութեան
համար
բացառիկ
ձեւ
մը
գործածել
անտեղի
չէր
ըլլար:
Նոյն
իսկ
Յուսիկ
ալ
կրնար
փափաքիլ
որ
Գրիգորի
համար
պահուած
ձեւը
նորոգուի:
Բայց
աւելի
յանկեցուցիչ
պարագայ
մըն
էր,
Տիրանի
դէպ
առ
Յոյնս
բարեմարդիկ
երեւնալու
դիտումը:
Դեռ
նոր
եկած
էր
Կոստանդնուպոլսէ,
եւ
անոնց
հովանաւորութեամբ
կրցած
էր
ձեռք
ձգել
իր
կորսուած
գահը,
պէտք
ունէր
աւելի
եւս
մշակել
Յունաց
բարեկամութիւնը,
հարկ
կը
զգար
իր
երկրին
մէջ
ալ
ոյժ
տալ
յունասէր
կուսակցութեան,
առանց
մոռնալու
որ
կրնայ
յատկապէս
ալ
այդ
զիջողութիւնը
խոստացած
ըլլալ
Բիւզանդեան
կայսրութեան,
իբրեւ
պայման
իրեն
շնորհուելիք
կամ
շնորհուած
օգնութեան:
Ուստի
ոչ
թէ
ըստ
սովորութեան
օրինակին,
այլ
իբր
բացառիկ
մի
պարագայ
կրնանք
ընդունիլ,
որ
Յուսիկ
Կեսարիա
գացած,
եւ
Կեսարիոյ
արքեպիսկոպոսէ
մը,
որուն
անունն
իսկ
յիշուած
չէ,
ձեռնադրութիւն
առած
ըլլայ,
միշտ
պաշտպանելով
իր
աթոռին
անկախութիւնը,
որ
այս
անգամ
ալ
յայտնապէս
ակնարկուած
է,
Հայոց
հայրապետութեան`
աթոռ
առաքելոյն
Թադէոսի
վկայուելովը.
բայց
աւելցնենք
թէ
Բուզանդի
պատմութիւնը
բիւզանդամոլ
ուղղութեան
հետեւող
է,
եւ
միշտ
Հայերը
անարգելու
եւ
ստորնացնելու
հակամէտ:
104.
ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Նկատողութեան
արժանի
պարագայ
մըն
ալ
Յուսիկի
տրուած
մանկութեան
հանգամանքն
է,
զոր
պնդելով
կը
կրկնէ
Բուզանդ
միայն,
եւ
կ՚ըսէ
յայտնապէս
թէ
էր
աւուրբք
մանուկ,
տիօք
առոյգ,
եւ
բարձր
հասակաւ,
գեղով
երեսաց
սքանչելի
եւ
չքնաղ
(ԲԶՆ.
30),
եւ
թէ
թէպէտ
աւուրբք
մանուկ
էր,
այլ
զաւագութիւն
ծերութեան
խրատուն
յինքեան
ցուցանէր
(ԲԶՆ.
31),
եւ
մահուան
պարագային
իսկ
զայներանելի
մանուկն
Յուսիկ
կ՚անուանէ
(ԲԶՆ.
32):
Արդ
մենք
ժամանակագրական
հաշիւներու
կրթնելով
ցուցուցինք
Յուսիկի
ծնունդը
295-ին,
որով
341-ին
կաթողիկոսացած
ատեն
46
տարեկան
եղած
կ՚ըլլայ,
եւ
6
տարի
հայրապետութիւն
վարած
ըլլալով
52
տարեկան
վախճանած:
Արդ,
յիսնամեայ
անձի
մը
բառին
ճշդութեամբ
մանուկ
անունը
չի
կրնար
տրուիլ,
բայց
եթէ
այդ
բառին
բաղդատական
իմաստ
մը
տալով,
եւ
Յուսիկը
համեմատութեան
դնելով
նախորդ
ութսունամեայ
հայրապետներուն`
իր
հօրը
ու
իր
պապին
հետ:
Հնար
էր
եւս
մանուկ
բառին
ընդարձակ
իմաստ
մը
ընծայել,
ինչպէս
այժմս
ալ
տունի
մը
պզտիկները,
ինչ
տարիքի
մէջ
ալ
ըլլան
տղաք
կը
կոչուին:
Յուսիկ
ալ,
ինչպէս
եւ
Գրիգորիս,
այդ
կերպով
ներկայացան
արքունիքին
մէջ,
իբրեւ
տղայ
կրթուեցան,
Յուսիկ
փեսայացաւ
ալ,
որով
մինչեւ
վերջ
այդ
առումը
մնաց,
եւ
թէպէտ
մէյմէկ
հայրապետներ
եղան,
սակայն
մանուկն
Գրիգորիս
(ԲԶՆ.
15),
եւ
մանուկն
Յուսիկ
(ԲԶՆ.
32)
կոչումները,
սովորական
կիրառութենէն
չդադարեցան,
գոնէ
Բուզանդի
պատմութեան
մէջ:
Յուսիկի
կաթողիկոսութեան
վեց
տարիներէն
բնաւ
պատմական
մանրամասնութիւն
չունինք
մեր
ձեռքը
գտնուող
գիրքերուն
մէջ:
Յունաց
եւ
Պարսից
մէջ
խաղաղութեան
միջոց
մը
կը
շարունակէր,
Կոստանդ
կայսր
հաշտարար
քաղաքականութիւն
ունէր,
իր
գործունէութիւնը
կրօնական
խնդիրներու
վրայ
դարձնելով:
Շապուհ
թագաւոր
կրած
ձախողութիւններէն
յոգնած,
ամփոփուելու
եւ
զօրանալու
պատրաստութեանց
զբաղած
էր,
նորէն
մէջտեղ
ելնելու
համար:
Հայոց
նախարարներ
դուրսէն
գրգռումներ
եւ
նեցուկներ
չունեցան
ատենին`
հանդարտութեան
մէջ
մնալու
պարտաւորուած
էին,
որով
Տիրան
կրցաւ
խաղաղութեան
միջոց
մը
վայելել.
թէեւ
ոչ
հայրենի
առաքինութեանց
հետեւեալ,
այլ
թուլացեալ
յամենայն
բարեպաշտութենէ
(ԽՈՐ.
197):
Իբր
հայրենի
առաքինութիւն
ալ,
պէտք
է
Տրդատի
պապենական
օրինակը
իմանալ,
քան
թէ
Խոսրովի
հօրենական
ընթացքը:
Տիրան
սակայն
եւ
ոչ
իսկ
հօրը
չափին
մէջ
մնաց,
այլ
անօրէնութեան,
պոռնկութեան,
արուագիտութեան,
արիւնահեղութեան,
զրկութեան,
յափշտակութեան,
աղքատատեցութեան,
եւ
այլոց
բազում
մեղաց
(ԲԶՆ.
31).
անընդհատ
շարք
մըն
էր
իր
վարած
կեանքը,
միշտ
Բուզանդի
վկայութեամբ:
105.
ՄԱՀՆ
ՈՒ
ՊԱՏՃԱՌԸ
Յուսիկի
մահը
բնական
կերպով
տեղի
չունեցաւ,
այլ
իր
հովուական
եւ
հայրապետական
նախանձայուզութեան
նահատակ
եղաւ,
եւ
բռնական
մահուամբ
վախճանեցաւ,
նոյնիսկ
Հայոց
թագաւորին
եւ
իր
աներձագին
Տիրանի
ձեռքով:
Սովորաբար
տարածուած
եւ
Խորենացիէ
առնուած
պատմութիւնը
կ՚ըսէ,
թէ
Յուլիանոսի
Պարսից
դէմ
արշաւանքի
ատեն,
Տիրան
զայն
դիմաւորեց,
եւ
բարեկամութիւնը
կրկնեց:
Յուլիանոս
զիւր
պատկերն
նկարագրեալ
ի
տախտակս
տուաւ
Տիրանի,
որպէսզի
եկեղեցւոյ
մէջ
կախէ,
իբր
կայսրութեան
հանդէպ
հպատակութեան
նշանակ:
Սակայն
Յուլիանոս
նոյնին
մէջզդիւաց
ոմանց
ընդ
նմա
պատկերները
նկարել
տուած
էր,
եւ
Տիրան
չմտածելով
որ
խաբէութեամբ,
դիւաց
երկրպագին
պատկերքս,
ուզեց
զայն
կախել
յիւրում
արքունական
եկեղեցւոջն
Ծոփաց
գաւառին
մէջ,
ուր
հանդիպած
էր
Յուլիանոսի:
Յուսիկ
դիմադրեց
զգացուցանելով
զիրին
խորամանկութիւն,
այլ
Տիրանի
պնդելուն
վրայ,
պատկերը
ընկեցեալ
յերկիր
կոխեալ
մանրեաց:
Ասոր
վրայ
Տիրան
Յուլիանոսի
առջեւ
պարտաւոր
չմնալու
համար,
ուզեց
Յուսիկը
պատժել,
եւ
հրամայեաց
ջալոտիւք
հարկանել
յերկար,
մինչեւ
որ
ի
գանելն
աւանդեաց
զոգին
(ԽՈՐ.
199):
Նահատակութիւնը
նոյն
մնալով,
տարբեր
պատճառէ
յառաջ
եկած
է
այն
Բուզանդի
համեմատ:
Յուսիկ
շարունակ
յանդիմանած
է
Տիրանը,
իր
ապօրէն
եւ
ամբարիշտ
գործերուն
համար,
եւ
վերջապէս
իբրեւ
յայտնի
մեղաւորներ
թագաւորն
ու
իր
մեղսակից
մեծամեծները`
արգելոյր
չտալ
թոյլ
մտանել
յեկեղեցին:
Երբոր
այս
ալ
օգուտ
չէր
ունենար,
ելեալ
կապէր
մեծապէս
պատուհասիւք
քահանայական
իշխանական
բանիւ,
որ
է
ըսել
թէ
նզովքի
վճիռ
կ՚արձակէր
անոնց
դէմ:
Ասկէ
Տիրանի
եւ
Յուսիկի
մէջ
յայտնի
հակառակութիւն
մը,
որ
կը
տեւէր
զամենայն
աւուրս
կենաց
իւրոց:
Բայց
Տիրան
ոչ
կ՚օգտուէր
հայրապետին
յանդիմանութենէն,
եւ
ոչ
ալ
նշանակութիւն
կ՚ընծայէր
արձակուած
վճիռին,
ուստի
երբ
կը
հանդիպէր
օր
մի
յաւուրց
տարեկան
տօնախմբութեանց,
Տիրան
իր
աւագանիով
մէկտեղ
դիմեաց
գալ
մտանել
յեկեղեցին,
երբ
այնտեղ
կը
գտնուէր
հայրապետը,
Ծոփաց
գաւառի
Բնաբեղ
արքունի
բերդին
մէջ:
Յուսիկ
անոնց
գալը
իմանալով
եկեղեցւոյ
դուռը
կ՚ելլէ,
եւ
մտնելնին
արգիլելով
բարձրաձայն
կը
գոչէ.
Չես
արժանի,
հի՞մ
գաս,
մի'
գար
ի
ներքս:
Տիրանի
մարդիկը
որ
դիմադրելու
կանխամտածութեամբ
կու
գային,
կը
յարձակին
հայրապետին
վրայ,
եւ
կը
սկսին
զարնել,
մինչեւ
որ
Յուսիկ
բրածեծ
եղեալ,
ջախջախեալ,
կիսամահ
կոշկոճեալ,
ընկեցեալ
լինէր:
Իսկ
Տիրան
ու
հետեւորդները
եկեղեցի
կը
մտնեն,
բայց
շուտով
կը
մեկնին:
Եկեղեցւոյ
պաշտօնեաներ
կը
հասնին,
կը
վերցնեն
հայրապետը,
կարեւոր
դարմանները
կ՚ընէն,
եւ
այնտեղէն
հեռացնելու
համար
կը
տանին
Դարանաղեաց
գաւառը,
Թորդան
գիւղը,
Գրիգորի
ազգատոհմին
կալուածը:
Յուսիկը
չկրցաւ
ազատիլ
արկածին
հետեւանքէն,
եւ
անդ
ոչինչ
յետ
բազում
աւուրց
հանգեաւ,
եւ
թաղուեցաւ
նոյն
տեղը
Գրիգորի
եւ
Վրթանէսի
գերեզմաններուն
քովը
(ԲԶՆ.
31):
Յուսիկի
նահատակութիւնը
մեր
հաշուով
կ՚իյնայ
347-ին,
թէպէտ
օրը
չենք
կրնար
ճշդել:
106.
ՏԻՐԱՆ
ԵՒ
ՅՈՒՍԻԿ
Վերոյիշեալ
պատմութիւնները
կը
համաձայնին
եղելութեան
գլխաւոր
գիծերուն
մէջ:
Պատահական
տարբերութիւն
մըն
է,
թէ
Տիրան
պաշտօնապէս
հրամայեց
ջալոտիւք
հարկանել,
կամ
թէ
աւագանին
խուժեց
բրածեծ
ջախջախել.
նոյնպէս
նաեւ
թէ
Բնաբեղի
մէջ
ծեծի
տակ
հոգին
աւանդեց,
կամ
թէ
քիչ
ետքը
Թորդանի
մէջ
մեռաւ
ծեծին
հետեւանօք:
Հաւանականագոյն
եւ
յարմարագոյն
են
Բուզանդի
աւանդած
պարագաները,
եւ
ամէն
առիթի
մէջ
հաստատուն
կը
մնայ,
թէ
Յուսիկ
իր
հայրապետական
նախանձայուզութեամբը
հաւատոյ
պաշտպանութեան
նահատակ
մը
եղած
է:
Գլխաւոր
տարբերութիւնն
է
նահատակութեան
պատճառ
եղող
առիթը.
սակայն
այլեւս
անհնար
է
որեւիցէ
կերպով
պաշտպանել
Խորենացիի
պատմած
պարագաները,
որովհետեւ
Տիրան
ու
Յուլիանոս
ժամանակակից
չեն
եղած:
Տիրան
339-ին
թագաւորած
է,
եւ
11
տարի
ետքը,
350-ին
գահազուրկ
եղած,
իսկ
Յուլիանոս
361-ին
կայսր
եղած,
եւ
363-ին
սպաննուած
է,
որով
Յուլիանոսի
պատկերին
պատմութիւնը
բոլորովին
անհիմն
կը
դառնայ:
Բոլոր
արտաքին
պատմութիւններն
ալ
Յուլիանոսի
հետ
գործ
ունեցող
Հայոց
թագաւորին
անունը
Արշակ
կ՚ըսեն,
եւ
Տիրանի
որդի
ըլլալն
ալ
գիտեն,
մինչ
Խորենացիի
ժամանակագրութիւնը
բոլոր
իր
ընթացքին
մէջ
24
տարիներու
յաւելուածական
սխալով
կը
քալէ,
եւ
բնաւ
պաշտպանուելու
կողմ
մը
չունի:
Ուստի
պէտք
է
բացէբաց
մէկ
կողմ
թողուլ
Յուլիանոսի
պատկերին
խորտակման
պատմութիւնը,
եւ
երբ
Լամբրոնացիի
յօրինած
շարականին
մէջ
կ՚երգենք
քաջութեամբ
զանօրինաց
խորտակեալ
զպատկերն,
տէր
սուրբ
Յուսիկ
(ՇԱՐ.
433),
պէտք
է
անոր
այլաբանական
իմաստ
մը
տանք,
ինչպէս
որ
անօրինաց
յոգնակի
ձեւն
ալ
կը
թելադրէ,
եւ
անկէ
յորդորեալ
ուրիշ
տպագրութիւն
մըն
ալ
զպատկերսն
դրած
է
(ՇՐԿ.
480):
Կը
մնայ
ուրեմն
որ
Յուսիկի
նահատակութեան
պատճառ
ընդունինք
նորա
անվեհեր
յանդիմանութիւնները,
ինչ
որ
Խորենացին
ալ
գիտէ
երբ
կ՚ըսէ,
թէ
Տիրան
այդ
ոճիրը
գործեց
յաւելեալ
ի
բորբոքումն
չարութեանն
զոր
ունէր
ընդ
սրբոյ
Յուսկան,
յաղագս
հանապազորդ
յանդիմանութեան
իւրոց
յանցանաց
(ԽՈՐ.
199):
Ստոյգ
է
որ
տարօրինակ,
եւ
գրեթէ
անհաւատալի
կ՚երեւի
հայ
քրիստոնեայ
թագաւորի
մը
մինչեւ
այդ
աստիճան
լրբենի
եւ
անգութ
կերպով
իր
հայրապետին
դէմ
համարձակիլը,
սակայն
Տիրանի
յամառ
եւ
ստոր
նկարագրին
հետ
պէտք
է
նկատի
առնուլ,
որ
նա
Յուսիկի
վրայ
կը
նայէր,
իբրեւ
արքունեաց
մէջ
մեծցած
տղայ
մը,
որ
արքունեաց
պաշտօնեայ
եւ
իրեն
քեռայրն
ալ
եղած
էր.
որով
իր
արքունական
ճոխութեան
մէջ,
առաւելութիւն
մը
կը
զգար
Յուսիկի
անձին
վրայ,
եւ
չէր
ներեր
անոր`
ինչ
որ
ուրիշ
հայրապետի
մը
վրայ
թերեւս
համակերպէր
տանիլ:
Բուզանդ
գրած
է
թէ
Վրթանէսի
տղոց
Հայաստան
եկած
ատեն,
զՅուսիկ
սնուցանէր
Տիրան
որդի
թագաւորին
Խոսրովու
(ԲԶՆ.
10),
որ
կրնայ
իբրեւ
հոգածու
պաշտպանի
խնամք
մը
նկատուիլ,
քանի
որ
այն
ատեն
Տիրան
ալ
թագաւորի
թոռ
մըն
էր:
Ամէն
պարագայի
մէջ
այդչափը
կը
բաւէր
Տիրանի
միտքին
մէջ
Յուսիկի
վրայ
յատուկ
իշխողութիւն
մը
ենթադրել
տալ,
եւ
անոր
միտքին
մէջ
դէպ
առ
ինքն
ակնածութեան
եւ
յարգանաց
մասնաւոր
պահանջ
մը
ստեղծել:
Սակայն
Յուսիկ
հեռու
էր
այդ
տեսակ
մտածումներէ,
բուռն
նախանձայուզութեան
եւ
պահանջկոտ
օրինապահութեան
մէջ,
նա
ակնածանքի
առջեւ
խոնարհող
չէր,
եւ
բացարձակ
ուղղութիւնը
կը
գործածէր,
միայն
իր
պաշտօնէն
եւ
հոգիէն,
եւ
ոչ
իր
անձնական
հանգամանքներէն
ներշնչեալ:
Ինչ
որ
թերեւս
Վրթանէսի
կողմէն
եղած
ատեն
դիտողութեան
իսկ
առիթ
պիտի
չտար,
Յուսիկի
նահատակ
մահուան
պատճառ
եղաւ,
տակաւին
յիսնամեայ
առոյգ
հասակին
մէջ:
Յուսիկի
յիշատակը
տօնելի
է
իր
հօր
եւ
հօրեղբօր
եւ
եղբօր
հետ`
Որդւոց
եւ
թոռանց
օրը,
բայց
անգամ
մըն
ալ
կը
կրկնենք,
թէ
պէտք
էր
յատուկ
օրեր
սահմանել
այդ
առաքելանման
հայրապետներուն:
107.
ԴԱՆԻԷԼ
ԱՍՈՐԻ
Հարկաւ
Տիրան
ինքն
ալ
զգածուեցաւ,
երբոր
բորբոքեալ
զայրոյթը
անցաւ:
Անշուշտ
չկրցաւ
անտարբեր
մնալ
երբոր
Թորդանէ
եկող
գուժկանը`
Յուսիկի
մեռնելուն
լուրը
բերաւ:
Գուցէ
եւ
կեղծուպատիր
վշտակցութեան
եւ
տարաժամ
համակրութեան
նշաններ
ալ
ուզեց
տալ,
զինքը
չքմեղելու,
եւ
Լուսաւորիչի
թոռը
սպաննած
լինելու
եղեռնական
արատէն
ինքզինքը
արդարացնելու
համար
ազգային
ընդհանուր
մեղադրանաց
առջեւ:
Իբրեւ
եկեղեցական
շահերու
հետամուտ
հարկ
սեպեց
իսկոյն
հայրապետական
աթոռին
յաջորդութիւնը
հոգալ,
եւ
որովհետեւ
Լուսաւորչի
ազգատոհմէն
արժանաւոր
մէկ
մը
չկար,
քանի
որ
Յուսիկի
զաւակները
եկեղեցականութենէ
հեռու
կը
փախչէին,
մտածեց
Լուսաւորչին
մօտիկ
եւ
անոր
անունին
հետ
ներքնապէս
կապուած
անձ
մը
առջեւ
անցընել,
եւ
անով
միտքերը
հանդարտեցնել:
Այդ
անձն
էր
Դանիէլ
Ասորի,
որ
Լուսաւորչի
անմիջական
աշակերտն
էր
եղած
եւ
անոր
հոգեւոր
զաւակ
նկատուած
է:
Եպիսկոպոսական
աստիճան
ունէր,
ըստ
ամենայն
հաւանութեան,
թէպէտ
իբր
քահանայ
(ԽՈՐ.
199)
կամ
իբր
քորեպիսկոպոս
(ԲԶՆ.
36)
կը
յիշուի
պատմիչներէն,
որք
ստէպ
անխտիր
կը
գործածեն
եկեղեցական
աստիճաններու
կոչումները:
Հիապերետ
կոչուած
պաշտօնը,
որ
իրեն
կը
տրուի
(ԽՈՐ.
199),
մատակարարական
տեսչութիւնն
էր
Գրիգորի
ազգատոհմին
կամ
հայրապետական
աթոռին
կալուածներուն
վրայ,
որոնց
գլխաւորն
էր
Տարոնի
Աշտիշատը,
որ
Դանիէլի
գործունէութեան
ալ
կեդրոնն
էր,
բայց
միեւնոյն
պատճառով
զինքն
Եկեղեաց
Թիլի
մէջ
ալ
կը
գտնենք:
Դանիէլ
լոկ
նիւթականին
հոգածութեամբ
չէր
գոհանար,
այլ
իբր
եկեղեցւոյ
պաշտօնեայ,
եղած
տեղերը
քարոզութեամբ
ալ
կը
զբաղէր,
եւ
մինչեւ
իսկ
ի
կողմանս
Պարսից
յօտար
տեղիս
քարոզեաց
սա,
եւ
անթիւս
ի
մոլորութենէ
դարձոյց
(ԲԶՆ.
36):
Միայնգամայն
էր
սա
այր
զարմանալի,
առնէր
նշանս
եւ
զօրութիւնս
մեծամեծս
(ԲԶՆ.
37),
եւ
թէեւ
տարիքը
առած
հինաւուրց
ծերունի
մը,
բայց
տակաւին
առոյգ
եւ
անխոնջ`
արդիւնաւոր
կերպով
գործի
գլուխ
կը
գտնուէր:
Անիկա
բերելու
գացին
չորս
նախարարներ,
եւ
Եկեղեաց
Թիլէն,
ուր
այն
միջոցին
կը
գտնուէր
Դանիէլ,
բերին
զայն
Աղձնեաց
Բառաէջ
աւանը,
ուր
եկած
էր
Տիրան
Ծոփաց
Բնաբեղէն:
Նպատակնին
էր
զի
կացուսցեն
զնա
իւրեանց
գլուխ
առաջնորդ,
եւ
զի
նստցի
յաթոռ
հայրապետական
(ԲԶՆ.
38),
ինչպէս
Բուզանդ
կը
գրէ,
բայց
Խորենացին
այդպիսի
նպատակի
մը
խօսք
չ՚ընէր,
եւ
միայն
գիտէ,
թէ
թշնամանեալ
անիծիւք
Տիրանայ`
ի
ծերունւոյ
քահանայէն
Դանիէլէ,
զայն
խեղդամահ
սպաննեց
(ԽՈՐ.
199):
Իսկ
Բուզանդ
ընդարձակ
յանդիմանական
բանախօսութիւն
մը
կը
դնէ
Դանիէլի
բերանը,
որ
Տիրանի
առջեւը
ելլելով
սկսած
է
մի
առ
մի
յառաջ
բերել
թագաւորին
եւ
բոլոր
մեծամեծներուն
անիրաւութիւնները
եւ
անառակութիւնները,
առաջին
հայրապետներուն
հրամանները
անարգելնին,
Յուսիկը
սպաննելնին,
զոր
կ՚անուանէ
վիճակակալ
վիճակի
Թադէոսի
առաքելոյն,
եւ
իրենց
չարութեան
մէջ
անզեղջ
մնալնին:
Յանդիմանութիւններէն
ետքը
անիծակուր
գուշակութեանց
կ՚անցնի,
թէ
թագաւորութիւնը
պիտի
կործանի,
հայրապետութիւնը
պիտի
վերցուի,
ազգը
պիտի
ցրուի
եւ
գերութեան
պիտի
մատնուի,
եւ
ոչ
երբեք
պակասեսցէ
լուծ
չար
ստրկութեան
ծառայութեանն
ի
պարանոցաց
ձերոց:
Իր
խօսքը
կը
վերջացնէ
մերժելով
իրեն
առաջարկուած
պաշտօնը
եւ
ըսելով,
Զիարդ
կայցեմ
գլուխ
ազգի,
զոր
եթող
Տէրն
ի
ձեռանէ
(ԲԶՆ.
39-42):
Բուզանդ
ընդհանրապէս
միտեալ
է
Հայերը
անարգելու,
եւ
կարծես
թէ
իր
հակառակութեան
եւ
ատելութեան
լրումը
ուզած
է
յայտնել,
Դանիէլի
բերանը
դնելով
իր
գաղափարները:
Ինչ
ալ
ըլլան
Բուզանդի
յաւելուածները,
Դանիէլի
յանդիմանութիւնները
ծանր
եկան
Տիրանի,
որ
զայրոյթով
լեցուեցաւ
անոր
համարձակութեան
դէմ,
նորէն
գրգռուեցաւ
իր
անսանձ
կիրքը,
եւ
քանի
որ
Լուսաւորչի
թոռան
իսկ
սպաննութեան
յանդգնած
էր,
չկասեցաւ
Դանիէլի
սպաննութիւնն
ալ
հրամայէլ,
եւ
ճոպան
ի
փողս
եդեալ
խեղդել
տուաւ
ծերունին:
Դանիէլի
մարմինը
առին
իր
աշակերտներէն
երկուքը,
Շաղիտա
եւ
Եպիփան,
եւ
թաղեցին
զայն
Հացեաց
Դրախտ
կոչուած
ձորը,
որ
էր
Դանիէլի
սովորական
ճգնարանը,
եւ
ուր
է
այժմ
Կոփայ
Ս.
Դանիէլի
վանքը,
որուն
մէջ
պահուած
է
սուրբին
գերեզմանը,
զոր
մենք
ալ
տեսած
ենք:
Յիշատակը
տօնելի
է
միւս
չորս
հայրապետներուն
հետ,
Որդւոց
եւ
թոռանց
օրը,
որոնց
հետ
միացուած
է
իբրեւ
հոգեւոր
եղբայրակից,
թէպէտ
ոչ
մի
մարմնաւոր
ազգակցութիւն
չունի
անոնց
հետ:
108.
ՊԱՊ
ԵՒ
ԱԹԱՆԱԳԻՆԷ
Բայց
անլոյծ
կը
մնար
հայրապետական
աթոռին
յաջորդութիւնը,
զոր
պէտք
էր
կերպով
մը
կարգադրել,
համաձայն
ազգային
ըմբռնման,
որ
տակաւին
չէր
զատուէր
ժառանգական
յաջորդութեան
գաղափարէն:
Յուսիկ
երկու
զաւակներ
ունէր,
որոնց
ծնունդը
313-ին
դնելով,
իրենց
հօրը
մահուան
տարին,
347-ին,
34
տարեկան
ժիրուժիր
երիտասարդներ
էին,
որք
իրենց
հօրը
նախկին
դիրքէն
եւ
իրենց
արքայազարմ
մօրմէն
օգտուելով,
թագաւորական
պալատին
մէջ
ապրած
ու
յառաջացած
էին:
Իսկ
Յուսիկի
ընտանեկան
կեանքին
քակտուելէն
ետքը,
զուրկ
անոր
ուղղամիտ
եւ
հօրենական
ազդեցութենէն,
իրենց
մօրեղբօր
Տիրան
թագաւորին
ձեռքին
տակ
եւ
օրինակին
ներքեւ
ցոփակեաց
երիտասարդներ
եղած
էին,
եւ
զինուորական
ազատ
կեանքը
նախընտրած
(ԲԶՆ.
35):
Երկու
եղբայրներ
երկու
քոյրերու
հետ
ալ
ամուսնացած
էին,
Վարազդուխտ
եւ
Բամբիշ,
որք
Բուզանդէ
թագաւորին
քոյրերը
կը
կոչուին
(ԲԶՆ.
44,
49,
69):
Բայց
ինչպէս
յիշեցինք
(§
101),
շփոթութիւն
մը
կը
տեսնուի
այդ
ազգականութեան
մէջ,
վասնզի
Յուսիկի
կինը
Տիրանի
աղջիկ
ըսուած
ատեն,
Տիրանի
քոյրերը
Յուսիկի
զաւակներուն
կին
եղած
ըսել,
Տիրանի
թոռներուն
իրենց
մեծ
հօրը
քոյրերուն
հետ
հասակակից
եղած
կարծել
է,
որ
բնաւ
միտքի
մօտ
չէ:
Հետեւաբար
աւելի
հաւանական
է
Տիրանի
քրոջ
Յուսիկի
հետ,
եւ
Տիրանի
աղջիկներուն
Յուսիկի
զաւակներուն
հետ
ամուսնութիւնը
ընդունիլ:
Այդ
պարագային
Պապ
ու
Աթանագինէ,
Վարազդուխտի
եւ
Բամբիշի
հետ
ազգակցութեան
չորրորդ
աստիճանին
մէջ
կը
գտնւին,
եւ
երկու
եղբայրներու
երկու
քոյրերու
հետ
ամուսնանալուն
նախընթաց
մը
կ՚ունենանք,
նոյնիսկ
Լուսաւորչի
քահանայական
ազգատոհմին
մէջ:
Պատմութեան
կարգին
դառնալով
կը
տեսնենք,
որ
հակառակ
Յուսիկի
զաւակներուն
անարժան
կեանքին,
կը
զօրէ
տակաւին
ժառանգական
յաջորդութեան
գաղափարը,
եւ
երկուքէն
մէկը
կաթողիկոս
ընելու
կամքը
կը
յայտնուի
թագաւորին
եւ
ազգին,
եւ
եպիսկոպոսաց
միաբանութեան
կողմէն:
Այս
նպատակին
հասնելու
իբր
առաջին
քայլ
մը,
Պապ
եւ
Աթանագինէ
առանց
իւրեանց
կամացն
ըմբռնեցան
եւ
բռնաբարեցան,
եւ
ակամայ
սարկաւագ
ձեռնադրուեցան:
Բայց
այս
ալ
չզօրեց
անոնց
դժկամակութեանը
յաղթել,
եւ
առաւել
եւս
ինքզինքնին
աշխարհասէր
կեանքի
տուին
(ԲԶՆ.
44),
մինչեւ
որ
ամէնքն
ալ
անոնցմէ
ձեռք
քաշեցին,
տեսնելով
որ
անարժանք
եղեն
առաքելականին
այնորիկ
աթոռոյ
(ԽՈՐ.
201):
109.
ԱՆՏՈՆ
ԵՒ
ԿՐՕՆԻԴԷՍ
Այդ
միջոցին
պէտք
է
դնել
երկու
նշանաւոր
ճգնաւորներուն
անունները,
որոնք
կրնան
կրօնաւորական
կեանքի
նախատիպները
ըսուիլ
մեր
ազգին
մէջ:
Անտոն
եւ
Կրօնիդէս
բնիկ
Կեսարացի
էին,
եւ
Լուսաւորիչի
այն
կողմերէն
բերած
կրօնաւորներուն
եւ
եկեղեցականներուն
մէջ
աւելի
նշանաւորներ`
իրենց
սրբակրօն
ճգնութիւններով:
Երբոր
Լուսաւորիչ,
Տարոնի
Իննակնեան
բարձունքին
վրայ
Գիսանէի
մեհեանին
տեղ
Ս.
Կարապետի
եկեղեցին
եւ
վանքը
հիմնեց
(§
64),
այնտեղ
հաստատեց
յիշեալ
երկու
ճգնաւորները
իբրեւ
տիպար
եւ
օրինակ
կրօնաւորական
կեանքին,
զոր
պիտի
վարէին
հոն
հաստատուող
40
ճգնաւորները:
Իսկ
Տարոնի
ընդհանուր
վերակացութիւնը
յանձնուեցաւ
Զենոբ
Գլակի,
եւ
Եպիփան
ալ
անոր
օգնական
դրուեցաւ
Իննակնեան
վանքի
վերակացութեան
համար
(ԶԵՆ.
10):
Այնուհետեւ
կանոնաւոր
եւ
միակերպ
կեանք
մը
անցուցած
են
յիշեալ
ճգնաւորները`
երբեմն
վանքին
մօտ
ապրելով
ու
նոր
կրօնաւորները
վարժեցնելով,
եւ
երբեմն
շրջակայ
անտառներուն
մէջ
հեռանալով,
ու
կատարելապէս
առանձնանալով:
Անոնց
անունը
կը
յիշուի
անգամ
մը
Գրիգորի
եւ
Տրդատի
իրենց
այցելութեան
երթալուն
առթիւ,
որք
պարտաւորուեցան
Աղբիանոս
եպիսկոպոսի
ձեռքով
զանոնք
օրերով
լեռներուն
մէջ
փնտռել
տալ
(ՍՈՓ.
Ժ.
69),
եւ
անգամ
մըն
ալ
երբ
Գրիգոր
փափաքեցաւ
հաստատուն
կերպով
Իննակնեան
բարձունքը
մնալ,
եւ
երկու
ճգնաւորները
զինքը
այդ
խորհուրդէն
հեռացուցին
(ՄԱՄ.
7):
Երկուքին
ալ
ճգնաւորական
կեանքը
40
տարի
տեւեց
Իննակնեան
վանքին
մօտ
եւ
շրջակայ
լեռները
(ՍՈՓ.
Ժ.
93),
սկսելով
302-էն,
որ
տարին
Գրիգոր
Տարոնի
քարոզութիւնները
կատարեց
եւ
տեղւոյն
վանքերը
հիմնեց:
Երկու
ճգնաւորներուն
մահը
կ՚իյնայ
342-ին,
առաջ
Անտոնինը
եւ
երկու
ամիս
ետքը
Կրօնիդէսինը:
Ս.
Կարապետի
վանքին
մօտ
պզտիկ
մատուռի
մը
մէջ
կը
պահուին
երկու
սուրբերուն
գերեզմանները,
իսկ
իրենց
յիշատակը
տօնելի
է
ուրիշ
Հայ
ճգնաւորներու
հետ: